Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն լիո­վին կորսն­ցու­ցած է իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը` բազ­մա­թիւ ար­տա­ռոց պնդում­ներ ը­նե­լուն պատ­ճա­ռով:

Օ­րի­նակ` ան­ցեալ տա­րի Պո­լիս այ­ցե­լած խումբ մը լա­տի­ն­-ա­մե­րի­կեան մահ­մե­տա­կան­նե­րու Էր­տո­ղան ը­սած է, որ մահ­մե­տա­կան ճա­նա­պար­հորդ­նե­րը յայտ­նա­բե­րած են Ա­մե­րի­կան Ք­րիս­տո­ֆըր Քո­ լում­պո­սէն ա­ւե­լի քան 300 տա­րի ա­ռաջ:

«­Կը պնդեն, որ Քո­լում­պո­ս յայտ­նա­բե­րած է Ա­մե­րի­կա մայր­-ցա­մա­քը 1492 թո­ւա­կա­նին: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մահ­մե­տա­կան նա­ւաս­տի­նե­րը հա­սան ա­մե­րի­կեան մայր­-ցա­մաք Քո­լում­պո­սէն 314 տա­րի ա­ռաջ` 1178 թո­ւա­կա­նին…. Իր յու­շագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ք­րիս­տո­ֆըր Քո­լու­մպոս կը նշէ Քու­պա­յի ա­փա­մերձ բլու­րին վրայ մզկի­թի մը առ­կա­յու­թեան մա­սին: Այդ բլու­րին վրայ մզկի­թը այ­սօր շատ տե­ղին կ­՛ըլ­լար»:

Երբ մար­դիկ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ծաղ­րու­ծա­նա­կի են­թար­կե­ցին նա­խա­գա­հին ան­հիմն պնդու­մը, թուրք լրագ­րող Օ­րէյ Է­կի­ն պար­զա­բա­նեց, որ Էր­տո­ղան լրիւ խե­ղա­թիւ­րած է այն, ինչ Քո­լում­պոս գրած էր իր  յու­շե­րուն մէջ` Քու­պա­յի մէջ սա­րի մը գա­գա­թը հա­մե­մա­տե­լով «գե­ղե­ցիկ մզկի­թի» մը հետ: Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րը սխալ­մամբ եզ­րա­կա­ցու­ցած է, որ Քո­լում­պոս տե­սած էր մահ­մե­տա­կան նա­ւաս­տի­նե­րու կա­ռու­ցած մզկի­թը…

Էր­տո­ղա­նը ծաղ­րող բազ­մա­թիւ կա­տակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ինչ-որ մէ­կը հեգ­նան­քով պնդած է, որ տիե­զե­րագ­նաց Նիլ Արմսթ­րոնկ իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ գրած է.- «Երբ մենք ի­ջանք Լուս­նի վրայ, տե­սանք հո­յա­կերտ շէն­քի մը ա­ւե­րակ­նե­րը: Ես ու Պազ Օլտ­րին շշմե­ցանք, երբ մօ­տե­ցանք այդ ա­ւե­րակ­նե­րուն: Ա­նի­կա խնամ­քով կա­ռու­ցո­ւած օս­մա­նեան փոք­րիկ մզկիթ մըն էր: Երբ վե­րա­դար­ձանք եր­կիր, ՆԱՍԱ (Օ­դա­գը­նա­ցու­թեան եւ Տիե­զե­րա­կան Տա­րա­ծու­թեան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւն) եւ ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մե­զի յանձ­նա­րա­րե­ցին այդ մա­սին լռել»:

Թու­րքիոյ ղե­կա­վա­րին վե­րագ­րո­ւող նման տա­րօ­րի­նակ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն յայտ­նո­ւիլ հա­մա­ցան­ցի վրայ: Հա­շո­ւի առ­նե­լով Էր­տո­ղա­նի յի­մար պատ­մու­թիւն­ներ յօ­րի­նե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը, շատ մար­դիկ հա­կո­ւած են հա­ւա­տա­լու այն ա­մէ­նուն, ինչ  որ կը կար­դան ա­նոր մա­սին:

Ա­հա թարմ օ­րի­նակ մը` «օս­ման­ցի­նե­րը ա­ռա­ջի­նը հա­սած են Լու­սին, կ­՛ը­սէ Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը»,- կը գրէ Պար­պա­րա Ճան­սըն «Ո­ւըրլտ նիւզ տէյ­լի ռի­փորթ» թեր­թին մէջ (World News Daily Report): Ան մէջ­բե­րա­ծ­ է Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րը.- «Կ­՛ը­սեն, թէ Նիլ Արմսթ­րոնկ ա­ռա­ջին մարդն էր, որ 1969 թո­ւա­կա­նին ոտք դրաւ Լուս­նի վրայ: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մահ­մե­տա­կան տիե­զե­րա­կան ճա­նա­պար­հորդ­նե­րը հա­սած են հոն ան­կէ 334 տա­րի ա­ռաջ` 1635 թո­ւա­կա­նին:  Բո­լո­րը գի­տեն յայտ­նի օ­դա­չու Լա­գա­րի Հա­սան Չե­լե­պիի` «Օս­մա­նեան տիե­զե­րագ­նաց»ի մա­սին, որ ա­ռա­ջին յա­ջող հրթի­ռա­յին թռիչ­քը կա­տա­րեց 1633 թո­ւա­կա­նին: Թե­րեւս դուք չէք գի­տեր, որ եր­կու տա­րի անց ան փոր­ձեց հաս­նիլ Լու­սին, որ հնա­րա­ւոր է բա­րե­յա­ջող ա­ւարտ ու­նե­ցաւ»:

Ըստ թրքա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան` ա­ռաս­պե­լա­կան օս­մա­նեան օ­դա­չու Լա­գա­րի Հա­սան Չե­լե­պին 1633 թո­ւա­կա­նին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ 7թե­ւա­նի հրթի­ռով, օգ­տա­գոր­ծե­լով մօտ 60 քի­լօ վա­ռօդ: Թ­ռիչ­քէն ա­ռաջ ան բա­ցա­գան­չեց.- «Իմ սուլ­թան, օրհ­նեալ ըլ­լաք, ես կ­՛եր­թամ Յի­սու­սի հետ զրու­ցե­լու»: Ա­նոր հրթի­ռը ծո­վու վրայ վայ­րէջք կա­տա­րե­լէ ետք, Չե­լե­պին իբր թէ լո­ղա­լով հա­սաւ ափ եւ ը­սաւ.- «Իմ սուլ­թան, Յի­սուս իր ող­ջոյ­նը կ­՛ու­ղար­կէ ձե­զի…»:

Լ­րագ­րող Ճան­սըն շա­րու­նա­կեց իր տա­րօ­րի­նակ պատ­մու­թիւ­նը.- «­Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի զար­մա­նա­լի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ո­րոշ շշնջոց եւ քմծի­ծաղ յա­ռա­ջա­ցուց դահ­լի­ճին մէջ, եւ նման ար­ձա­գան­գը զայ­րա­ցուց թուրք քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը: Ան խստօ­րէն քննա­դա­տեց թե­րա­հա­ւատ­նե­րը զինք ծաղ­րե­լուն հա­մար` ա­ւելց­նե­լով, որ շու­տով իր խօս­քե­րը հաս­տա­տող ա­պա­ցոյց­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ.- «ին­չո՞ւ չէք հա­ւա­տար: Ո­րով­հե­տեւ եր­բեք չէք հա­ւա­տա­ցած, որ ո­րե­ւէ մահ­մե­տա­կան ու­նակ է նման բան ը­նե­լու…. Հ­նա­րա­ւոր է, որ ՆԱՍԱ­ ոչն­չա­ցու­ցած է օս­մա­նեան յա­ջո­ղու­թեան բո­լոր ի­րե­ղէն ա­պա­ցոյց­նե­րը «Ա­փո­լոն-11» ա­ռա­քե­լու­թեան ժա­մա­նակ, բայց մենք կը փոր­ձենք ո­րե­ւէ թաք­ցո­ւած վկա­յու­թիւն գտնել»:

Ի հար­կէ, Ճան­սը­նի գրա­ծը ճիշտ չէր: Էր­տո­ղա­նը եր­բեք այդ խօս­քե­րը չէ ար­տա­սա­նած: Սա­կայն, հե­տաքրք­րա­կան է, որ շատ թուր­քեր հա­ւա­տա­ցին այս կեղծ պատ­մու­թեան եւ հե­տե­ւեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը տե­ղադ­րե­ցին` ար­ձա­գան­գե­լով Ճան­սը­նի յօ­դո­ւա­ծին.

– Ա­լի Էմ­րէ Տէ­միր.- «­Ցա­ւօք, ան մեր նա­խա­գահն է»:

– Պեր­քայ.- «­Սար­սա­փե­լի է, երբ դուն կ­՛ապ­րիս այդ երկ­րին մէջ եւ ա­կա­նա­տես կ­՛ըլ­լաս այդ մար­դու ը­րած­նե­րուն ու կը տես­նես, թէ ան որ­քան շատ ա­ջա­կից­ներ ու­նի: Խայ­տա­ռա­կու­թիւն է»:

– Տե­նիզ.- «­Խեղճ թուրք աշ­խար­հիկ ժո­ղո­վուրդ… Այս Թա­յի­փը Թուր­քիոյ ա­մօթն է»:

– Հու­սէյն.- «­Դուք չէք կրնար պատ­կե­րաց­նել, թէ մենք որ­քան կը տա­ռա­պինք: Ան դա­ժան բռնա­պետ է…. Ան ամ­բող­ջո­վին ա­նա­րգանք է մե­զի հա­մար»:

Ի­րօք, Էր­տո­ղան մեծ խայ­տա­ռա­կու­թիւն է մի­լիո­նա­ւոր թուր­քե­րու հա­մար, ո­րոնք կ­՛ամչ­նան, որ նման  նա­խա­գահ ու­նին: Ցա­ւօք, Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ա­նո­ղոք են, քան ա­նոր խօս­քե­րը. ան կ­՛ա­զա­տազր­կէ լրագ­րող­նե­րը, կը հրա­մա­յէ կրա­կել քա­ղա­քա­ցիա­կան ցու­ցա­րար­նե­րու վրայ, դա­տի կու տայ ա­նոնց, ո­րոնք հա­մա­ձայն չեն ի­րեն հետ, կը թաքց­նէ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մի­ջո­ցով ձեռք բե­րո­ւած մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րը, աշ­խա­տան­քէ կը հա­նէ դա­տա­ւոր­ներն ու ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու պաշ­տօ­նա­տար ան­ձիք, ո­րոնք կը հրա­ժա­րին կա­տա­րե­լէ ա­նոր ա­պօ­րի­նի հրա­հանգ­նե­րը, եւ կ­՛ա­ջակ­ցին «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ներ­թա­փան­ցու­մին Սու­րիա եւ Ի­րաք:

Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է ա­ւե­լի շատ մտա­հո­գո­ւի Էր­տո­ղա­նի սար­սա­փե­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, այլ ոչ թէ ա­նոր զա­ռան­ցանք­նե­րով...

Յա­րութ Սա­սու­նեան
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»