«Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը, որ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ դարձած է Bestseller եւ թարգմանուած տարբեր լեզուներով:
Վէպին հեղինակը հայկական ծագումով ամերիկացի գրող Քրիս Պոհճալեանն է, որուն վէպերուն հիման վրայ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ նկարահանուած են հոլիվուտեան քանի մը շարժանըկարներ: Հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, անդրադառնալով վէպի թեմային, Պոհճալեան պատմած է, որ ասիկա Ցեղասպանութեան մասին գրելու իր երկրորդ փորձն է: Ըստ հեղինակին` առաջին փորձը եղած է 1999ին, սակայն դեռ անաւարտ վէպի ընթերցումէն յետոյ որոշած է կիսատ ձգել զայն եւ թեմային անդրադարձած է միայն 2010 թուին:
Ցեղասպանութեան թեմային անդրադարձը կապուած է գրողի պատմական արմատներուն, որոնք կը սերին Արեւմտեան Հայաստանէն: Բացի այդ, անոր կը մտահոգէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Ցեղասպանութեան մասին եղած թիւր կամ ոչ-բաւարար տեղեկատւութիւնը: 2012թ. հրատարակուած վէպը, ըստ գրողին, Ցեղասպանութեան հէնքին պատկերուած սիրոյ մասին պատմութիւն է: Վէպը երկու պատմութիւն է, մէկուն մէջ Ելիզապէթ Էնտիքոդի եւ Արմէն Պետրոսեանի պատմութիւնն է. սիրահարներ, որոնք կը հանդիպին Սուրիոյ մէջ Եղեռնի ընթացքին, եւ անոնց թոռնուհի Լաուրա Պետրոսեանի պատմութիւնը, որ հարիւրամեակ անց կը փորձէր հասկնալ` ինչո՞ւ անոնք այդքան լուռ էին իրենց պատանեկութեան մասին, մինչդեռ անոր քաղաքամերձ կեանքը լիովին տարբեր էր այն իրավիճակէն, երբ իր տատիկն ու պապիկը սիրահարուած էին:
Համաձայն USA Todayի, Պոհճալեան շուրջ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները այնպէս կենդանացուցած է, որ ընթերցողը շնչահեղձ կ՝ըլլայ այդպիսի սարսափազդու իրադարձութիւններէն` Թուրքիոյ բոլոր հայերը իրենց իսկ երկրի վրայէն բնաջնջելու որոշումէն:
Քրիս Պոհճալեան կը խոստովանի, որ, երբ կը սկսէր վէպը, չէր կրնար պատկերացնել, որ անիկա պիտի դառնայ bestseller, կամ` որ անիկա պիտի թարգմանուի քանի մը լեզուներով:
Ըստ անոր, Ամերիկային մէջ յաջողակ գրող ըլլալը այնքան դիւրին գործ չէ:
Գրողը կը խոստովանի, որ թէեւ կը համարուի այդպիսին, իրականութեան մէջ չի գիտեր, թէ որն է անոր գաղտնիքը:
Քրիս Պոհճալեան ամերիկահայ վիպասան է, 15 վէպերու հեղինակ, անոր գրիչին կը պատկանին «Մանկաբարձուհիներ» եւ «Աւազ է ամրոցի աղջիկները» bestsellerները: