Այս յօ­դո­ւա­ծով թուրք պատ­մա­բան եւ քա­ղա­քա­գէտ Սա­միմ Աք­կէօ­նիւլ կ­՛անդ­րա­դառ­նայ Ֆ­րան­չիս­կոս Ա. Պա­պի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ը­րած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ներս խու­ճապ ա­ռա­ջա­ցու­ցին: Ան նաեւ սրա­միտ կեր­պով կը թո­ւար­կէ բազ­մա­թիւ ան­ձե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տա­ կա­ւին՝ 2015 թո­ւա­կա­նին՝ կը շա­րու­նա­կեն յա­մա­ռօ­րէն չօգ­տա­գոր­ծել «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րոյ­թը - յայտ­նի՝ «Ց»ով բա­ռը -, երբ կը խօ­սին զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րու եւ տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնց են­թար­կո­ւե­ցան հա­յե­րը 1915ին:

Ե­րե­խա­նե­րուս շնոր­հիւ՝ Հար­րի Փո­թը­րի լաւ ըն­թեր­ցող մը դար­ձած էի: Ան­շուշտ, բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ նա­յած եմ ֆիլ­մե­րու այդ շար­քը: Զար­մա­նա­լի բան մը նկա­տած էի այդ ժա­մա­նակ. սկզբուն­քով Վոլ­տը­մո­ռը (Voldemort) այն անձն է «ո­րուն ա­նու­նը պէտք չէ տալ»: Բայց ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան բո­լո­րը գի­տեն, որ ա­նոր ա­նու­նը Վոլ­տը­մոռ է եւ զայն կ­՛ար­տա­սա­նեն: Կը յի­շեմ, որ առ­ջի­նե­կիս հար­ցու­ցած էի՝ «­Բայց ա­նոր ա­նու­նը պետք չէ ար­տա­սա­նել, ինչ­պէ՞ս կ­՛ըլ­լայ, որ բո­լորն ալ ա­նոր ա­նու­նը կու տան»: Ան ա­մե­նայն լրջու­թեամբ պա­տաս­խա­ներ էր՝ «Ո՛չ, միայն վախ­կոտ­ներն են որ գի­տեն, բայց չեն ը­սեր»:

2015ին Թուր­քիոյ մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը շատ տա­րօ­րի­նակ բնոյթ մը ստա­ցան: Այդ տա­րօ­րի­նա­կու­թիւնն ա­ւե­լի ակն­յայտ դար­ձաւ Պա­պի ը­րած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ու Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մէն ետք:

Նախ՝ յի­շենք, թէ ի՞նչ տե­ղի ու­նե­ցաւ, ա­պա՝ կը քննար­կենք հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը:

2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 12ին, հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած Պա­տա­րագ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ: Թուր­քիոյ մէջ բո­լո­րը ի­րենց շուն­չը բռնե­ցին. ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցի ա­ռի­թով ար­դեօ՞ք Ֆ­րանչ­սի­կոս Ա. Պա­պը «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը պի­տի ար­տա­սա­նէր, թէ՞ պար­զա­պէս «կո­տո­րած» պի­տի ը­սէր: Որ­քա՜ն լաւ կ­՛ըլ­լար, որ կո­տո­րած կամ ա­ղէտ ը­սէր… Ա­ւե­լի ուշ ի­մա­ցանք, որ Թուր­քիա այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին պա­պի ա­կան­ջին ը­սեր էին.- «Ինչ կ­՛ու­զես ը­սէ, բայց ո՛չ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը»: Մեհ­մեթ Փա­չա­ճը՝ Վա­տի­կա­նի մէջ Թուր­քիոյ դես­պա­նը կրցած էր մար­դոց սիր­տը ա­մո­քել.- «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» պի­տի չը­սէ»:

Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ո­րուն ներ­կայ էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, սրբա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տը նշեց, որ «­Մարդ­կու­թիւ­նը ան­ցեալ դա­րուն ե­րեք մե­ծա­գոյն եւ ան­նա­խա­դէպ ող­բեր­գու­թիւն­ներ ապ­րած է, ա­ռա­ջի­նը հա­մընդ­հա­նուր ձե­ւով կը սահ­մա­նո­ւի իբ­րեւ «20րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն», ո­րուն զոհ գնաց ձեր հայ ազ­գը»:

Այս խօս­քե­րէն ետք, Թուր­քիա ան­մի­ջա­պէս տուն կան­չեց իր դես­պա­նը «խորհր­դակ­ցու­թեանց» հա­մար եւ յայ­տա­րա­րեց, որ Պա­պը ինք­զինք ան­վա­յել պա­հած էր, չէր կա­տա­րած իր խոս­տու­մը եւ գե­րա­զան­ցած էր «ե­կե­ղե­ցա­կա­նի» իր ա­ռա­քե­լութ­յու­նը: «Ան ա­նա­մօ­թա­բար ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ը­սաւ»:

Բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր հե­տե­ւեալ վի­ճակն է. ա­մէն Ապ­րիլ 24ին մար­դիկ ի­րենց շուն­չը կը պա­հեն, երբ Պա­պը եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս կու գան: Ե­թէ ա­նոնք «կո­տո­րած», «ա­ղէտ» կամ «­Մեծ Ե­ղեռն» ը­սեն, այն ժա­մա­նակ Ան­գա­րա­յի մէջ տօ­նախմ­բու­թիւն է:

Սա­կայն մեր ըն­թեր­ցո­ղը վստա­հա­բար նկա­տած պի­տի ըլ­լայ, որ ու­րա­խու­թեան այդ դրսե­ւո­րում­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կը նո­ւա­զին: «Ց»ով սկսող բա­ռի (անգ­լե­րէն՝ G word) օգ­տա­գոր­ծու­մը Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն դուրս ար­դէն տե­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ի վեր բնա­կան դար­ձած է: Ինչ կը վե­րա­բե­րի այդ բա­ռի ար­տա­բեր­ման ա­ռա­ջա­ցու­ցած ար­ձա­գանք­նե­րուն, ա­պա պէտք է նշել որ ա­նոնք կրնան օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ միա­ժա­մա­նակ կամ փոխ­նի­փոխ միեւ­նոյն ան­ձե­րու կող­մէ: Ի­րա­վի­ճա­կէն կա­խեալ, մէկ կամ ա­ւե­լի հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ կրնան յա­ռաջ գալ: Ա­նոնց­մէ տա­սը հա­տը ե­րե­ւան հա­նե­ցի:

- «Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ «ի­րենք» է, որ «մե­զի» ջար­դե­ցին».- Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այս փաս­տար­կը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի հա­զո­ւա­դէպ կը լսէի, բայց ըստ ե­րե­ւոյ­թին ան յա­րու­թիւն ա­ռաւ այն մար­տա­վա­րու­թեամբ, զոր կա­րե­լի է ամ­փո­փել հե­տե­ւեալ կերպ՝ «լա­ւա­գոյն պաշտ­պա­նու­թիւ­նը յար­ձա­կումն է»: Արդ, ժո­ղովր­դագ­րա­կան ակ­նե­րեւ խնդիր մը կայ այս­տեղ: 1914ի օս­մա­նեան վեր­ջին մար­դա­հա­մա­րին հա­մա­ձայն՝ 13 մի­լիոն մահ­մե­տա­կան եւ 1,8 մի­լիոն հայ կար երկ­րէն ներս (ինչ­պէս նաեւ 1,6 մի­լիոն յոյն, ո­րուն չեմ ալ անդ­րա­դառ­նար): 1927ին տե­ղի ու­նե­ցած Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մար­դա­հա­մա­րին հա­մա­ձայն՝ հայ բնակ­չու­թեան թի­ւը 64 հա­զար էր: Ֆո­ւաթ Տիւն­տար բազ­միցս գրած է այդ մա­սին, այս­տեղ ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ մտնե­լու կա­րիք չկայ:

- «Ի­րենք ալ մե­զի ջար­դե­ցին».- Վե­րո­յի­շեալ վի­ճա­կագ­րա­կան վի­հէն բա­ցի, այս­տեղ հիմ­նա­կան ու կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին խնդիր մը կայ: Այս փաս­տար­կը հա­ւա­սա­րու­թիւն կը դնէ հա­յե­րու կող­մէ գոր­ծո­ւած հնա­րա­ւոր ո­ճիր­նե­րու (իսկ այդ պա­րա­գա­յին՝ յան­ցան­քը ան­հա­տա­կան է) եւ օս­մա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած զան­գո­ւա­ծա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թան մի­ջեւ: Այս­պի­սով, թուր­քե­րը ի­րենք զի­րենք կը նոյ­նաց­նեն օս­մա­նեան պե­տու­թեան հետ:

- «­Ռու­սե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­ցան».- Ո­րոշ ժա­մա­նակ սա ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւած փաս­տարկն էր, բայց այն կա­մաց-կա­մաց մէկ կողմ դրո­ւե­ցաւ, քա­նի որ դժո­ւար էր բա­ցատ­րել, թէ Կար­սի շրջան ռու­սա­կան բա­նա­կի մի­ջամ­տու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կրնար Էս­քի­շե­հի­րի, Մա­լա­թիա­յի կամ Է­տիր­նէի մար­զե­րուն մէջ տե­ղա­հա­նու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու պատ­րո­ւակ դառ­նալ (տա­կա­ւին եր­բեմն կը լսեմ այս մա­սին):

- «Ն­ման բա­ներ կը պա­տա­հին պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ».- Ան­շուշտ որ նման բա­ներ չեն պա­տա­հիր պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ: Ե­թէ պա­տա­հին, ա­պա ա­նոնք պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կը նկա­տո­ւին: Մա­նա­ւանդ որ «նման բա­ներ» տե­ղի ու­նե­ցած Ա­նա­տո­լիոյ գրե­թէ ոչ մէկ տեղ պա­տե­րազմ չէր ե­ղած:

- «­Բայց աշ­խար­հի մէջ մահ­մե­տա­կան­ներ կը սպան­նո­ւին, իսկ դուք ո­չինչ կ­՛ը­սէք».- Այս փաս­տար­կը խնդրա­յա­րոյց է ե­րեք պատ­ճա­ռով: Ա­ռա­ջին՝ այն ժա­մա­նա­կավ­րէպ է եւ ան­հա­մե­մա­տե­լին հա­մե­մա­տել կը նշա­նա­կէ: Երկ­րորդ՝ ո­րե­ւէ կո­տո­րած չի կրնար մէկ այլ կո­տո­րա­ծի պատ­րո­ւակ դառ­նալ: Եր­րորդ՝ «շատ լաւ ալ կ­՛ը­սենք»։

- «­Բայց ա­մե­րի­կա­ցի­ներն ալ կարմ­րա­մորթ­ներ ջար­դած են».- Սա խոս­տո­վա­նու­թիւն է: Ը­սել կ­՛ու­զէ՝ «ա­յո, մենք ալ ջար­դած ենք»: Բա­ցի այդ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը չեն ժխտեր այդ բա­նը եւ վե­րապ­րող­նե­րուն յա­տուկ կար­գա­վի­ճակ շնոր­հած են: Ե­թէ նոյ­նիսկ այդ­պէս չըլ­լար, ա­տի­կա պի­տի նշա­նա­կէ՞ր, ար­դեօք, որ պէտք է վայ­րե­նի ըլ­լալ, քա­նի որ կան նաեւ վայ­րե­նու­թեան այլ օ­րի­նակ­ներ:

- «­Բայց Ֆ­րան­սա­ցի­նե­րը ջար­դած են ալ­ժե­րա­ցի­ներ, իսկ գեր­մա­նա­ցի­նե­րը՝ նա­մի­պիա­ցի­ներ».- Դուք կրնաք ցան­կը եր­կա­րել: Տե՛ս՝ վե­րը:

- «Ե­կէք այս հար­ցը պատ­մա­բան­նե­րուն ձգենք».- Սա կա­րե­ւոր փաս­տարկ է, սա­կայն մի քա­նի հար­ցեր կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ. Ա­ռա­ջի­նը՝ ո՞ր պատ­մա­բան­նե­րուն, ո՞վ պի­տի ընտ­րէ այդ պատ­մա­բան­նե­րը: Երկ­րոր­դը՝ պատ­մա­բան­ներն ար­դէն բա­զում հա­տոր­ներ գրած են այդ մա­սին, շատ քիչ բա­ներ դե­ռեւս ան­յայտ կը մնան: Ե­րե­ւա­կա­յենք, որ պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­խում­բը ձե­ւով մը կազ­մո­ւե­ցաւ: Են­թադ­րենք, որ այդ յանձ­նա­խում­բը հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ետք ար­ձա­կեց իր վճի­ռը (թէեւ պատ­մա­բա­նը չի կրնար վճիռ ար­ձա­կել): «­Սա ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է»,- ը­սաւ: Ա­նոնք, ո­րոնք դէմ են ա­տոր, պի­տի ը­սե՞ն ար­դեօք.- «Ե­ղաւ, ու­րեմն սա իս­կա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է»: Եւ կամ են­թադ­րենք, որ յանձ­նա­խում­բը ո­րո­շեց, թէ կա­տա­րո­ւա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ: Մի՞­թէ բո­լոր հա­յե­րը պի­տի ը­սեն.- «­Լա՜ւ, քա­նի որ այդ­պէս է...»: Կը կրկնեմ, պատ­մա­բա­նը չի դա­տեր, ան կ­՛ու­սում­նա­սի­րէ փաս­տա­թուղ­թե­րը եւ կը վեր­լու­ծէ: Պատ­մու­թիւ­նը ան­ցեա­լի ներ­կան է:

Կայ նաեւ ար­խիւ­նե­րու յայտ­նի հար­ցը: Ամ­բողջ աշ­խար­հի ար­խիւ­նե­րու փաս­տա­թուղ­թե­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով, պատ­մա­բան­նե­րը գրե­ցին օս­մա­նահ­պա­տակ հա­յե­րու նկատ­մամբ կան­խամ­տա­ծո­ւած եւ ի­րա­գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Թուր­քիոյ մէջ բո­լոր ար­խիւ­նե­րը բաց չեն (զոր օ­րի­նակ սպա­յա­կոյ­տի ար­խիւ­նե­րը): Մատ­չե­լի ար­խիւ­ներն ալ ար­դէն մաք­րո­ւած են եւ բո­լո­րին հա­սա­նե­լի չեն: Վեր­ջա­պէս, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ար­դէն վա­ղուց պատ­մա­կան հարց մը չէ: Այն՝ ազ­գի մը հա­մար ինք­նա­հաշ­տեց­ման եւ իր տկար հի­մե­րուն ամ­րապնդ­ման խնդիր մը դար­ձած է: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը կա­րե­ւոր է Թուր­քիան փրկե­լու հա­մար: Այն կապ չու­նի հա­յե­րուն հետ:

- «­Մեր հա­մա­տեղ ցա­ւե­րը».- Սա նոր փաս­տարկ մըն է: Ե­թէ այն օգ­տա­գոր­ծո­ւէր հե­տե­ւեալ ի­մաս­տով՝ «1909ի ու 1915ի մի­ջեւ եւ ա­ւե­լի ուշ հա­յե­րու ապ­րած ցա­ւե­րը նաեւ մեր ցա­ւերն են», ա­պա կա­րե­լի կ­՛ըլ­լար զայն ար­ժե­ւո­րել: Բայց սա այն դէպ­քը չէ: Սա, ըստ էու­թեան, կը նշա­նա­կէ, որ «­Մենք ալ սպան­նո­ւե­ցանք (այ­սինքն ի՞նչ), մենք ալ ցա­ւեր ու­նինք, ձեր ցա­ւե­րով չենք կրնար զբա­ղիլ»: Այս փաս­տարկն ու­նի նաեւ հե­տե­ւեալ տար­բե­րա­կը՝ «­Պէտք չէ մրցակ­ցու­թեան մէջ դնել ցա­ւե­րը»: Բայց, այս ը­սե­լով, ընդ­հա­կա­ռա­կը, ցա­ւե­րը մրցակ­ցու­թեան մէջ կը դրո­ւին:

- «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հաս­կա­ցու­թիւ­նը գո­յու­թիւն չու­նէր 1915ին».-­Սա մաս­նա­գի­տա­կան փաս­տարկ մըն է՝ ա­մէ­նէն ա­մու­րը: Ն­շենք, սա­կայն, որ այս փաս­տար­կը օգ­տա­գոր­ծող­նե­րը հա­մա­ձայն են, որ 1915ին հա­յե­րը բնաջն­ջե­լու փորձ ե­ղաւ: Բայց եւ այն­պէս, ա­նոնք կը պնդեն, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան հաս­կա­ցու­թիւն մըն է, որ ստեղ­ծո­ւած է Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ ո­րա­կել որ­պէս այդ­պի­սին (այդ­պէս կ­՛ը­սեն գո­նէ ա­նոնք, ո­րոնք ա­ռա­ւել խե­լա­միտ են):

Այս փաս­տար­կի թոյլ կող­մե­րը հե­տե­ւեալն են.- Ա­ռա­ջին՝ ի­րա­ւա­գէտ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քին, որ ա­ռա­ջին ան­գամ օգ­տա­գոր­ծեց «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը, կը շեշ­տէ, որ ինք այդ բա­ռը յօ­րի­նած է հա­յե­րու եւ հրեա­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեն­նե­րէն ներշն­չո­ւե­լով: Երկ­րորդ՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան սահ­մա­նու­մը լիո­վին կի­րա­ռե­լի է այն ին­չին, ո­րուն հա­յե­րը զոհ գա­ցին: Եւ վեր­ջա­պէս՝ ջու­րը H2O ըլ­լա­լէն ա­ռաջ ալ միշտ ջուր ե­ղած է:

Կը սխա­լի՞մ ար­դեօք, թէ՞ ա­մէն դրուա­գի՝ Վոլ­դը­մո­ռի դէմ­քը քիչ մը ա­ւե­լի յստակ կը դառ­նար:

Սա­միմ Աք­կէօ­նիւլ
Թուրք պատ­մա­բան և քա­ղա­քա­գէտ
repairfuture.net