Սու­րու­ճի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին կա­տա­րո­ւած մի­ջա­դէ­պե­րէն եւ ռմբա­հա­րում­նե­րէն կ­՛ա­ռանձ­նա­նայ եւ նոր ի­րա­վի­ճա­կի մը նա­խա­բա­նի հան­գա­ման­քը կը ստա­նայ, հետզ­հե­տէ՛:

«Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն» ընդ­դէմ քրտա­կան ու­ժեր պա­տե­րազ­մը կը տա­րո­ւէր թրքա­կան սահ­ման­նե­րէն դուրս, յատ­կա­պէս Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ: «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» կող­մէ քրտա­կան կեդ­րո­նին դէմ ի­րա­կա­նա­ցած յար­ձա­կու­մը, ­Սու­րու­ճի մէջ, պա­տե­րազ­մի տե­ղա­փո­խու­թեան լուրջ նա­խադ­րեալ կրնայ նկա­տո­ւիլ: Եւ այս­տեղ ան­տե­ղի չեն այն բո­լոր վար­կած­նե­րը, ո­րոնք կը կեդ­րո­նա­նան ­Թուր­քիոյ կող­մէ ստեղ­ծո­ւած «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» վե­րահս­կո­ղու­թե­նէ դուրս գա­լուն եւ, թէ­կուզ քրտա­կան ու­ժեր հա­րո­ւա­ծե­լու նպա­տա­կով, նոյ­նինքն թրքա­կան շա­հե­րը հա­րո­ւա­ծե­լու ի­րո­ղու­թեան վրայ: ­Քա­ղա­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թեամբ ան­հա­ւա­նա­կան պէտք չէ նկա­տել նաեւ այն, որ մա­հա­պար­տին ­Սու­րիա­յէն ­Թուր­քիա թա­փան­ցած ըլ­լա­լը, սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րու անվ­տան­գու­թեան նպա­տա­կով, Ան­գա­րա­յի ծրա­գիր­նե­րուն կրնայ յա­գուրդ տալ կամ նոյ­նիսկ ար­դա­րաց­նել թրքա­կան ներ­խու­ժու­մը ­Սու­րիա` ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ­Թուր­քիա ան­ցու­մը կան­խար­գի­լե­լու յայ­տա­րա­րու­թեամբ:

Այս ա­ռու­մով մինչ այժմ ­Թուր­քիա­յէն ­Սու­րիա ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ա­նար­գել հոս­քին մա­սին էր խօս­քը. բնա­կա­նա­բար հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ ալ կ­՛աշ­խա­տէր ա­հա­բե­կիչ­նե­րու անցք տրա­մադ­րող թրքա­կան կա­մուր­ջը. սա­կայն տար­բե­րու­թիւ­նը այս պա­րա­գա­յին այն է, որ ­Թուր­քիա վե­րա­դար­ձո­ղը այս ան­գամ գոր­ծո­ղու­թիւն կը կազ­մա­կեր­պէ նաեւ ­Թուր­քիոյ մէջ:

Ա­մե­րի­կեան զգու­շա­ցում­նե­րը Ան­գա­րա­յին սկսած են ձեւ ու մար­մին ստա­նալ. «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը այն գոր­ծիքն է, որ զինք սնու­ցա­նո­ղին դէմ կրնայ աշ­խա­տիլ, երբ ա­ւե­լի մեծ կեդ­րոն­նե­րէ յղո­ւին հա­մա­պա­տաս­խան ազ­դան­շան­նե­րը:

Դ­ժո­ւար կա­ցու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րա­յին հա­մար, ե­րեսփր­կու­թեան (face saving) յատ­կա­նի­շով բնու­թագ­րո­ւող յայ­տա­րա­րու­թիւն է այն, որ ­Սու­րու­ճի յար­ձա­կու­մին թի­րա­խը ­Թուր­քիոյ ազ­գա­յին միաս­նու­թիւնն էր: ­Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րին այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը քիւր­տե­րը բա­ցա­ռա­պէս ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը նկա­տէ, ո­րոնք այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ թրքա­կան ազ­գին կա­րե­ւոր բա­ղադ­րա­տար­րեր են: ­Միեւ­նոյն յան­կերգն է, որ կ­՛օգ­տա­գոր­ծո­ւի նաեւ այս պա­րա­գա­յին.¬ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, այ­սօ­րո­ւան ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, հա­մա­տեղ բնօր­րա­նին մէջ ապ­րող­նե­րը: ­Միեւ­նոյն ազ­գը նկա­տե­լով քիւր­տե­րը, վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը սա­կայն կա­տա­րած է երկ­րորդ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը. ըն­դու­նած, որ ­Թուր­քիոյ ազ­գա­յին միաս­նու­թիւ­նը (թէ­կուզ ի­րենց պատ­կե­րա­ցու­մով) այ­սօր վտան­գո­ւած է: Ա­սի­կա յար եւ նման է նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի նա­խընտ­րա­կան ճա­ռին, ուր ընդգ­ծո­ւած էր ­Թուր­քիոյ մաս­նատ­ման վտան­գին առ­կա­յու­թիւ­նը` դար­ձեալ շեշ­տե­լով, որ ա­րեւմ­տեան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներն ու հա­կաիշ­խա­նա­կան ո­րոշ ու­ժեր կը սպառ­նան ­Թուր­քիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան: ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի տրա­մա­բա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ մնա­լով՝ կը հե­տե­ւի այն, որ թուրք ազ­գին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը խախ­տող­նե­րը «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» խմբա­ւո­րում­ներն են: ­Հաս­ցէագ­րու­մը ուղ­ղա­կի չէ թրքա­կան կող­մէն. ըստ լրա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն, տա­կա­ւին կը ստու­գո­ւին անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թեան հե­ղի­նա­կին «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» հետ ու­նե­ցած են­թադ­րեալ կա­պե­րը: Ան­գա­րա ու­րեմն ցարդ պաշ­տօ­նա­պէս չէ ամ­բաս­տա­նած «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը` անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ե­տին կանգ­նած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով: Ան­կախ այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ Ք.Ա.Կ.ի (Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան) զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վե­րա­ձեռ­նար­կե­լու ո­րո­շա­կի տո­ւեալ­ներ կ­՛ա­ռար­կա­յա­նան, պէտք է ը­սել, որ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»-քրտա­կան ու­ժեր պա­տե­րազ­մը, որ խոր­քին մէջ ­Թուր­քիա-­Քիւր­տիս­տան պա­տե­րազմ է, ըստ էու­թեան կրնայ ո­րոշ դի­մա­փո­խու­թիւն ու­նե­նալ ոչ միայն աշ­խար­հագ­րա­կան վայ­րի փո­փո­խու­թեամբ:

­Սու­րու­ճը ե­թէ ի­րօք նա­խա­բան է, այս կը նշա­նա­կէ, որ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը պի­տի փոր­ձէ հա­րո­ւա­ծել քրտա­կան կեդ­րոն­ներ: Իսկ քրտաբ­նակ շրջան­նե­րէն կա­րե­ւոր մաս մը պատ­մա­կան ա­ռու­մով ու­նին յստակ պատ­կա­նե­լիու­թիւն:

«Ա.»