Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բարձ­րաց­ման խնդի­րը Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած ներ­քին ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռի միակ հար­ցը չէ: Բազ­մա­թիւ­նե­րէն մէկն է: Սառ­ցա­լե­րան միայն ե­րեւ­ցող մասն է: Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու մա­սին, ո­րոնք թէեւ բո­լո­րո­վին այլ են (եւ այս յօ­ դո­ւա­ծին ծի­րէն դուրս կ­՛իյ­նան), բայց եւ այն­պէս բա­րե­փոխ­ման ար­ժա­նի հա­մա­պար­փակ թղթած­րա­րին մաս կը կազ­մեն:

Վայ­րագ դրա­մա­տի­րու­թիւ­նը այ­սօր, հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ան­ցած է քիչ մը ա­մէն տեղ: Ա­նոր գոր­ծա­ծած զէն­քե­րը եր­բեմն ա­րիւն կը հո­սեց­նեն (­Լի­պիա, Սու­րիա, Ի­րաք եւ այլն), իսկ եր­բեմն ալ ա­նա­րիւն են, ինչ­պէս Յու­նաս­տա­նի, Ս­պա­նիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու պա­րա­գա­յին, ուր տնտե­սա­կան «ժուժ­կա­լու­թեան» կամ անխ­նայ սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման ծած­կին տակ, ամ­բողջ եր­կիր­ներ ու ժո­ղո­վուրդ­ներ կը խոր­տա­կո­ւին, կը կո­ղոպ­տո­ւին ու կը գրա­ւո­ւին:

Այս բո­լո­րը Հա­յաս­տա­նի հա­մար աննպաստ զար­գա­ցում­ներ են: Տն­տե­սա­կան մե­նաշ­նորհ­նե­րը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ ա­ւեր կը գոր­ծեն. ա՛յն Ա­րեւ­մուտ­քին, որ անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ի գին ժո­ղովր­դա­յին բուռն պայ­քար­նե­րու, կրցած էր գէշ-ա­ղէկ հա­կա­մե­նաշ­նոր­հա­յին օ­րէնսդ­րու­թիւն մշա­կել ու գոր­ծի դնել: Ալ ուր մնաց Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ ցարդ զուրկ է այդ օ­րէնսդ­րա­կան մշա­կոյ­թէն:

Հե­տե­ւա­բար, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բար­ձաց­ման խնդի­րը պէտք է տես­նել միայն իբ­րեւ ան­մի­ջա­կան լու­ծում պա­հան­ջող հարց, որ դար­ձեալ լուծ­ման կա­րօտ ա­ւե­լի հա­մա­պար­փակ թղթածը­րա­րի մը մէկ մասն է միայն:

Հե­տե­ւա­բար, այս հար­ցին լու­ծու­մը, նոյ­նիսկ ե­թէ ի­տէա­լա­կան ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, չի կրնար հար­թել երկ­րին դի­մագ­րա­ւած ներ­քին ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան տագ­նա­պը, ա­տոր ամ­բող­ջա­կան թղթած­րա­րը:

Այս բո­լո­րը, ինչ­պէս խնդրոյ ա­ռար­կայ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ, Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին եւս դուռ կը բա­նան ժո­ղովր­դա­յին դժգո­հու­թիւն­նե­րու: Մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը եւս ձա­խո­ղակ վի­ճա­կի մէջ է:

Եւ հոս թա­ղո­ւած է շան գլու­խը:

Հա­յաս­տան չի կրնար այս ներ­քին տագ­նա­պին լու­ծում­ներ ա­ռա­ջադ­րել ներ­կայ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գով: Հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը այն է, որ ակն­յայ­տօ­րէն խզում կայ այդ հա­մա­կար­գին (ու ա­նոր ծնունդ տո­ւող կա­ռա­վա­րու­թեան) եւ ժո­ղո­վուր­դին մի­ջեւ: Խ­զո­ւած է Ժան Ժագ Ռու­սո­յի ա­ռա­ջադ­րած ներ­քին «Ըն­կե­րա­յին Հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը» (Contrat Social):

Կր­նայ հասկ­նա­լիօ­րէն ա­ռար­կո­ւիլ, թէ նոյն այս ժո­ղո­վուրդն էր, որ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ քո­ւէար­կեց այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն: Սա­կայն այս ա­ռար­կու­թիւ­նը կա­տա­րող­նե­րը կը մոռ­նան, որ ա՛յդ եւս մաս կը կազ­մէ հա­մա­կար­գա­յին տագ­նա­պին, այն ի­մաս­տով, որ հա­մա­կեր­պու­մի, «եո­լա եր­թա­լու» հո­գե­բա­նու­թիւնն է, որ շա­տե­րը կը մղէ քո­ւէար­կե­լու ի նպաստ ինք­զինք սպա­ռած հա­մա­կար­գին:

Դեռ չենք խօ­սիր ընտ­րա­կան չա­րա­շա­հում­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ա­ւեր կը գոր­ծեն ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ բազ­մա­թիւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

(Այս մաս­նա­յա­տուկ նիւ­թով՝ փա­կա­գիծ մը: Անգ­լիան, որ կը հա­մա­րո­ւի ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան ա­ռու­մով դա­րե­րու ճամ­բայ կտրած եր­կիր, ա­հա­ւա­սիկ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը կա­ռա­վա­րո­ւի այն­պի­սի իշ­խա­նու­թեամբ մը, որ ստա­ցած է ժո­ղո­վուր­դի քո­ւէ­նե­րուն միայն մէկ եր­րոր­դը եւ ոչ թէ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը: Ու այդ մէկ եր­րոր­դին կամ­քը կը պար­տադ­րուի մնա­ցեալ եր­կու եր­րոր­դին… Հո՛ն եւս հա­մա­կար­գի խնդիր կայ)։

1930ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, Մ. Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Ֆ­րենք­լին Ռուզ­վելթ իր ա­ռա­ջադ­րած եւ գոր­ծադ­րու­թեան դրած New Dealով, նոր «Ըն­կե­րա­յին Հա­մա­ձայ­նու­թեան» մը հի­մը դրաւ, որ երկ­րին ա­պա­հո­վեց ո­րա­կա­կան ոս­տում մը՝ տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մէն ետք, Ա­րեւ­մուտ­քի որ­դեգ­րած Պ­րե­թըն Վուտ­զի սկզբունք­նե­րը նմա­նօ­րի­նակ ոս­տում ա­պա­հո­վե­ցին ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի մէջ (նե­րա­ռեալ Մ. Նա­հանգ­նե­րու):

Ճիշդ է, Հա­յաս­տան չու­նի Մ. Նա­հանգ­նե­րու կամ Եւ­րո­պա­յի բնա­կան պա­շար­նե­րը, նիւ­թա­կան կամ մար­դոյ­ժի ի­մաս­տով:

Բայց բնա­կան պա­շար­նե­րու հարս­տու­թիւ­նը միշտ չէ, որ բա­րօ­րու­թիւն ու բար­գա­ւա­ճում կ­՛ա­պա­հո­վէ. քա­րիւղ ար­տադ­րող շատ մը եր­կիր­ներ կը տո­ւայ­տին ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան տագ­նապ­նե­րու մէջ (­Պահ­րէյն, Նի­ճե­րիա, Մեք­սի­քօ եւ այլն): Հո՛ս է, որ դեր կը խա­ղայ քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման ա­ռողջ հա­մա­կար­գը:

Հե­տե­ւա­բար, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը գտնո­ւին նոր «Ըն­կե­րա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն» մը մշա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան դի­մաց: Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի բարձ­րաց­ման դէմ բո­ղո­քը ա­ւե­լի ե­րե­ւե­լի կը դարձ­նէ այս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին հա­մո­զու­մով, նոր «­Հա­մա­ձայ­նա­գիր»ի ա­ռա­ջին նա­խա­պայ­մա­նը կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի բա­րե­փո­խումն է՝ երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով:

Որ­քան շուտ, այդ­քան լաւ: Մինչ այդ սա­կայն, հրա­պա­րա­կէն պէտք է հե­ռու մնան լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու ինք­նա­կոչ ջա­տա­գով­նե­րը, եւ պէտք է խու­սա­փիլ ար­տա­քին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու հա­մար նպաս­տա­ւոր են­թա­հող ստեղ­ծող բո­լոր տե­սա­կի քայ­լե­րէ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ