­­alt«Ո՛չ թա­լա­նին» պոռթ­կա­ցող բո­ղո­քի շար­ժու­մին երգն ալ ա­նա­ւարտ պի­տի մնայ… ըստ ե­րե­ւոյ­թին եւ ըստ ա­մե­նայ­նի։

Ինչ­պէս որ յան­կար­ծա­կի պոռթ­կաց, նոյն­պէս անս­պա­սե­լիօ­րէն շնչաս­պառ դար­ձաւ ու մարմ­րե­լու սկսաւ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ­Բո­ղո­քի եր­գը։

­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւը թե­րեւս սկսած են ար­դէն հան­գիստ շունչ քա­շե­լու՝ մտա­ծե­լով, որ ան­գամ մը եւս կրցան… ջու­րին ե­րե­սը մնալ։

Ա­նոնք հա­ւա­նա­բար շու­տով կը սկսին նաեւ յո­խոր­տա­լու, որ կրցան մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին «խնա­յել», այս­պէս ը­սուած, քա­ղա­քա­ցիա­կան ցնցու­մի եւ խռո­վա­րար բա­խում­նե­րու տագ­նա­պը։

­­Բայց կրցա՞ն ի­րա­պէս։

­Միայն ժա­մա­նա­կը կրնայ պա­տաս­խա­նել։

­­Մինչ այդ պարզ ու յստակ է, որ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ հնչած ԲՈՂՈՔԻ եր­գը տա­կա­ւին կը սպա­սէ… իր ա­ւար­տին։

­Գո­նէ «Ո՛չ թա­լա­նին» բա­ցա­գան­չող­նե­րը շատ լաւ կը գի­տակ­ցին, թէ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման ո­րո­շու­մը ոչ միայն չէ ջնջո­ւած, այ­լեւ ան­պա­տիժ մնա­ցած է։

Առ այդ՝ ­Բո­ղո­քի շար­ժու­մը ինչ­պէ՞ս կրնայ հա­ւատք ըն­ծա­յել ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին այն հա­ւաս­տիա­ցու­մին, թէ փոր­ձա­գի­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ հար­ցի քննու­թե­նէն ետք, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պարտն ու պատ­շա­ճը պի­տի տնօ­րի­նէ։

Այդ հա­ւաս­տիա­ցու­մին հա­ւա­նա­բար հա­ւատք կրնան ըն­ծա­յել բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ար­դէն յոգ­նե­ցան ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յէն հնչող եր­գէն եւ կ­­՛ու­զեն, ի­րենց ա­ռօ­րեայ հո­գե­րուն կամ հա­ճոյք­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար, այ­լեւս չլսել մեր եր­կիրն ու ժո­ղո­վուր­դը ջլա­տող թա­լա­նին դէմ պայ­քա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին մա­սին։

­Չէ՞ որ ա­մէն տեղ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը կը թա­լա­նեն եւ ան­պա­տիժ կը վա­յե­լեն ի­րենց յափշ­տա­կած ա­ւա­րը։

Նոյ­նիսկ ա­նոնք՝ ձեռն­թափ ե­ղող­նե­րը, ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, վստա­հա­բար պի­տի շա­րու­նա­կէին ­Բաղ­րա­մեա­նի մար­տու­նակ եր­գով ի­մաս­տա­ւո­րել ի­րենց օ­րը, ե­թէ ե­րաշ­խի­քը տես­նէին, թէ այս ան­գամ չեն խա­բո­ւած եւ ի­րա­պէս հնչած է… թա­լան­ճի­նե­րուն դա­տաս­տա­նի ժա­մը։

Այլ խօս­քով՝ «Ո՛չ թա­լա­նին» շար­ժու­մէն այ­սօր հիաս­թափ ե­ղող­նե­րը դեռ ե­րէկ ա­նոր ջերմ հա­ւա­տա­ցող­ներն էին, ո­րոնք կը կազ­մեն ինչ­պէս ա­մէ­նուր, նաեւ մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան այն կա­րե­ւոր շեր­տը, որ ան­պայ­ման յաղ­թո­ղին կող­մը կ­­՛ու­զէ ըլ­լալ, ըն­կե­րա­յին ար­դար պայ­քա­րի յաղ­թա­նա­կին բա­րիք­նե­րը վա­յե­լե­լու բնա­կան մղու­մով։

Ա­հա ա՛յդ շեր­տը, այ­լեւս ճա­րա­հատ ու ինք­զինք մխի­թա­րե­լու հա­մար, կ­­՛ու­զէ հա­ւա­տալ ու հա­ւա­տաց­նել, թէ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը վեր­ջին հա­շո­ւով ըն­դա­ռա­ջեց ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ ծա­ւա­լած ­Բո­ղո­քի շար­ժու­մին եւ առ­կա­խեց… ա­նըն­դու­նե­լի ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Ա­նոնք թող ապ­րին ու տես­նեն, թէ մին­չեւ ե՞րբ կա­րե­լի է այս­պէս, շա­րու­նակ խա­բո­ւե­լու գնով, հա­ւատք ըն­ծա­յել թա­լա­նի վրայ հիմ­նո­ւած իշ­խա­նու­թեան այս հա­մա­կար­գին՝ յու­սա­լով, որ ա­նի­կա կրնայ ինք­զինք սրբագ­րել…

Ի՞նչ է, 21րդ ­դա­րուն ­Հա­յաս­տան պէտք է անց­նի 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն ժո­ղովր­դա­վար եւ ի­րա­ւա­կան հա­սա­րա­կու­թեանց ապ­րած այն փու­լէ՞ն, ուր ըն­կե­րա­յին թա­լան­ճի­նե­րը – ­մա­ֆիա­կան ու կան­կըս­թե­րա­կան ո­ճով –­ անխ­նայ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց չա­րա­շա­հում­նե­րը եւ օ­րի­նա­պահ դար­ձան միայն այն ա­տեն, երբ ար­դէն ա­ւար­տած էին ի­րենց մի­ջեւ… գո­ղօ­նին բա­ժա­նու­մը։

Երբ ի­րենք ար­դէն դրա­մա­տէր դար­ձած էին եւ օ­րէն­քի ու­ժով կ­­՛ու­զէին ոչ միայն պահ­պա­նել ի­րենց յափշ­տա­կա­ծը, այ­լեւ՝ ար­գելք կանգ­նիլ նո­րըն­ծայ թա­լան­ճի­նե­րու մրցակ­ցու­թեան ու սպառ­նա­լի­քին։

Ե­թէ յետ­խորհր­դա­յին ­Ռու­սիոյ դրա­մա­տի­րա­կան վե­րամկր­տու­թիւ­նը ի­մաստ մը ու­նի ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, պէտք չէ զար­մա­նալ, որ վայ­րագ հա­սա­րա­կա­փո­խու­թեան խա­ղա­կա­նոն­նե­րը մեր աչ­քին առ­ջեւ կը պար­տադ­րո­ւին նաեւ մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին։

Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նը բարձը­րաց­նո­ղը չի՞ կրկներ ­Մա­րի Ան­թո­ւա­նէ­թի հեգ­նան­քը. «Ե­թէ հաց չու­նիք, կար­կան­դակ կե­րէք…»:

­Բայց տագ­նա­պը շատ ան­դին կ­­՛անցնի՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նի բարձրա­ցու­մէն։

Ամ­բողջ կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման օ­րա­կար­գը կը դի­մագ­րա­ւենք։

Ա­հա դար­ձեալ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր մէջ գտած է ու­ժը, որ­պէս­զի մէկ մար­դու պէս ոտ­քի կանգ­նի եւ վա­ղո­ւան մեր օ­րը ձեր­բա­զա­տէ չա­րա­շա­հող ցե­ցե­րու պատ­ճա­ռած ա­ւե­րէն ու ա­ղէ­տէն։

­­Ծան­րակ­շի­ռը այն է, որ «Ո՛չ թա­լա­նին» բա­ցա­գան­չու­թեամբ փո­ղոց ի­ջած ­Բո­ղո­քի շար­ժու­մը, խա­ղաղ ցոյ­ցե­րով ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նը լսե­լի եւ հան­րա­պար­տա­դիր դարձ­նե­լու իր ինք­նավս­տա­հու­թեան մէջ, ան­գամ մը եւս կը դի­մագ­րա­ւէ ձա­խո­ղու­թեան ու­րո­ւա­կա­նը։

­­Ձա­խո­ղու­թեան ու­րո­ւա­կա­նը ծանր կը ճնշէ, ո­րով­հե­տեւ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան քա­ղա­քա­կան պա­հանջ չներ­կա­յաց­նե­լով հան­դերձ՝ զուտ ըն­կե­րա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին ար­դար բո­ղո­քի շար­ժու­մը ի վի­ճա­կի չե­ղաւ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը պար­տադ­րե­լու իշ­խա­նու­թեանց։

Ան­շուշտ որ քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան ցու­ցա­նիշ չէր գո­վազ­դա­յին այն զե­ղուն յան­կեր­գը, որ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ­Բո­ղո­քի եր­գին սկզբնա­ւո­րու­թեան, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն, դրո­ւա­տեց շար­ժու­մը քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մէ հե­ռու պա­հե­լու եւ ըն­կե­րա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հու­նով յա­ռաջ մղե­լու ցու­ցա­րար­նե­րուն «ողջմ­տու­թիւն»ը։

­Հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մէջ ա­մէն օ­րէնք եւ կա­նոն ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն քա­ղա­քա­կան ա­կունք կամ անդ­րա­դարձ ու­նի, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս որ Ա­րիս­տո­տել ի­րա­ւա­ցիօ­րէն նկա­տած էր դա­րեր ա­ռաջ՝ մարդ էա­կը ի վեր­ջոյ «քա­ղա­քա­կան կեն­դա­նի» մըն է։

Ու այդ­պի­սին ալ կը մնայ մեր դա­րուն։

Բայց չէ՞ որ «մերն ու­րիշ է» եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔԻ ­Շար­ժու­մը կը զա­տո­րո­շո­ւի քա­ղա­քա­կա­նա­ցած չըլ­լա­լու իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հան­գա­ման­քով…

Ս­պա­սենք քիչ մըն ալ, մին­չեւ որ իր ա­ւար­տը գտնէ ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի եր­գը։

Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նը բարձրաց­նե­լու կա­ռա­վա­րա­կան ո­րո­շու­մը ջնջել տա­լով՝ ­Բաղ­րա­մեա­նի ­Բո­ղո­քի շար­ժու­մը ան­շուշտ որ վերջ տո­ւած պի­տի չըլ­լար մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հիւ­ծող թա­լա­նին։

­Բայց ան­պայ­ման ա­ռա­ջին քա­րը պի­տի նե­տէր «­­Պաս­թի­յը քան­դել»ու եր­կար ու դժո­ւա­րին ճամ­բուն վրայ։

Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կրնան, քա­ղա­քա­կան հա­զա­րու­մէկ խա­ղեր ի կա­տար ա­ծե­լով, ­Բաղ­րա­մեա­նը պար­պել… ցու­ցա­րար­նե­րէ։ ­Բայց չեն կրնար, գլխա­գի՛ր ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ա­ռաջ­քը առ­նել բո­ղո­քի եւ ցա­սու­մի ան­խու­սա­փե­լի նո­րա­նոր պոռթ­կում­նե­րուն, այն­քան ա­տեն որ քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան այ­սօ­րի­նակ խա­թա­րո­ւած հա­մա­կար­գին պահ­պան­ման հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած են։ ­Սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի ­Բո­ղո­քին ան­սա­լու փո­խա­րէն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ