Այս ե­ռո­տա­նիին վրայ կը հանգ­չին պե­տու­թիւն­նե­րը եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը: Ե­թէ ա­նոր ոտ­քե­րէն մին կոտ­րի կամ կա­ղայ, իշ­խա­նու­թիւ­նը կը տկա­րա­նայ, ծայր կու տան վէ­ճեր եւ պայ­քար­ներ, կը խախ­տի վստա­հու­թիւ­նը, կը յա­ռա­ջա­նայ ան­կա­ռա­վա­րե­լիու­թիւն: Հե­տե­ւանք­նե­րը կ’ըլ­լան բա­ցա­սա­կան:

Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ ընդ­հան­րա­պէս բո­լոր գրո­ւած­նե­րը, մար­դիկ կը փոր­ձեն հասկ­նալ եւ ըն­դու­նիլ ըստ ի­րենց հա­յե­ցա­կէ­տին: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մեր նմա­նին մէջ մենք մեզ եւ մար­դը տես­նե­լու սկզբուն­քա­յին ցան­կու­թիւն է: Իսկ կա­ռա­վա­րու­մը այդ գրո­ւա­ծին եւ ցան­կու­թեան կեն­սա­գոր­ծումն է, ներ­դաշ­նա­կումն է:

Հե­ռա­ւոր կամ ան­կա­րե­լի ի­տէալ մը:

­Խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր, ի հար­կէ, մե­նիշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, բռնա­պե­տու­թիւն­նե­րու, կա­մօքն Աս­տու­ծոյ գոր­ծած եւ գոր­ծող միա­պե­տու­թիւն­նե­րու, յա­ճախ նաեւ քսա­կով ձեռք բե­րո­ւած իշ­խա­նու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի, երբ նոյ­նիսկ ձե­ւա­կան կեր­պով կը պա­հո­ւին Սահ­մա­նադ­րու­թիւն­ներ, որ­պէս շպար ար­տա­քին աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցո­ւե­լու հա­մար, միա­միտ կամ այդ­պէս հա­մա­րո­ւած զան­գո­ւած­ներ ոտ­քի քնաց­նե­լու հա­մար: Թէեւ, միշտ այ­լա­զան շա­հե­րով, մար­դիկ հան­դուր­ժած են բռնա­պե­տու­թիւն­նե­րու գո­յու­թիւ­նը, սոսկ ծնուն­դի ի­րա­ւուն­քով իշ­խա­նու­թիւ­նը, ըն­կե­րու­թեան տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րուն, երբ որ­դին կը յա­ջոր­դէ հօ­րը, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ զի­րար կը լրաց­նեն, եւ այդ­պէս շա­րու­նակ, մե­նա­տի­րա­կան կամ նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­ռա­վա­րում­նե­րու պա­րա­գա­յին, ինչ որ կը կո­չո­ւի nepotisme, հին կամ նոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ա­ւա­տա­պե­տա­կան դրու­թիւն, ըն­դու­նե­լի կամ ոչ դի­մակ­նե­րու ե­տին: Հայր, որ­դի, թոռ, եղ­բայր… Եւ այս՝ ոչ միայն նախ­նա­կան կամ յե­տա­դէմ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կիրթ եր­կիր­նե­րու եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մէջ:

­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ, կը գոր­ծեն եր­կու ձե­ւի Սահ­մա­նադ­րու­թիւն­ներ. նա­խա­գա­հա­կան կամ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­մով: Անգ­լիոյ մէջ ըն­դու­նո­ւա­ծը խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձեւն է, քա­նի որ թա­գա­ւո­րը կամ թա­գու­հին կ’իշ­խեն, բայց չեն կա­ռա­վա­րեր: Խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն­նե­րու մէջ ալ, նա­խա­գա­հը չի կա­ռա­վա­րեր, ինչ­պէս է պա­րա­գան Գեր­մա­նիոյ, եւ Իս­րա­յէ­լի, ուր նա­խա­գա­հը կ’ընտ­րո­ւի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ: Նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան պա­րա­գա­յին, ժո­ղո­վուր­դը ինք կ’ընտ­րէ նա­խա­գա­հը, ուղ­ղա­կի քո­ւէ­րար­կու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցո­ւած ծրագ­րի մը հի­ման վրայ: Այ­սինքն, ընտ­րո­ւած նա­խա­գա­հը ուղ­ղա­կի հա­մա­ձայ­նա­գիր կը կնքէ ժո­ղո­վուր­դին հետ, որ զինք կ’ընտ­րէ ծրա­գիր-խոս­տու­մի հի­ման վրայ եւ ընտ­րո­ւո­ղը կը դառ­նայ իս­կա­կան գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն:

Այս դրու­թիւ­նը կը գոր­ծէ, օ­րի­նակ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ուր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վար­չու­թիւն է, քա­նի որ կա­ռա­վա­րո­ղը նա­խա­գահն է: Ֆ­րան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, գո­յու­թիւն ու­նի եր­կա­կեն­ցաղ դրու­թիւն: Նա­խա­գա­հի նշա­նա­կու­մով, բայց նաեւ Խորհր­դա­րա­նի յայտ­նած վստա­հու­թեամբ, կեան­քի կը կո­չո­ւի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ կ’ի­րա­կա­նաց­նէ նա­խա­գա­հի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ե­թէ նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րան նոյն քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նին, կա­ռա­վա­րու­մը կ’ըլ­լայ հե­զա­սահ: Իսկ ե­թէ նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը նոյն քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քին չպատ­կա­նին, կա­ռա­վա­րու­մը կը դժո­ւա­րա­նայ, ան­հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ կը ծնին, ա­ւե­լին ալ:

­Կա­տա­րեալ ձեւ չկայ: Մէկ կամ միւս ձե­ւի կա­ռա­վար­ման լա­ւը կամ վա­տը կա­խում ու­նին իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող ան­հա­տէն(նե­րէն), ա­նոր մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րէն, ինչ որ յա­ճախ կը մոռ­նանք: Նոյն Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, կրնանք ու­նե­նալ լաւ կամ վատ կա­ռա­վա­րող­ներ: Այդ­պէս է նաեւ մեծ ու պզտիկ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ, ա­նոնք ըլ­լան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, միու­թիւն­ներ, կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, թէ կրօ­նա­կան միա­բա­նու­թիւն­ներ: Պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ այն մա­սին, որ ա­ռանց Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ յա­տուկ կեր­պով մշա­կո­ւած օ­րէնք­նե­րու ու կա­նոն­նե­րու, կա­րե­լի ե­ղած է ժո­ղովր­դա­յին մեծ շար­ժում­ներ ղե­կա­վա­րել, օ­րի­նակ Մա­հադ­մա Կան­տին, որ իր ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուց, եւ Շարլ տը Կո­լը, որ Ֆ­րան­սա­յի Դի­մադ­րա­կան շար­ժու­մը մարմ­նա­ւո­րեց եւ եր­կի­րը ա­զա­տագ­րեց: Ա­նոնք յա­ջո­ղե­ցան ժո­ղո­վուր­դի կամ­քը ար­տա­յայ­տել եւ միաց­նել, ա­ռանց գրո­ւած օ­րէնք­նե­րու: Բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն էին, ինչ­պէս կ’ը­սո­ւի՝ քա­րիզմ ու­նէին, որ չի բխիր օ­րէն­քի տա­ռէն, կա­նո­նագ­րու­թիւն­նե­րու այս կամ այն յօ­դո­ւա­ծէն:
Այս օ­րե­րուն, եր­կու եր­կիր­նե­րու մէջ, Հա­յաս­տան եւ Ֆ­րան­սա, վի­ճար­կում կայ Սահ­մա­նադ­րու­թիւն փո­խե­լու հար­ցով: Ա­նոնց Սահ­մա­նադ­րու­թիւն­նե­րու նմա­նու­թեան հիմ­նա­կան գի­ծը նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւնն է: Գեր­մա­նիոյ եւ Անգ­լիոյ մէջ կը գոր­ծէ խորհր­դա­րա­նա­կան դրու­թիւ­նը, ուր իշ­խա­նու­թիւն­ներ ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն ա­ռանց ցնցու­մի, կող­մի մը կէ­սէն մէկ ա­ւե­լիի վստա­հու­թեան ըն­ձե­ռած ի­րա­ւուն­քով իշ­խա­նու­թիւն կը կազ­մո­ւի: Այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ կը յար­գո­ւի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քը, այդ կամ­քը յար­գե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը տի­րա­կան է: Անգ­լիոյ մէջ, ընդ­դի­մու­թիւ­նը ձե­ւով մը մաս կը կազ­մէ իշ­խա­նու­թեան, ա­նոր ղե­կա­վա­րը վար­չա­պե­տի պէս ռո­ճիկ կը ստա­նայ, կը կո­չո­ւի Նո­րին Վե­հա­փա­ռու­թեան հա­ւա­տա­րիմ ընդ­դի­մու­թիւ­նը: 1962-էն ա­ռաջ, Ֆ­րան­սան խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձեւ ու­նէր, ի­րա­րու կը յա­ջոր­դէին կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցող կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ, պատ­ճառ դառ­նա­լով քա­ղա­քա­կան եւ ղե­կա­վար­ման ան­կա­յու­նու­թեան: Ֆ­րան­սա­յի 5-րդ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տեց նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն, բայց ոչ ամ­բող­ջա­կան, քա­նի որ կա­ռա­վա­րու­թիւն կը կազ­մուի խորհրդա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեամբ: Նա­խա­գահ­ներ Ֆ­րան­սո­ւա Մի­թը­րա­նի եւ Ժաք Շի­րա­քի իշ­խա­նու­թեան օ­րե­րուն, պա­տա­հե­ցաւ որ նա­խա­գա­հի կող­մը եւ խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը տար­բեր կող­մեր էին, եւ կա­ռա­վա­րու­մը հե­զա­սահ չե­ղաւ: Պա­րա­նի եր­կու ծայ­րի մար­դիկ դէ­պի ի­րենց կը քա­շեն պա­րա­նը, լուռ կամ բա­ցո­րոշ ձգտո­ւած կա­ցու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծո­ւին:

­Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն­նե­րը կը տար­բե­րին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան դրու­թե­նէն, որ վար­չա­պետ չու­նի, գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի քուէար­կու­թեամբ ընտ­րո­ւած նա­խա­գահն է, ո­րուն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն կը կո­չո­ւի, ինչ­պէս ը­սինք՝ Վար­չու­թիւն, որ խորհր­դա­րան (­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներու պա­լատ կամ Ծե­րա­կոյտ) չի ներ­կա­յա­նար իր ծրագ­րով, վստա­հու­թեան քուէ ստա­նա­լու հա­մար, նոյ­նիսկ ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­րա­րի նշա­նա­կու­մը կ’անց­նի Ներ­կա­ցուց­չա­կան Տան յա­տուկ յանձ­նա­խում­բի բո­վէն, ճշդե­լու հա­մար վստա­հե­լիու­թիւ­նը:

Ֆ­րան­սա­յի մէջ ար­դէն կը խօ­սո­ւի 6-րդ Հան­րա­պե­տու­թիւն ստեղ­ծե­լու հա­մար նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մա­սին, հրա­ւի­րե­լու հա­մար Սահ­մա­նա­դիր նոր ժո­ղով: Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ կը մտա­ծո­ւի խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձե­ւի որ­դեգր­ման մա­սին:

Խորհր­դա­րա­նա­կան դրու­թիւ­նը հե­զա­սահ կեր­պով կը գոր­ծէ Գեր­մա­նիոյ մէջ, ուր խորհր­դա­րա­նա­կան ամ­բող­ջա­կան կամ յա­րա­բե­րա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան շուրջ կը կազ­մո­ւի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: Ֆ­րան­սա­յի մէջ, չոր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին, խորհր­դա­րա­նին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին բազ­մա­թիւ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, հա­մա­ձայ­նու­թեամբ գո­յա­ցած կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, քա­նի մը կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մախմ­բու­մով, փխրուն մե­ծա­մաս­նու­թեան մը կը կռթնէին, որ ա­մե­նա­փոքր պատ­ճա­ռով կրնար պա­ռակ­տո­ւիլ-, կը պա­ռակ­տուէր: Եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ ի­րա­րու կը յա­ջոր­դէին, յա­ճախ կար­ճա­տեւ կեանք կ’ու­նե­նա­յին:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­ձե­ւը ֆրան­սա­կա­նին կը նմա­նի, կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րը պաշ­տօ­նա­կա­տար­ներ են: Ե­թէ Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը հաս­տա­տէ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձեւ, խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, մէկ կու­սակ­ցու­թիւն ա­ռան­ձին կամ իր դաշ­նա­կից­նե­րը, ի­րենց ընտ­րած վար­չա­պե­տին մի­ջո­ցաւ պի­տի կա­ռա­վա­րեն եր­կի­րը, այ­սինքն կու­սակ­ցու­թեան մը ծրա­գի­րը եւ ո­րո­շում­նե­րը պի­տի ար­տա­ցո­լան կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ: Նա­խա­գա­հը պի­տի չու­նե­նայ այ­սօ­րո­ւան գլխա­ւոր գոր­ծա­դի­րի հան­գա­մանք:

­Ցարդ նա­խա­գա­հը կը կա­ռա­վա­րէր,- Ֆ­րան­սա եւ Հա­յաս­տան,- ան­հաս­կա­ցո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին կրնար լու­ծել խորհր­դա­րա­նը: Ե­թէ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նիը փո­խո­ւի, այդ ի­րա­ւուն­քը պի­տի պատ­կա­նի խորհր­դա­րա­նին եւ նա­խա­գա­հը որ­պէս Սահ­մա­նադ­րու­թեան պա­հակ պի­տի հրա­ւի­րէ ժո­ղո­վուր­դը ընտ­րե­լու նոր խորհր­դա­րան:

Ֆ­րան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թա­ցող գա­ղա­փար­նե­րը նոր Սահ­մա­նադ­րու­թիւն մշա­կե­լու եւ ըն­դու­նե­լու խորհըր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձեւ, նոյն պատ­ճառ­նե­րը չու­նին: Ներ­կա­յիս գոր­ծող սահ­մա­նադ­րու­թիւն­նե­րով, եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը շատ լայն ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ ու­նին: Օ­րի­նակ, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ի­րենց մե­նաշնոր­հեալ մարզն է, բա­նա­կի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը ի­րենք են, խորհրդա­րա­նի կամ­քին հա­կա­ռակ, ա­ռանց ա­նոր վա­ւե­րաց­ման, հրա­մա­նագ­րե­րով կրնան կա­ռա­վա­րել: Ի­րենց նա­խա­գա­հա­կան հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ոչ ո­քի հա­շո­ւե­տու են: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը կը հա­կակշ­ռո­ւի Ծե­րա­կոյ­տով, Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տու­նով եւ Գե­րա­գոյն Ա­տեա­նով:

Նա­խա­գա­հը չի կրնար լու­ծել Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տու­նը եւ Ծե­րա­կոյ­տը, ո­րոնց վա­ւե­րաց­ման պար­տի են­թար­կել իր ո­րո­շում­նե­րը, եւ հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին՝ բա­նակ­ցիլ: Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցող խորհր­դա­րա­նա­կան կամ ծե­րա­կոյ­տի լրա­ցու­ցիչ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կ’ար­տա­յայ­տեն հան­րա­յին կար­ծի­քի դիր­քո­րո­շու­մը նա­խա­գա­հի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ, գնա­հա­տում կամ զգու­շա­ցում: Ֆ­րան­սա­յի մէջ ան­պա­տեհ կա­ցու­թիւն­ներ ստեղ­ծո­ւե­ցան, երբ նա­խա­գահ­ներ ծանր հի­ւանդ էին եւ շա­րու­նա­կե­ցին մնալ իշ­խա­նու­թեան գլուխ, ինչ որ գոր­ծա­դի­րի տկա­րա­ցում էր:

Պա­տա­հե­ցաւ նաեւ, որ խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը եւ նա­խա­գա­հը պատ­կա­նին տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, եւ իշ­խա­նու­թեան տագ­նապ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ տրուած օ­րի­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ան­գամ մը աջ ան­գամ մը ձախ, հա­կադ­րու­թեան պատ­ճառ դար­ձաւ (­Մի­թե­րան-­Շի­րաք, Շի­րաք-­Ժոս­փէն):

­Հա­յաս­տա­նի մէջ նման կա­ցու­թիւն չստեղ­ծու­ցաւ, քա­նի որ նա­խա­գա­հը եւ խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը տար­բեր չէին: Իսկ հի­մա, երբ նման բար­դու­թեան դի­մա­կա­յում չկայ, ին­չո՞ւ պէտք է հրա­ժա­րիլ նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­ձե­ւէն: Այս հարց­ման պա­տաս­խա­նը յստա­կօ­րէն պէտք է բա­ցատ­րո­ւի ժո­ղո­վուր­դին, զայն քո­ւէա­տուփ տա­նե­լէ ա­ռաջ: Հա­ւա­նօ­րէն շա­տեր կողմ­նա­կից պի­տի ըլ­լան խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձե­ւին, բայց ոչ նոյն դրդա­պատ­ճառ­նե­րով, ո­րոնց մա­սին պէտք է խօ­սիլ ի­մաս­տու­թեամբ, ու­նե­նալ սրտբաց վի­ճար­կում, ա­ռանց կան­խա­կալ վե­րա­բե­րում­նե­րու: Մի՞­թէ միտք բա­նին այն է, որ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը կազ­մող կու­սակ­ցու­թիւ­նը, նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րան, կ’ու­զէ նոր նա­խա­գա­հի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կել, եւ եր­կի­րը կա­ռա­վա­րել կու­սակ­ցու­թեան ընտ­րանք­նե­րով, ով որ ալ ըլ­լայ նա­խա­գա­հը:

­Խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձե­ւը հա­ւա­նօ­րէն օգ­տա­կար է, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ խորհր­դա­րա­նը, իր զա­նա­զա­նու­թեամբ, կ’ար­տա­յայ­տէ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քի ե­րանգ­նե­րը:

Սա­կայն ֆրան­սա­կան չոր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան օ­րի­նա­կը միշտ ի մտի պէտք է ու­նեալ, երբ խորհր­դա­րա­նին մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կը փո­խո­ւէր ըստ կնքո­ւող միջ­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, եւ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւէր, կարճ կամ եր­կար կեան­քով, եւ այդ կեան­քը կա­խում չու­նէր ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­նու­թեան նա­խա­պէս ներ­կա­յա­ցո­ւած ծրագ­րէ մը:

Ա­մե­րի­կա, Գեր­մա­նիա եւ Անգ­լիա յա­ջո­ղած են քա­ղա­քա­կիրթ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պայ­ման­նե­րով կա­յու­նու­թիւն ստեղ­ծել, խորհր­դա­րան­նե­րը ըն­դունուած կար­գով ի­րենց շրջան­նե­րը կ’ա­ւար­տեն եւ յա­ջոր­դող չորս կամ հինգ տա­րի­նե­րուն ընտ­րա­կան հար­ցեր կամ իշ­խա­նու­թեան փո­փո­խու­թեան պայ­քար­ներ չեն ըլ­լար:

­Թող թոյլ տրո­ւի ը­սել, որ Ֆ­րան­սա­յի հան­րա­յին կար­ծի­քը այն­քան ա­րագ կը փո­խո­ւի, որ լա­ւա­տես պէտք է ըլ­լալ են­թադ­րե­լու, որ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձե­ւը կա­յու­նու­թիւն կը ստեղ­ծէ, եւ կրնայ ըլ­լալ որ կրկնո­ւին չոր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան մէջ տես­նո­ւած հա­զիւ կազ­մո­ւած հրա­ժա­րած-հրա­ժա­րե­ցո­ւած կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու դի­պա­շար­նե­րը, երբ կա­րե­լի կ’ըլ­լայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը գու­մա­րե­լով իշ­խա­նու­թիւն ստեղ­ծել, մե­ծա­մաս­նու­թիւն մը՝ որ նո­ւա­զա­գոյն պատ­ճառ-պատ­րո­ւա­կով կրնայ տարտղ­նո­ւիլ:
­Պէտք չէ զար­մա­նալ, ե­թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձեւ ստեղ­ծո­ւի, որ ան­կա­յու­նու­թեան դի­պա­շա­րը հոն ալ ստեղ­ծո­ւի: Իսկ մնա­յուն կեր­պով պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող երկ­րի մը հա­մար, վասն հա­շիւ­նե­րու կամ ա­նո­րոշ սկզբունք­նե­րու, նե­րե­լի պի­տի չըլ­լայ ըն­դա­ռաջ եր­թալ ան­կա­յու­նու­թեան, ա­ռիթ տա­լով որ կիր­քե­րը դիւ­րու­թեամբ հրահ­րո­ւին: Միա­միտ չըլ­լանք. Հա­յաս­տա­նը ոչ Անգ­լիա է, ոչ Գեր­մա­նիա, ոչ Զո­ւի­ցե­րիա: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը դեռ ա­մուր հի­մեր չու­նի, ան ազ­գա­յին մշա­կոյթ չէ:

Ե­թէ աչ­քի ա­ռաջ ու­նե­նանք վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր տե­ղի ու­նե­ցած վե­րի­վայ­րում­նե­րը, վե­րա­բե­րում­նե­րը, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րը, կրնանք ա­ւե­լի դիւ­րին հա­մո­զո­ւիլ, որ անհ­րա­ժեշտ է իշ­խա­նու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող անձ մը ու­նե­նալ, ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար տարտղ­նու­մի:

Այս վի­ճար­կու­մը պէտք է յա­ռա­ջաց­նել ի­մաս­տու­թեամբ, ա­ռանց կիր­քի, լու­սա­բա­նել ժո­ղո­վուր­դը, զայն դուրս բե­րե­լով դա­սա­կան կող­մե­րու պատ­կա­նե­լու ամ­լաց­նող վի­ճակ­նե­րէ: Այ­սինքն, Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը մշա­կել եւ ընտ­րել ոչ միայն ան­մի­ջա­կան ներ­կա­յի մտմտու­քով, ման­րիկ կողմ­նա­կալ շա­հեր հե­տապն­դե­լով, այլ Հա­յաս­տա­նի ա­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան պատ­կե­րա­ցու­մով: Եւ ի հար­կէ կայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հիմ­նա­կան հար­ցա­կա­նը. կէ­սէն մէկ ա­ւե­լին իշ­խա­նու­թիւն կ’ըլ­լայ եւ կը ղե­կա­վա­րէ, իսկ ըն­դու­նե­լի՞ է կէ­սէն մէկ պա­կա­սի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը նոյն այդ իշ­խա­նու­թե­նէն:

Պէտք է կրկնել, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կողմ­նա­պաշ­տու­թիւն չէ, հան­րօ­գուտ ըլ­լա­լու հա­մար ան պէտք է վե­րա­ծո­ւի իս­կա­կան ժո­ղովըր­դա­կան մշա­կոյ­թի, յա­ւե­լեալ պար­տա­ւո­րու­թեան պարզ սկզբուն­քով:
­Թե­րեւս ի­տէալ կա­ռա­վար­ման ձեւ չէ իշ­խա­նու­թիւ­նը: Բայց ինչ­պէս Անգ­լիոյ հզօր վար­չա­պե­տը Ո­ւինս­թըն Չըր­չիլ ը­սած էր, ան նո­ւա­զա­գոյն վատն է: Ինչ­ որ են­թադ­րել կու տայ որ մարդն է աղ­բիւ­րը օ­րէն­քին, իր ներշն­չած վստա­հու­թեամբ, հե­ղի­նա­կու­թեամբ, ո­րոնք ճապ­կում­ներ չեն, այլ ինչ­պէս ը­սինք՝ քա­րիզմ, Հա­յաս­տան կ’ը­սեն՝ խա­րիզ­մա…

Յ. Պա­լեան