Անցնող օրերուն, սուրիահայութիւնը իր դառն առօրեային մէջ յոյսի եւ ուրախութեան եզակի պահեր ապրեցաւ, երբ հայկական վարժարաններու բեմահարթակներուն վրայ միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտ հունձքերու պայծառ ներկայութիւնը վայելեց:
Հակառակ Հալէպի կոտտացող վէրքին, հայկական վարժարաններու մեր շրջանաւարտները ոչ միայն ուսումնական դասական հանգրուան մը բոլորեցին, այլեւ յաղթահարեցին իրենց յաջող ընթացքը խափանելու կոչուած պատերազմական տաժանելի պայմաններն ու որոշեցին շարունակել ուսման լուսաւոր ուղին:
Անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սերունդ կոչուեցան ոչ թէ սոսկ 100ամեակին զուգադիպող շրջանաւարտներ ըլլալնուն համար, այլեւ տոգորուելու պահանջատիրութեան ոգիով ու մեր ստեղծագործ ներկայութիւնը ջնջել փորձող արիւնարբու ցեղերուն դէմ ծառանալու` գիտութեամբ զինուած հսկայ փաղանգով:
Եւ եղան տէրը իրենց կոչումին…:
Մեր շրջանաւարտներէն շատեր պետական քննութիւնները աւարտեցին պատուաբեր արդիւնքներով. անոնցմէ մէկը Սուրիոյ մակարդակով 5րդ բարձրագոյն գնահատանիշին արժանացաւ: Երեւոյթ մը, որ խանդավառութիւն յառաջացնելէ անդին, ուսանող մեր տարրին բանիմացութեան փաստացի վկայութիւնը կը հանդիսանայ:
Սովորական պայմաններու մէջ, այս արդիւնքները հաւանաբար բնական աշխատանքի հետեւանք համարուէին. պատերազմական թոհուբոհին մէջ սակայն, երբ հրթիռակոծումներու տարափը կը սպառնայ իւրաքանչիւրի կեանքին, երբ կենցաղային համեստագոյն պայմաններու բացակայութիւնը անհնար կը դարձնէ ապրիլն ու արարելը, երբ ահաբեկչական խաւարամիտ խմբաւորումներ կը քանդեն մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն ու գազանաբարոյ իրենց վարքով կը փորձեն անհետացնել բարին ու գեղեցիկը մարդ արարածին մէջ, շրջանաւարտ մեր սերունդներուն յաջողութիւնը հոսանքն ի վեր թիավարելու խթան կը հանդիսանայ մեզ բոլորիս:
Անոնք, ի հեճուկս երկիրը յետամնացութեան եւ տգիտութեան ճահիճին մէջ խրելու կոչուած աշխարհակալներուն, վճռած են.
- Յուսահատութեան գիրկը չիյնալ:
- Ստեղծագործ ներկայութեամբ լուսաւորել ՄԵ՛Ր աշխարհը:
- Նուիրուիլ մեր համայնքի վերականգնումին, մեր ազգի ու հայրենիքի բարգաւաճման, մեր արդար Դատի հետապնդման նուիրական գործին:
Վճռած են ա՛յն տեսլականով, որ ծնունդ առած ու արմատացած է անոնց գիտակցութեան մէջ` շնորհիւ մեր վարժարաններու ուսումնակրթական առողջ մթնոլորտին, հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ներշնչումին ու մանաւանդ համակարգուած աշխատանքին:
Ուստի ճիգ չխնայենք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու մեր ուսանողներուն, ապահովելու անոնց բարձրագոյն ուսման բոլոր տուեալներն ու կարելիութիւնները, ուղղելու զանոնք դէպի տարբեր մասնագիտութիւններ, ունենալու հմուտ տնտեսագէտներ, իրաւաբաններ, լրագրողներ, քաղաքագէտներ, բժիշկներ, գրականագէտներ եւայլն:
Մասնագիտացած, բանիմաց այս հրաշալի սերունդներն են գրաւականը մեր համայնքի վերականգնումին:
Զարմիկ Պողիկեան
«Գանձասար» շաբաթաթերթ