Ի զարմանս բոլորի, փոքր հաւաքը սունկի պէս աճեցաւ քանի մը հազար, յատկապէս երիտասարդներու հաւաքի, որոնք երթով շարժեցան ու գրաւեցին մայրաքաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը` Մարշալ Բաղրամեան պողոտան, ուր կը գտնուին նախագահին նստավայրը, Ազգային Ժողովն ու Սահմանադրական Դատարանը, եւ ամբողջ գիշեր նստացոյց իրականացուցին հոն: Բողոքի ցոյցերը արագօրէն տարածուեցան ամբողջ Հայաստանի մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ:
Քանի որ ցուցարարները հրաժարեցան ազատելէ պողոտան, ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներով ցրուեց զանոնք` վիրաւորելով տասնեակ մը ցուցարարներ եւ ձերբակալելով անոնցմէ 237ը, որոնք նոյն գիշեր ազատ արձակուեցան: Ոստիկանատուն տարուեցան նաեւ քանի մը լրագրողներ` վնասելով կամ գրաւելով անոնց տեսախցիկներն ու ձայնագրիչները:
Քանի որ այս առճակատումը կը պատկերասփռուէր հասարակական լրատուամիջոցներու եւ տարբեր կայքերու միջոցով, յաջորդ օրը քանի մը հազարէն աւելի ցուցարարներ յայտնուեցան` գրեթէ անհնար դարձնելով ամբոխի վերահսկողութիւնը: Յունիս 29ի երեկոյեան, երբ կը գրէի այս յօդուածը, Բաղրամեան պողոտայի որոշ հատուածներ դեռ գրաւուած էին ցուցարարներուն կողմէ:
Ո՞վ են այս երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները եւ ի՞նչ կ՛ուզեն: Անոնք կապ չունին որեւէ կուսակցութեան կամ արտաքին ուժերու հետ` հակառակ բոլոր անհիմն մեղադրանքներուն, եւ իրենց օրակարգին վրայ այլ խնդիր չունին, քան պահանջը Հայաստանի կառավարութենէն` չեղեալ համարելու Օգոստոս 1ին ուժի մէջ մտնող ելեկտրականութեան գինի 17 տոկոս բարձրացումը: Այս ցուցարարները կը կարծեն, որ իրենց կողմէ քաղաքի փողոցներու փակումը օրինական եւ բարոյական տեսանկիւնէն արդարացուած է, քանի որ բողոքի ցոյցը կը կրէ խաղաղ բնոյթ եւ ինքնաբուխ է: Անոնք իրենց շարժումը անուանած են` «Ո՛չ թալանին»:
Իշխանութիւնները քանի մը անգամ փորձեցին համոզել երիտասարդները` դադրեցնելու բողոքի ցոյցը: Երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկեց հանդիպիլ անոնց հետ, ցուցարարները մերժեցին այդ խնդրանքը` պահանջելով հանդիպման ուղիղ հեռարձակում հանրութեան համար: Կառավարութեան առաջարկը` ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դիմաց հատուցում տալու 100 հազար անապահով ընտանիքներուն, եւս մերժուեցաւ: Վերջապէս, նախագահի որոշումը` սառեցնելու սակի բարձրացումը մինչեւ միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութեան կողմէ ռուսական ուժանիւթի ընկերութեան «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» դուստր ձեռնարկութեան նիւթական հաշուետուութիւններուն ստուգումը` սակի բարձրացման հիմնաւորուած ըլլալուն հանգամանքը պարզելու համար, եւս մերժուեցաւ:
Լարուած դիմակայութեան առաջին թուլացումը եղաւ 28 Յունիսի Կիրակին, երբ բողոքի շարժման կազմակերպիչները ընդունեցին ոստիկանութեան առաջարկը եւ վերադարձան Ազատութեան հրապարակ` երկրորդ բախումէն խուսափելու համար: Երկուշաբթի գիշեր անոնք յայտարարեցին, որ կը դադրեցնեն բողոքի ցոյցը եւ շուտով կ’որոշեն իրենց հետագայ ընելիքները: Սակայն ցուցարարներու մեծ մասը հրաժարեցաւ հետեւիլ նախաձեռնութեան ղեկավարներուն` շարունակելով գիշերները անցընել Բաղրամեան պողոտայի մէջտեղը` վանկարկելով «Մենք ենք տէրը մեր երկրի» կարգախօսը:
Երիտասարդ տղաներու եւ աղջիկներու այս նոր սերունդը խիստ հիասթափուած է թէ՛ իշխանութիւններէն, թէ՛ ընդդիմութենէն: Սակայն բողոքի շարժման կազմակերպիչները, յուսահատելու եւ շատ շատերու նման երկիրը լքելու փոխարէն, փողոց ելած են պաշտպանելու ժողովուրդին իրաւունքները: Այս ցուցարարները ցոյց կու տան, որ թէեւ իրենք չունին իշխանութիւն, հարստութիւն եւ պաշտօնական դիրքեր, սակայն ի զօրու են անհրաժեշտութեան պարագային ոտքի ելլելու եւ իրենց շուրջ համախմբելու զանգուածները` ստիպելով իշխանութիւններուն հաշուի նստելու իրենց հետ… Կարելի է չհամաձայնիլ ցուցարարներու մարտավարութեան, սակայն հնարաւոր չէ չհիանալ անոնց անկեղծութեան եւ յանձնառութեան վրայ` իրենց հայրենակիցներու բարօրութեան հանդէպ…
Ահա, այն երեք կարեւոր դասերը, զորս պէտք է քաղել վերջին զարգացումներէն.
1) Հայաստանի ապագան յուսալի ձեռքերու մէջ պիտի ըլլայ, քանի դեռ գալիք սերունդին մէջ կան երիտասարդներ, նման` այն տղաներուն եւ աղջիկներուն, որոնք ինքնաբուխ կերպով Երեւանի փողոցներ ելան:
2) Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մօտ ապագային իշխանութեան գալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունին, քանի դեռ լիովին չեն վերանայած իրենց քաղաքականութիւնը` իրենց շարքերը ներգրաւելով խելացի, նուիրուած եւ նախաձեռնող երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ, եւ` թոյլ տալով անոնց ղեկավար դիրքեր զբաղեցնելու:
3) Հայաստանի ժողովուրդին մօտ խոր հիասթափութիւն կայ իրարու յաջորդող կառավարութիւններու նկատմամբ, անկախացումէն առաջ եւ յետոյ: Իշխանութեան ղեկավարներուն առջեւ ծառացած են շատ աւելի լուրջ խնդիրներ, քան` ելեկտրականութեան գինի բարձրացումը: Հայաստանի համար գոյատեւման հրամայական դարձած է արդար եւ ժողովրդավարական հասարակարգի ստեղծումը, ուր քաղաքացիները կրնան ապրիլ արժանապատիւ, բարեկեցիկ եւ խաղաղ կեանքով: Հայ ժողովուրդը կարիք չունենար բողոքելու Երեւանի փողոցներուն մէջ, եթէ գոյութիւն ունենան արդիւնաւէտ եւ վստահելի մեքենականութիւններ, որոնց միջոցով մարդիկ կրնան պաշտպանել իրենց հիմնական քաղաքացիական իրաւունքները եւ ապահովել իրենց բարեկեցութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»