­Թուրք Ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան ու մեր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակն է այս տա­րի: Այս ա­ռի­թով, հեր­թա­կա­նօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցան կարգ մը պե­տու­թեանց ճա­նա­չում­նե­րը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Այս ան­գամ կա­րե­ւոր տար­բե­րու­թիւն մը կար. այդ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տող­նե­րը կը գլխա­ւո­րէր Հ­ռո­մի պա­պը, ո­րուն խօս­քը եւ նա­խա­գա­հած պա­տա­րա­գը, մեր կա­թո­ղի­կոս­նե­րու եւ նա­խա­գա­հի ներ­կա­յու­թեան, իր վրայ կի­զա­կէ­տեց հա­մաշ­խար­հա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը: Ան­կէ ետք չու­շա­ցան Աւստ­րիոյ ու մա­նա­ւանդ ­Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գա­հին հաս­տա­տում­նե­րը` վերջ տա­լով տա­րի­նե­րու ի­րենց խու­սա­փու­մին: ­Կը մնայ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը` իր 2008ի խոս­տու­մը դրժած նա­խա­գա­հի խու­սա­փու­մով: Առ այժմ չենք գի­տեր, թէ այս նա­խա­գա­հը ի վեր­ջոյ պի­տի վե­րա­դառ­նա՞յ իր խոս­տու­մին: ­Կը ձգենք իր մտա­ւո­րա­կա­նի, դի­ւա­նա­գէ­տի խղճմտան­քի ե­ռե­ւե­փու­մի ար­դիւն­քին:

Այս բո­լո­րին մէջ ա­ռանց­քա­յին պե­տու­թիւ­նը` ­Թուր­քիան, տա­կա­ւին կ­՛ու­րա­նայ, տա­կա­ւին կ­՛ոս­տոս­տէ իր հիւ­սած ու­րաց­ման ոս­տայ­նի թե­լե­րուն վրայ` յու­սա­լով, որ կը յա­ջո­ղի աշ­խար­հը խա­բել:

Այս տա­րո­ւան նո­րու­թիւ­նը հա­րիւ­րա­մեակն է նաեւ ­Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տին` վեց օ­րո­ւան յե­տաձ­գու­մով իր ի­րա­կան թո­ւա­կա­նէն` 1915 Ապ­րիլ 18էն: ­Խե՜ղճ ու հէգ թուրք պե­տու­թիւն, այն­քան մը վա­տա­նալ էր պէտք, որ­պէս­զի իւ­րաց­նէր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ւա­կանն իսկ` չգո­հա­նա­լով մեր երկ­րի կո­ղո­պու­տով ու մեր ժո­ղո­վուր­դի զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դով:

Այդ­քան սնանկ են ու զզո­ւե­լիօ­րէն կա­րեկ­ցե­լի ի­րենց ջան­քին մէ­ջը` խո­չըն­դո­տե­լու մեր հա­րիւ­րա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը:

Այս կա­ցու­թեան մէջ նո­րու­թիւն չկար, երբ ա­մէն մարդ կը կար­ծէր, թէ ա­մէն ինչ իր հու­նը գտած էր` Ապ­րիլ 24ը իր խոր­հուր­դով, իսկ թուրք մեր­ժո­ղա­կա­նու­թիւնն ու ու­րա­ցու­մը ի­րենց բա­րո­յա­կան վայ­րա­գու­թեամբ:

­Յան­կարծ թուրք պե­տու­թիւ­նը կը յղա­նար ի­րա­պէս ա­նակն­կալ ու անս­պա­սե­լի լրբու­թիւ­նը` ի­րենց նա­խա­գա­հին ու­ղե­ղա­յին քե­րո­ւը­տու­քէն ժայթ­քած գա­ղա­փա­րը, ­Կա­լի­փո­լիի հա­րիւ­րա­մեա­կը տօ­նե­լու միեւ­նոյն օ­րը` Ապ­րիլ 24ին:

Ա­պա­բա­րո­յու­թիւ­նը թուրք պե­տու­թեան ա­րո­ւես­տի վե­րա­ծո­ւած դի­ւա­նա­գի­տու­թիւնն է: Ան­հասկ­նա­լին, մաս­նակ­ցող պե­տու­թեանց ճա­շա­կը, մա­նա­ւանդ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ` հա­զո­ւա­գիւտ այն պե­տու­թիւն­նե­րէն մին, որ տե­ղեակ պէտք է ըլ­լայ եւ է՛ Ե­ղեռ­նի ծրագ­րու­մէն ու կի­րարկ­ման, ի­րա­գործ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն:

Այս ընդ­հա­նուր ու­րո­ւագ­ծէն ներս չան­տե­սո­ւե­լի եր­կու նո­րու­թիւն կայ ի­րար­մէ մէկ տա­րիով հե­ռու, բայց նոյ­նան­ման խոր­քա­յին կեղ­ծի­քով` ­Թուր­քիոյ 2014 Ապ­րի­լի վար­չա­պետ Էր­տո­ղա­նին եւ 2015 Ապ­րի­լի վար­չա­պետ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի ար­տա­յայ­տած ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը` Ապ­րիլ 24ի ա­ռի­թով: ­Նոյ­նա­բո­վան­դակ ցա­ւակ­ցա­կան յղում­ներ են, ո­րոնց հիմ­նա­կան նպա­տա­կը մեր ժո­ղովր­դին ցա­ւը բաժ­նե­լու, մեղ­մե­լու կաս­կա­ծե­լի ա­րար­քը` ցոյց տա­լու աշ­խար­հին, թէ թուրք պե­տու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէ պատ­մու­թիւ­նը ու ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նէ մե­զի ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դա­կի` նա­խա­գա­հի ու վար­չա­պե­տի հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րով:

­Խոր­քին մէջ ե­ղած յղում­նե­րը կը փա­ռա­սի­րեն հիմ­նա­կան սադ­րանք մը, երբ թուրք պե­տու­թիւ­նը կը ջա­նայ հա­ւա­սա­րեց­նե­լու մեր ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը թուր­քե­րու կո­րուս­տին հետ` ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ի­րենց ընտ­րո­վի, ծա­ւա­լո­ղա­կան փա­ռա­սի­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք` Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին: ­Կը փոր­ձեն աշ­խար­հը հա­մո­զել, թէ մեր կրած կո­րուստ­նե­րը 500.000ը չէին անց­ներ, իսկ ի­րենց «հա­րիւ­րա­մեակ»ի յայտ­նու­թիւ­նը ա՛յն է, թէ «հա­րիւր հա­զար­նե­րու» կը հաս­նէին զո­հե­րուն թի­ւը` ըն­թեր­ցո­ղին ձգե­լով յար­մար թիւ մը ընտ­րե­լը, որ­պէս­զի հա­մո­զո­ւին: ­Թուրք պե­տու­թեան ջան­քը` զո­հին կրած կո­րուս­տը հա­ւա­սա­րեց­նե­լու ոճ­րա­գործ­նե­րու զո­հո­ւած թի­ւին, կը յա­ռա­ջաց­նէ տե­ղին հար­ցու­մը.-

Ե­թէ ի­րենք զբա­ղած էին մեր նա­խա­հայ­րե­րու ոչն­չա­ցու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու աշ­խա­տան­քով (չմոռ­նանք` մե­րին­նե­րը ան­զէն էին), իսկ բա­նակ զօ­րա­կո­չո­ւած հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­պա­զին­ման էր են­թար­կո­ւած եւ սպան­նո­ւած` թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու կող­մէ ու թա­ղո­ւած մեր հա­րա­զատ­նե­րու իսկ փո­րած գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ, ու ա­հա հար­ցու­մը` ան­զէն նա­հա­տա­կո­ւո­ղը ինչ­պէ՞ս պի­տի յա­ջո­ղէր թուր­քե­րը սպան­նել:

­Միայն թուրք շիլ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղի նման այ­լան­դակ ա­պա­բա­րո­յու­թիւն մը յղա­նալ ու հրա­պա­րակ նե­տել, ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն տա­տամ­սու­մի:

­Թուր­քե­րը եր­բե­ւի­ցէ մտա­ծա՞ծ են, թէ ինչ­պէ՛ս կրնար հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը հա­կազ­դել, ե­թէ ­Գեր­մա­նիա փոր­ձէր պե­րե­ւե­թել ճիշդ թուր­քե­րու նման` ը­սե­լով, թէ ի­րենք պա­տաս­խա­նա­տու չեն հրեա­նե­րու հրկիզ­ման, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք եւս մի­լիոն­նե­րով զոհ են տո­ւած Բ. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին:

­Միայն թուրք տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կրնայ նման ար­դա­րա­ցում մը ձաբռ­տել:

­Թե­րեւս ան­կա­րե­լի չէ նման ե­լոյթ թուրք պե­տու­թե­նէն, այն­քան ա­տեն որ պրն. Էր­տո­ղանն է նա­խա­գա­հը եւ, առ այդ, ա­ռող­ջու­թիւն պէտք է մաղ­թել ի­րեն նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար` ան­տե­ղեակ ծի­ծա­ղե­լի ըլ­լա­լու ստոյգ հա­ւա­նա­կա­նու­թե­նէն: ­Մար­դի­կը ջեր­մե­ռանդ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ու այն­քա՛ն ա­ճա­պա­րան­քով կը փոր­ձեն ոչն­չաց­նել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս ոչն­չա­ցու­ցած են մեր հետ­քե­րը մեր հայ­րե­նի­քէն, որ­պէս­զի աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ մարդ` ի հե­ճուկս ի­րենց քա­մահ­րե­լի լկտիու­թեան:

­Թուրք պե­տու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը` վար­չա­պետ ու նա­խա­գահ, չեն փախցը­ներ ա­ռի­թը ը­սե­լու, թէ մեր սփիւռ­քը օս­ման­ցի­նե­րու զա­ւակ­ներն ու թոռ­ներն են եւ ի­րենց ալ սփիւռքն է: ­Թէ` ի­րենք կ­՛ու­զեն երկ­խօ­սու­թեան սկսիլ այդ սփիւռ­քին հետ, եւ կ­՛ու­զեն հաս­կա­ցո­ղու­թեան գալ նոյն այդ սփիւռ­քին հետ` մոռ­նա­լով, որ ի­րենք ե­ղան սե­ղա­նա­նենգ սե­ղա­նա­կա­պուտ­նե­րը հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան` ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րուն ու մօ­տիկ դրա­ցի­նե­րուն: ­Հե­տաքրք­րա­կան էր, երբ թրքա­հայ մը` Է­թիէն ­Մահ­ճու­պեա­նը նշա­նա­կե­ցին որ­պէս վար­չա­պե­տի ա­ւագ օգ­նա­կան, այդ գոր­ծըն­թա­ցը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, բայց ա­նոր ներ­կա­յու­թեան հան­դուր­ժե­ցին միայն քա­նի մը ա­միս, մին­չեւ որ այդ ա­ւագ օգ­նա­կա­նը յայ­տա­րա­րեց, թէ ինք վստահ է, թէ ի՛նչ որ պա­տա­հած էր, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր, թէեւ ինք հա­մա­միտ չէ սփիւռ­քի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ջան­քե­րուն:

Ակ­նե­րեւ հա­կա­սու­թիւն մը կայ թուրք պե­տու­թեան հաս­տա­տու­մին` կապ հաս­տա­տե­լու սփիւռ­քին հետ եւ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած քայ­լե­րուն ու գործ­նա­կան ա­րարք­նե­րուն մի­ջեւ: Ե­թէ կապ հաս­տա­տել ը­սե­լով` կը հասկ­նան զա­նա­զան ան­հատ­նե­րու հետ, նե­րա­ռեալ` ­Պո­լիս հրա­ւի­րո­ւող ու ի­րենք զի­րենք պատ­մու­թեան դա­սա­խօս­ներ կար­ծող­նե­րը, պրն. ­Տա­ւու­թօղ­լու սխալ ըն­թաց­քի մէջ է, ո­րով­հե­տեւ փաս­տօ­րէն այդ մար­դոց միակ կա­րե­ւո­րու­թիւն տո­ւող­նե­րը ի­րենք` թուր­քերն են: Պրն. ­Տա­ւու­թօղ­լու ոչ թէ պէտք է գիտ­նայ, այլ վստա­հա­բար գի­տէ, թէ միակ մար­դը, ո­րուն հետ պէտք է խօ­սի եւ միակ մար­դը, որ կրնայ խօ­սիլ ամ­բող­ջա­կան սփիւռ­քի ա­նու­նով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա.ն­ է` Ան­թի­լիա­սի մէջ, ­Սի­սէն առ­ժա­մա­բար հոն փո­խադ­րո­ւած ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը: Պրն. ­Տա­ւու­թօղ­լուն ե­րեք-չորս տա­րի ա­ռաջ ­Պէյ­րութ էր այ­ցե­լած որ­պէս ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար եւ հոն գտնո­ւած մի­ջո­ցին այ­ցե­լեց Պ­քեր­քէ ­Ռա­յի պատ­րիար­քին, հա­ւա­նա­բար` կա­րե­ւոր նիւ­թե­րու շուրջ խօ­սե­լու: ­Թե­րեւս: ­Թե­րեւս նաեւ զգու­շաց­նե­լու ­Հա­լէ­պի մէջ պա­տա­հե­լի դէպ­քե­րու մա­սին: ­Չենք կրնար գիտ­նալ, բայց բան մը կար, որ կա­րե­լի չէր չգիտ­նալ, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յու­թիւ­նը Ան­թի­լիա­սի մէջ, Պ­քեր­քէ չհա­սած:

­Ճիշդ է` ուղ­ղա­թի­ռով գա­ցած էր Պ­քեր­քէ, բայց ան­կա­րե­լի է, որ նշմա­րած չըլ­լար Ան­թի­լիա­սի մայր տա­ճա­րի երկ­նա­ձիգ գմբե­թը եւ անդ­րա­դար­ձած չըլ­լայ ա­նոր յի­շե­ցու­մին, թէ «մենք նաեւ հոս ենք»: «­Մենք»ին ով ըլ­լա­լուն հա­մար ինք ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թեան չէր կա­րօ­տեր:

Կրկ­նե­լու գնով պէտք է հարց­նել, թէ ին­չէ՞ն վախ­ցաւ պրն. ­Տա­ւու­թօղ­լուն Ան­թի­լիաս եր­թա­լէ: ­Չենք գի­տեր, վստահ ալ չենք, թէ վախ­ցաւ: ­Թե­րեւս ար­հա­մար­հեց` խոր­հե­լով, որ ե­թէ այ­ցե­լէր ­Կա­թո­ղի­կո­սին, կա­րե­ւո­րու­թիւն տո­ւած պի­տի ըլ­լար ա­նոր:

Այդ բո­լո­րը ձգե­լով ի­րեն, իր գործն էր, բայց ինք այժմ կ­՛անդ­րա­դառ­նա՞յ իր սխա­լին: Ո­րով­հե­տեւ հի­մա եւ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն, ե­թէ ու­զէ իսկ տեսնուիլ, պի­տի չկա­րե­նայ, ո­րով­հե­տեւ Ա­րամ Ա. որ­պէս ­Կա­թո­ղի­կոս ­Կի­լի­կիոյ հա­մայն հա­յոց, կեն­դա­նի թէ նա­հա­տակ­ներ սրբա­ցեալ, վե­րա­ծո­ւած է պող­պա­տեայ տէ­գի ու խրած` թուրք պե­տու­թեան կո­ղին, մնա­լու հա­մար հոն մին­չեւ վեր­ջին հա­տուց­ման պար­տա­մուր­հա­կի վեր­ջին վճա­րու­մը:

Պրն. ­Տա­ւու­թօ­ղուն սխա­լած էր իր ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան մէջ` ­Կի­լի­կիոյ ­Հա­յոց ­Հայ­րա­պե­տը չեն ար­հա­մար­հեր:

­Հի­մա դա­տա­րան է ներ­կա­յա­ցո­ւած պա­հան­ջը ու պէտք է սպա­սել ա­տեն մը, թե­րեւս` տա­րի մը, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին կամ քա­նի մը տա­րի­ներ` հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար:

­Վար­չա­պե­տէն ան­կախ, կայ նաեւ նա­խա­գա­հը` պրն. Էր­տո­ղա­նը, որ շփո­թի, ա­հա­զան­գի մատ­նո­ւած ան­հա­տի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կու տայ, միեւ­նոյն ա­տեն` ար­դի, ոճ­րա­միտ իթ­թի­հա­տա­կա­նի մը կեր­պա­րը ցո­լաց­նե­լով: ­Կար­ծէք` նոյն նպա­տակն է, որ կը հե­տապըն­դէ: ­Հոս ը­սել ու­զո­ւա­ծը այն չէ, թէ նա­խա­գա­հը ոճ­րա­գործ մըն է, այլ` շեշ­տե­լու այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, թէ ան կ­՛ափ­սո­սայ ու բնա­կա­նա­բար կը ջղայ­նա­նայ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րէն` գոր­ծը ար­մա­տա­պէս ամ­բող­ջա­ցու­ցած չըլ­լալ­նուն, չկա­րե­նալ լու­ծել­նուն հա­մար: Եւ ու­րեմն, իբ­րեւ տար­բե­րակ, գտած է թուրք հա­մալ­սա­րան­նե­րու թուրք, բա­ցի մէ­կէն, դա­սա­խօս­նե­րու խում­բը եւ հրա­ւի­րած զա­նոնք` նա­խա­գա­հա­կան նոր ա­պա­րան­քին մէջ քննար­կե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը: Ի դէպ, բա­րի վա­յե­լում պէտք է մաղ­թել այդ ա­պա­րան­քի ընտ­րու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ այդ նստա­վայ­րը ծան­րա­բեռ­նո­ւած չէ հա­յոց­մէ կո­ղոպ­տո­ւած ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թեամբ, ինչ­պէս ­Թուր­քիոյ շէն­քե­րու մէկ եր­րոր­դէն մին­չեւ կէ­սը հաս­նող հա­յոց տու­նե­րը, մէ­ջը ըլ­լա­լով ­Չան­գա­յա­յի նա­խա­գա­հա­կան նախ­կին պա­լա­տը, որ տա­կա­ւին չէ վե­րա­դար­ձուած իր ի­րա­ւա­տի­րոջ` ­Գա­սա­պեան­նե­րուն կամ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան:

Պրն. Էր­տո­ղան սխա­լած է, սա­կայն, ինչ­պէս միշտ, սայ­թա­քած է, երբ կը փոր­ձէ իր իսկ պատ­մու­թիւնն ու մեր պատ­մու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւել: Հ­րա­ւի­րած դա­սա­խօս­նե­րը ար­դէն ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւածք ու­նին ու կ­՛ը­սեն այն, ինչ որ նա­խա­գա­հը պի­տի ու­զէր լսել: ­Վեր­ջին հա­շո­ւով, նոյն այդ մար­դիկն են, ո­րոնք պատ­րաս­տած են թուրք վար­ժա­րան­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծո­ւող պատ­մու­թեան դա­սա­գիր­քե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցով հա­յա­տեաց թոյ­նը ան­կա­սե­լիօ­րէն կը սրսկո­ւի պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան մէջ:

Այս­քան՝ այդ շե­փո­րո­ւած հան­դիպ­ման մա­սին:

Այս բո­լո­րը կի­զա­կէ­տող ի­րա­կա­նու­թեան մը ա­կա­նա­տես կ­՛ըլ­լանք: Եր­բեմն թուրք դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կը տրո­ւին ա­ռաս­պե­լա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ, թէ թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը միշտ ի­րենց պե­տու­թեան ու­զա­ծը կը յա­ջո­ղին ի­րա­կա­նաց­նել: Այդ­տեղ մաս­նա­ւոր յատ­կու­թիւն մը չկայ, այդ­պէս ալ պէտք է ըլ­լայ: ­Տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն, սա­կայն, ան­յա­րիր բան մը կայ: ­Քե­մա­լա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նու­մէն աս­դին, 1923էն ի վեր, թուրք պե­տու­թիւ­նը ո­րո­շած է ա­մէն գնով մեր­ժել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ նոր, քե­մա­լա­կան խորհր­դա­րա­նը կազ­մո­ւած էր ա­ռա­ւե­լա­բար իթ­թի­հա­տա­կան ոճ­րա­գործ­նե­րէ եւ ա­ւա­զակ­նե­րէ, ո­րոնք ի­րենց կո­ղո­պու­տը ­Քե­մա­լի տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած էին: Վս­տա­հօ­րէն թուրք հա­շո­ւա­կալ­նե­րը գի­տեն, թէ այդ գու­մար­նե­րը քա­նի՛ մի­լիառ տո­լա­րի կը հաս­նին ու գի­տեն նաեւ, թէ այդ գու­մար­նե­րէն քա­նի՛ մի­լիոն կամ քա­նի՛ մի­լիառ տո­լար տրո­ւած է տար­բեր դա­սա­կար­գի դի­ւա­նա­գէտ ու այլ ցնծու­հի­նե­րու, որ­պէս­զի օգ­նեն թուրք պե­տու­թեան իր ջայ­լա­մա­յին ու­րաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը յա­ջո­ղեց­նե­լու:

­Պի­տի չյա­ջո­ղին:

Խն­դի­րը սա­կայն այն է, թէ պրն. Էր­տո­ղան եւս կը վճա­րէ ա­նոնց թուրք պե­տու­թեան գան­ձէն` ըլ­լա­լով միջ­նոր­դը ցնծու­հի­նե­րու եւ պե­տու­թեան մի­ջեւ:

­Հար­ցը ու­րեմն հե­տե­ւեալն է. պրն. Էր­տո­ղան ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա՞հն է, թէ՞ այդ ցնծու­հի­նե­րու կա­ւա­տը ինչ­պէս հան­րա­պե­տու­թեան միւս նա­խա­գահ­նե­րը իր­մէ ա­ռաջ, բա­ցա­ռե­լով թե­րեւս նա­խա­գահ ­Կիւ­լը:

­Պէտք է յու­սալ, որ սխա­լած եմ այս ար­ժե­ւո­րու­մին մէջ: ­Կայ նաեւ ու­րիշ ու շատ կա­րե­ւոր, գոր­ծող ու­ժա­յին հա­մա­կար­գը` թուրք բա­նա­կի օս­մա­նօ­ֆա­շիստ սպա­յա­կոյ­տը, որ ահ­ռե­լի ճնշում կը բա­նեց­նէ նա­խա­գա­հին վրայ՝ որ­դեգ­րո­ւած քե­մա­լա­կան վար­քագ­ծէն չշե­ղե­լու: Էր­տո­ղան հա­ւա­նա­բար պի­տի չու­զէ աս­պա­րէզ կար­դալ ա­նոնց եւ ի հե­ճուկս ա­նոնց փո­խել կե­ցո­ւած­քը: Ի վեր­ջոյ նա­խա­գահ­նե­րէն ­Թուր­կութ Էօ­զա­լի օ­րի­նա­կը բա­ւա­կա­նին թարմ է, եւ Էր­տո­ղա­նը պի­տի չու­զէր երկ­րորդ Օ­զա­լը ըլ­լալ:

­Կու գանք թուրք դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ա­ռաս­պե­լա­կան «հմուտ ճկու­նու­թեան», որ կը թո­ւի յօդս ցնդիլ, երբ հա­յե­րու հետ է կա­պո­ւած հար­ցը: ­Հա­կա­ռակ բո­լոր վե­րա­պա­հում­նե­րուն, թուրք պե­տա­կան գան­ձա­տու­նին հա­մար շատ ա­ւե­լի ձեռն­տու է հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան նստիլ մեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն` ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ եւ սկսի խօ­սիլ: Պրն. Էր­տո­ղան ինք եւս թե­րեւս զար­մա­նայ ար­դիւն­քէն, որ բա­ւա­կա­նին նպաս­տա­ւոր կրնայ ըլ­լալ եւ խնա­յո­ղա­կան` թուրք գան­ձին ու թուրք պե­տու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ սփիւռ­քի հա­մար հա­ւա­սա­րա­պէս:

Ան­կէ ետք փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը կը սկսի, եւ թէեւ քիչ մը եր­կար ժա­մա­նակ պէտք ըլ­լայ մօ­տիկ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու, բայց ան­կա­րե­լի չէ, մա­նա­ւանդ երբ ար­դէն եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մէջ կան նկա­տա­ռե­լի զան­գո­ւած­ներ, ո­րոնք եր­բեք ժա­մա­նակ պի­տի չկորսնց­նեն վերսկ­սե­լու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը` ան­հա­տա­կան փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը ու­նե­նա­լով իբ­րեւ ա­մուր կռո­ւան:

Ու­րեմն, պրն. Էր­տո­ղան, վե՛րջ տո­ւէք ու­րա­ցու­մի, ա­տե­լու­թեան եւ օս­մա­նօ­ֆա­շիստ չա­րի­քի նա­խա­ձեռ­նու­թեանց եւ հրա­ւի­րե­ցէք ձեր հայ գոր­ծըն­կեր­նե­րը ան­կեղծ ու սրտբաց զրոյ­ցի, կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում­նե­րու, ­Կար­սի դաշ­նա­գի­րը ձեր ձեռ­քով պատ­ռե­լու, ան­վա­ւեր հռչա­կե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով՝ այդ մտա­տե­սա­կան հսկա­յա­կան ոս­տու­մին իբ­րեւ խո­րա­պատ­կեր:

Մարզ­պետ ­Մար­կո­սեան