Յա­ռա­ջի­կայ 29-30 Յու­լիս 2015ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, պի­տի կա­յա­նայ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­ներ» նիւ­թով հա­մա­ժո­ղով մը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի «Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զո­ւի հաս­տա­տու­թեան։

Այս ա­ռի­թով Մա­տե­նա­դա­րա­նի Ձե­ռագ­րա­գի­տու­թեան եւ Մայր Ցու­ցա­կի բաժ­նի վա­րիչ, գլխա­ւոր ա­ւան­դա­պահ Գէորգ Տէր-­Վար­դա­նեա­նէն, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մի վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­ներ ստո­րագ­րած է, քա­ղե­ցինք 19րդ դա­րու վեր­ջե­րուն եւ 20րդ դա­րու հա­յե­րէն լե­զո­ւի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ տո­ւեալ­ներ։

Յատ­կան­շա­կան են ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կրած գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք դի­մա­փո­խած են ա­նոր ներ­քին կա­ռու­ցո­ւած­քը ու կտրած զայն նա­խա­սո­վե­տա­կան շրջա­նի հայ­կա­կան դա­սա­կան մա­տե­նագ­րա­կան աշ­խար­հէն։

Ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցը յա­ռա­ջա­ցած է 19րդ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն եւ շա­րու­նա­կու­թիւնն էր այս­պէս կո­չո­ւած «գրա­պայ­քա­րին»՝ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով, ուր ա­ռանձ­նա­պէս խնդրոյ ա­ռար­կայ էին «ու», «ւ» եւ «վ» գի­րե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի կրա­ւո­րա­կան ձե­ւը նկա­տի առ­նե­լով՝ գրե­լու ե­րեք տար­բե­րակ կար. «վ­»ո՞վ, «ո­ւու»ո՞վ, թէ՞ «ւու»ով գրել (այս վեր­ջին ձե­ւը այ­սօր գրե­թէ ըն­դու­նո­ւած տար­բե­րակն է) ։ Յա­մե­նայն դէպս, «ո­ւու»ով տար­բե­րա­կը քիչ մը դժո­ւար էր թէ՛ աչ­քի եւ թէ՝ լե­զո­ւի հա­մար՝ ար­տա­սա­նու­թեան ի­մաս­տով։ Բա­նա­վէ­ճը այս­տե­ղէն սկսած է հաս­նե­լով Ղա­զա­րոս Ա­ղա­յեա­նի դա­սա­գիր­քե­րու «ւ­»ագ­րու­թեան, որ մին­չեւ օրս պարս­կա­հա­յե­րու մօտ կը շա­րու­նա­կո­ւի։

Մէկ այլ ծայ­րա­յե­ղու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի Ս­տե­փա­նոս Մալ­խա­սեան­ցի «վ­»ագ­րու­թեան։ Այս պայ­քա­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1913 թո­ւա­կա­նը, երբ գի­րե­րու գիւ­տի յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով Ս. Էջ­միա­ծի­նի մէջ Մա­նուկ Ա­բե­ղեան ներ­կա­յա­ցուց իր շատ նշա­նա­ւոր զե­կոյ­ցը, որ նոյն տա­րին հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «Ա­րա­րատ» ամ­սագ­րին մէջ։ Այս զե­կոյ­ցին մէջ դրա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­ներ կա­յին, մա­նա­ւա՛նդ որ ա­ւար­տին ան կ­՚ը­սէր հե­տե­ւեա­լը.- «Ե­թէ ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն մեր լե­զո­ւի եր­կու տար­բե­րակ­նե­րը ի­րար­մէ ա­ւե­լի պի­տի հե­ռաց­նէ, լաւ կ­՚ըլ­լայ որ այդ փո­փո­խու­թիւ­նը տե­ղի չու­նե­նայ»։

Սա­կայն քիչ ժա­մա­նակ անց, երբ Պօ­ղոս Մա­կին­ցեան ա­նու­նով ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ անձ մը դար­ձաւ խորհր­դայ­նա­ցած Հա­յաս­տա­նի «լուս­ժող­կոմ» (լու­սա­ւո­րու­թեան ժո­ղովր­դա­կան կո­մի­սար), ան իր մօտ հրա­ւի­րեց Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նը, որ ուղ­ղագ­րա­կան բա­րե­փո­խու­թեան ջա­տա­գովն էր եւ ա­նոր ա­ռա­ջար­կեց գրի առ­նել եւ ի­րեն տալ բա­րե­փո­խու­թեան չորս տար­բե­րակ։ Ա­բե­ղեան գրեց այդ չորս տար­բե­րակ­նե­րը, ո­րոնց­մէ չոր­րոր­դը ա­մէ­նէն ծայ­րա­յե­ղա­կանն էր։ Մա­կին­ցեան նա­խընտ­րեց այդ չոր­րորդ տար­բե­րա­կը, ո­րու հա­մա­ձայն մեր լե­զո­ւի գրու­թիւ­նը եւ ար­տա­սա­նու­թիւ­նը պէտք էր ի­րա­րու մօ­տե­ցո­ւած ըլ­լա­յին։ Այս­պէս «եւ»ը պէտք է գրո­ւէր «յեվ» ձե­ւով, այ­սինքն ե­րեք գի­րե­րով, իսկ «օ» գի­րը բո­լո­րո­վին դուրս կը դրո­ւէր այ­բու­բե­նէն, եւ այս­պէս շա­րու­նակ…։

Այս «ա­պու­շու­թիւն­նե­րը» տե­ւե­ցին մին­չեւ 1940 թո­ւա­կա­նը, երբ Գուր­գէն Սե­ւա­կի մի­ջո­ցաւ ձե­ւով մը այդ օ­րէն­քին «յետս կո­չում»ը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ո­րու ար­դիւն­քին ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թիւ­նը մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կո­ւի։

Իսկ ան­կէ ա­ռաջ ալ Ա­բե­ղեա­նի հետ ար­դէն ո­րոշ խնդիր­ներ կա­յին՝ քե­րա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ իր ըմբռ­նում­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէր «տեր­մի­նա­բա­նա­կան կո­մի­տէ» ա­նու­նով կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կը վա­ւե­րաց­նէր Մոս­կո­ւա­յէն ե­կած ո­րո­շում­նե­րը։ Օ­րի­նակ՝ «մա­նիշ» բա­ռը պէտք էր հա­մա­րել «կղե­րա­ֆէո­տա­լա­կան» եւ փո­խա­րէ­նը «յեոդ» (iode) բա­ռը պէտք էր գոր­ծա­ծել, «կու­սակ­ցու­թիւն» բա­ռը պէտք չէր օգ­տա­գոր­ծել, ո­րով­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դը կու­սակ­ցու­թիւն ը­սե­լով Դաշ­նակ­ցու­թեան (Ա. Հան­րա­պե­տու­թիւն) կ­՚ակ­նար­կէր, նաեւ «հան­րա­պե­տու­թիւն» եւ «խոր­հուրդ» բա­ռե­րը ար­գի­լո­ւե­ցան։ «­Խոր­հուրդ»ը փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ «սո­վետ»ով, բայց այս պա­րա­գա­յին ալ այլ «տգի­տու­թիւն» մը մէջ­տեղ ե­կաւ՝ «սո­վետ»ը յատ­կա­ցո­ւած էր պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն, բայց «խորհր­դակ­ցել» բա­ռը կը մնար եւ «սո­վե­տակ­ցել» չէր գոր­ծա­ծո­ւեր։

Պօ­ղոս Մա­կին­ցեան, իր այս ան­հե­թեթ «ա­րար­քէն» չորս տա­րի ետք Թիֆ­լիս հրա­տա­րա­կո­ւող «­Մար­տա­կոչ» թեր­թին մէջ յայ­տա­րա­րեց թէ՝ «պէտք է հրա­ժա­րիլ Մես­րո­պեան տգեղ, ան­կիւ­նա­ւոր գի­րե­րէն եւ ըն­դու­նիլ լա­տին տա­ռե­րը որ­պէս հա­յե­րէ­նի այ­բու­բեն» ։

Այս ա­րարքն ալ ծրագ­րո­ւած էր Մոս­կո­ւա­յի կող­մէ։ Այդ օ­րե­րուն խորհր­դա­յին ղե­կա­վար­նե­րը կը հա­ւա­տա­յին, թէ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար մի­ջազ­գա­յին յե­ղա­փո­խու­թիւն մը, եւ կո­մու­նիզ­մը աշ­խար­հի մէջ պի­տի յաղ­թա­նա­կէր, ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը միա­լե­զու պի­տի դառ­նա­յին։ Բայց Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ զա­նա­զան փոր­ձե­րէ ետք, երբ ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան, թէ ի­րենց փա­փա­քած մի­ջազ­գա­յին յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի չու­նե­նայ, այս ան­գամ Ս­տա­լին – զար­գաց­նե­լով Մարք­սի ուս­մուն­քը –­ ո­րո­շում կա­յա­ցուց, որ հա­մայ­նա­վա­րու­թիւ­նը կա­րող է «յաղ­թել նաեւ ա­ռան­ձին երկ­րի մը մէջ», եւ ըստ այդմ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ պար­տադ­րել ռու­սե­րէ­նի այ­բու­բե­նը այդ «ա­ռան­ձին» եր­կրի՝ Խորհր­դա­յին Միու­թեան բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ա­նոնց կար­գին նաեւ հա­յե­րուն։

Ս­տա­լի­նի կար­ծի­քով՝ հա­մայ­նա­վա­րու­թիւ­նը կամ կո­մու­նիզ­մը սո­վե­տի մէջ յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար պէտք էր օգ­տա­գոր­ծել ռու­սա­կան տա­ռե­րը...։ Հարկ է նշել, թէ 1934 թո­ւա­կա­նին Նի­կո­ղա­յոս Մա­ռին (­Պե­տեր­պուր­կի մէջ կը գլխա­ւո­րէր նիւ­թա­կան մշա­կոյ­թի ինս­տի­տուտ ա­նու­նով կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը) հրա­հան­գած են ռու­սե­րէ­նի գի­րե­րը յար­մարց­նել հա­յե­րէ­նին ու վրա­ցե­րէ­նին։ Մա­ռը յայտ­նած է թէ՝ «ա­տի­կա հնա­րա­ւոր չէ, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Հա­յաս­տան ու Վ­րաս­տան դա­րա­ւոր մշա­կոյթ ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ­ներ են եւ ա­նոնց այ­բու­բե­նը փո­խե­լով՝ զա­նոնք կը հե­ռաց­նէք ի­րենց մշա­կոյթ­նե­րէն»։

Կ­՚ը­սո­ւի, թէ ան այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ շատ ո­գե­ւո­րո­ւած ճառ մը ար­տա­սա­նած է իր ղե­կա­վա­րած հաս­տա­տու­թեան գի­տա­կան խոր­հուր­դին առ­ջեւ եւ նոյն պա­հուն ան­հանգս­տա­ցած ու ա­ւե­լի ուշ ալ մա­հա­ցած է…։ Մա­ռի դի­մադ­րու­թեան շնոր­հիւ, բա­րե­բախ­տա­բար, հա­յե­րէ­նի եւ վրա­ցե­րէ­նի գի­րե­րը ռու­սե­րէ­նով փո­խա­րի­նե­լու վտան­գա­ւոր գոր­ծա­րար­քը տե­ղի չու­նե­ցաւ։ 1977ին, երբ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Սո­վե­տա­կան Միու­թեան վեր­ջին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, պէտք էր նաեւ ա­նոր նմա­նո­ղու­թեամբ հայ­կա­կա­նը (նաեւ վրա­ցա­կա­նը) ըն­դու­նո­ւէր, ուր հա­յե­րէ­նի (կամ վրա­ցե­րէ­նի) պե­տա­կան լե­զու ըլ­լա­լու մա­սին ո՛չ մէկ ակ­նարկ պի­տի ըլ­լար։ Առ այդ յատ­կա­պէս Վ­րաս­տա­նի մէջ բո­ղո­քի զա­նա­զան ցոյ­ցեր տե­ղի ու­նե­ցան, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ի վեր­ջոյ նաեւ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ հա­յե­րէ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան լե­զու ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ։ Այլ խօս­քով՝ Մարտ 1922ի «դեկ­րետ»ը (հրա­մա­նա­գիր) –­ ո­րու նա­խա­պատ­րաս­տո­ղը Մա­նուկ Ա­բե­ղեանն էր, բայց հե­ղի­նա­կը Պօ­ղոս Մա­կին­ցեա­նը – քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­ներ կը հե­տապն­դէր։

Այս բո­լո­րէն տե­ղեակ ըլ­լա­լէ ետք, հարկ էր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ժա­մա­նակ ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցը քննար­կո­ւէր եւ հա­մա­պա­տաս­խան լու­ծու­մը գտնէր, բայց այդ­պէս չե­ղաւ եւ բազ­մա­զան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան, ո­րոնք բնա­կա­նա­բար սփիւռ­քա­հա­յե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս ողջ­միտ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հա­մար ըն­դու­նե­լի չէին։

Ն­շենք, թէ այդ շրջա­նին ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցով բուռն բա­նա­վէ­ճեր տե­ղի ու­նե­ցան՝ թեր եւ դէմ կող­մե­րու մի­ջեւ։ Կա­րե­լի է ը­սել, թէ ա­մէ­նէն ե­ռան­դուն անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը լե­զո­ւա­բան-բա­նա­սէր Ռա­ֆա­յէլ Իշ­խա­նեանն էր, որ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան կի­րառ­ման կողմ­նա­կից էր։

Ա­նոր գա­ղա­փա­րին դէմ կանգ­նե­ցան տիտ­ղո­սա­ւոր նշա­նա­ւոր լե­զո­ւա­բան­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ, ո­րոնք ոչ մէկ ձե­ւով կա­պո­ւած էին ազ­գա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րուն։

Այդ բա­նա­վէ­ճը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­րեւմը­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հա­կա­մար­տու­թեան, եւ դա­սա­կա­նի հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը տո­ւին նեղ­միտ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ, թէ՝ ի­րենք ին­չո՞ւ պէտք է «Ս­փիւռ­քի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը» ըն­դու­նին, մոռ­նա­լով որ խօս­քը ՀԱ­ՅԵՐԷՆ լե­զո­ւի ուղ­ղագ­րու­թեան կը վե­րա­բե­րի, եւ այլն։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­մալ­սա­րա­նա­կան այդ ու­սու­ցիչ­նե­րը ա­բե­ղեա­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ ի­րենց ապ­րուս­տը կ­՚ա­պա­հո­վեն։ Ա­ւե­լի՛ն, ա­նոնք նախ ի­րենք պէտք է սոր­վէին դա­սա­կա­նը, որ­պէս­զի յե­տոյ սոր­վեց­նէին։ Բայց ա­նոնք ո՛չ սոր­վե­լու ու­նակ են եւ ոչ ալ ցան­կու­թիւ­նը ու­նին…։

Մինչ­դեռ ե­թէ կ­՚ու­զենք մեր դա­րա­ւոր մշա­կոյ­թին տէր կանգ­նիլ եւ ա­նոր ար­ժա­նի ժա­ռան­գոր­դը ըլ­լալ, պէ՛տք է վե­րա­կանգ­նենք մեր ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը։ Պարզ օ­րի­նա­կը գրա­բա­րով գրո­ւած մեր բնա­գիր­ներն են, ո­րոնք պէտք է կա­րե­նանք վեր­ծա­նել ու հասկ­նալ։

Խմբ.- Գէորգ ՏէրՎար­դա­նեան զրոյ­ցը ա­ւար­տեց հե­տե­ւեալ հա­մո­զու­մը ար­տա­յայ­տե­լով.- «­Պէտք է Հա­յաս­տա­նում վե­րա­կանգ­նել դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը՝ կա­տա­րեալ տես­քով եւ ծա­ւա­լով, ա­պա ստեղ­ծել հա­մազ­գա­յին մի մար­մին, ո­րը պէտք է ի­րա­կա­նաց­նի ազ­գա­յին-լե­զո­ւա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ ըն­թա­ցիկ խնդիր­նե­րի կա­ռա­վա­րում, ո­րոնց շար­քում՝ նաեւ ուղ­ղագ­րա­կան խնդիր­նե­րի ըստ հար­կի լու­ծում»։

«­Նոր Յա­ռաջ»