­Յու­լիս 5ի հան­րա­քո­ւէով՝ ­Յու­նաս­տան ա­ւե­լի քան 61 տո­կո­սի մե­ծա­մաս­նու­թեամբ «Ո՛Չ» ը­սաւ Եւ­րոխմ­բա­կի Ե­ռեա­կին դրած՝ վար­կի դի­մաց խստամ­բե­րու­թեան խիստ պայ­ման­նե­րուն։

Այ­սու­հան­դերձ՝ որ­քան ալ յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մը ի­րա­պէս բա­ւա­րա­րե­լու ծա­ռա­յեց «Ո՛Չ»ին ստա­ցած նկա­տա­ռե­լի մե­ծա­մաս­նու­թեան քո­ւէն, դա­ժան եւ դառն ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ ­Յու­նաս­տան պէտք է ձե­ւը գտնէ փա­կե­լու իր ա­ղէ­տա­լի պարտ­քը, որ­պէս­զի կա­րե­նայ ամ­բող­ջա­կան փլու­զու­մէ փրկել իր ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս ա­մէն յոյն քա­ղա­քա­ցի, յու­նա­հա­յը եւս լիի­րաւ եւ լիար­ժէք իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Յու­լիս 5ի հան­րա­քո­ւէին, որ­պէս­զի ­Յու­նաս­տա­նը կա­րե­նար, ժողովրդա­վա­րա­կան ե­ղա­նա­կով, գտնել պե­տա­կան սնան­կու­թեան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ա­ղէ­տէն դուրս գա­լու յար­մա­րա­գոյն ու­ղին։

Ընդ­հա­նուր տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման ընդ­մէ­ջէն՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թեամբ հե­տա­մուտ ե­ղաւ նաեւ իր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն ու հա­յա­պահ­պան­ման կազ­մա­կերպ կռո­ւան­նե­րուն պահ­պա­նու­մին եւ պաշտ­պա­նու­թեան։

­Հան­րա­քո­ւէի «Ո՛Չ»ին եւ «ԱՅՈ՛»ին մի­ջեւ, ինչ­պէս բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, նոյն­պէս եւ յու­նա­հա­յե­րը ան­հա­տա­պէս դրսե­ւո­րե­ցին քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան հա­կա­դիր նա­խա­սի­րու­թիւն­ներ։

­Բայց իբ­րեւ հա­ւա­քա­կան դիր­քո­րո­շում եւ քա­ղա­քա­կան վար­քա­գիծ՝ հան­րա­քո­ւէին ա­ռի­թով յու­նա­հա­յու­թիւ­նը հա­ւա­քա­բար կառ­չած մնաց - ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­նա­վէ­ճով, քննար­կում­նե­րով ու քո­ւէ­նե­րով - ­Յու­նաս­տա­նի ա­ղէ­տա­լի այս տագ­նա­պէն փրկա­րար ելք գտնե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեան։

Այդ ա­ռու­մով՝ հան­րա­քո­ւէին ստա­ցած «Ո՛Չ»ի նկա­տա­ռե­լի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը չի նշա­նա­կեր, որ քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան մրցա­կից կող­մե­րէն մէ­կը յաղ­թեց եւ միւ­սը պար­տո­ւե­ցաւ։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ա­ջի եւ ձա­խի ըն­կա­լեալ սահ­մա­նագ­ծում­նե­րը ի­րենց նշա­նա­կու­թիւ­նը կորսըն­ցու­ցին ­Յու­լիս 5ի հան­րա­քո­ւէին, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ ա­ջի եւ թէ ձա­խի ճամ­բար­նե­րէն ի­րա­րու մօ­տե­ցան եւ «Ո՛Չ»ին ի­րենց հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը տո­ւին ո­րո­շա­պէս յոյն հա­սա­րա­կու­թեան ե­րի­տա­սարդ տար­րե­րը, յատ­կա­պէս ա­նոնք, ո­րոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իբ­րեւ նո­րա­հաս ո­րա­կեալ աշ­խա­տուժ կեան­քի աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծե­ցին եւ ան­գոր­ծու­թեան ու ան­հե­ռան­կար ա­պա­գա­յի մը մղձա­ւան­ջին մատ­նո­ւե­ցան։

­Բայց այդ մա­սին՝ հան­րա­քո­ւէի ներ-քա­ղա­քա­կան դա­սե­րուն եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ­Յու­նաս­տա­նի կու­սակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան սերն­դա­փո­խու­թեան հրա­մա­յա­կա­նին մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նա­կը տա­կա­ւին կու գայ։

Այ­սօր ժա­մա­նակն է դժո­ւա­րին ընտ­րանք­նե­րու, որ­պէս­զի պար­տա­տէր Ե­ռեա­կին «Ո՛Չ» պա­տաս­խա­նած յոյն ժո­ղո­վուր­դը կա­րե­նայ Եւ­րո­պա­յին ներ­կա­յաց­նել իր ­Պարտ­քի մար­ման ար­դար, ի­րա­տես ու ըն­դու­նե­լի ծրա­գի­րը՝ հա­մա­պա­տաս­խան զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ինք­նա­կամ սեղ­մում­նե­րը յանձն առ­նե­լով։

­Ժա­մա­նակն է մա­նա­ւա՛նդ ըն­կե­րա­յին զար­գաց­ման եւ տնտե­սա­կան կա­յու­նու­թեան ծա­ռա­յող հիմ­նա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու ծրագ­րի վա­ւե­րա­ցու­մին, որ­պէս­զի հա­մեւ­րո­պա­կան հա­մա­խո­հու­թեամբ՝ սկսի ի­րա­գոր­ծու­մը վար­կե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ օգ­տա­գործ­ման նոր շրջա­նի մը, ­Յու­նաս­տա­նի կեան­քին մէջ։

Ի վեր­ջոյ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան սնան­կու­թեան յաղ­թա­հա­րու­մէն եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան ըն­կե­րատըն­տե­սա­կան վե­րա­կանգ­նու­մէն դուրս, տար­բեր ճամ­բայ չու­նի իր ազ­գա­յին կազ­մա­կերպ կեան­քին ու հա­յա­պահ­պան­ման ա­մուր կռո­ւան­նե­րուն գո­յա­տե­ւումն ու ար­դիա­կա­նա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Իբ­րեւ քա­ղա­քա­ցի իր երկ­րին ու պե­տու­թեան բա­րօ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լով է, որ յու­նա­հա­յը ի վի­ճա­կի է նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս տէր կանգ­նե­լու ազ­գա­յին իր կազ­մա­կերպ կեան­քին ու հա­յա­պահ­պան կռո­ւան­նե­րուն։