Ի­րա­նի եւ Վե­ցեա­կի (­Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սիա, Չի­նաս­տան, Ֆ­րան­սա, Բ­րի­տա­նիա եւ Գեր­մա­նիա) մի­ջեւ կա­յա­ցած - Թեհ­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ - «պատ­մա­կան» հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցած է այ­լե­ւայլ ար­ձա­գանգ­նե­րու եւ անդ­րա­դարձ­նե­րու.-

Ա­մե­րի­կեան կե­ցո­ւածք­ներ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա, այս ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին, յայտ­նեց, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Ի­րա­նի հա­մար «դէ­պի հիւ­լէա­կան զէնք ա­ռաջ­նոր­դող բո­լոր ճամ­բա­նե­րը կը փա­կէ»: Ան նշեց, որ շնոր­հիւ այս հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ Ի­րան ո­րե­ւէ հիւ­լէա­կան զէնք պի­տի չզար­գաց­նէ, հիւ­լէա­կան զէն­քի ար­տադր­ման հա­մար հարս­տա­ցո­ւած իւ­րա­նիոմ եւ փլու­թո­նիոմ պի­տի չկա­րե­նայ ար­տադ­րել, պի­տի բա­րե­փո­խէ Ա­րա­քի հիւ­լէա­կան կա­յա­նը, որ­պէս­զի փլու­թո­նիոմ չար­տադ­րէ` ա­ւելց­նե­լով, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը նաեւ մի­ջազ­գա­յին քննիչ­նե­րուն պի­տի ար­տօ­նէ այ­ցե­լել ի­րա­նեան այն կեդ­րոն­նե­րը, ո­րոնք կաս­կած­ներ կը յա­րու­ցեն:

«Ի­րա­նի դէմ հաս­տա­տո­ւած մեր պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը հանգ­րո­ւա­նա­յին կեր­պով պի­տի վերց­նենք, մինչ ան կը կա­տա­րէ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ստանձ­նած իր յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը»,- ը­սաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը` նշե­լով.- «Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ յա­ւե­լեալ պա­տե­րազմ­ներ կը նշա­նա­կէ»: «Ի­րան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն խե­լա­ցի հա­կա­ռա­կորդ մըն էր, եւ կ­՛ող­ջու­նեմ Քոնկ­րե­սին մէջ հա­մա­ձայ­նու­թեան տաք քննար­կու­մը», ը­սաւ ան` ա­ւելց­նե­լով.- «­Միշտ ալ պի­տի բա­ցո­ւինք դէ­պի ի­րան­ցի ժո­ղո­վուր­դը, եւ հա­կա­ռակ ան­ցեա­լի տա­րա­կար­ծու­թեանց, կրնանք փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել»:

Օ­պա­մա զգու­շա­ցուց Քոնկ­րե­սը Ի­րա­նի հետ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ար­գե­լա­կող օ­րէնք մը որ­դեգ­րե­լէ` ընդգ­ծե­լով, որ այդ­պի­սի օ­րէն­քի մը դէմ պի­տի կի­րար­կէ վե­թո­յի իր ի­րա­ւուն­քը: Ան ընդգ­ծեց, որ այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը «աշ­խար­հը ա­ւե­լի ա­պա­հով եւ ա­ւե­լի անվ­տանգ կը դարձ­նէ»:

«Այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած չէ, ա­նի­կա ստուգ­ման վրայ կա­ռու­ցո­ւած է»,- նշեց Օ­պա­մա: Օ­պա­մա Ի­րա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­մե­մա­տեց Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին նա­խա­գահ Ճոն Քե­նե­տիի օ­րե­րուն Խորհր­դա­յին Միու­թեան զի­նա­թափ­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ նշեց, որ այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ա­մե­րի­կեան եւ մի­ջազ­գա­յին պատ­մու­թեան հա­մար ու­նի նոյն­քան մեծ նշա­նա­կու­թիւն, որ­քան Քա­րա­յի­պեան ճգնա­ժա­մի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քեր­րի յայտ­նեց, որ Ի­րան յա­ռա­ջի­կայ առ­նո­ւազն 25 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի չկա­րե­նայ կամ պի­տի չյա­ջո­ղի հիւ­լէա­կան զէն­քի տի­րա­նալ: Ան շեշ­տեց, որ ե­թէ Ի­րան իր ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը խախ­տէ, ա­պա «ա­նոր դէմ պատ­ժա­մի­ջոց­ներ պի­տի վե­րա­հաս­տա­տենք»: Քեր­րի շեշ­տեց, որ «Ի­րա­նի հետ հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը այն գոր­ծարքն էր, ո­րուն կը ձգտէինք»:

Ի­րա­նեան կե­ցո­ւածք­ներ

Ի­րա­նի նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, իր կար­գին, այս ա­ռի­թով մամ­լոյ ա­սու­լիս մը հրա­ւի­րե­լով, յայ­տա­րա­րեց.- «Շր­ջա­նին մէջ երկ­խօ­սու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած նոր էջ մը բա­ցո­ւե­ցաւ»:

«­Հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը փաս­տեց, որ երկ­խօ­սու­թիւ­նը ճգնա­ժա­մե­րու լուծ­ման լա­ւա­գոյն ճամ­բան է»,- ը­սաւ ան` ա­ւելց­նե­լով.- «Ա­րեւ­մուտ­քը պէտք չէր Ի­րա­նի հետ սպառ­նա­լի­քի ո­ճը օգ­տա­գոր­ծէր»:

Ի­րա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մո­հա­մետ Ճա­ւատ Զա­րիֆ, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի հետ միա­ցեալ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին, յայ­տա­րա­րեց.- «Այ­սօր պատ­մա­կան օր մըն է: Քա­ջու­թեամբ, փա­ռա­ւոր կեր­պով եւ պար­ծան­քով հա­սանք հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան»: Ան նշեց, որ հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ «պատ­մա­կան» հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրա­գի­րին խա­ղա­ղա­սի­րա­կան բնոյ­թը կ­՛ե­րաշ­խա­ւո­րէ:

«Ի­րան կը վե­րա­հաս­տա­տէ, որ չի ձգտիր հիւ­լէա­կան զէն­քի ար­տադր­ման»,- ը­սաւ ան` ա­ւելց­նե­լով.- «Այն ինչ այ­սօր կը յայ­տա­րա­րենք, բո­լոր կող­մե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հա­մար լաւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մըն է, ինչ­պէս նաեւ քայլ մը` վերջ տա­լու հա­մար ճգնա­ժա­մի մը, որ ա­ւե­լի քան տաս­նա­մեակ մը տե­ւեց»:

Զա­րիֆ ը­սաւ, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ոչ ո­քի տե­սան­կիւ­նէն կա­տա­րեալ է, սա­կայն «կա­րե­լի լա­ւա­գոյն ձեռք­բե­րումն էր»:

Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կե­ցո­ւած­քը

Մո­կե­րի­նի իր կար­գին նշեց, որ «հա­սա­րա­կաց աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գի­րը հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած ու բարդ գոր­ծարք մըն է, որ կը յար­գէ բո­լոր կող­մե­րուն շա­հե­րը»` ա­ւելց­նե­լով.- «­Կող­մե­րուն մի­ջեւ հա­սա­րա­կաց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը մե­զի կա­րո­ղու­թիւ­նը տո­ւաւ այս ձեռք­բե­րու­մին հաս­նե­լու»: «Ի­րան կը վստա­հեց­նէ, թէ ո­րե­ւէ պայ­մա­նի տակ հիւ­լէա­կան զէն­քի ձեռք­բեր­ման չի ձգտիր»,- ը­սաւ ան:

Մո­կե­րի­նի յայ­տա­րա­րեց, որ այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը «ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար յոյ­սի նշան մըն է»` ա­ւելց­նե­լով.- «Ո­րո­շում մըն է, որ կրնայ ճամ­բայ բա­նալ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նոր է­ջի մը»:

Ռու­սիոյ կե­ցո­ւած­քը

Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թին ող­ջու­նեց հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ յայ­տա­րա­րեց.- «­Հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն ետք, աշ­խարհ այ­լեւս կրնայ ու­րախ շունչ քա­շել»: Ան յայտ­նեց, որ բա­նակ­ցու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րը կա­յու­նու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սի­րոյն «դժո­ւար ընտ­րանք մը կա­տա­րե­ցին»` ա­ւելց­նե­լով, որ Վիեն­նա­յի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Ռու­սիոյ եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ հիւ­լէա­կան խա­ղա­ղա­սի­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան պի­տի նպաս­տէ: «Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին»,- ը­սաւ Փու­թին:

Իր կար­գին, Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­կէյ Լաւ­րով նշեց, որ Ի­րա­նի զէն­քի մա­տա­կա­րար­ման դէմ ար­գել­քը ի զօ­րու պի­տի մնայ մին­չեւ հինգ տա­րի:

Ֆ­րան­սա­կան կե­ցո­ւած­քը

Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հոլ­լանտ յայ­տա­րա­րեց, որ «Ի­րան պէտք է մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին օգ­նէ Սու­րիոյ տագ­նա­պին վերջ տա­լու»:

Ֆ­րան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիւս նշեց, որ Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը առ­նո­ւազն ա­ռա­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն հա­մար «բա­ւա­րար ու­ժեղ է»: Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ հա­կա­ռակ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին Ֆ­րան­սա­յի կե­ցո­ւածք­նե­րուն, ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը ի­րա­նեան շու­կա­յին մէջ պի­տի ու­նե­նան ար­դար բա­ժին մը: Ն­շենք, որ ֆրան­սա­կան «­Լը Մոնտ» օ­րա­թեր­թի կայ­քը նշեց, որ Ֆա­պիւս յայտ­նած է, որ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ այ­ցե­լէ Թեհ­րան:

Ֆ­րան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը նաեւ յայտ­նեց, որ Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը վա­ւե­րաց­նող ո­րո­շում մը պի­տի հրա­պա­րա­կէ:

Իս­րա­յէ­լեան կե­ցո­ւածք­ներ

Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետ Բե­նիա­մին Նե­թա­նիա­հու յայ­տա­րա­րեց, որ «Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պատ­մա­կան սխալ մըն է», որ Ի­րա­նի կը տրա­մադ­րէ «հա­րիւր մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­ներ, զորս պի­տի ներդ­րէ իր ա­հա­բեկ­չա­կան մե­քե­նա­յին եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու աշ­խար­հի տա­րած­քին իր ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան եւ նա­խա­յար­ձա­կու­թեան մէջ»: Իս­րա­յէ­լի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Մո­շէ Եաա­լոն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը «ող­բեր­գու­թիւն մը» կո­չեց:

Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ցի­փի Հո­թո­վե­լի նշեց.- «Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան թղթած­րա­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ չա­րի­քի ու­ժե­րուն դի­մաց Ա­րեւ­մուտ­քին պատ­մա­կան անձ­նա­տո­ւու­թիւնն է»:

«Ա­պա­գան Գո­յու­թիւն Ու­նի» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Եա­յիր Լե­փիտ յայ­տա­րա­րեց, որ այս հա­մա­ձայ­նու­թեան դի­մա­կայ­ման հար­ցին մէջ Իս­րա­յէ­լի մէջ իշ­խա­նա­մէտ­ներ եւ ընդ­դի­մա­դիր­ներ գո­յու­թիւն չու­նին: Իս­րա­յէ­լի ներ­քին գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան` Շա­պա­քի նախ­կին ղե­կա­վար Եաա­քուպ Պի­րի յայ­տա­րա­րեց.- «­Մենք Իս­րա­յէ­լի եւ չա­փա­ւո­րա­կան եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ շրջա­նա­յին դա­շին­քի պատ­մա­կան պա­հու մը առ­ջեւ կանգ­նած ենք»:

Հա­յաս­տա­նի կե­ցո­ւած­քը

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեան, մեկ­նա­բա­նե­լով հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, նշեց.- «­Հա­յաս­տան կ­՛ող­ջու­նէ Ի­րա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ­նե­րու նպա­տա­կաս­լաց, կա­ռու­ցո­ղա­կան ջան­քե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք ի­րա­նեան հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը:

«Եր­կար սպա­սո­ւած այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մըն է` ի նպաստ մի­ջազ­գա­յին, շրջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման:

«­Լիա­յոյս ենք, որ ա­տի­կա յա­ւե­լեալ խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ` Հա­յաս­տա­նի եւ բա­րե­կամ Ի­րա­նի մի­ջեւ ա­ռեւտ­րա­կան-տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման, միա­ցեալ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար»:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կե­ցո­ւած­քը

«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ Ար­ցախ Ի­րա­նի եւ Վե­ցեա­կին մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան ձեռք­բե­րու­մը կը գնա­հա­տէ իբ­րեւ շրջա­նին մէջ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ մեծ ներդ­րում:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան յայ­տա­րա­րած է.- «­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ­՛ող­ջու­նէ ի­րա­նեան հիւ­լէա­կան ծրա­գի­րին շուրջ ձեռք բե­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը` իբ­րեւ էա­կան ներդ­րում շրջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ»:

Այլ կե­ցո­ւածք­ներ

Թուր­քիոյ ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Թա­ներ Եըլ­տըզ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը նկա­տեց «շատ դրա­կան զար­գա­ցում մը», իսկ պա­ղես­տին­ցի ա­ւագ բա­նագ­նաց Սաէպ Օ­րէյ­քաթ յոյս յայտ­նեց, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման դու­ռը բա­նայ:

Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լութ Չա­ւու­շօղ­լու, Ի­րա­քի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Իպ­րա­հիմ Ժաա­ֆա­րիի հետ Ան­գա­րա­յի մէջ միա­ցեալ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին, յայտ­նեց, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ շրջա­նա­յին տնտե­սու­թեան եւ ուղ­ղա­կի ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ վրայ: Ան Ի­րա­նին կոչ ուղ­ղեց վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու իր շրջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ժաա­ֆա­րի իր կար­գին ը­սաւ, որ հա­մա­ձայ­նու­թեան գո­յա­ցումն ու գոր­ծադ­րու­թիւ­նը շրջա­նին մէջ կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար կեն­սա­կան է:

Սու­րիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ող­ջու­նեց «պատ­մա­կան» հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը` նշե­լով.- «Այս ձեռք­բե­րու­մը ի­րա­նեան ղե­կա­վա­րու­թեան ի­մաս­տու­թեան, ա­նոր դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յաղ­թա­նա­կին ու ժո­ղո­վուր­դին կամ­քին ցու­ցա­նի­շը կը նկա­տո­ւի»` ա­ւելց­նե­լով.- «Այս ձեռք­բե­րու­մը դրա­կան անդ­րա­դարձ պի­տի ու­նե­նայ շրջա­նի եւ աշ­խար­հի անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան վրայ»:

Ն­շենք, որ ի­րան­ցի պաշ­տօ­նա­տար մը յայ­տա­րա­րեց.- «­Պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն վեր­ցո­ւե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Թեհ­րան իր ամ­բողջ ու­ժով պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­րիւ­ղի մի­ջազ­գա­յին շու­կայ», իսկ ի­րա­նեան «Ա­լամ» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նը հա­ղոր­դեց, որ հա­մա­ձայ­նու­թեան գո­յա­ցու­մէն ետք, մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին մէջ քա­րիւ­ղի գի­նը ա­ւե­լի քան 2 առ հա­րիւ­րով նո­ւա­զած է: