Մենք եղած ենք բնիկ ուրֆացի (եդեսիացի)
Մենք եղած ենք բնիկ ուրֆացի (եդեսիացի), մեծատուն Յովակիմ Պոյաճեան «Ներկարարեան» գերդաստանէն։ Պոյաճեանները արհեստով ներկարար էին, կերպասներ, գորգեր կը ներկէին։ Գերմանիա եւ ուրիշ երկիրներ կը ղրկէին։ Գերդաստանի անդամներու անունները սերունդէ-սերունդ, թոռնիկէ-թոռ կը շարունակուէին։ Վերջինը կ’ըլլայ մեծ հօրս հայրը, նորէն՝ Յովակիմ։Յովակիմի վիճակը լաւ կ’ըլլայ։ Կը սորվի նախակրթարանի մինչեւ վերջին դասարանը։ Վերջն ալ կը շարունակէ թրքական դպրոց մը։ Այնտեղ աւարտողը ուղղակի կրնայ Պոլիս երթալ եւ համալսարանի պէս դպրոց մը աւարտել։ Յովակիմը կ’ուսանի, լաւ պաշտօն մը կը ստանայ կառավարութենէն, կուգայ Ուրֆա, պաշտօնի կ’անցնի, կ’ամուսնանայ, կ’երթայ Երուսաղէմ, Մուխսի կը դառնայ, թաղական խորհուրդի անդամ կը դառնայ, իրեն համար պալատ մը շինել կուտայ, վերը՝ հիւրանոց, ննջարան. վարը՝ խանութ, ճաշարան։ Ան օրըստօրէ կը հարստանայ, կալուածներ, գիւղեր կը գնէ, կ’ունենայ հինգ զաւակ։ Տարիներ կ’անցնին, տղաներէն մաս մը ներկատունը կ’աշխատցնէ, մաս մըն ալ՝ իր գիւղերը, կալուածները կը հսկէ։ Երիտասարդները իրենց ազգանունը կը փոխեն՝ Պոյաճեանը կը դարձնեն Մըխս-Յովակիմեան։ Բայց քանի մը տղաներ ալ կը մնան Պոյաճեան։ Մօտ 25 տարի վերջը, երբ մենք գացինք Հալէպ, մեր ազգականները գտանք՝ Գրբուշ Մըխս-Յովակիմեանին. Արշակ Մըխս-Յովակիմեանին, վերջէն ալ գտանք հօրս հօրեղբօր տղուն՝ Սարգիս Պոյաճեանին։ Ան ալ Պոյաճեան մնացած էր։
Թուրքերը կը նախանձին, թէ ինչո՞ւ Մըխս Յովակիմը հարուստ պիտի ըլլայ եւ, որպէս թաղական, իրենց վրայ պիտի իշխէ։ Օր մը անոր կը հրաւիրեն, կերակուրին մէջը թոյն կը դնեն։ Ան կ’ուտէ՝ 24 ժամէն կը մեռնի։
Մըխս Յովակիմ կտակ ձգած չըլլար։ Զաւակները չեն կրնար իրարու մէջ ունեցուածքը բաժնել։ Դատ-դատավարութիւն կ’իյնան։ Մօտ երկու տարի կը տեւէ դատը։ Կալուածները ձեռքէ կ’երթան, կը սնանկանան։
Այդ ժամանակ մեծ հայրս՝ Գէորգը եւ իր եղբայրը՝ Ներսէսը, շատ պզտիկ կ’ըլլան։ Ամէն մէկը մէկ կողմ։ Մեծ հայրս եւ եղբայրը հօրերնուն ներկատունը կ’աշխատցնեն եւ կ’ապրին։ Մեծ հայրս կ’ամուսնանայ, կ’ունենայ հօրս՝ Մկրտիչը եւ հօրաքոյրիս։ Հայրս դպրոց կ’երթայ՝ նախակրթարան, եկեղեցիին մէջ դպիրի շապիկ կը հագնի, տարիները կ’անցնին, կը մեծնայ, կ’ամուսնանայ։ Հայրս շատ աստուածավախ կ’ըլլայ, կ’ուզէ եկեղեցիին քովը տուն մը առնէ։ Խանում անունով ծեր կնոջ մը տունին կէսը կը գնէ։ Մեր ընտանիքը կը փոխադրուի հոն։ Մեծ հայրս արդէն թունաւորուած, մեռած էր, մեծ մայրս մեզի հետ էր։ Հայրս, մայրս, Ալմաստ քոյրս՝ ութ տարեկան էր, եղբայրս՝ հինգ տարեկան, ես՝ երկու ու կէս-երեք տարեկան։
Ուրֆայի մէջ ան, ով լաւ կ’ապրէր, քաղաքէն դուրս այգիներ ունէր ամառանոցի պէս։ Մենք ալ ունէինք, ամառը երեք ամիս օդափոխութեան կ’երթայինք, ձմեռուայ պաշար կը պատրաստէինք։ Քանի որ այգիներու մէջ առատ խաղող կար, հիւթը կը քամէինք, անուշեղէն, սուջուխ, պաստեղ կը շինէինք, չամիչ, թուզ կը չորցնէինք։ Հայրս ալ ձիով քաղաք կ’երթար կուգար, քանի որ այն ատենը օթօ չկար։ Մէկ խօսքով հանգիստ կեանք կ’ապրէինք։
1915ին թուրքերը կը սկսին խլրտիլ։ Հայերը սարսափի մէջ կ’իյնան։ Արդէն մէկ տարի առաջ զօրահաւաք եղած էր։ Հայրս պետել տուած, ազատուած էր, բայց կը վախնար, որ իրեն նորէն բանակ կը տանին, անոր համար փախըստականի պէս մեր ամառանոցը կը մնար, որտեղ ձմեռը պետեւի պահակները պահակութիւն կ’ընէին։
Ուրֆան օրըստօրէ կ’աւիրուի։ Մայրս գիշեր մը ուշ ատեն տունէն վար կ’իջնայ, որ ջուր խմէ ջրաւազանէն։ Մեր տանտէրը՝ Խանումը, շատ բարի կին մըն էր։ Մայրս կը տեսնայ, որ Խանումը կանգնած նայում է դէպի մեր եկեղեցին։ Ան կ’ըսէ մամայիս.- Ալմաստ, նայէ՛. Մարիամ Աստուածածինին արձանը եկեղեցիէն ելաւ, բարձրացաւ երկինք, ամպերուն մէջը կորսուեցաւ։
Մայրս բան մը չի տեսնար։ Մայրս կուգայ տուն, մեծ մօրս կը պատմէ, որ Խանում քոյրիկը ասանկ-ասանկ ըսաւ։ Մեծ մայրս մամայիս կ’ըսէ.- Աստուա՜ծ, փրկէ՛, հայ ազգիս գլխուն մեծ փորձանք մը կայ նորէն։
Հայրս, որ մեր ամառանոցը կը մնար, օր մը կը մտածէ.- «Էրթամ զաւակներուս տեսնամ, կարող է մէյ մըն ալ չկրնամ տեսնալ»։
Պահակ պետեւիները կ’ըսեն հօրս.- Մկրտի՜չ, քաղաքին վիճակը գէշ է, մի՛ երթար, գլխուդ փաթթոց մը փաթթէ մուսուլմանի պէս, նստի՛ր տեղդ։
Հայրս կ’ըսէ.- Մութին՝ կ’երթամ, մութին՝ կուգամ։
Ան կուգայ մեր տուն, կարօտով կը փաթթուի իր հարազատներուն, կուլան, կ’ուրախանան։ Հայրս կ’ըսէ.- «Կարելի է ալ իրար չտեսնանք, անոր համար էկայ»։ Տունէն քիչ մըն ալ դրամ կ’առնէ, կը բաժանուի իր սիրելիներէն, կ’երթայ։ Ճամբին Կարաքիւփրու ըսուած տեղը մութին մէջ թուրքերը վրան կը յարձակին, կը զարնեն, կը կողոպտեն, կը ձգեն։ Հայրս անանկ կը մեռնի։
Արդէն 1914ին մէկ օրուայ մէջ 1400 հայ երիտասարդներ հաւաքած, տարած էին թրքական բանակ, բայց լսեցինք, որ ճանապարհին աշխատցուցած են երկաթագծի վրայ եւ յետոյ բոլորին սպաննած։ Ուրֆայի մէջ քանի մը երիտասարդներ՝ Եօթնեղբայրեան, Ռաստկելենեան, Ալահայտոյեան եւ ուրիշներ, հասկցած էին, որ աս զինուորի խնդիր չէ. 60-70 տարեկան մարդոցը ալ զինուոր չեն առներ։ Անոնք կ’երթան հոգեւոր Առաջնորդին մօտ կ’ըսեն.-
- Առաջնո՜րդ հայր, թող հայ տղաքը զինուոր չերթան, մենք ինչքան որ զէնք ունինք՝ կը դիմադրենք։ Եթէ մեզի օգնութիւն եկաւ՝ լաւ, թէ չէ՝ պատուով կը մեռնինք, քանի որ մեր տղոցը կը տանին կոր, չարչարանքով կը մեռցնեն կոր։
Առաջնորդը կ’ըսէ.- Ես թուրք կառավարութեան հետ խօսեցայ, ան ըսաւ, որ պետութիւնը պատերազմի մէջ է, դուք ալ աս երկրի զաւակներն էք, պէտք է զինուոր երթաք։
- Առաջնո՜րդ հայր, սո՛ւտ կ’ըսեն կոր, կը տանին, կը սպաննեն։
- Տղա՛ք, դուք աս ժողովուրդին գլխուն փորձանք պիտի բերէք։
- Մենք որոշած ենք պատուով մեռնիլ։
Հայոց թաղը՝ Վերին թաղն է, լերան կողքին, բարձր տեղ։ Դիրքերը կը շինեն մեծ-մեծ քարերով, ինքնապաշտպանութեան կ’անցնին. կը սկսին դիմադրել իրենց վրայ եկած թուրք զինուորներուն։ Ֆետայիները գործի կ’անցնին։
Մայրս մտահոգութենէն քունը կը փախցնէ. կը մտածէ՝ երեք որբերով. մայրն ալ վրան, ինչպէ՞ս պիտի ընէ առանց ամուսինի։ Գիշերը քուն չունի, նստած է։ Մէյմն ալ նորէն կը լսէ Խանում քոյրիկի ձայնը.
- Ալմա՜ստ. Ալմա՜ստ, նայէ՛, նայէ՛։ Նահատակները ճերմակ-ճերմակ հագած կ’երթան կոր, այսինչեանը, այնինչեանը...։
Մայրս նորէն բան մը չի տեսնար, կը մտածէ՝ երեւի աչքին կ’երեւայ։ Կ’ըսէ.-
- Խանում քոյրիկ, դուն կ’երեւակայես մը՞, չէ նէ՝ աչքերուդ կ’երեւայ կոր...
Թուրքերը Վարի թաղէն Վերին թաղը կը թափանցեն։ Խուժանը կուգայ, ուրֆացիները կը դիմադրեն հերոսաբար։ Թուրքերն իրենց մեռելները, վիրաւորները շալակնին կ’առնեն, կը փախին։ Թուրքը նորէն կը յարձակի, էրիկ-մարդիկները կը կռուին, Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանը կը վիրաւորուի ոտքէն։ Ան ծանր վիրաւորուած, պատգարակի վրայ պառկած կը խնդրէ, որ իրեն տանին դիրքէ դիրք։ Արդէն ան խօսքով կ’ոգեւորէր կռուողներուն։ Թուրք հրամանատարն իր զօրքով մէկ ամիսի չափ կռուած է ուրֆացիներու դէմ։ Ետքը կը տեսնան, որ ըլլալիք չէ, քանի որ էրիկ-մարդ կռուող ալ չի մնար, իրենք ալ կը զոհուին. Ուրֆայի կնիկ-աղջիկները կը հագնին իրենց մարդոց հագուստները, գլուխնին կը դնեն անոնց գլխարկները, ձեռքերնին կ’առնեն անոնց զէնքերը եւ կը շարունակեն կռիւը։ Թուրքերը կ’ըսեն.- «Մենք ճամբաները գոցեր էինք, աս անբեղ, անմօրուս կռուողները ուրտեղէ՞ն բուսան»։ Թուրք հրամանատարը կ’ըսէ.- «Եթէ ամէն տեղ ասանկ Ուրֆայի պէս կռուէին, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը»։ Ետքը թուրքերը կը տեսնան, որ ատ ձեւով չ’ըլլար, թնդանօթ կը բերեն, կը սկսին գնդակոծել դիրքերը։ Կը սկսի իրարանցումը։ Թուրքերը մինարէէն կ’ելլեն, կը պոռան.- «Մալա պաքմայըն, ջանա բաքըն, մալ զաթը պիզիմ տըր» ապրանքին մի՛ նայիք, մարդո՛ց նայէք «ջարդեցէ՛ք», ապրանքն արդէն մեզ կը մնայ։ Ժողովուրդը յուսահատ վազեց եկեղեցի, մտաւ մեծով-պզտիկով՝ մօտ 300 հոգի, դուռը գոցեցին, սկսան Աստուծուն աղօթել։ Խուժանը կուգայ՝ դուռը չեն կրնար բանալ։ Վերէն լոյսի պատուհաններ կային, քարով կը զարկեն, ապակիները կը կոտրեն։ Քառասուն թիթեղ նաւթ կը բերեն, վառուող լաթեր կը նետեն պատուհաններէն ներս։ Ներսինները ծուխէն կը խեղդուին։ Յետոյ թուրքերը ողջ մնացած կիներուն եւ երեխաներուն արդէն աքսոր կը հանեն։
Ուրֆացիները եղան ամէնէն վերջին աքսորականները։ Մէյ մըն ալ ժանդարմները եկան, մեզ ոչխարներու պէս քշեցին։ Քիչ մը հաց-մաց, քիչ մը ջուր հետերնիս առինք։ Ճամբայ ելանք։ Աքսորական եղանք՝ կը քալենք կոր։ Թուրքերը դուռներուն առջեւը կեցած մեզի կը նային, գիտեն որ մեռնելու կ’երթանք կոր։ Թուրք կին մը մօրս կ’ըսէ.- «Աս չոջուխը տուր ինծի, երբ որ վերադառնաք՝ քեզի կուտամ»։ Քոյրս ալ՝ ութը տարեկան անուշիկ աղջիկ մը։ Ան կ’առնէ անոր, կը տանի։ Քիչ մը անդին եղբայրս ալ կ’ուզեն. անոր ալ մայրս ստիպուած կուտայ։ Մեծ մայրս, որուն սիրտն այնքան տաք էր մեր վրայ, աս ամէն երբ կը տեսնայ՝ սրտի տագնապ կ’ունենայ, կ’իյնայ գետին, կը մեռնի։ Անոր վրայ կոխկռտելով կ’անցնին, կ’երթան։ Որո՞ւ հոգն է։ Մայրս կը պատմէր, որ «Քալեցի՜նք, կեանքերնուս մէջ այդքա՜ն քալած չկայինք։ Յոգնեցանք, ալ չենք կրնար քալել։ Շուք տեղ մը գտանք, նստանք։ Անդին չորս-հինգ տարեկան երեխաները սկսան խաղալ, մէյ մըն ալ նայինք՝ երեխաները կեցած տեղերնին կը զարնուին, կ’իյնան կոր գետնին։ Ի՞նչ կ’ըլլայ կոր՝ չենք հասկնար։ Դու մի ըսեր, ժանդարմները բարձր տեղ մը նստած են. հեռուէն նշան կ’առնեն կոր. չոջուխներուն թռչունի պէս կ’որսան։ Քովս կին մը նստած էր. տեսաւ իր զաւկին նշան բռնած են՝ վազեց անոր իր փէշին տակը առաւ, փամփուշտը եկաւ իրեն դպաւ՝ ինկաւ մեռաւ։ Խե՜ղճ մայր, դուն ինկար, մեռար, ազատուար, զաւակդ ինչպէ՞ս պիտի դիմանայ ատ տանջանքներուն»։
Յետոյ մայրս տիֆով կը հիւանդանայ. խնամքի կարօտ, չի կրնար քալել, ուժասպառ գետին կ’իյնայ։ Ես ալ՝ իր գիրկը։ Հոնտեղէն պետեւի մը կ’անցնի, ինծի կը գրկէ. կ’առնէ. կը տանի իր հետ։ Մօրս վրայ ալ հալ չկայ, որ ձայն հանէ, կը մտածէ.- «Ես կը մեռնիմ կոր. գոնէ զաւակս ողջ թող մնայ»։
Այդ զուլումի ժամանակ կիներ, աղջիկներ յուսահատութենէն իրենց Եփրատ գետը կը նետեն կամ թոյն կը խմեն, որ թուրքին ձեռքը չիյնան...
Անկէ ետքը ուրֆացի ժանդարմա մը մամայիս կը մօտենայ, կ’ըսէ հայերէնով, քանի որ Ուրֆայի թուրքերը հայերէն գիտէին՝ խայտառակնե՜րը.- Դուն ուրֆացի չե՞ս։
Մամաս կ’ըսէ.- Այո՜...
- Էկո՛ւր քեզի տանիմ Ուրֆա. ես Ուրֆա կ’երթամ։
Մայրս կը մտածէ՝ եթէ ճամբան շարունակէ անապատին մէջ, պետեւի մը իրեն պիտի առնէ. եթէ Ուրֆա երթայ, թուրք ժանդարմը պիտի առնէ. բայց յոյս կայ, որ զաւակները հոն կը գտնայ։ Ժանդարման մօրս կը նստեցնէ իր ձիուն ետեւը, կը տանի Ուրֆա իր տունը։ Թուրք ժանդարմը արդէն ուրիշ կիներ ալ, զաւակներ ալ կ’ունենայ։ Իշտէ ամէնքն իրարու հետ կ’ապրին։ Մայրս դեռ երիտասարդ, գեղեցիկ էր։ Օր մը բաղնիք կ’երթայ. հոն հայ ծանօթ կին մը կը հանդիպի կը փաթթուին, կը համբուրուին, իրարու ցաւերնին կը պատմեն, կուլան։ Մայրս անոր կ’ըսէ.- Հալս հալ չէ. ամուսինս, զաւակներս կորսնցուցի. հիմա ալ հարեմի մէջ եմ։
Հայ կինը կ’ըսէ.- Հոստեղ Քամիլ պէյ մը կայ. ազդեցիկ մարդ է. մենք տասնութ հայ կիներ ենք, հոն կ’աշխատինք, մեր պատուովը կ’ապրինք, դուն ալ հոն էկուր։
Մայրս տուն կուգայ, կը կապէ իր ունեցածը, փախուստ կուտայ։ Ատ մեծահասակ հայ կինը հոնտեղը խոհարար կ’ըլլայ. մայրս ալ իր օգնականը կը դառնայ։ Երբ վիճակը քիչ մը կը լաւանայ, մայրս կը մտածէ՝ երթայ քրոջս գտնայ։ Կ’երթայ, կը փնտռէ, կը փնտռէ, չի կրնար գտնալ, անտեղ քարի մը վրայ կը նստի, կը սկսի լալ։ Թուրքերը կը տեսնան, ան թուրք կինն ալ կը տեսնայ, կը մեղքնայ, կը բերէ ետ կուտայ քոյրս։ Մայրս կ’առնէ, կ’երթայ իր ապրած տեղը, անոր գլուխն ալ ճերմակ լաթ մը կը կապէ, իբր թուրքի աղջիկ է, հոն կ’ապրին։ Օր մը քոյրս խանութ կը ղրկեն գնումի, մէյմն ալ եղբօրս կը հանդիպի։ Քոյր-եղբայր իրար կը համբուրեն, քոյրս կուգայ մամայիս կ’ըսէ՝ եղբայրս գտայ։ Խեղճ եղբայրս շատ տանջուեր էր. անօթի մնացեր էր. նոյնիսկ բամբակի կուտը էշու պէս կերեր էր։ Ան խոտ ուտելէն փորը ուռեր էր։ Մամաս եղբօրս կ’ըսէ.- «Դուն էկուր իմ քովս. ես քեզի գաղտնի ուտելիք կուտամ՝ կ’ուտես»։ Եղբայրս կուգայ եղեր, մայրս գաղտնի ուտելիք կուգայ եղեր, ան կուտէ։ Վերջը մամաս եղբօրս ալ կը բերէ, ետքն ալ սափրիչի մը քովը աշակերտ կը դնէ անոր։
Ես ադ պետեւիին տունն եմ։ Օր մը պետեւին քաղաք պիտի փայտ տանի, ծախի, ինձի ալ էշուն վրայ կը դնէ. կ’երթանք։ Ան փայտը կը բերէ Ուրֆա։ Ընտանիք մը կ’ուզէ փայտը գնել։ Էշուն վրան ինծի կը տեսնան շէկլիկ-մեկլիկ. կ’ըսեն. «Աս՝ պետեւիի չնմանիր, ծախէ՛ մեզի»։ Երկու մեճիտ կուտան, կ’առնեն ինծի։ Անոնք ալ իմ տարիքիս պզտիկ տղայ մը ունին էղեր՝ մեռեր է. ինծի անոր փոխարէն կ’առնեն։ Ես հազիւ երեք տարեկան եմ, չոջուխ եմ. ի՞նչ կը հասկնամ։ Գիտեմ, որ նոր հայրս՝ Օսմանն է. մայրս՝ Զելհանը, քոյրս՝ Աշէն, եղբայրս, Արին է։ Անոնց հետ սկսայ ապրիլ։ Ինծի հարազատի պէս կը նայէին...։
Մայրս ինծի ամէնէն վերջը կը գտնայ, ան ալ ինչպէ՞ս կը գտնայ։ Մեզի ծանօթ հայ կին մը կար, որն ատ ընտանիքին ալ ծանօթ կ’ըլլայ։ Օր մը ատ տունը կուգայ, կը տեսնայ ինծի, կ’ըսէ.- Ասի Ալմաստի տղան է։
- Ի՞նչ գիտես։
- Գիտե՛մ։
- Է՛, օր մը քեզի հետ էրթանք անոնց տունը։
Մեծ քոյրս՝ Աշէն, որուն ամուսինը մեռած էր, ան ալ ինծի չափ տղայ մը ունէր, եւ այդ հայ կինը ինծի կը տանի մեր տունը։ Ես աչքաբաց էի, փողոցի անկիւնէն կը վազեմ, յիշելով կ’երթամ, մեր տունին դուռին առջեւը կը կենամ։ Դուռը բաց էր՝ ներս մտայ։ Ջրաւազանին եզրը բարձր էր, ցատկեցի վրան՝ ձի հեծնելու պէս, ըսի.- «Սա իմ ձիս է»։ Անդին գացի, տեսայ տունը, ախոռը աւերած են, ըսի.- «Ո՞ւր է պապայիս ձին»։ Անոնք, որ ինծի բերած էին հոն, կը համոզուին, որ ես ատ տունին զաւակն եմ։
Ատ հայ կինը կ’երթայ մօրս կ’ըսէ.- Տղադ ասինչ թուրքին տունն է։
Մայրս էկաւ, ինծի գտաւ։ Երբեք չեմ մոռնար ատ մեր հանդիպումը...
Արդէն վերջը. երբ մէջտեղը կը խաղաղուի, անգլիցին կը մտնայ Ուրֆա։ Թրքացած հայերը ուժ կ’առնեն, փաթթոցները կը նետեն, իրենց թրքական անունները կը փոխեն՝ նորէն հայ Թորոս, Մարկոս, Կիրակոս կ’ըլլան։ Անգլիացին կը հրահանգէ՝ ան տունը, որ հայ կայ, թող բերեն ամերիկեան որբանոցը դնեն։ Ամերիկացին, անգլիացին բարեգործութիւն կ’ընէին՝ ուտելիք, հագուելիք կը բաժնէին։ Մայրս կ’երթայ, որ նպաստ առնէ, անգլիցի մեծաւորը կը հարցնէ.- Քանի զաւակ ունիս։
Մայրս կ’ըսէ.- Երեք զաւակ։
Անգլիացին երեք փաքեթ օգնութիւն կուտայ մօրս։ Մայրս կուգայ, կը բանայ, կը տեսնայ, որ հագուստներուն մէջը երեսուն մեճիտիէ կայ։ Մայրս շունչ մը կ’առնէ։ Ան իր աշխատած տեղէն դուրս եկաւ։ Արդէն մեր տունն ալ քանդուած էր։ Մամայիս կարասով մարագը պահած ոսկիներն ալ թուրքերը գտած, տարած էին։ Մայրս ինձ ու մեծ քոյրս ամերիկեան որբանոց դրաւ։ Ինքն ալ, մինչեւ կարգադրուեցաւ, 1918ին Հալէպ եկանք։ Հալէպ եկանք, տեսանք, որ միջնեակ քեռիս հրաշքով փրկուել է։ Մօրս եղբայրն ալ երկաթագործի խանութ ունի։ Ձմեռը կ’աշխատի, գարնանը գիւղացիները կուգան բահ, բրիչ կը գնեն։ Ան, երբ որ կ’իմանայ, որ իր քեռայրը՝ այսինքն հայրս, սպաննուած է, մեզի կ’առնէ իր մօտը։
Կէս միլիոնէն աւելի վերապրող Սուրիա անցած են՝ Հալէպ, Դամասկոս, Համա։ Մայրս շուարած է՝ ի՞նչ ընէ։ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին կ’երթայ, որ պատին վրայ կպցուած ողջ մնացողներուն ցուցակը կարդայ։ Մայրս կ’երթայ հոն կը հանդիպի Տիգրան Քիլեջեանին՝ հօրս մօրաքրոջը տղային, որը վարպետ փռապան էր։ Տիգրանն ալ իր ընտանիքը կորսնցուցած կ’ըլլայ, մայրս ալ կը պատմէ իր գլուխէն անցածը։ Իրար հետ կ’ամուսնանան։ Մայրս ինձ ու եղբայրս որբանոց կը դնէ, երկու տարի հոն կը մնանք։
1920ին Պէյրութ կուգանք ընտանեոք, արդէն ոչ թէ որպէս Մըխս-Յովակիմեան, այլ՝ Քիլեջեան։ Հայրս փուռը կ’աշխատի։ Եղբայրս տասներկու տարեկան լուսանկարիչի մօտ կ’աշխատի։
1921ին Կիլիկիայի պարպումէն վերջ շատ կիլիկիահայեր եկան հաստատուեցան Պէյրութ։ Ատ խեղճ քաղաքը կամաց-կամաց շինուեցաւ, զարգացաւ, շէնացաւ, փայլեցաւ։
Ֆաշիստական պատերազմի ժամանակ Ֆրանսան Լիբանանէն կը հեռանայ։ Երբ պատերազմը վերջացաւ, ներգաղթը սկսաւ՝ զուռնա-թմբուկով, բայց այդ ուրախութիւնը շատ չտեւեց, լուրեր առինք, որ գացողները խաբուած են։
Գերմանիայէն խումբ մը հրեաներ եկան Պէյրութ։ Մեծ-մեծ գործեր, խանութներ բացին։ Ես գացի անոնց մօտ աշխատեցայ։ Յետոյ ես իմ անձնական խանութս բացի։ Դերձակ եղայ, պատուէրներ ունեցայ, դրամ շահեցայ, սենեակ մը վարձեցի հայ կնիկի մը տունին մէջ։ Գիշերը լացի ձայնով մը արթնցայ։ Գացի, տեսայ տանտիկինը գետինը նստած կուլայ։ Մօտեցայ, հարցուցի.- Մամա՜, ի՞նչ ունիս, հիւանդ ես, բժիշկ կանչե՞մ։
- Չէ՜, տղա՜ս, ես քեզի մոռցայ ըսելու, որ ցեղասպանութեան ժամանակ եօթ տարեկան տղայ ունէի։ Քանի որ ես չենթարկուեցի թուրք ոստիկանին, ան իմ եօթը տարեկան տղայիս իմ ծունկիս վրայ մորթեց։ Տես ծունկս ալ խորը վիրաւորուած է։ Հիմա առտու ըլլայ, գիշեր ըլլայ, երբ որ միտքս կուգայ, չեմ կրնար ինքզինքս զսպել՝ կուլամ...
Յետոյ ես ամուսնացայ։ Երեք տղայ ունեցայ։ Կինս շատ լաւ կին էր, երջանիկ էինք։ Տղաներս սորվեցան, յետոյ ալ Ամերիկայի մէջ ուսում առին. մէկը՝ բժիշկ, միւսը՝ ատամնաբոյժ դարձաւ։ Բայց Լիբանանի պատերազմի ժամանակ երրորդ տղայիս գիշերով բռնել, ծեծել, կողոպտել էին։ Ան առողջութիւնը կորցրեց, հոգեպէս տուժած է։ Ես ալ սրտի տագնապ ունեցայ։ Եկանք Ամերիկա։ Կինս հիւանդացաւ, չկրցանք բուժել։ Հիմա «Արարատ Տունի» տարեցներուն բաժինն է պառկած։ Ես ալ աս մէկ տղայիս հետ «Արարատ Տուն»ին աս արդիական շինութեան մէջ կ’ապրիմ։ Միւս տղաներս մեզ կը հոգան։ Ինծի ձայնագրիչ, տեսագրիչ բերած են, ես բանաստեղծութիւններ կը յօրինեմ, գիրքեր կը կարդամ, կը զբաղուիմ։ Արդէն ամէն օր մի հետաքրքիր միջոցառում կայ հոստեղը։ Ամէն Հինգշաբթի բարեգործ տիկիններ կուգան մեզ կը հիւրասիրեն, կ’երգենք, բանաստեղծութիւններ կ’արտասանենք, բոլորով լաւ ժամանակ կ’անցնենք։ Ես ինչ որ պատմեցի՝ իմ քաշածներուս մի կաթիլը չէ անգամ։
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատեսներու վկայութիւններ»
Վերժինէ Սվազլեան