2015ին կտրուկ նուազած են Հայաստանցի զբօսաշրջիկներու այցերը Անթալիա՝ կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հետ, կը փաստեն զբօսաշըրջային գործակալութեան տուեալները: Ըստ անոնցմէ մէկու ներկայացուցիչին, գրեթէ բոլոր պտոյտ կազմակերպող ընկերութիւններու միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ դէպի Անթալիա ուղեգիրներ չվաճառեն, կը գրէ Tert.am:
2000ականներէն Հայաստանի քաղաքական-տնտեսական վերնախաւի ներկայացուցիչներու համար «հակա-անթալիական արգելք» դրուեցաւ:  Հետագային անիկա քիչ մը մեղմացաւ, սակայն կը շարունակուի այն աւանդոյթը, երբ պետական կառավարման ոլորտին մէջ ընդգրկուած պաշտօնեաներուն ոչ պաշտօնական խողովակներով կը փոխանցուի, որ Թուրքիոյ վարչական մաս կամ Անթալիա մեկնիլը չի խրախուսուիր:
Համաշխարհային տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական շարք մը իրադարձութիւններու պատճառով այս տարի հայերու նախընտրած երկու՝ Յունաստան ու Եգիպտոս ուղղութիւնները առաջին հայեացքէն հարցականի տակ են:
Մասնաւորապէս, Յունաստանի մէջ, Յուլիս 5ին կայացած հանրաքուէով պայմանաւորուած դրամատուները չեն աշխատիր: Այդ իսկ պատճառով այդ երկիր մեկնողներուն Բրիտանիոյ իշխանութիւնները խորհուրդ կու տան բաւարար չափով կանխիկ փող վերցնել, կը գրէ The Times:
Հայաստանէն դէպի Յունաստան զբօսաշրջային պտոյտի ծրարներ տրամադրող երկու մասնագիտացուած գործակալութեանց ներկայացուցիչները վստահեցուցած են, որ այդ երկրին մէջ վիճակը այնքան ալ ծանր չէ, ինչպէս կը ներկայացուի: Անոնք պնդած են, որ դէպի Յունաստան գնուած զբօսաշրջային ծրարներու վերադարձ չէ եղած, կը գրէ Panorama.am:
Եգիպտոս շատերուն մօտ վախ կ՛առաջացնէ «Իսլամական Պետութեան» զինեալներու ահաբեկչութեան զոհ դառնալու առումով, յատկապէս երբ երկրի Հիւսիսային Սինա թերակղզին մէջ իսլամները յարձակած են քանի մը անցակէտի վրայ, որուն հետեւանքով սպաննուած է մօտ 50 զինուորական ու ոստիկան:
Այնուամենայնիւ, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, հայ զբօսաշրջիկները կը մեկնին նշուած երկու ուղղութեամբ ու որեւէ յետաձգում չկայ:

«Եռագոյն»