alt«Մ­շա­կու­թա­յին Վե­րած­նունդ» հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող «­Հայ­կա­կան Ազ­գա­յին Ե­րաժշ­տա­կան Գան­ձա­րան» ծրագ­րի ծի­րէն ներս նո­թագ­րո­ւած եւ ձայ­նագ­րո­ւած են բուն հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տող ժո­ղովր­դա­կան ա­ւե­լի քան 500 եր­գեր, ո­րոնց հիմ­նա­կան մա­սը գրե­թէ յայտ­նի չէ հան­րու­թեան լայն շեր­տե­ րուն:

Ըստ Tert.amի՝ այ­սօր լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ծրա­գի­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է «Մ­շա­կու­թա­յին Վե­րած­նունդ»ի տնօ­րէն եւ «­Հայ­կա­կան Ազ­գա­յին Ե­րաժշ­տա­կան Գան­ձա­րան» նա­խա­գի­ծի ղե­կա­վար Մա­րի­նա Սուլ­թա­նեան` նշե­լով, որ ծրա­գի­րը ուղ­ղո­ւած է հայ­կա­կան ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան եւ հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան փրկու­թեան:

«­Սա 1,5 տա­րո­ւայ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է, ո­րը ներ­կա­յաց­նում ենք հան­րու­թեա­նը: Ընդ­հան­րա­պէս հիմ­նադ­րա­մը նպա­տակ ու­նի ա­ջակ­ցել ա­րուես­տի տար­բեր ճիւ­ղե­րին, ա­ռա­ջի­նը ընտ­րե­ցինք ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ հէնց ե­րաժշ­տու­թիւնն է աշ­խար­հում ապ­րող բո­լոր հա­յե­րի ար­տա­յայտ­չա­մի­ջո­ցը: Սա կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք է հա­զա­րա­ւոր մար­տահրա­ւէր­նե­րի պայ­ման­նե­րում: Ծ­րագ­րի շրջա­նա­կում ստեղ­ծո­ւեց հայ­կա­կան եր­գե­րի մի շտե­մա­րան` ժա­մա­նա­կից թո­ւա­յին տար­բե­րա­կով»,- ներ­կա­յա­ցու­ցած է ան:

Ծ­րա­գի­րի գլխա­ւոր ե­րաժշ­տա­կան ար­տադ­րո­ղը՝ Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան նշած է, որ երբ կը խօ­սինք ազ­գա­յին ինք­նու­թեան մա­սին, ի յայտ կու գան կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ղադ­րեալ­նե­րը, ո­րոնք կը կազ­մեն այդ ինք­նու­թիւ­նը` լե­զուն, կրօ­նը եւ մշա­կոյ­թը, ո­րոնք այս ա­մէ­նուն զգա­լի մասն են: Մենք հայ ենք եւ մեր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հայ­կա­կան է:

«Եր­բե­ւէ փոր­ձե՞լ էք փնտռել հա­մա­ցան­ցում «հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն» բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւ­նը: Ես ա­րել եմ եւ ար­դիւն­քը, ցա­ւօք, այդ­քան էլ հա­մո­զիչ չէ` տես­նում ենք ե­րաժըշ­տու­թիւն, ո­րը հա­յե­րէն է, բայց հայ­կա­կան չէ: Սա կլո­պալ (հա­մընդ­հա­նուր) խնդիր է մի ազ­գի հա­մար, ո­րը մի կող­մից ցան­կա­նում է պահ­պա­նել իր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, փո­խան­ցե­լով այն սե­րունդ­նե­րին, միւս կող­մից` ցան­կա­նում է ներ­կա­յա­նալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեա­նը իր մշա­կոյ­թով: Որ­պէս­զի խնդի­րը ինչ-որ չա­փով լու­ծենք, հաս­կա­ցանք, որ պէտք է սկսենք հսկա­յա­կան մի ծրա­գիր»,- ը­սած է ան:

Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան նշած է, որ աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են քա­նի մը փու­լե­րով` սկսե­լով գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կա­նէն: Աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ընդգր­կո­ւած են Կո­մի­տա­սի ա­նուան Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան Ե­րաժշտա­նո­ցի ժո­ղովր­դա­կան բաժ­նի մաս­նա­գէտ­նե­րը:

«­Հան­դի­պե­ցի կո­մի­տա­սա­գէտ, կոմ­պո­զի­տոր Ար­թուր Շահ­նա­զա­րեա­նին, ով ստանձ­նեց գլխա­ւոր ե­րաժըշ­տա­կան խմբագ­րի պաշ­տօ­նը, ընտ­րե­ցինք կո­մի­տա­սեան չա­փա­նիշ­նե­րով ա­մե­նա­ցայ­տուն ու ա­մե­նա­բուն հայ­կա­կան եր­գերն ու նո­ւագ­նե­րը, տա­ղե­րը, շա­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք բուն հայ­կա­կան են: Ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը 1,5 տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում զրո­յից կա­տա­րե­ցինք, սո­վո­րեց­րինք եւ ձայ­նագ­րե­ցինք, թո­ւայ­նաց­րինք ու տե­ղադ­րե­ցինք վեբ­կայ­քում»,- ը­սած է ան:

Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան նշած է, որ իւ­րա­քան­չիւր երգ ու­նի իր անձ­նա­գի­րը, ուր նշո­ւած է թէ ո՞րն է եր­գին ա­կուն­քը, ո՞վ կա­տա­րած է, ին­չի՞ մա­սին է եւ այլն: Իւ­րա­քան­չիւր երգ ու­նի նաեւ իր գե­ղան­կա­րը, որ ստեղ­ծած են ար­հես­տա­վարժ նկա­րիչ­ներ` եր­գը լսե­լէ եւ ա­նոր մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ի­մա­նա­լէ ետք:

Ծ­րագ­րի գլխա­ւոր ե­րաժշ­տա­կան խմբա­գիր Ար­թուր Շահ­նա­զա­րեան նաեւ ընդգ­ծած է, որ եր­գա­ցան­կին մէջ ընտ­րո­ւած եր­գե­րը կ­՛ընդգր­կեն Ա­րեւմ­տեան ու Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու տար­բեր ժան­րեր` հար­սա­նեաց, կա­տա­կի, է­պո­սի, ող­բի, սի­րոյ, բնու­թեան, ման­կա­կան եր­գեր ու պա­րերգ­ներ:

«Այս 500ից ա­ւե­լի նմոյշ­նե­րի հա­մար գրո­ւե­ցին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, թէ ո՞­րը ի՞նչ երգ է, ո՞վ է գրա­ռել ու եր­գել: Յե­տոյ, թէեւ դժո­ւա­րու­թեամբ, բայց ընտ­րե­ցինք եր­գիչ­նե­րի, ո­րոնք պէտք է կա­տա­րէին այս եր­գե­րը: Մեր նպա­տակն էր` տղա­մար­դու եր­գը եր­գի տղա­մարդ, ընդ ո­րում միա­տարր, ինչ­պէս ե­ղել է հնում, կնոջ եր­գը` կին, ման­կա­կա­նը` ե­րե­խայ: Հո­գե­ւոր եր­գերն էլ` ընտ­րե­ցինք 5րդ դա­րից մին­չեւ 15րդ դա­րի շա­րա­կան­ներ, տա­ղեր, ո­րոնք կ’ար­տա­ցո­լեն տար­բեր հե­ղի­նակ­նե­րի: Եր­գիչ­նե­րին սո­վո­րեց­րինք այս եր­գե­րը, ո­րին զու­գա­հեռ ձայ­նագ­րե­ցինք: Յա­ջորդ փու­լը ե­ղել է նո­թագ­րու­թիւ­նը, որն ի­րա­կա­նա­ցո­ւեց հա­մա­պա­տաս­խան ժա­մա­նա­կա­կից չա­փա­նիշ­նե­րին»,- ը­սած է ան:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի եր­գե­րու շտե­մա­րա­նի հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւուն­քին, ա­պա Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան ը­սած է, որ ա­նի­կա ժո­ղո­վուր­դինն է, սա­կայն ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը փա­փա­քի օգ­տա­գոր­ծել զայն շար­ժան­կա­րի կամ ո­րե­ւէ այլ ծրագ­րի մէջ, ա­պա պէտք է թոյլտուութիւն ստա­նայ, այ­լա­պէս մեծ տու­գանք­ներ կը վճա­րէ:

Իսկ ա­նոնք ա­ւե­լի հան­րա­մատ­չե­լի դարձ­նե­լու եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կող­մէ իւ­րաց­ման կամ սե­փա­կա­նաց­ման փոր­ձե­րը բա­ցա­ռե­լու հա­մար, ծրագ­րին հե­ղի­նակ­նե­րը այլ բան մտա­ծած են.- «­Մեր հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Ար­թուր Ջա­նի­բե­կեան վեր­ջին ժո­ղով­նե­րում հան­դէս ե­կաւ եւս մէկ մտայաց­մամբ: Գե­ղե­ցիկ սարք է պատ­րաս­տո­ւե­լու` գան­ձա­տուփ, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը տան հնչեց­նե­լու եր­գե­րը: Դ­րանք կը տե­ղադ­րո­ւեն Մա­տե­նա­դա­րա­նում, թան­գա­րան­նե­րում, Էջ­միած­նում, Պա­պի նստա­վայ­րում (­Վա­տի­կան) եւ մի շարք այլ կա­րե­ւոր կա­ռոյց­նե­րում: Սա է լի­նե­լու այն բա­նի ա­պա­ցոյ­ցը, որ այս եր­գե­րը պատ­կա­նում են մեզ»,-ը­սած է ան:

Ն­շենք, որ այս եր­գե­րը կը տե­ղադ­րո­ւին armenianmusic.am կայ­քին մէջ, ար­դէն իսկ ներ­բեռ­նո­ւած են շուրջ 100 եր­գեր` ի­րենց անձ­նա­գիր­նե­րով ու բնու­թա­գիր­նե­րով: