Ե­թէ Ա­ւե­տիսն ու Ա­նի­ցան ե­ղած են Պետ­րոս Աս­լա­նեա­նի բնա­կան ծնող­նե­րը, ա­նոր հո­գեմ­տա­ւոր ծնող­ը ե­ղած է Ե­գիպ­տո­սի Ա­ղեք­սանդ­րիան՝ հե­քիա­թի եւ ճշմար­տու­թեան մի­ջեւ տա­րու­բե­րո­ւող քա­ղա­քը, ե­րա­զա­յին Ե­րէ­կի մը եւ շօ­շա­փե­լի Ներ­կա­յի մը մի­ջեւ օ­րօ­րո­ւող ոս­տա­նը, բնա­կա­վայ­րը այ­սօր մոռ­ցո­ւած ցե­ղե­րու եւ պատ­մու­թեան սահ­

ման­նե­րը յաղ­թա­հա­րած ժո­վո­վուրդ­նե­րու՝ բազ­մազ­գի ու բազ­մակ­րօն, տա­րաբը­նոյթ ու բազ­մամ­շա­կու­թա­յին քա­ղաք: Ա­նո­ւա­նի քնա­րեր­գակ­նե­րէ ու ա­նա­նուն պե­տո­ւին­նե­րէ գո­վեր­գո­ւած, խա­ղաղ ծո­վի մը ա­լիք­նե­րէն զո­վա­ցող եւ մօ­տա­կայ ա­նա­պա­տի խոր­շա­կէն հրկի­զո­ւող, երկն­քի կա­պոյ­տին ու թա­փան­ցիկ մթնո­լոր­տի օ­դէն սնո­ւած՝ հա­կա­սա­կան ու ներ­դաշ­նակ, բայց միշտ գե­ղե­ցիկ ու նրբա­ճա­շակ, մա­նա­ւանդ լու­սա­ւոր իր ջերմ ա­րե­գա­կի ու եօ­թը հրա­շա­լիք­նե­րէն ա­մէ­նէն փա­ռա­ւոր՝ իր Փա­րո­սի յա­ւեր­ժա­կան ճա­ռա­գայթ­նե­րուն շնոր­հիւ:

Ա­ւե­տի­սի հա­մեստ դեր­ձա­կա­տու­նը եր­կու մեծ փո­ղոց­նե­րու մի­ջեւ՝ Rue Eglise Deban կո­չո­ւած նրբանց­քին վրայ կը գտնո­ւէր: Խա­նու­թին առ­ջեւ մայ­թը, ուր Ա­ւե­տիս կը բազ­մէր բա­րե­կամ­նե­րու եւ ան­ցորդ­նե­րու հետ բա­րեւ մը փո­խա­նա­կե­լու հա­մար, բազ­մա­յար­կա­նի ա­ծու­խի ար­դու­կը - ծանր ու հնօ­րեայ - լայն ցու­ցա­փեղ­կը եւ գոյն­զգոյն կեր­պաս­նե­րու կոյ­տե­րը՝ աշ­խա­տա­նո­ցի գլխա­ւոր յատ­կա­նիշ­ներն էին: Սր­ճա­րան­նե­րը, ոս­կե­րի­չի խա­նութ­նե­րը, շապ­կա­գործ­նե­րը, բազ­մա­պի­սի գլխարկ­նե­րու աշ­խա­տա­նոց­նե­րը եւ մատ­նա­տիպ գրա­մե­քե­նա­նե­րու նո­րո­գիչ վար­պե­տի մը «ան­կիւն»ը կը կազ­մէին այս փոքր, բայց աշ­խոյժ ու բա­նուկ փո­ղո­ցին պատ­կե­րը:

Ա­ւե­տիս ծնած էր հա­յա­նուն Պ­ռունգշ­լա ա­ւա­նին մէջ: Հա­զիւ 2-3 տա­րե­կան, Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն, կը յի­շէր իր ջար­դո­ւած հօր ըն­տա­նի­քի կրած հա­լա­ծանք­նե­րը, որ­բա­հա­ւա­քի շնոր­հիւ Ան­թի­լիաս փո­խադ­րո­ւի­լը եւ ան­կից - երբ ծնո­ղա­զուրկ մա­նուկ­նե­րու թի­ւը բազ­մա­ցաւ - Ա­ղեք­սանդ­րիա տե­ղա­շարժն ու վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւի­լը: Ա­ւե­տի­սի շրթնե­րուն վրայ հա­ռա­չան­քի մը նման կը հնչէր «մոր­թե­ցի՜ն» տխուր յան­գեր­գը: Այս­տեղ Schneider ա­նու­նով գեր­մա­նա­ցի վար­պե­տի մը քով դեր­ձա­կու­թիւն կը սոր­վի եւ գոր­ծա­տի­րոջ մա­հէն յե­տոյ բա­ցի ար­հես­տէն խա­նութն ալ կը ժա­ռան­գէ:

Փաս­տօ­րէն դեր­ձա­կա­տան ցու­ցա­փեղ­կը կը դառ­նայ պա­տա­նի Պետ­րո­սի ա­ռա­ջին ցու­ցաս­րա­հը: Իր ծնող­քի ե­րեք զա­ւակ­նե­րէն անդ­րա­նիկն ըլ­լա­լով, պար­տա­կան էր ա­մէն կէ­սօր տու­նէն խա­նութ փո­խադ­րել իր հայ­րի­կի ճա­շը: Սա­կայն Պետ­րո­սի հա­մար սա պարզ եր­թե­ւեկ մը չէր, այլ նա­խաս­կիզ­բը, նա­խա­քայ­լը դէ­պի Ա­րո­ւեստ ա­ռաջ­նոր­դող ըն­դար­ձակ պո­ղո­տա­յին վրայ: Քա­ղա­քի ան­քուն ե­ռու­զե­ռը, նարտ խա­ղա­ցող ու նար­կի­լէի գլգլակ­նե­րը վա­յե­լող մար­դիկ, քե­լե­պիա­նե­րու եւ մե­լա­յեա­նե­րու լուռ սա­հող շու­քե­րը, ա­րա­բա­կան սուր­ճի հէ­լի հա­մը եւ հին քա­ղա­քին մէջ տի­րող հել­պա­յի սուր հո­տը՝ ծննդա­վայ­րի ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւն­ներն էին, որ պա­տա­նիի միտքն ու հո­գին պի­տի գե­րէին ու իր ա­պա­գայ պաս­տառ­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը պի­տի կան­խո­րո­շէին: Քա­ղա­քը իր անջն­ջե­լի կնի­քը պի­տի դրոշ­մէր ա­պա­գայ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի կեան­քին ու գոր­ծին վրայ: Այ­նու­հե­տեւ կեանք ու ա­րո­ւեստ պի­տի դառ­նա­յին ի­րար­մով սնո­ւող եւ ի­րար լրա ցնող ի­մաստ­ներ:

Ա­րաբ­ներ ու ղպտի­ներ, ճեր­մակ ու սրճա­գոյն ազ­գա­յին տա­րազ­նե­րով ու գլու­խը միշտ ծած­կո­ւած սե­ւազ­գեստ կի­ներ, ուղ­ղա­փառ հրեա­ներ ի­րենց «անխ­նամ» ե­րե­ւոյ­թով, ա­նոնց կող­քին ար­դիա­կան հա­գուստ­նե­րով անգ­լիա­ցին ու գաղ­ղիա­ցին, գեր­մանն ու ի­տա­լա­ցին, հայն ու հո­ռո­մը, նաեւ մալ­թա­ցին ու շամ­ցին (տե­ղա­ցի հա­յե­րու կող­մէ սու­րիա­հա­յե­րուն տրո­ւած ա­նո­ւա­նում, որ ա­րա­բե­րէ­նով կը նշա­նա­կէ դա­մաս­կոս­ցի)՝ կը կազ­մէին այս հնա­մե­նի քա­ղա­քի խճան­կա­րը, որ հա­ւա­տար­մօ­րէն փա­րած կը մնար իր հիմ­նադ­րի, Մեծն Մա­կե­դո­նա­ցիի ո­գիին, որ կը դա­ւա­նէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ փոխ-ըմբռ­նու­մը եւ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու հան­դէպ յար­գան­քը: Ինչ­քա՜ն դի­պուկ են, այս կէ­տին վրայ, ա­ղեք­սանդ­րիա­ցի անն­ման բա­նաս­տեղ­ծի՝ Քա­վա­ֆի­սի տո­ղե­րը.-

«­Խառ­նուրդ մ’ենք հոս՝ Սու­րիա­ցիք, ­յոյ­ներ, հա­յեր ու մա­րեր»

Պետ­րո­սի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման մաս կը կազ­մեն Ա­ղեք­սանդ­րիոյ փա­ռա­հեղ տու­ներն ու պե­տա­կան ա­պա­րանք­նե­րը, ո­րոնք մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կա­ռու­ցո­ւած էին ի­տա­լա­ցի եւ մա­սամբ յոյն ճար­տա­րա­պետ­նե­րու կող­մէ՝ սո­վո­րա­բար նոր-դա­սա­կան ո­ճով: Սա­կայն զա­նա­զան քա­ղա­քակր­թու­թեանց, մշա­կոյթ­նե­րու, կրօնն­ե­րու այս բազ­մա­խոր­հուրդ հա­մայ­նա­պատ­կե­րէն ներս՝ յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէր հա­յը, սկսեալ 18րդ դա­րու նկա­րիչ­ներ Հան­նա (­Յով­հան­նէս) եւ իր որ­դի Յով­սէփ Ալ-Ար­մա­նիէն մին­չեւ բա­րե­րար ու պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար Նու­պար Փա­շա­յի, գե­ղանկա­րիչ-ա­րուես­տա­բան Օն­նիկ Ա­ւե­տի­սեա­նի ու ժա­մա­նա­կա­կից այլ ա­րու­ես­տա­գէտ­նե­րու, հան­րա­ծա­նօթ լու­սանկա­րիչ Աբ­գար Ռէ­թեա­նի եւ այ­լոց կեր­պար­նե­րը: Ի­րենց լու­սա­ւոր հետ­քե­րուն կար­ծես հե­տե­ւե­լով, Պե­տիկ փոք­րուց թուղթ կը մրո­տէր ու գու­նա­ւոր մա­տիտ­նե­րով իր նախ­նա­կան գծագ­րու­թիւն­նե­րը կը զար­դա­րէր:

Շուրջ 10 տա­րե­կան հա­սա­կին իր մօր Ա­նի­ցա­յի խրա­խու­սան­քով դրա­ցի ըն­տա­նի­քի մը նկար­չութ­եան աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ ան­գի­տա­կից փոք­րի­կը իր ա­ռա­ջին դա­սե­րը կ­՝ըն­դու­նի եւ կար­ծես հրաշ­քով իր տա­ղան­դը կ­՝ա­զա­տագ­րո­ւի, իսկ իր ձեռ­քե­րուն բռնած վրձին­նե­րով իր ման­կա­կան պատ­կեր­նե­րը ձեւ կը ստա­նան եւ նկա­րի կը վե­րա­ծո­ւին: Բայց իր իս­կա­կան դա­սա­տուն ե­ղած է իր աչ­քը, այն ինչ որ տե­սո­ղու­թեամբ կրցած է իւ­րաց­նել եւ զայն «թարգ­մա­նել» իր ստեղ­ծած գոյ­նե­րով ու շար­ժում­նե­րով մին­չեւ պաս­տա­ռին ա­ւար­տը:

Միա­ժա­մա­նակ լաւ ա­շա­կերտ չըլ­լա­լով՝ ա­նոր ծնող­քը կը մտա­ծեն, որ Պե­տի­կը պէտք է ար­հեստ մը սոր­վի. ան դպրո­ցը կը լքէ ու ոս­կե­րի­չի աշ­խա­տա­նոց մը կը մտնէ որ­պէս աշ­կերտ: Սա­կայն ճա­կա­տա­գի­րը Պետ­րո­սին հետ էր: Աշ­խա­տա­նո­ցէն վեր կը գոր­ծէր ի­տա­լա­ցի վար­պետ Ottorino Bicchiի 20րդ դա­րաս­կիզ­բին հիմ­նած «Ա­կա­դե­միան», որ ար­դէն այդ օ­րե­րուն որ­դին՝ Silvio Bicchiն կը ղե­կա­վա­րէր: Պետ­րոս «Ա­կա­դե­միա» մուտք գոր­ծեց եւ իս­կոյն իր կեան­քը փո­խո­ւե­ցաւ: Եւ որ­պէս ա­րո­ւես­տա­գէտ կազ­մա­ւոր­ման ու յա­ջոր­դա­կան զար­գաց­ման մէջ, հիմ­նա­կան դեր խա­ղա­ցին հե­տե­ւեալ փու­լե­րը.-

Ա) «Ա­կա­դե­միա»ն­ ի­տա­լա­կան ա­րուս­տի իր սկզբունք­նե­րով:

Բ) Beaux Artsի վար­ժա­րա­նը, ուր կը դա­սա­ւան­դէին ի­տա­լա­ցի, ե­գիպ­տա­ցի, յոյն, եւ հայ ու­սու­ցիչ­ներ: Ըստ Պետ­րո­տի, սոյն վար­ժա­րա­նը նա­խա­պէս ստա­ցո­ւած գի­տե­լիք­նե­րը լա­ւա­գոյնս ար­դիւ­նա­ւո­րե­լու հիմ­նարկ մըն էր: 

Գ) Յու­նաս­տա­նը, ուր ե­րի­տա­սարդ տա­կա­ւին՝ ա­ն գաղ­թեց ըն­տա­նեօք, եւ որ իր ծով ու ա­ւա­զով եւ մա­նա­ւանդ լեռ­նե­րով ու հո­վիտ­նե­րով - ի հա­կա­սու­թիւն Ե­գիպ­տո­սի տա­փա­րակ մի­ջա­վայ­րին - եւ ան­շուշտ մար­մա­րեայ յու­շար­ձան­նե­րով՝ ե­ղաւ իր մեծ ու­սու­ցի­չը:

Դ) Քա­նա­տան, ո­րուն միօ­րի­նակ սպի­տա­կը կրցաւ ե­րանգ­ներ շնոր­հել, ուր­տեղ իր բնան­կար­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցուց ջե­ու­ցում ու­նե­ցող ինք­նա­շար­ժի մը փակ պա­տու­հան­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն:

Ե) Հա­յաս­տան, ո­րուն հետ ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2000ին Խ­րի­մի մէջ Այ­վա­զովս­կիի մա­հուան 100ա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րուն ըն­թաց­քին: Հայ­րե­նի նկա­րիչ­նե­րու հետ հան­դի­պե­լով, Պետ­րոս ազ­դո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան գոյ­նե­րէն, ո­րոնք այ­նու­հե­տեւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ տեղ գրա­ւե­ցին իր գոր­ծե­րուն մէջ:

Բայց եւ այն­պէս հայ­րե­նա­սէր կամ Եւ­րո­պա­յի սի­րա­հար նկա­րի­չի յի­շո­ղու­թեան մէջ վառ մնա­ցին ծննդա­վայ­րի տօ­թը եւ ջերմ մթնո­լոր­տը, ոտ­քէ գլուխ ծած­կուած կի­նե­րը եւ ա­ռա­ջին մերկ բնոր­դու­հի­նե­րը, աղմ­կոտ կեդ­րո­նի ու սա­ղար­թա­խիտ ա­րո­ւար­ձան­նե­րու պատ­կեր­նե­րը եւ այն, ինչ որ տե­սո­ղու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցած է ընդգրկել: Մա­նա­ւանդ իր յի­շո­ղու­թե­նէն չեն վրի­պիր այն յան­դուգն օ­րե­րը, երբ իր հօր ցու­ցա­փեղ­կին իր նկար­չա­կան նա­խա­փոր­ձե­րը կը զե­տե­ղէր եւ ան­գամ կը վա­ճա­ռէր ան­ցորդ­նե­րուն, ըստ ար­ժա­նւոյն գնա­հա­տուե­լով: Այ­ն­ ա­տեն տա­կա­ւին «Արս­լա­նեան» կը ստո­րագ­րէր: Հե­տա­գա­յին «ր» տա­ռը պի­տի զեղ­ջէր, մա­կա­նու­նը ա­ւե­լի հեշ­տա­լուր դարձ­նե­լու հա­մար: Սա­կայն տաս­նա­մեակ­նե­րու եր­կար ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Պետ­րոս Աս­լա­նեան կառ­չած մնաց Ա­րո­ւես­տի ու Կեան­քի հան­դէպ սի­րոյ ան­քակ­տե­լի կա­պե­րով: Այս­պէս իր կեան­քի ա­ռօ­րեայ վա­յելք­նե­րը՝ ծո­վի ու ա­րե­ւու պաշ­տա­մուն­քը, նա­ւար­կու­թիւ­նը իր ա­ռա­գաս­տա­նա­ւով, ան­գամ մշու­շի ու ձիւ­նի փա­թիլ­նե­րու տակ նկա­րե­լը, խո­հա­րա­րու­թիւնն ու բա­ժակ մը գի­նին վե­րա­ծո­ւե­ցան ա­րո­ւես­տի. փո­խա­դար­ձա­բար իր գե­ղան­կար­նե­րը պար­գե­ւե­ցին վա­յելք՝ ո’չ միայն ի­րեն, այ­լեւ իր ա­րո­ւես­տի երկր­պա­գու­նե­րուն:

Աս­լա­նեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան «հո­սանք­նե­րը», ո­րոնց ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ հե­տե­ւած է, ե­ղած են նախ դա­սա­կան, ա­պա տպա­ւոր­չա­պաշտ ո­ճը. ա­ւե­լի ուշ սկսած է էա­կա­նը յայտ­նա­բե­րել թե­թեւ վե­րա­ցում­նե­րով, սա­կայն միշտ պա­հե­լով իր «տաք ու պաղ» կո­չած ե­րանգ­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ու ան­հա­տա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը՝ ո­րոնք «գոյն, շար­ժում, ժա­մա­նակ» եր­րոր­դու­թեան մէջ կը պար­փա­կո­ւին: Վր­ձի­նէն ան­դին ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու իր մի­ջոց­նե­րը ե­ղած են զմե­լին, դա­նա­կը եւ իր մատ­նե­րուն ծայ­րե­րը: Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան ձե­ւե­րը ե­ղած են հարթ, բարձ­րա­քան­դակ եւ կի­տա­ւոր, իսկ գոյ­նե­րը՝ բու­սա­կան, հո­ղա­յին ու ան­հա­տա­կան խառ­նուրդ­ներ - իւ­ղա­ներկ, կաւ­ճա­ներկ (gouache, pastel), tempera (հաւ­կի­թի դեղ­նու­ցի հիմ­քով), ա­ծուխ ու հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն սեւ մա­տիտ ու որմ­նան­կար: Ն­կա­րած է սո­վո­րա­բար կտա­ւի, եր­բեմն ալ փայ­տի, մե­տա­ղի ու խա­ւա­քար­տի վրայ: Հո­րի­զո­նի չորս ծա­գե­րուն ան­հա­տա­կան ու խմբա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու մաս­նակ­ցած ա­րո­ւես­տա­գէ­տը յու­զու­մով կը վեր­յի­շէ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ հռչա­կա­ւոր «Atelier»ն ճա­նաչ­ման եւ համ­բա­ւի տէր ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու միու­թիւ­նը, ո­րուն դռնե­րը իր առ­ջեւ ալ լայն էին բա­ցո­ւած ... մե­ծա­նուն բա­նաս­տեղծ Քա­վա­ֆիս,ար­քու­նի լու­սան­կա­րիչ Աբ­գար Ռէ­թեան, ի­տա­լա­ցի յա­ռա­ջա­պահ նկա­րիչ Enrico Brandani, հայ գե­ղան­կա­րիչ­ներ՝ Օն­նիկ Ա­ւե­տի­սեան, Համ­բար Համ­բար­ձու­մեան, համ­բա­ւա­ւոր եր­գիչ Ժորժ Մուս­թա­քի, մշա­կոյ­թի ու կեր­պա­րո­ւես­տի փայ­լուն ա­նուն­ներ կը յա­ճա­խէին «Atelier»ն, որ յա­ճա­խա­կի ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ա­ղեք­սանդ­րա­ցի ընտ­րա­նին կը հրամց­նէր մեծ շու­քով: «Atelier»ի կեդ­րո­նա­տե­ղին կը գտնո­ւէր ա­մէ­նէն ծա­նօթ պո­ղո­տա­յի, Rue Fouadի վրայ, որ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ հա­րուստ ու չու­նե­ւոր թա­ղա­մա­սե­րու մի­ջեւ սահ­մանն էր:

Այ­սօր Պետ­րոս Աս­լա­նեան կը նկա­տո­ւի որ­պէս ճա­ն­չ­ցո­ւած ա­նուն ե­գիպ­տա­կան, յու­նա­կան, քա­նա­տա­կան եւ ար­դէն հայ­կա­կան կեր­պա­րո­ւես­տի ազ­գա­յին ան­դաս­տան­նե­րէն ներս: Ինչ որ յա­ջո­ղած է ձեռք բե­րել իր սկզբունք­նե­րու եւ ո­ճի պահ­պա­նու­մով, պատ­շա­ճե­լով միայն տո­ւեալ երկ­րի պայ­ման­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ դի­տան­կիւ­նի ու իւ­րա­յա­տուկ «խորք»ի (fond) ու խո­րու­թեան ճիշդ պատ­կե­րա­ցու­մով:

Ար­դէն եօ­թե­րորդ տաս­նա­մեա­կի սահ­մա­նա­գի­ծը ճեղ­քած ա­րո­ւես­տա­գէ­տը կը մնայ գոր­ծօն ու ստեղ­ծա­գործ իր ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մով՝ նո­րո­վի ներշն­չում­նե­րով, ճե­պան­կար­նե­րով, իր իսկ նկար­նե­րու շրջա­նակ­նե­րը պատ­րաս­տե­լով ու իր հա­սու­նու­թիւ­նը «պատ­կե­րա­զար­դե­լով» գե­ղա­գի­տա­կան ազ­նիւ գոյ­նե­րով: Եւ կար­ծես ազ­գա­յին զա­նա­զան «դպրոց»նե­րէն ներս անց­նե­լէ եւ հա­մա­մարդ­կա­յին յոյ­զեր շօ­շա­փե­լէ վերջ, Պետ­րոս Աս­լա­նեան կ­՝ե­րա­զէ իր գո­նէ «պատ­կե­րա­ւոր» (virtual) վե­րա­դար­ձը հայ­րե­նիք՝ հե­տե­ւե­լով գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Յա­կո­բեա­նի, թա­տե­րա­գիր Պերճ Զէյ­թուն­ցեա­նի եւ այլ ար­ժա­նա­ւոր հայ­րե­նա­դարձ­նե­րու օ­րի­նա­կին:

ՅԱԿՈԲ ՃԷԼԱԼԵԱՆ
Ա­թէնք, 2/11/14

Hydra Galleryն կը կազմակերպէ Պետրոս Ասլանեանի գեղանկարներու ցուցադրութիւն «Περίπλους» խորագրով։

Ցուցադրութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 1 Օգոստոս 2015ին, երեկոյեան ժամը 20։30ին։

Ցուցադրութիւնը պիտի տե ւ է 31 Յուլիսէն մինչե ւ

18 Օգոստոս 2015։ Այցելութեան ժամեր.-

10։00 - 15։00 եւ 17։30 - 22։00։

Hydra Galleryն կը գտնուի «Հին Ոստիկանատուն» Իտրա

Հեռ. 2298029700 բջիջ. 6976305396