altՀայ ե­կե­ղեց­ւոյ հինգ տա­ղա­ւար­նե­րէն մէկն է Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը, որ քրիս­տո­նէա­կան հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէն ժո­ղովր­դա­յին ա­մե­նա­սի­րե­լի եւ ա­ւան­դա­կան տօ­նե­րէն ըլ­լա­լով` կո­չո­ւած է նաեւ Վար­դա­վառ:

Մատ­թէոս, Մար­կոս եւ Ղու­կաս ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րը կ’ար­ձա­նագ­րեն մեր Տի­րոջ եւ Փրկ­չին ինք­նա­յայտ­նու­թիւ­նը՝ որ­պէս Աս­տու­ծոյ, երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան եր­րորդ տա­րո­ւան ամ­րա­նը, իր չար­չա­րանք­նե­րուն, մա­հո­ւան ու յա­րու­թեան մա­սին կան­խա­սա­ցու­թե­նէն վեց օր ետք, Թա­փոր լե­րան վրայ, իր ա­շա­կերտ­նե­րէն` Պետ­րո­սի, Յով­հան­նէ­սի եւ Յա­կո­բո­սի առ­ջեւ:

«Իր դէմ­քը ա­րե­ւու նման լու­սա­ւոր դար­ձաւ եւ հա­գուստ­նե­րը լոյ­սի նման ճեր­մակ ե­ղան» (Մտ. 12.2) նա­խա­դա­սու­թե­նէն մեկ­նե­լով` Հայ ե­կե­ղե­ցին Յի­սու­սի աս­տո­ւա­ծա­յին լու­սա­ճա­ճանչ փառ­քով յայտ­նո­ւի­լը կո­չեց Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն, մինչ քրիս­տո­նեայ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը Այ­լա­կեր­պու­թիւն եզ­րով կը նշեն տօ­նը:

Դ­րախ­տա­յին այդ պա­հուն ե­րեւ­ցան երկ­րի վրայ թա­ղո­ւած Մով­սէս մար­գա­րէն` որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը մե­ռել­նե­րու աշ­խար­հին, եւ հրե­ղէն կառ­քով եր­կինք համ­բար­ձած Ե­ղիա մար­գա­րէն` ող­ջե­րուն: Ցոյց տա­լու հա­մար, թէ ինքն է Տէ­րը երկ­րի եւ երկն­քի, ող­ջե­րուն եւ մե­ռել­նե­րուն:

Ա­ռա­քեալ­նե­րը ե­րա­նա­կան վի­ճա­կի ու անն­կա­րագ­րե­լի զգա­ցո­ղու­թեան մէջ փա­փա­քե­ցան եր­կա­րաձ­գել այդ պա­հը, որ հա­մա­զօր էր ան­դե­նա­կա­նի ի­րա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս ը­սո­ւած է.- «Աս­տո­ւած զինք սի­րող­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տեց այն­պի­սի փառք մը, որ ո­րե­ւէ աչք չէ տե­սած, ո­րե­ւէ ա­կանջ չէ լսած, եւ ոե­ւէ մէ­կուն միտ­քէն իսկ չէ ան­ցած» (Ա. Կր. 2-9):

Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը տնօ­րի­նեց, որ իր ա­ռա­քեալ­նե­րէն ո­մանք ա­կա­նա­տես ըլ­լան աս­տո­ւա­ծա­յին փառ­քին եւ ա­կան­ջա­լուր` Հօր Աս­տու­ծոյ ձայ­նին, որ ը­սաւ.- «Այս է իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն ես հա­ճե­ցայ, ա­նոր մտիկ ը­րէք» (Մտ. 17-5), որ­պէս­զի յա­ջոր­դող օ­րե­րուն չտկա­րա­նա­յին ի­րենց հա­ւատ­քին մէջ, երբ տես­նէին Յի­սու­սը կա­մա­ւոր կեր­պով բե­ւե­ռո­ւած խա­չին վրայ: Նա­խա­պէս տե­սած ըլ­լա­յին, թէ ինչ­պէ՛ս փա­ռա­ւո­րեալ կեր­պով պի­տի յայտ­նո­ւէր իր յա­րու­թե­նէն ետք, ինչ­պէս նաեւ` Դա­տաս­տա­նին մեծ օ­րը:

Վար­դա­վա­ռը կը տօ­նենք Յի­սու­սի յա­րու­թե­նէն եւ համ­բար­ձու­մէն ետք, ո­րով­հե­տեւ ինք ը­սած էր. «­Մին­չեւ որ Մար­դու Որ­դին մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թիւն չառ­նէ, ձեր տե­սա­ծը ոե­ւէ մէ­կուն մի՛ պատ­մէք» (Մտ. 17-9): Այս տօ­նը Հին Կ­տա­կա­րա­նի գիր­քե­րուն եւ մար­գա­րէու­թիւն­նե­րուն մէջ նկա­րագ­րո­ւած եւ կամ տի­պա­բա­նօ­րէն հաս­տա­տե­լի չենք գտներ, ինչ­պի­սին է պա­րա­գան` ծննդեան, յա­րու­թեան եւ այլ տօ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ այս դէպ­քը գա­լիք ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն նա­խաօ­րի­նակն է, որ պի­տի սկզբնա­ւո­րո­ւի դա­տաս­տա­նի օ­րը:

Հա­յեր Տի­րոջ այ­լա­կեր­պու­թիւ­նը Վար­դա­վառ ա­նո­ւա­նած են` Յի­սու­սը հա­մե­մա­տե­լով վար­դի հետ, ինչ­պէս վար­դը նախ­քան բա­ցո­ւի­լը` ծած­կո­ւած կ’ըլ­լայ կո­կո­նի մէջ, եւ բա­ցո­ւե­լէն ետք միայն տե­սա­նե­լի կը դառ­նայ բո­լո­րին, այն­պէս ալ Տէ­րը նախ­քան իր այ­լա­կեր­պի­լը, իր մէջ պա­հած էր աս­տո­ւա­ծա­յին պայ­ծա­ռու­թիւ­նը: Ուս­տի պայ­ծա­ռա­կեր­պո­ւե­լով` յայտ­նեց իր աս­տո­ւա­ծու­թիւ­նը:

Աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րէն ո­մանք Վար­դա­վա­ռի տօ­նը խորհր­դա­բա­նօ­րէն կ’առըն­չեն ջրհե­ղե­ղին եւ Նո­յին, իսկ ի­րա­րու վրայ ջուր թա­փելն ու ա­ղաւ­նի ար­ձա­կե­լը` ջրհե­ղե­ղէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լուն:

Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի տնօ­րի­նու­մով, Վար­դա­վա­ռը կը տօ­նո­ւէր հայ­կա­կան տո­մա­րով տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րը` Նա­ւա­սար­դի մէ­կին, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Օ­գոս­տո­սի 11ին, փո­խան` Նա­ւա­սար­դի հե­թա­նո­սա­կան մեծ տօ­նին: Հայ­կա­կան թո­ւա­կա­նի (551) հաս­տա­տու­մէն ետք, Վար­դա­վա­ռի տօ­նը կա­պո­ւած է Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեան եւ սկսած է տօ­նո­ւիլ Սուրբ Զա­տի­կին յա­ջոր­դող տասն­չո­րրորդ Կի­րա­կին:

«­Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան» տե­սա­րա­նի հայ­կա­կան ա­մե­նա­հին օ­րի­նա­կը Աղ­թա­մա­րի «Ս. Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ որմ­նանկարն է:

Պատ­րաս­տեց` Միւ­ռոն Քհնյ. Ա­ւե­տի­սեան