Մօտ երկու շաբաթ առաջ, երբ ելեկտրականութեան թանկացման հեռանկարը այլեւս բացայայտ էր ու աննահանջ, խորհրդարանական ընդդիմադիր քանի մը ուժերու ներկայացուցիչներ փորձեցին խնդիրը օրակարգի հարց դարձնել: Կարգով բոլորին բերանը փակելով ու ձայնի իրաւունքէն զրկելով` Ա.Ժ. նախագահը հար
ցը փակուած համարեց, իր դերակատարութիւնը փայլուն կատարած ու հաւանաբար հանգիստ շունչ քաշեց` համոզուած, որ խորհրդարանը մտաւ իր սովորական, տաղտկալի ու կանխատեսելի ընթացքին մէջ:
Իսկ դէմ ելած լաւայի պէս խնդիրը փոխեց իր հունը ու յայտնուեցաւ Բաղրամեան պողոտայի մէջ:
Անողոք յունիսեան արեւի, ոստիկանական ջրցան մեքենաներու եւ մահակներու ահաբեկող դոփիւններու ներքոյ Բաղրամեան պողոտայի մէջ անփորձ, բայց համոզուած երիտասարդներու խումբ մը կրցաւ «Դէմ եմ թալանին» կարգախօսով հազարներ հաւաքել: Այդպէս 10 օր շարունակ կաթուածահար եղաւ Բաղրամեան պողոտան ու երկար ժամանակէ ի վեր մեր հասարակութեան մէջ արմատացած իշխանութիւն-ժողովուրդ հոգեբանական պատնէշը վերածուեցաւ իրականի` մէկ կողմը արդարութեան ու իրաւունքի պաշտանութեան համար ոտքի ելած երիտասարդներ, միւսը` ժողովուրդէն իշխանութեան ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը պաշտպանող, մահակներով, վահաններով ու անհաղորդ դէմքերով զինուած ոստիկանական շարքեր: Այսպէս 14 օր…
«Սա քաղաքական պայքար չէ եւ գործընթացը անթուլատրելի է քաղաքականացնել» մոլորութեամբ թէ գիտակցաբար յայտարարեցին շարժման անփորձ առաջնորդները: Գուցէ պատճառը այն է, որ Հայաստանի մէջ «քաղաքականութիւնն» ու զայն իրականացնողները այնքան վարկաբեկուած արժէքներ են, որ «քաղաքականութիւն» եզրը հնարաւորինս կ’օտարեն իրենցմէ: Անիկա բնականաբար բովանդակութենէն բան չփոխեց…
Շատերը զարմացած են, անակնկալի եկած, ոգեւորուած: Վարկաբեկուած, անպտուղ ու չէզոք քաղաքական ինստիտուտներու ու հանրային համատարած յոռետեսութեան միջավայրի մէջ, կը ծնին հազարաւորներու ակնթարթային շարժում, որուն առաջնորդները նոյնիսկ դէմքով չենք ճանչնար:
Հաւանաբար եւ իսկապէս չէին գիտակցիր քաղաքական այն մեծ բեռը, որուն տակ ակամայէն մտած էին երիտասարդները: Հաւանաբար այդպէս, այլապէս չէին մերժեր երկրի նախագահի հետ հանդիպիլ` չէին կորսնցներ շարժումն ու զիրենք իրականացնելու եւ յստակ ձեւակերպումներ հրապարակելու հնարաւորութիւնը:
Պայքարի 14 օր, որուն հիմնական զէնքը «Կասեցում» կարգախօսն է, եռագոյնի ներքոյ ծածանուող համատարած սէրը, երգը ու չես գիտեր ուրկէ յայտնուած աննման գեղեցիկ հայ աղջիկներու եւ տղաներու պարն ու հաւատքը, վարակիչ հաւատքը…Անոնք իսկապէս կը հաւատան, որ իրենք են տէրը մեր երկրի:
Ոստիկաններու ու երկրի տէրերու միջեւ քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու ու մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ են, որոնք ընդամէնը բառի իսկական իմաստով սոսկ պատի դերակատարութիւն կը ստանձնեն:
Իսկ փողոցի առաջին գիծին, ինչ ընելու անորոշութենէն, անփորձութենէն, անտէրութենէն, պատասխանատւութեան բեռէն ու օդի մէջ կախուած զէնքի ահէն ընկրկած ու կքած անփորձ երիտասարդութիւնն է: Դարձեալ առատ են պիտակաւորողներն ու աներեւոյթ թշնամիներ որոնողները. կրանտակերներ, դաւաճաններ, ազդեցութեան լրտեսներ ու գործակալներ, առատօրէն կը ցրէ քարոզչամեքենան…
Եւ նոյնիսկ այս բոսոր մթնոլորտի մէջ սառոյցը կը շարժի տեղէն. աուդիտի պահանջ, մոսկովեան անդրադարձ, միջազգային լրահոս, կառավարութեան որոշում, հատուցման այլընտրանք… Ասոնք տասնօրեայ քաղաքական արդիւնք-հետեւանքներ են, ինչին չկրցան կամ թոյլ չտուին, որ խորհրդարանական ուժերը հասնին անոր:
Ու դարձեալ անփոյթ աշակերտի պէս մեզի կը մնայ դասեր քաղել այս բոլորէն:
Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ գրեթէ ակնթարթի մէջ, հեղինակութիւններու սովի միջավայրի մէջ երիտասարդները յաջողեցան Բաղրամեան պողոտան ողողել մարդկային գետով, այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ այդքան քաղաքական ուժ ու մտաւորական ընդամէնը պատ հանդիսացաւ: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, երբ քաղաքական գործընթացները քաղաքական կառոյցներէն դուրս կը ծաւալին:
Ի վերջոյ, սա քաղաքական խոր ցնցում է ուղղուած նախեւառաջ քաղաքական համակարգին. երբ ժողովուրդը պետական, ինստիտուցիոնալ որոշումներու եւ դերակատարութեան հետ այլեւս յոյս չի կապեր եւ չի հաւատար …
Այսօր Բաղրամեան պողոտան դատարկ է, աղբամաններէն գոյացած աներեւոյթ պատնեշը կը շարունակէ Բաղրամեան շատ խորհրդանշական փողոցը բաժնել երկու մասի: Իսկ երկու մասի մէջ ալ ծառերու տակ ամառնային տապէն ծուարած հատուկենտ թոյլցած ոստիկաններ են ու առաջնորդ որոնող դեռահասներ:
Հիմա պայքարը այլեւս իսկապէս քաղաքական չէ. այս Ազատութեան հրապարակի մէջ կ’երգեն, կը պարեն հայ երիտասարդները, անելէն ծնած հերթական անճարակ հացադուլը կը մաշի: Իսկ ցամքած ու թառամած աչքերով քանի մը տարեց, որ տրտմութեամբ մասնակից է այս անհասկնալի ընթացքին (ու հազարներ իրենց տուներու մէջ) կ՛ոռոգեն անարդարութեան իրենց բաժին ինկած կտորն ու կը մտածեն` միթէ՞ մեր երկրին չկայ խաղաղութիւն:
Յ.Գ.Երկիրը, իբրեւ վարչական տարածք ոչինչ է, եթէ չի յենիր պահանջատէր, իրաւագիտակից, տիրոջ պատասխանատւութեամբ հասարակութեան վրայ:
Լաւ պաստառ մը կար Բաղրամեանի մէջ` «ինչքան ջրէք` կ’աճինք»: Իշխանութիւնը պէտք է յենի այս տեսակի, այս ազնիւ, պայքարող, տէր կանգնող տեսակի վրայ, երկրին այդքան պակասող թթուածին ու երազանք բերող տեսակի վրայ:
Լիլիթ Գալստեան