Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիան մտա­դիր չէ ՏԱՀԵ­Շի դրա­ցի դառ­նալ, երբ մին­չեւ հի­մա ար­դէն ի­րո­ղա­պէս դրա­ցի էր եւ այդ ալ տնտե­սա­կան, թէ այլ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող դրա­ցի:

Ին­չո՞ւ յան­կարծ Թուր­քիա ո­րո­շեց վերջ տալ բա­րի դրաց­նու­թեան, ե­թէ գի­տէր, թէ ՏԱՀԵՇ այդ­քան մեծ սպառ­նա­լիք մըն է: Ին­չո՞ւ մին­չեւ հի­մա սպա­սեց մի­ջամ­տե­լու հա­մար: ՏԱՀԵՇ նա­խա­պէս սպառ­նա­լիք չէր, այլ քրտա­կան ու­ժե­րուն դի­մաց ի­րե­րա­յա­ջորդ պար­տու­թիւն­ներ կրե­լով տկա­րա­նե­լէն ետք է, որ «սպառ­նա­լիք» դար­ձաւ:

Բա­ցատ­րենք:

Ան­գա­րա կը գի­տակ­ցի, որ իր դաշ­նա­կից եւ քա­րիւ­ղի վա­ճառ­քի գոր­ծըն­կե­րը ե­ղող ՏԱՀԵ­Շի - քրտա­կան ու­ժե­րուն դի­մաց - կրած պար­տու­թիւ­նը դար­ձած է ան­խու­սա­փե­լի, ուս­տի կը մի­ջամ­տէ, որ­պէս­զի Աֆ­րի­նը Ա­րաբ Բու­նա­րէն բաժ­նող տա­րած­քը ինք լեց­նէ եւ այդ­պի­սով նշեալ շրջան­նե­րու միա­ցու­մը ար­գե­լա­կէ ու քիւր­տե­րուն նո­րա­նոր ձեռք­բե­րում­նե­րը կան­խար­գի­լէ: Այ­լա­պէս պի­տի մե­կու­սա­նար եւ նկա­տա­ռե­լի կեր­պով նո­ւա­զէր Սու­րիոյ տագ­նա­պին լուծ­ման հո­լո­վոյ­թին մէջ ա­նոր դերն ու կշի­ռը:

Թուրք-ա­մե­րի­կեան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ գծո­ւած են նոր կար­միր գի­ծեր` քրտա­կան ու­ժե­րուն ար­գի­լո­ւած է Ա­րաբ Բու­նա­րէն դէ­պի ա­րեւ­մուտք` դէ­պի Ճա­րապ­լուս յա­ռա­ջա­նալ, իսկ թրքա­կան ու­ժե­րուն ար­գի­լո­ւած է Սու­րիոյ մէջ քրտա­կան ու­ժե­րը հա­րո­ւա­ծել: Թր­քա­կան հրա­սայ­լեր ե­րէկ Ճա­րապ­լու­սի մօտ գտնո­ւող Զոր Մա­ղար գիւ­ղին մէջ քիւր­տե­րուն մէկ դիր­քին վրայ կրակ բա­ցին: Այդ քայ­լը քիւրտ զի­նեալ­նե­րու «ար­գի­լեալ» ուղ­ղու­թեամբ շար­ժու­մի մը հա­կազ­դե­ցու­թիւն էր, թէ ոչ` թրքա­կան ու­ժե­րը այդ ա­րար­քով ե­կան ընդգ­ծե­լու վե­րոն­շեալ կար­միր գի­ծին գո­յու­թիւ­նը, իսկ Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս հրա­պա­րա­կեց «հեր­քում» մը, ո­րուն նպա­տա­կը իս­կու­թեան մէջ ոչ թէ ան­հեր­քե­լի դէպ­քին հեր­քումն էր, այլ` սու­րիա­ցի քիւր­տե­րուն հո­վա­նա­ւոր գե­րու­ժին յղել իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հաս­տա­տող պատ­գամ մը:

Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը նշո­ւէր, որ թրքա­կան բա­նա­կը Ի­րա­քի մէջ կը հա­րո­ւա­ծէ Ք.Ա.Կ.ը, իսկ Սու­րիոյ մէջ` ՏԱՀԵ­Շը, իսկ «­Ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան ջո­կատ­նե­րը եւ ու­րիշ­ներ մեր զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թի­րախ­նե­րուն շար­քին չեն», ան­շուշտ տո­ղա­տա­կի ա­ւելց­նե­լով. «Այն­քան ա­տեն, որ ա­նոնք կը յար­գեն կար­միր գի­ծը»: Այլ խօս­քով` կը հաս­տա­տէր, որ կը յար­գէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ճշդած կար­միր գի­ծը եւ կը նշէր, թէ իր նպա­տա­կը նո­րափ­թիթ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը խախ­տե­լը չէր, այլ` յաչս քիւր­տե­րուն եւ այ­լոց ընդգ­ծելն էր՝ կար­միր գի­ծին գո­յու­թիւ­նը, զայն պաշտ­պա­նե­լու իր վճռա­կա­մու­թիւնն ու կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան մը ստեղծ­ման հե­տե­ւանք­նե­րուն լրջու­թիւ­նը:

Այժմ, ինչ­պէս Տա­ւու­թօղ­լու նշեց, կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուած է եւ Թուր­քիա կ­՛ու­զէ, որ «բո­լո­րը Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ մեր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք ստեղ­ծո­ւած նոր պայ­ման­նե­րը կար­դան ու, ան­գամ մը եւս, ճշգրիտ կեր­պով գնա­հա­տեն եւ ըստ այնմ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեն ի­րենց կե­ցո­ւած­քը»:

Ա­հա այդ մէ­կը յստակ դարձ­նե­լու եւ վե­րոն­շեալ կար­միր գի­ծին ամ­րագր­ման, իր ստեղ­ծե­լիք ա­պա­հո­վա­կան գօ­տիին ա­ջակ­ցու­թիւն եւ «օ­րի­նա­կա­նու­թիւն» ա­պա­հո­վե­լու հա­մար է, որ Թուր­քիան NATOի ժո­ղո­վի մը հրա­ւի­րեց:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ