Ըն­դա­ռա­ջե­լով ի­ր ե­րի­տա­սարդ վար­չա­պե­տին՝ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րա­սի կո­չին, յոյն ժո­ղո­վուր­դը Կի­րա­կի՝ 5 Յու­լի­սին վճռա­կան «ՈՉ»ով մը պա­տաս­խա­նեց այն հար­ցու­մին, թէ պէ՞տք է ըն­դու­նիլ պար­տա­տէր «Ե­ռեակ»ին (Եւ­րո­պա­ կան Խոր­հուրդ-Ե.Խ., Եւ­րո­պա­յի Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տուն-Ե.Կ.Դ., Մի­ջազ­գա­յին Դ­րա­մա­կան Հիմ­նադ­րամ-Մ.Դ.Հ.) նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ պայ­ման­նե­րը, ի խնդիր պե­տա­կան պարտ­քե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման եւ նոր փո­խա­ռու­թեանց սնտու­կի բաց­ման։ Հան­րա­քո­ւէին մաս­նակ­ցե­ցան քո­ւէար­կող­նե­րուն ա­ւե­լի քան 50 առ հա­րիւ­րը, ո­րոնց­մէ ա­ւե­լի քան 60 առ հա­րիւ­րը քո­ւէար­կեց ի նպաստ Ցիփ­րա­սի «­Սի­րի­զա» կու­սակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րած ձա­խա­կող­մեան կա­ռա­վա­րու­թեան։

Հան­րա­քո­ւէին ար­դիւն­քը պատ­մա­կան հանգ­րուան մը կը նշէ ո՛չ միայն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ծննդա­վայ­րը նկա­տո­ւող երկ­րին, այլ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի եւ տնտե­սա­կան աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն մա­սին հա­մար. այս հանգրուա­նէն ան­դին ու Եր­կու­շաբ­թի՝ 6 Յու­լի­սէն սկսեալ, Յու­նաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Հա­մայնք ճա­կա­տա­մար­տը կը թե­ւա­կո­խէ նոր փուլ, ո­րուն ըն­թաց­քին վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու փո­թո­րիկ­նե­րէն բարձ­րա­ցած փո­շին պի­տի հանգ­չի, կարգ մը ստա­յօդ սպառ­նա­լիք­ներ (պլաֆ) ճշմատ­րու­թեան պա­տին պի­տի բա­խին, որ­պէս­զի պա­րտա­պան ու պար­տա­տէր նոր ձեռ­նոց­նե­րով վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան եւ աշ­խա­տին վե­րա­դա­սա­ւո­րել Զեւ­սի երկ­րին պարտ­քե­րու տագ­նա­պը, որ ու­նի հասկ­նա­լի եւ անտ­րա­մա­բա­նա­կան բազ­մա­թիւ ե­րես­ներ։

Քո­ւէա­հա­մա­րին պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւք­նե­րուն հրա­պա­րա­կու­մէն ա­ռաջ իսկ, յստակ էր, որ յոյն ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժած է զինք տնտե­սա­պէս ու ընկ­րա­յին գետ­նի վրայ խեղ­դա­մահ ը­նող պար­տա­տէ­րե­րուն պայ­ման­նե­րը. ա­ւե­լին, հան­րա­քո­ւէին զու­գա­հեռ, մեծ ցոյ­ցեր ծա­ւա­լե­ցան եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րու մէջ, Գեր­մա­նիա­յէն մին­չեւ Ֆ­րան­սա, Պ­րիւք­սէլ (եւ­րո­պա­կան ա­ռու­մով մայ­րա­քա­ղաք մը), Ս­պա­նիա­յէն մին­չեւ Ի­տա­լիա եւ այ­լուր, զօ­րակ­ցու­թիւն ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար Յու­նաս­տա­նի «Ոչ»ին, մէկ կող­մէ ար­ձա­գան­գե­լով դժգո­հու­թեան այն ա­լի­քին, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աս­տի­ճա­նա­բար բարձ­րա­ցում կ­’ար­ձա­նա­գէր Ա­թեն­քի մէջ, իսկ միւս կող­մէ, նա­խան­շա­նը տա­լով այս շար­ժու­մին ստեղ­ծած ձիւ­նագն­դա­կին ստա­նա­լիք ըն­թաց­քին մա­սին. փաս­տօ­րէն, Յու­նաս­տա­նէն գո­յառ­նող ձիւ­նագնդա­կը այժմ կը գտնո­ւի թա­ւա­լե­լով ուռ­ճա­նա­լու, կամ հա­կազ­դող պար­տա­տէ­րե­րուն ստեղ­ծե­լիք խա­րոյ­կին ազ­դե­ցու­թեան տակ հա­լե­լու եւ շո­գիա­նա­լու կա­րե­լիու­թեանց դէմ յան­դի­ման։

ՏԱԳՆԱՊԸ՝ ՔԱՆԻ ՄԸ ԹՈՒԱՆՇԱՆՈՎ

Յու­նաս­տան-պար­տա­տէ­րեր տագ­նա­պը նո­րու­թիւն չէ, ա­նի­կա գո­նէ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին ան­ցած է եր­կու գլխա­ւոր պայ­թու­ցիկ հանգ­րո­ւան­նե­րէ, ա­ռա­ջի­նը՝ 2010ին, երկ­րոր­դը՝ 2012ին, երբ պարտ­քե­րու հա­տուց­ման ան­կա­րող կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ հար­կադ­րուե­ցան ըն­դու­նիլ «տնտե­սա­կան փրկու­թեան» պար­տա­տէ­րե­րու պայ­ման­նե­րը։ Հե­տե­ւանք­նե­րը ծան­րա­ցան կա­ռա­վա­րու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դին ու­սե­րուն։ Շ­նոր­հուած նոր պարտ­քե­րուն մե­ծա­գոյն մա­սը գնաց վարկ տրա­մադ­րող­նե­րու եւ ըն­հան­րա­պէս օ­տար դրա­մա­տու­նե­րու գան­ձա­րան­նե­րը, ժո­ղո­վուր­դին հա­սան միայն փշրանք­ներ։

Մար­դիկ շու­տով վեր­հա­սու դար­ձան, որ պարտ­քեր­ու վե­րա­դա­սա­ւո­րում կը նշա­նա­կէ ա­ւե­լի եւս կե­ղե­քել զան­գո­ւած­նե­րը, իսկ փո­խա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ճամ­բով՝ գո­հա­ցում տալ դրսե­ցի պար­տա­տէ­րե­րու։ Ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, պարտ­քե­րու կու­տա­կու­մը նոր ծա­ւալ ստա­ցաւ, մեկ­նա­բան­նե­րուն ը­սել տա­լով, որ ե­թէ Ո­ղիմ­պոս լե­րան աս­տո­ւած­ներն ու ա­նոնց հո­վա­նին վա­յե­լող հե­րոս­ներն ան­գամ վե­րած­նին, պի­տի չկա­րե­նան Յու­նաս­տա­նը դուրս քա­շել պարտ­քե­րու բե­ռան տա­կէն։ Ան­ցեալ շա­բաթ, երբ ճա­կա­տու­մը ար­դէն մտած էր ան­դառ­նա­լի ճամ­բու մէջ, մին­չեւ իսկ Մ.Դ.Հ.ն խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ պարտ­քե­րը հա­սած են ան­հա­տու­ցե­լի եւ ան­հա­կակշ­ռե­լի կու­տա­կու­մի։

Տագ­նա­պին ան­մի­ջա­կան պատ­ճա­ռը հա­մե­մա­տա­բար ջնջին բան մըն էր. Ա­թէնք չկրցաւ Յու­նի­սի վեր­ջե­րուն Մ.Դ.­Հ.ին հա­տու­ցել 1,6 մի­լիառ տո­լա­րի պարտք մը եւ նա­խընտ­րեց ճա­կա­տու­մի եր­թալ պար­տա­տէ­րե­րուն հետ։ Գու­մա­րը, ը­սինք, հա­մե­մա­տա­բար ջնջին է, ո­րով­հե­տեւ Բա­գո­սի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն ար­տա­քին պարտ­քե­րը ան­ցած են 340 մի­լիառ Եւ­րո­յի սահ­նան­նե­րը, որ կը հա­մե­մա­տի եր­կ­րի տա­րե­կան ընդ­հա­նուր ե­կա­մու­տին 175 առ հա­րիւ­րին, եւ ո­րուն միայն տո­կոս­նե­րը կը հա­շո­ւեն 22,6 մի­լիառ Եւ­րօ։ Ըստ պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու, Յու­նաս­տա­նի տա­րե­կան ե­կա­մու­տը կը հա­շո­ւէ 173,5 մի­լիառ եւ­րօ. այս տո­ւեալ­նե­րուն լոյ­սին տակ, բնակ­չու­թեան անձ գլուխ պարտ­քը կը հաս­նի 30.000 Եւ­րո­յի...

ԽԵՂԴԱՄԱՀ ԸՆՈՂ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Հան­րա­քո­ւէի նա­խօ­րեա­կին, Յու­նաս­տան ինք­զինք գտաւ դժո­ւա­րին եր­կընտ­րան­քի մը առ­ջեւ. սնան­կա­նա՞լ, թէ՞ ըն­դու­նիլ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­րիւ­նա­քա­մու­թեան ա­ւե­լի՛ եւս ծան­րա­ցու­մը։

Ի՞նչ պէտք է հասկ­նալ այս ան­լու­ծե­լի հա­նե­լու­կէն։

Պահ մը եր­թանք քա­նի մը տաս­նա­մեակ ետ, քա­նի մը գլխա­ւոր գի­ծե­րու մէջ տես­նե­լու, որ Յու­նաս­տան ինչ­պի­սի՞ հանգ­րո­ւան­նե­րէ ան­ցաւ, ա­րա­գօ­րէն ընկղ­մե­լու հա­մար զինք տնտե­սա­պէս խեղ­դա­մահ ը­նող այս տիղ­մին մէջ։

Վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, թէ թա­գա­ւո­րա­կան վար­չա­կազ­մի տա­պա­լու­մէն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մէն ետք, 70ա­կան­նե­րու կէ­սե­րէն սկսեալ, Յու­նաս­տան ապ­րե­ցաւ տնտե­սա­կան բա­րե­լա­ւում, որ տի­րեց շուրջ եր­կու տաս­նա­մեակ, ոչ բո­լո­րո­վին զերծ՝ մտա­հո­գիչ ցնցում­նե­րէ։ Ո­րոշ տա­րի­ներ, պե­տա­կան պիւտ­ճէն շահ ալ ցոյց տո­ւած է, իսկ բա­ցը ե­ղած է ընդ­հան­րա­պէս հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լի։ Ն­ման վի­ճակ բնա­կան է երկ­րի մը հա­մար, որ բա­ցա­ռիկ տեղ ու­նի զբօ­սաշր­ջա­կան եր­կիր­նե­րու ցան­կին վրայ, ու­նի հսկա­յա­կան ա­ռեւտ­րա­կան նա­ւա­տորմ, երկ­րա­գոր­ծա­կան եւ այլ ար­տադ­րու­թիւն­ներ։ Մէկ խօս­քով՝ եր­կի­րը տնտե­սա­պէս հա­ւա­սա­րակ­շիռ պա­հե­լու տո­ւեալ­նե­րը։ Այ­սօր, երբ յոյ­նե­րը կը մե­ղադ­րո­ւին իբ­րեւ «ծոյլ ու հա­ճո­յա­սէր ժո­ղո­վուրդ», որ «պէտք է այդ ըն­թաց­քին պա­տի­ժը կրէ», բա­րօ­րու­թեան տա­րի­նե­րը կը մոռ­ցո­ւին, այ­սինքն՝ այն տա­րի­նե­րը, երբ մար­դիկ ա­ւե­լի՛ հան­գիստ աշ­խա­տե­լով՝ ու­նէին բա­րե­կե­ցու­թիւն եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ կեանք։

Յե­տոյ, 2000ի նա­խօ­րեա­կէն սկսեալ, վրայ հա­սան Եւ­րո­պա­կան Հա­մայն­քին ան­դա­մակ­ցու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին տնտե­սու­թեան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն ներ­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, այ­սինքն՝ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի տար­բե­րակ­նե­րուն վատ հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք տնտե­սա­կան նա­հան­ջի մատ­նե­ցին եր­կի­րը (­Յու­նաս­տան միա­կը չէ). օ­րի­նակ, թրքա­կան եւ չի­նա­կան մրցա­կ­ցա­կան շու­կան իր վատ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի վրայ։ Եւ­րո­յի դաշտ մուտք գոր­ծե­լով, Յու­նաս­տան (եւ­րո­դաշ­տին ան­դամ դար­ձած այլ եր­կիր­նե­րու պէս) կորսն­ցուց, օ­րի­նա­կի հա­մար, տնտե­սա­կան-ե­լեւմ­տա­կան տագ­նապ­ներ սե­փա­կան դրա­մա­նի­շի ար­ժեզըրկ­ման խու­սա­նա­ւու­մով դի­մագ­րա­ւե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը (սա տնտե­սա­պէս տկար եր­կիր­նե­րու ըն­դու­նո­ւած խա­ղա­քար­տե­րէն մէկն է. Լի­բա­նա­նի ու Հա­յաս­տա­նի օ­րի­նակ­նե­րը ծա­նօթ են)։ Պիւտ­ճէ հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար, կա­ռա­վա­րու­թեան դի­մաց կը մնար մէկ գլխա­ւոր մի­ջոց՝ վար­կեր ու փո­խա­ռու­թիւն­ներ ա­պա­հո­վել մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­կան շու­կա­նե­րէ եւ ան­հատ դրա­մա­տէ­րե­րէ. սա Յու­նաս­տա­նը նե­տեց դրա­մա­տի­րու­թեան ա­մէ­նէն տա­ժա­նե­լի հե­տե­ւան­քե­րուն գիր­կը։ Պար­տա­տէ­րե­րը, պարտ­քե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման ու նոր վար­կեր տրա­մադ­րե­լու յի­շեալ եր­կու հանգ­րո­ւան­նե­րուն, պար­տադ­րե­ցին, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրճա­տէ իր ծախ­սե­րը, սեղ­մու­մի են­թար­կէ պաշ­տօ­նեա­նե­րու թո­շակ­նե­րը, նո­ւա­զեց­նէ ընկե­րա­յին հա­տու­ցում­նե­րը եւ ա­ւե­լի՛ պա­հանջ­կոտ ըլ­լայ տուր­քե­րու գան­ձու­մին հա­մար։

Այս պայ­ման­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար ծան­րա­ցան մի­ջին ու սահ­մա­նա­փակ ե­կա­մու­տով զան­գո­ւած­նե­րուն վրայ, որ հետզ­հե­տէ մատ­նո­ւե­ցաւ թշո­ւա­ռու­թեան ու խեղ­դա­մահ ըլ­լա­լու վի­ճա­կի։ Պե­տա­կան մար­զի պաշ­տօ­նեա­ներ զան­գո­ւա­ծա­բար գոր­ծազր­կո­ւե­ցան, նման ար­ձա­գանգ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ սե­փա­կան մար­զին մէջ։ Ան­գործ­նե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը հա­սած է 26 առ հա­րիւ­րի, ե­րի­տա­սարդ ան­գործ­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ան­ցած է 50 առ հա­րիւ­րը։ Ան­գործ ըն­տա­նի­քի մը ընկե­րա­յին ա­պա­հո­վու­թեան նպաս­տը ին­կած է 500 եւ­րո­յի սահ­ման­նե­րէն վար, ո­րուն դի­մաց ապ­րուս­տի պայ­ման­ներն ու ա­ռող­ջա­կան կա­րիք­նե­րու հո­գա­ցու­մը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն սղած են։

Զան­գո­ւած­ներ այս­պէ­սով մատ­նո­ւած են ֆիզ­իքա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­հա­ւոր մա­շու­մի, մօ­տիկ ան­ցեա­լին ինք­նա­բա­ւու­թիւն վաե­լող­ներ մղո­ւած են ար­ժա­նա­պա­տիւ... անձ­նաս­պա­նու­թեան։

Իբ­րեւ կի­սա­մի­ջոց՝ կարգ մը քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու մէջ, ծլած ու զար­գա­ցած են նպաս­տա­բաշ­խու­մի կեդ­րոն­ներ (այ­լա­պէս օ­րի­նա­կե­լի), ո­րոնք կը գոր­ծեն կա­մա­ւոր­նե­րու բա­նա­կի մը ձեռ­քե­րով. ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ գո­յա­ռած են ժո­ղովր­դա­յին խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու վար­չու­թեամբ ա­ռեւտ­րա­կան կամ ար­հես­տից հաս­տա­տու­թիւն­ներ (քօ-օ­փե­րա­թիւ), ո­րոնք գործ ու ա­ռեւ­տուր կ­’ը­նեն նախ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով, հաս­նե­լով ան­տուն ու չքա­ւոր զան­գո­ւած­նե­րու ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րուն, գոր­ծա­ծե­լով նո­րահ­նար դրա­մա­նիշ, իբ­րեւ նա­խա­քայլ՝ տրախ­մա­յի վե­րա­դար­ձին։

ԱՅԼ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

Տն­տե­սա­կան տագ­նա­պը միայն ար­տա­քին ճնշող պարտ­քե­րուն հե­տե­ւան­քը չէ, այլ կան «ներ­քին« պատ­ճառ­ներ, ո­րոնց­մէ թւու­մի կար­գով կ­’ար­ժէ ար­ձա­նագ­րել հե­տե­ւեալ­նե­րը։

ՏՈՒՐՔԵՐՈՒ գան­ձու­մը տա­րի­նե­րէ ի վեր ին­կած է ա­նար­դա­րու­թեան մա­կա­նին տակ. հսկա­յա­կան հարստու­թիւն վա­յե­լող ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ մի­ջին տա­րո­ղու­թեամբ հիմ­նարկ­ներ, ընդ­հանրա­պէս տուրք չեն վճա­րեր, կամ՝ կր վ­ճա­րեն ջնջին տո­կոս մը։ Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ի­րա­կա­նաց­նել նման վի­ճակ, ե­թէ ոչ՝ կա­շա­ռե­լով պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, այ­սինքն՝ պաշ­տօ­նա­կան տուր­քե­րէն բա­ժին մը սա­հեց­նե­լով պե­տա­կան մար­դոց գրպան­նե­րը եւ զերծ մնա­լով հե­տապն­դու­մէ։

ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽՆԵՐ կը հո­սին դէ­պի այլ եր­կիր­ներ. դրա­մին տի­րա­պե­տող դա­սա­կար­գը մի­ջոց­նե­րը ստեղ­ծած է նաեւ իր շա­հե­րը ար­տա­հո­սե­լու դէ­պի օ­տար դրա­մա­տու­ներ։ Յու­նաս­տան ու­նի մի­լիա­ռա­տէր­ներ, ո­րոնք ի­րենց հարս­տու­թիւն­նե­րը փո­խադ­րած են օ­տար դրա­մա­տու­ներ, կամ՝ կը շա­հար­կեն հոն, ուր «պայ­ման­նե­րը ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր են»։ (­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան բա­ռամ­թեր­քին մէջ շուրջ եր­կու տա­րի ա­ռաջ բա­ւա­կան ու­ժեղ հնչե­ղու­թեամբ գոր­ծա­ծո­ւե­ցաւ «օֆ­շո­րա­յին գոր­ծառ­նու­թիւն» բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւ­նը, հի­մա մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւած է...)։

ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ գե­րա­զան­ցող գու­մար­նե­րով փո­խա­ռու­թիւն. ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ քա­ջա­լե­րո­ւե­ցան մե­ծա­գու­մար փո­խա­ռու­թիւն­ներ ա­պա­հո­վե­լու ար­տա­քին աղ­բիւ­նե­րէ, մինչ­դեռ երկ­րին տնտե­սա­կան բնա­կան ա­ճը չէր թոյ­լատ­րեր նման փո­խա­ռու­թիւն­ներ։ Այլ խօս­քով, Յու­նաս­տան եւս մաս կազ­մեց «ա­կումբ»ին այն եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնք մե­ծա­ծախս ծրա­գիր­նե­րով եր­կի­րը բար­գա­ւա­ճու­մի տա­նե­լու խոս­տու­մը տո­ւող աշ­խար­հա­կուլ հաս­տա­տու­թեանց լա­րած ծու­ղա­կին մէջ կ­’իյ­նան եւ կը մտնեն փա­կու­ղի մը, ո­րուն մէջ քա­նի մը քայլ առ­նե­լէ ետք, կ­’անդ­րա­դառ­նան որ ի­րենց կու­տա­կած պարտ­քե­րուն տո­կոս­ներն ան­գամ չեն կրնար հա­տու­ցել, հե­տե­ւա­բար, կը հար­կադ­րո­ւին են­թար­կո­ւե­լու պար­տա­տէ­րե­րուն կե­ղե­քող պայ­ման­նե­րուն, ո­րոնք... օրկ­նա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լեն մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­տի­րա­կան շու­կա­յին մէջ եւ, օ­րի­նա­կի հա­մար, Մ.Դ.­Հ.ը վե­րա­ծած են պաշ­տօ­նա­կան կո­ղո­պու­տի հաս­տա­տու­թեան մը, մինչ­դեռ ա­նի­կա ծնունդ ա­ռած էր տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւող եր­կիր­նե­րու օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րո­ղի ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Ն­ման պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով, երկ­րին ե­կա­մուտ ա­պա­հո­վող կառյց­ներ կը սե­փա­կա­նաշնոր­հո­ւին տե­ղա­ցի կամ ար­տերկ­րա­ցի շա­հար­կող­նե­րու կող­մէ, այլ խօս­քով՝ ե­կա­մու­տի աղ­բիւ­նե­րը կը հո­սին այլ ա­ւա­զան­նե­րու մէջ...

ԶԻՆԱԿԱՆ պիւտ­ճէի կրճա­տու­մը «ար­գի­լեալ գօ­տի» է. Յու­նաս­տան ՆԱԹՕի ան­դամ է, զի­նա­կան իր ծախ­սե­րով կը գրա­ւէր ցան­կին... երկ­րորդ տե­ղը, յա­ջոր­դե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն։ Ա­նոր պաշտ­պա­նու­թեան պիւտ­ճէն ան­փո­փո­խե­լիօ­րէն բարձր է, հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան ծա­նօթ դժո­ւա­րու­թեանց։ Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, ՆԱԹՕն ո­րո­շեց, որ ան­դամ եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ծախ­սը կազ­մէ տա­րե­կան պիւտ­ճէին 2 առ հա­րիւ­րը. Յու­նաս­տան կը ծախ­սէ ան­կէ ա­ւե­լին, մինչ­դեռ այլ եր­կիր­ներ կը մնան 2 առ հա­րիւ­րի սահ­մա­նէն բա­ւա­կան վար։ Յու­նաս­տա­նին կ­’ը­սո­ւի, որ ե­թէ իր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը չզօ­րաց­նէ, կը գտնո­ւի թրքա­կան ար­շա­ւան­քի մը վտան­գին տակ։ Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ նմա՛­նա­պէս ՆԱԹՕի ան­դամ Թուր­քիան ին­չո՞ւ եւ ի՞նչ ի­րա­ւա­սու­թեամբ ինք­զին­քին պէտք է ար­տօ­նէ ար­շա­ւել այլ ան­դա­մի մը վրայ...։ Այլ օ­րի­նակ մը. Յու­նաս­տան քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ Գեր­մա­նիա­յէն (որ գլխա­ւոր պատ­րա­տէ­րե­րէն է) գնած է եր­կու սու­զա­նաւ, վճա­րե­լով մեծ գու­մար­ներ, սա­կայն ի յայտ ե­կած է, որ նա­ւե­րը գոր­ծա­ծե­լի չեն...։ Պաշտ­պա­նու­թեան նախ­կին փոխ-նա­խա­րար մը խոս­տո­վա­նած է, թէ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին այն­քան կա­շառք ստա­ցած է, որ չի կրնան յի­շել բո­լո­րը...

ՁԻՒՆԱԳՆԴԱԿԸ՝ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Ա­հա գլխա­ւոր գի­ծե­րը ներ­քին ու ար­տա­քին այն պատ­ճառ­նե­րուն, ո­րոնք Յու­նաս­տա­նը այս տա­րես­կիզ­բին դրին այ­լընտ­րան­քի մը դի­մե­լու ճամ­բուն մէջ։ Ցիփ­րաս եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը ընտ­րա­պայ­քար մղե­ցին, նա­խորդ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու պար­տո­ւո­ղա­կան ու­ղին բա­րե­կար­գե­լու եւ, մա­նա­ւա՛նդ, պար­տա­տէ­րե­րուն կող­մէ «խնա­յո­ղա­կան նոր քայ­լեր» մեր­ժե­լու դրօ­շով։ Յոյ­նե­րուն հա­մար, ա­նոր խոս­տում­նե­րը յու­սադ­րիչ էին եւ իբ­րեւ ա­ռա­ջին ի­րա­գոր­ծում՝ Ցիփ­րա­սի «­Սի­րի­զա»ն Յու­նո­ւա­րի կէ­սե­րուն շա­հե­ցաւ ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Այ­նու­հե­տեւ, ան ընդ­հա­նուր առ­մամբ հա­ւա­տա­րիմ մնաց իր խոս­տում­նե­րուն, վեր­ջին եր­կու ա­միս­նե­րուն բա­ւա­կան տա­ժա­նե­լի սա­կար­կու­թիւն­ներ վա­րեց պարտ­քե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման հա­մար, սա­կայն շուրջ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ, յայ­տա­րա­րեց, որ դա­նա­կը հա­սած է ոս­կո­րին, կը մեր­ժէ ժո­ղո­վուր­դը նոր սեղ­մում­նե­րու են­թար­կող պայ­ման­նե­րը։ Ա­ւե­լին, ան աշ­խար­հը ափ ի բե­րան թո­ղուց, երբ յայ­տա­րա­րեց, որ պար­տա­տէ­րե­րուն պայ­ման­նե­րը ըն­դու­նիլ-չըն­դու­նի­լը պի­տի վստա­հի ժո­ղո­վուր­դի քո­ւէին, այ­սինքն՝ իս­կա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն պի­տի կի­րար­կէ Պ­ղա­տո­նի ժա­ռան­գորդ երկ­րին մէջ։

Ա­ռա­ջին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ե­ղան այն, որ վար­չա­պե­տը զգա­ցա­կա­նու­թիւն կը խա­ղայ եւ պլաֆ կ­’ը­նէ։ Յե­տոյ, ծայր ա­ռին «Ոչ»ին թեր ու դէմ ցոյ­ցեր, ո­րոնք ե­լեկտ­րա­կա­նա­ցու­ցին Յու­նաս­տա­նի բե­մը։ Դ­րա­մա­կան շու­կան ան­շար­ժու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ ան­ցեալ շա­բա­թաս­կիզ­բին, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ճնշու­մի տակ դնե­լով սպա­ռող զան­գո­ւա­ծը։ Եւ­րո­պա­ցի եւ մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­տի­րա­կան աշ­խար­հը սպառ­նաց Յու­նաս­տա­նին, թէ՝ պայ­ման­նե­րուն մեր­ժու­մը պի­տի նշա­նա­կէ Յու­նաս­տա­նի ար­տաք­սու­մը Եւ­րո­պա­կան Դ­րա­մա­կան Շու­կա­յէն, այ­սինքն՝ զայն պի­տի սնան­կաց­նէ։ Ցիփ­րաս պա­տաս­խա­նեց, որ իր քա­ղա­քա­կան վար­կը նժա­րի մէջ կը դնէ, ու ե­թէ ժո­ղո­վուր­դը ըն­դու­նե­լի նկա­տէ պար­տա­տէ­րե­րուն պայ­ման­նե­րը՝ ինք պի­տի հրա­ժա­րի (այլ հարց է, թէ Ցիփ­րա­սի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու ա­նոր տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Եան­նիս Վա­րու­լա­քիս ի՞նչ ծրա­գիր ու­նին, ե­թէ պար­տա­տէ­րե­րուն սպառ­նա­լի­քը ի­րա­կա­նա­նայ եւ Յու­նաս­տան դուրս գայ Եւ­րո­յի դաշ­տէն)։ Եւ ա­հա, Կի­րա­կիի հան­րա­քո­ւէն Յու­նո­ւա­րէն աս­դին երկ­րորդ կա­րե­ւոր յաղ­թա­նա­կը շնոր­հեց կա­ռա­վա­րու­թեան, որ հի­մա, ժո­ղովրս­դա­յին նկա­տա­ռե­լի յե­նա­րա­նով մը պի­տի վե­րա­դառ­նայ բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան, երբ սպառ­նա­ցող­նե­րուն պլա­ֆի սու­րը վար դրո­ւի եւ Յու­նաս­տա­նի հա­մար ա­ւե­լի տա­նե­լի պայ­ման­նե­րու հե­տապնդ­ման ճամ­բան բա­ցո­ւի։ Ըստ կարգ մը մեկ­նա­բան­նե­րու, Մ.Դ.­Հ.ի այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ «­Յու­նաս­տա­նի պարտ­քե­րը ան­ցած են ան­հա­տու­ցե­լիի սահ­մա­նէն ան­դին, հե­տե­ւա­բար, պարտ­քե­րէն մաս մը ջնջե­լը ան­խու­սա­փե­լի է»՝ պէտք է նա­խան­շան նկա­տել, որ Ցիփ­րաս ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ պի­տի ա­պա­հո­վէ ի­րեն զօ­րակ­ցող ժո­ղո­վուր­դին, եւ ազ­դան­շա­նը պի­տի տայ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին տիղ­մէն դուրս գա­լու։

­Թէ ի՞նչ չա­փով պի­տի ի­րա­կա­նա­նան բա­րեշրջման լա­ւա­տե­սու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ որ կարգ մը պար­տա­տէ­րե­րու ան­մի­ջա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը այն ե­ղաւ, թէ Յու­նաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցե­լի հարց չկայ այ­լեւս, Ցիփ­րա­սի բա­ցա­սա­կան ըն­թաց­քը կտրած է Ռիւ­պի­քո­նը՝ կը մնայ ճնշող հար­ցա­կան։ Պար­տա­տէ­րե­րուն հա­մար հի­մա կայ եր­կու ընտ­րանք. կա՛մ ետ­դարձ ը­նել սպառ­նա­լիք­նե­րէն եւ վե­րա­դառ­նալ բա­նակ­ցա­յին ու­ղիին, ըն­թացք տա­լով ե­րի­տա­սարդ վար­չա­պե­տին ակն­կա­լու­թեանց, կամ ալ պահ­պա­նել կարծր կե­ցո­ւա­ծքը եւ ձեռ­նար­կել Յու­նաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան, փորձ ը­նել կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կին վե­րա­դարձ­նե­լու այն խմբակ­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեա­լին ե­ղած են ի­րենց գոր­ծա­կից­նե­րը, ա­նոնց մի­ջո­ցով վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար կե­ղե­քիչ ու­ղին։ Պէտք չէ ան­տե­սել այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ քո­ւէար­կող­նե­րուն մօ­տա­ւո­րա­պէս 40 առ հա­րիւ­րը հա­մա­ձայն չե­ղաւ Ցիփ­րա­սի կա­ռա­վա­րու­թեան ընտ­րան­քին, յայտ­նա­պէս են­թար­կո­ւե­լով այն սպառ­նա­լիք­նե­րուն, որ Յու­նաս­տան դուրս պի­տի նետո­ւի Եւ­րո­պա­կան Ըն­տա­նի­քէն ու պի­տի մատ­նո­ւի նոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, կամ ալ... իր մաս­նա­կի շա­հե­րը տես­նե­լով նախ­կին գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նակ­ման մէջ։ Ն­ման մտա­ծում կրնայ զար­մա­նա­լի թո­ւիլ բա­նա­կան մար­դու հա­մար, սա­կայն շա՜տ բնա­կան է դրա­մա­տի­րու­թեան «բա­րիք­նե­րը» վա­յե­լող փոք­րա­մաս­նու­թեանց ակ­նո­ցով։ Նոյն վի­ճա­կին ա­կա­նա­տես չե՞նք մի­թէ եւ­րո­պա­կան եւ այլ ցա­մա­քա­մա­սե­րու բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, ա­ռանց զանց առ­նե­լու մեր Հա­յաս­տա­նը (­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը մէկ տար­բե­րա­կը չե՞ն ար­դեօք Յու­նաս­տա­նին ու ճա­կա­տագ­րա­կից­նե­րու պար­տադ­րո­ւած կա­ցու­թեանց...)

Միւս կող­մէ, սա­կայն, Յու­նաս­տաի «Ոչ»ը կը ստեղ­ծէ կա­ցու­թիւն մը, ո­րուն ներ­գոր­ծու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կո­ւած չէ Ո­դի­սեւ­սի երկ­րին մէջ։ Եւ­րո­պա­կան Հա­մայն­քին մաս կազ­մող այլ եր­կիր­ներ եւս, ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փով, կը տա­ռա­պին նոյն ախ­տե­րէն, ո­րոնց ե­թէ փոքր խո­րա­գիր­նե­րը կը կո­չո­ւին փտա­ծու­թիւն, կա­շա­ռա­կե­րու­թիւն, վար­չա­կան ձա­խա­ւե­րու­թիւն, ա­նար­դար մրցակ­ցու­թիւն­նե­րու զոհ ըլ­լալ եւ այլն, գլխա­ւոր խո­րա­գի­րը կը կազ­մէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման դա­ժան կի­րար­կու­մը՝ դրա­մա­տի­րա­կան ա­մէ­նէն ան­մարդ­կա­յին գոր­ծիք­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծու­մով։ Ա­հա թէ ին­չո՛ւ Յ­ու­նաս­տա­նի զար­գա­ցում­նե­րը դրա­կան ու յու­սա­լից աչ­քե­րով կը դի­տո­ւին Ի­տա­լիոյ, Փոր­թու­գա­լի, Ս­պա­նիոյ եւ Իր­լան­տա­յի պէս եր­կիր­նե­րու մէջ, մին­չեւ իսկ դրա­կան ար­ձա­գանգ­ներ կը գտնեն պար­տա­տէր Ֆ­րաս­նա­յի ու Գեր­մա­նիոյ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մօտ, սար­սա­փի դո­ղեր ան­ցը­նե­լով Մեր­քէ­լի, Հո­լան­տի եւ մին­չեւ իսկ Ատ­լան­տեա­նէն ան­դին տա­րած­ուող ե­լեւմ­տա­կան աշ­խարհ­նե­րուն մէջ։

Յու­նաս­տա­նի այս շար­ժումն ու Կի­րա­կիի «Ոչ»ը վե­րա­նո­րոգ յոյ­սեր կը բե­րեն նո­րահ­նար օ­րէնք­նե­րու ճամ­բով կե­ղե­քո­ւող­նե­րուն. մար­դիկ կը յու­սան, որ Ա­թէն­քէն սկիզբ ա­ռած ձիւ­նագն­դա­կը, թա­ւա­լե­լով ծա­ւա­լի ու հաս­նի այլ եր­կիր­ներ, ցա­մա­քա­մա­սեր, խոր­տա­կէ նոր աշ­խար­հի ա­ւա­տա­պետ­նե­րուն ամ­րոց­նե­րը եւ վերս­տեղ­ծէ հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի՛ ար­դար աշ­խարհ մը, հիմ­նո­ւած ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ։ Մար­դիկ գրաւ կը դնեն, որ այս ձիւ­նագնդա­կը ա­ճի եւ ո՛չ թէ դար­ձեալ զոհ եր­թայ ա­մե­նա­զօր հռչակուած պար­տա­տէ­րե­րուն ստեղ­ծե­լիք խա­րոյ­կին, որ կրնայ հա­լեց­նել ու շո­գիաց­նել զայն։

Չէ՞ որ աշ­խար­հը բա­րեշրջ­ման ա­լի­քի մը տա­րած­ման ու ա­պա նա­հան­ջին եւ ան­կու­մին ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 80ա­կան տա­րի­նե­րու Եւ­րո­պա­յին մէջ...

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5 Յու­լիս 2015 Պէյրութ