Այս է խո­րա­գի­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած՝ ա­ւե­լի քան 500 մե­ծա­դիր է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած գիր­քին, ո­րուն հե­ղի­նակն է ա­նո­ւա­նի լու­սան­կա­րիչ, մեծ հայ­րե­նա­սէր Հ­րայր Բա­զէ Խա­չե­րեան։ Գիր­քը, որ ձօ­նո­ւած է հե­ղի­նա­կի մեծ ծնող­նե­րուն, Պետ­րոս Պա­պեան Պա­պի­քեա­նին, Կիւ­լի­զար Չո­լա­քեա­նին, Ներ­սէս Խա­չե­րեա­նին եւ Սուլ­թան Մա­մի­կո­նեա­նին, ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կո­ւած է Հ­րայր Բա­զէ Խա­չե­րեա­նի ծախ­սով։ Երկ­րորդ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րած են Տէր եւ Տի­կին Հայկ եւ Էլ­զա Տի­տի­զեան­նե­րը , ո­րոնք հե­ղի­նա­կին հաս­ցէագ­րած ի­րենց շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քին մէջ ը­սած են.-

«­Մեր սրտա­գին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք Հ­րայր Բա­զէ Խա­չե­րեա­նին՝ իր եր­կար տա­րի­նե­րու ան­զու­գա­կան նո­ւի­րու­մին եւ յա­րա­տե­ւու­թեան հա­մար, ո­րուն շնոր­հիւ լոյս կը տես­նէ պատ­մա­կան բա­ցա­ռիկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող այս գոր­ծը, որ մե­ծա­պէս պի­տի գնա­հա­տո­ւի հա­ւա­սա­րա­պէս հայ եւ օ­տար ըն­թեր­ցող­նե­րուն կող­մէ։

«­Թող մարդ­կու­թիւ­նը յի­շէ բո­լոր այն մար­դե­րը, կի­ներն ու ե­րե­խա­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին. յու­սանք որ պատ­մու­թեան մէջ նման ա­րարք­ներ չեն կրկնո­ւիր եւ մարդ­կու­թիւ­նը կը սոր­վի ապ­րիլ հա­մա­տեղ, փո­խա­դարձ յար­գան­քով խա­ղաղ ու ներ­դաշ­նակ մթնո­լոր­տի մը մէջ, յաղ­թա­հա­րե­լով կրօ­նա­կան, ցե­ղա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ա­մէն տար­բե­րու­թիւն»։

Հ­րայր Բա­զէ Խա­չե­րեան ծնած է 1961ին։ Մեծ հայ­րը՝ ծնուն­դով զէյ­թուն­ցի՝ փրկո­ւած է Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ հաս­տա­տո­ւած Պէյ­րութ, Հ­րայ­րի ծննդա­վայ­րը։ Բա­զէ 1984ին հե­ռա­ցած է Լի­բա­նա­նէն եւ հաս­տա­տո­ւած՝ Գա­նա­տա։ Ան ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է 1992ին եւ ա­կա­նա­տես ե­ղած՝ յա­նուն ան­կա­խու­թեան ար­ցա­խա­հա­յու­թեան մղած հե­րո­սա­կան պայ­քա­րին։ 1993ին, նախ­քան Ար­ցա­խէն մեկ­նի­լը, Հ­րայր վստա­հե­ցու­ցած է իր ըն­կեր­նե­րուն, որ շու­տով վե­րա­դառ­նա­լու է Ղա­րա­բաղ՝ իր աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Բայց Գա­նա­տա հաս­նե­լուն՝ բժիշկ­նե­րը քաղց­կեղ յայտ­նա­բե­րած են ա­նոր թո­քե­րուն մէջ…։ Հա­կա­ռակ մաս­նա­գէտ­նե­րու հա­ւաս­տիա­ցու­մին, որ Հ­րայր միայն տա­սը օ­րո­ւան կեանք ու­նէր այս աշ­խար­հի վրայ՝ խա­չին վրայ ը­րած իր ուխ­տով գօ­տեպն­դո­ւած` ըստ ո­րում, ան խոս­տա­ցած էր Աս­տու­ծոյ, ա­ռող­ջա­նա­լու պա­րա­գա­յին, իր ամ­բողջ կեան­քը նո­ւի­րե­լու աշ­խա­րաց­րիւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը լու­սան­կա­րե­լու աշ­խա­տան­քին, Խա­չե­րեան պայ­քա­րած է ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ եւ յաղ­թա­հա­րած զայն, զար­մանք պատ­ճա­ռե­լով բժշկա­կան աշ­խար­հին։

Հա­ւա­տա­րիմ իր ը­րած ուխ­տին՝ հայ­րե­նա­սէր ա­րո­ւես­տա­գէ­տը բա­ցի պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նէն եւ Կի­լի­կիա­յէն՝ շրջած է ա­ւե­լի քան 40 եր­կիր­ներ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն մին­չեւ Աւստ­րա­լիա եւ լու­սան­կա­րած հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։ Ան իր աշ­խա­տան­քը հրա­տա­րա­կած է 12 լու­սան­կար­չա­կան գիր­քե­րու մէջ, ո­րոնց­մէ յի­շենք` «Artsakh: A Photographic Journey՛՛ (1997)», «Karabagh: 100 Photos for the Independence» (2002), «Yergir» (2005), «Armenian Ornamental Art with Armen Kyurkchyan» (2010), «Armenian Ornamental Script» (2012), «One Church, One Nation» (2013)։

Բա­ցի յի­շեալ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն, Հ­րայր Բա­զէ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ի սփիւռս աշ­խար­հի տո­ւած է դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, կազ­մա­կեր­պած՝ ցու­ցա­հան­դէս­ներ եւ հա­մա­գու­մար­ներ։

«100-1915-2015» կո­թո­ղա­յին գրքին նե­րա­ծա­կա­նը գրած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի ար­տա­սահ­մա­նեան ան­դամ, մա­թե­մա­թի­կոս եւ պատ­մա­բան Ք­լօտ Մու­թա­ֆեան, որ 1980էն ի վեր ինք­զինք նո­ւի­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դի, Հա­յաս­տա­նի եւ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թեանց ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ Մու­թա­ֆեան իր նե­րա­ծա­կա­նին մէջ, ի մի­ջի այ­լոց, գրած է.-

«Ար­դէն 100 տա­րի ան­ցած է այն ի­րո­ղու­թե­նէն ի վեր, որ եր­կու տա­րո­ւան վրայ եր­կա­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը ան­հե­տա­ցուց բազ­մա­հա­զար տա­րի­նե­րու հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը այն հո­ղե­րուն վրայ, ո­րոնք այ­սօր կը կո­չո­ւին Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­թո­լիա, բայց որ էու­թեան մէջ՝ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տան կը հան­դի­սա­նար։ Այս ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ, այդ ներ­կա­յու­թեան յի­շո­ղու­թիւնն ան­գամ ջնջե­լու ջան­քե­րով»։

Խա­չե­րեա­նի գիր­քին մէջ նե­րա­ռո­ւած են նաեւ ի­տա­լա­ցի յայտ­նի հա­յա­գէտ, հա­յա­գի­տա­կան գիր­քե­րու հե­ղի­նակ, 2008էն ի վեր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի ան­դամ, Փ­րոֆ. Կապ­րիէլ­լա Ու­լու­հո­կա­նի Հա­յոց Լե­զուն եւ Հա­յե­րը յօ­դո­ւա­ծը, ծա­նօթ գրող, հրա­պա­րա­կա­գիր, գրա­կա­նու­թեան դա­սա­խօս Տիգ­րան Գու­յում­ճեա­նի գրու­թիւ­նը՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան մա­սունք­նե­րու մա­սին՝ ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի Մ­շա­կու­թա­յին Ուս­մանց Բաժ­նի Վա­րիչ, Փ­րոֆ. Համ­լէտ Պետ­րո­սեա­նի հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րուն նո­ւի­րո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։

«100-1915-2015» գիր­քին մէջ հա­մա­խըմ­բո­ւած են վեր­ջին 17 տա­րի­նե­րուն ի ս­փիւռս աշ­խար­հի Հ­րայր Բա­զէ Խա­չե­րեա­նի ա­ռած լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք նո­ւի­րո­ւած են մեր հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րուն, վան­քե­րուն, ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, բեր­դե­րուն, ամ­րոց­նե­րուն, դրամ­նե­րուն, ա­սեղ­նա­գործ եւ ձե­ռա­գործ կտոր­նե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­կան զգեստ­նե­րուն, գոր­գե­րուն, ար­ծա­թա­գործ եւ ոս­կե­րիչ հայ վար­պետ­նե­րու ձեռ­քով ստեղ­ծո­ւած ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րուն, որմ­նան­կար­նե­րուն, քան­դակ­նե­րուն, ձե­ռագ­րե­րուն, խաչ­քա­րե­րուն, քա­ղաք­նե­րուն, գիւ­ղե­րուն ե­ւայլն, ե­ւայլն։ Գր­քին մէջ տեղ գտած լու­սան­կար­նե­րու մա­սին տրո­ւած են հարկ ե­ղած տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը անգ­լե­րէն, հա­յե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով։

Ա­սա­տուր Կիւ­զե­լեան Լոն­տոն