20 Յուլիսի Երկուշաբթի օրը, ցերեկուայ ժամերուն, բովանդակ Թուրքիան ցնցուեցաւ Ուրֆայի Սուրուչ գաւառէն հասնող զանգուածային սպանդի մը լուրով։Ընկերվարական Երիտասարդներու Միութեան անդամ շուրջ 300 ուսանողներ, պատերազմով կործանած Քոպանիի վերաշինութեան մասնակցելու համար, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ճամբայ ելած եւ Սուրուչ հասած էին։ Իրենց հետ ունէին մանուկները ուրախացնելու համար հաւաքած խաղալիքներ, գունազարդ գիրքեր, գունաւոր մատիտներ, ջրաներկեր եւ այլ գրենական պիտոյք։ Ծրագրած էին քաղաքի մանկամսուրի շինութեան մէջ աշխատիլ, ծառատունկի արշաւ կազմակերպել եւ այլ մարդասիրական ծառայութիւններու մասնակցիլ։ Երիտասարդներու նախասիրութիւնը սահմանուած էր մէկ շաբաթով։ Անոնք Սուրուչի մէջ դիմաւորուեցան ժողովուրդի ջերմ վերաբերումով։
Սակայն իշխանութիւնները այնքան ալ ոգեւորուած չէին այս այցելութենէն։ Անոնք արգիլեցին աշակերտներու սահմանին միւս կողմը անցնելու ցանկութիւնը։ Բանակցութիւններէ ետք արտօնուեցաւ 50 հոգիի անցքը։ Երիտասարդները իրենց նպատակը բացատրելու համար մամլոյ յայտարարութիւն մը կարդացին, որու աւարտին ահաբեկիչ մը տրաքեց իր մարմնին փաթթաց պայթուցիկ սարքը, որու հետեւանքով մահացան 32 երիտասարդներ։ Թուրք Բժիշկներու Կաճառը կը յայտնէ, թէ 22 Յուլիսի դրութեամբ զանազան հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին 85 վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը բաւական ծանր վնասուած է։
Այս շշմեցուցիչ ոճիրը մեծ զայրոյթ պատճառեց բովանդակ երկրի տարածքին։ Նոյն օրուայ երեկոյեան, Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ, բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան ի դէմ կառավարութեան եւ յատկապէս ալ հանրապետութեան նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ոստիկանութիւնը պահեց իր աւանդական դիրքը եւ ամէնուրեք ջուր սրսկելով կամ արցունքաբեր կազ արձակելով միջամտեց ցոյցերուն։ Յաջորդող օրերուն, երբ երիտասարդներու անշունչ մարմինները հողին յանձնուելու համար կը փոխադրու էին իրենց բնակած քաղաքները, այս անգամ ալ թաղման կարգերը ենթարկուեցան ոստիկանական բռնութեան։
Վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու կոչ ուղղեց խորհրդարանին մաս կազմող կուսակցութիւններուն, ահաբեկչութիւնը միասնաբար դատապարտելու միտումով յայտարարութիւն մը կատարելու համար։ Վարչապետը յաջորդող օր այցելեց նաեւ Սուրուչ, ուր ենթարկուեցաւ տեղացիներու բողոքի ցոյցին։
Դէտեր կը նշեն, թէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը ուշ թէ կանուխ անպայման իր արձագանգը պիտի գտնէր Թուրքիոյ հողերուն վրայ։ Այս կանխատեսումը կը վերագրեն նախագահ Էրտողանի առաջին օրէն իսկ որդեգրած ռազմավարութեան։ Ան փոխանակ հարեւան երկրի մէջ պատահածներուն նկատմամբ հաւասարակշռեալ մնալու, ամբողջ էութեամբ միջամուխ եղաւ երկրի իշխանութեան կործանումին։ Գաղտնիք չէ, որ մեծ թիւով զէնք առաքեց ընդդիմադիր շարժումներուն, Սուրիա երկիրը դժոխքի մը վերածելու համար։ Մտահոգիչ է այն իրողութիւնը, ըստ որու Թուրքիոյ հասարակութիւնը վախ ու սարսափով կը սպասէ աւելի ծանր հետեւանքներու։
Սուրուչը 1915ին
Սուրուչի վերջին պայթումին տխրահռչակ լուրը մեզ ակամայ կը տանի հարիւր տարի ետ, անցեալի նոյն քաղաքը։ Այնտեղ կը շրջին աքսորեալներու ուրուականները, որոնք կու գային Էրզրումէն (Կարին)։ Էրզրումցիներու երկրորդ կարաւանը, որ ճամբայ ելած էր 1915ի Յունիս 18ին, Սուրուչ պիտի հասնէր չորս ամիս ետք, Հոկտեմբերին։ 1300 ընտանիքներէն Սուրուչ հասած էր խղճալի 60 ընտանիքէ կազմուած փոքր խումբ մը։ Սուրուչը սակայն վերջին կայանը չէր այս մարդոց։ Անոնք պիտի մեկնէին տակաւին Սուրիական Անապատ։ Սուրուչը տեսակ մը վերջին կայանն էր անապատէն առաջ սակայն, այստեղ կը հաւաքուէին կարաւանները, ուղարկուելու համար Սուրիա, Արաբունար, այսինքն նոյն ինքն այսօրուան Քոպանին։
Խարբերդցիներն ալ անցած են Սուրուչէ։ Չմշկածակցիները եւ անոր շուրջի 21 գիւղերու 3000 բնակիչները ճամբայ ելած են Յուլիս 2ին, վեց շաբաթ ետք հասնելով Սուրուչ։ Սուրուչի մէջ անոնց խումբը բաժնուած է երկուքի, մէկ մասը երթալով անապատ Քոպանիի վրայով, միւս մասը ղրկուած Հալէպ։ Չենք գիտեր քանի հոգի հասած է Սուրուչ, գիտենք որ Սուրուչէն Հալէպ հասած են այս խումբէն 150 հոգի, անշուշտ կանայք եւ երախաներ միայն։
Սուրուչը եղած է գաղթակայան, հաւաքման վայր, ուր զանազան տեղերէ ողջ հասածներ կը խմբուէին, կազմելու համար 1000-1500 հոգինոց կարաւաններ, ղրկուելու համար Ռաքքա, Տէր Զօր, Քոպանի, Հոմս, Պապ եւ Հալէպ։ Ամասիացիներն իրենց կարգին անցած են Սուրուչէն, ամբողջութեամբ ղրկուելով Տէր Զօր, անոնցմէ ոչ ոք գիտէ թէ քանի հոգի փրկուած է։ Տէր Զօր գացողները ընդհանրապէս չէին փրկուեր։ Թերեւս անոնց հետքերուն կարելի է հանդիպիլ այսօրուան Տահէշականներու գրաւած անապատի գիւղերուն մէջ։ Ճակատագիր։
Սուրուչցի Սուլէյման Պեկը Ուրֆայի հայերուն վրայ երկու անգամ յարձակում ղեկավարած է, երկու անգամուն ալ յաջողելով հայկական թաղամասերը քանդել։ Սակայն իր յաջողութիւնը կը պարտի թնդանօթներուն եւ հրաձըգութեան։ Ուրֆայի փողոցներուն վրայ ռումբ կը տեղար երկինքէն, հայերը ստիպուած կ՚ըլլային ձգել իրենց թաղերը։ Սուլէյման Պեկը իրենց կը սպասէր 600 զինուորներով, 1915ի Հոկտեմբեր 1ին։
Մէկ բան եւս Սուրուչի մասին։ Սուրուչի գաղթականաց հիւանդանոցը։ Այստեղ գործած է չարաբաստիկ հիւանդանոց մը, ուր մտնողը ողջ չէ ելած։ Պատումները կ՚ըսեն, թէ հիւանդանոց կոչուածը լոկ վայրն էր մահացու հիւանդութիւնները տարածելու։ Այս հիւանդանոցին մէջ 1915ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1916ի Ապրիլը կեանք տուած է 30 հազար մարդ։ Ի վերջոյ գաղթականներէն ոմանք հաստատուած էին Սուրուչի մէջ, 1800 հոգի։ Անոնք առանձին հրամանով աքսորուած են Կիրակի օր մը առաւօտեան, Յունուար 9, 1916ին։
«Ակօս»