Ապ­րո­ղի մը վերջ­նա­կան մեկ­նու­մը դէ­պի ա­նէու­թիւն,- ըն­կա­լեալ բա­ռով մը՝ դէ­պի ան­դե­նա­կան-, ինք­նին դժո­ւար ըմբռ­նե­լի, դժո­ւար «խօ­սե­լի» դէպք է, գլխա­գիր՝ Դէպք է - տա­նող մին­չեւ համ­րա­ցում։ Մա­նա­ւանդ երբ մեկ­նո­ղը ե­ղած է շեշ­տո­ւած ան­հա­տա­կա­նու­թիւն, եւ իր կեան­քի ժա­մա­նա­կը կը զու­գոր­դո­ւի հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­նե­րու ի­րաց­ման ամ­բողջ վաս­տա­կի մը։ Կը նոյ­նա­նայ ա­նոր հետ։

Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի մեկ­նու­մը «մեր» աշ­խար­հէն՝ ան­կաս­կած կ­՚արթնց­նէ այս տպա­ւո­րու­թիւ­նը, այս հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ ի­րեն քիչ-շատ ծա­նօթ ա­մէն ան­ձի մէջ։ Բայց մա­նա­ւանդ եր­կար ա­տեն ի­րեն մօտ ե­ղած (չեմ ը­սեր՝ մտե­րիմ) ան­ձերն են որ, մինչ կը փոր­ձեն հրա­ժեշ­տի եր­կու խօսք ուղ­ղել ի­րեն, կամ կը ջա­նան ար­ժե­ւո­րել իր գոր­ծը, կը դրո­ւին յա­ւե­լեալ, մաս­նա­ւոր դժո­ւա­րու­թեան մը առ­ջեւ։

­Շատ ամ­փոփ՝ այդ դժո­ւա­րու­թեան աղ­բիւրն ու պատ­ճա­ռը Ար­փի­կի ան­ձին, նկա­րա­գի­րին բնո­րոշ քա­նի մը հիմ­նա­կան գի­ծեր են.- խորհր­դա­պա­հու­թիւն՝ մին­չեւ գաղտ­նա­պա­հու­թիւն, ան­սե­թե­ւե­թու­թիւն՝ ի հար­կին ան­տա­շու­թեան հաս­նող, եւ հիւ­մուր՝ միշտ տե­ղին ու ողջ­միտ, ու եր­բեմն ալ անխ­նայ։

Ար­փի­կին հետ բնա­կա­նօ­րէն ճիշդ ա­լի­քի վրայ հա­ղոր­դակ­ցող, այ­սինքն նկա­րա­գի­րի ու վար­քի նման գի­ծեր բաժ­նող ան­ձեր ա­ռիթն ու բախ­տը ու­նե­ցած են իր հետ գոր­ծե­լու իբր բա­րե­կամ ու գոր­ծա­կից. գնա­հա­տե­լու հա­զո­ւա­գիւտ -որ­քան ալ դժո­ւար «տնտես­վա­րե­լի» - իր մարդ­կա­յին յատ­կու­թիւն­նե­րը...

Անձ­նա­կան այս վկա­յու­թիւ­նը՝ մեզ­մէ բաժ­նո­ւող բա­րե­կամ հո­գիի մը հաս­ցէին, ա­հա, հոս կը խան­գա­րո­ւի-կը զսպո­ւի ա­ւե­լի հե­ռու եր­թա­լու դէ­պի ա­ւե­լի սրտբաց զգա­ցա­կա­նու­թեան մը կող­մը՝ ճիշդ այդ գի­ծե­րու ճնշու­մով։ Յի­շո­ղու­թեանս պաս­տա­ռին կը գծագ­րո­ւի Ար­փի­կին պատ­կե­րը, մինչ ան՝ կար­ծես, Hauteville փո­ղո­ցի մայ­թին բա­ցո­ւող «­Յա­ռաջ»ի խմբագ­րա­տան իր գրա­սե­ղա­նին ե­տե­ւէն, բա­զու­կը թե­թե­ւօ­րէն բարձ­րա­ցու­ցած՝ կը ճօ­ճէ «ու­նայ­նու­թիւն» նշող ար­հա­մար­հա­կան շար­ժու­մով, եր­գի­ծող ժպի­տով կը լռեց­նէ «ա­ւե­լորդ» խօս­քերս, եւ (մա­նա­ւանդ ե­թէ շա­բաթ ե­րե­կո­յի ա­ւան­դա­կան հան­դի­պումն է) կը շա­րու­նա­կէ չա­ւար­տող զրոյ­ցը «­Յա­ռաջ»ի «­Միտք եւ Ա­րուեստ»ի ըն­թա­ցիկ թի­ւին մա­սին, կամ իր ման­րա­վէ­պե­րով կ­՚ո­գե­կո­չէ դէմ­քեր ու դէպ­քեր ֆրան­սա­հայ գա­ղու­թի հի­նէն ու նո­րէն - բայց մա­նա­ւանդ հի­նէն, ա­ւե­լի «հա­մով-հո­տով»՝ ի­րեն հա­մար։ Հոս է որ, պղպե­ղի պէս կծու եւ հա­մով իր հիւ­մու­րը, ուղ­ղո­ւած բո­լո­րին, եւ եր­բեմն ալ իր իսկ ան­ձին, կը կազ­մէ գլխա­ւոր խոր­տի­կը ըն­կե­րա­ցող բա­ժակ մը խմիչ­քին։

***

Խօ­սած չե­ղայ Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի գոր­ծին մա­սին։ Ա­տի­կա ե­րե­ւի ա­ւե­լի եւս դժո­ւար է, ու դժո­ւար ամ­փո­փե­լի՝ հրա­ժեշ­տի կարճ խօս­քի մը մէջ, քան ինչ որ կրցայ ը­սել ան­ձին մա­սին։ Շա­րու­նա­կել մեծն Շա­ւար­շի ստեղ­ծած ու ե­րեք տաս­նա­մեակ վա­րած գոր­ծը՝ իս­կա­կան «­Հիմ­նար­կու­թիւն» մը, յի­սուն ու ա­ւե­լի տա­րի­ներ եւս, պահ­պա­նե­լով զայն ան­խախտ,- գո՛րծ է որ, հիմ­նա­դի­րի ա­ռա­ջին խմբագ­րա­կա­նին իսկ բա­ռե­րով՝ ինք­նին «կը խօ­սի»։
­Գե­րա­գոյն հա­ւա­տար­մու­թեան մը այս պայ­ծառ օ­րի­նա­կը, հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան եւ Ս­փիւռ­քի պատ­մու­թեան տա­րեգ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան­պայ­ման ար­ձա­նագ­րե­լի, ու­նի յի­շա­տա­կե­լի մի քա­նի ե­րես­ներ, ո­րոնց­մէ - փա­կե­լու հա­մար - պի­տի նշեմ մէ­կը միայն.- Ներդ­րու­մը յա­նուն գրա­կան-մտա­ւո­րա­կան մի­ջա­վայ­րի ստեղծ­ման։  ­Խօսքս 1970ա­կան­նե­րու ա­ւար­տէն՝ շուրջ ե­րեք տաս­նա­մեակ, ամ­սա­կան կշռոյ­թով «­Միտք եւ Ա­րո­ւեստ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան մա­սին է, ի­րա­գոր­ծում որ, հա­կա­ռակ հա­մայն­քա­յին ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կի լե­զո­ւա-մշա­կու­թա­յին նո­ւա­զու­մի ծա­նօթ կա­ցու­թեան, ջա­նաց վերս­տանձ­նել-շա­րու­նա­կել «­Յա­ռաջ»ի խա­ղա­ցած դե­րը ֆրան­սա­հայ գրա­կան-մտա­ւո­րա­կան ա­ռա­ջին սե­րուն­դի կազ­մա­ւոր­ման մէջ, իր ա­տե­նին։
Հ­րա­ժեշ­տի այս եր­կու բա­ռը հոս թո՛ղ կանգ առ­նէ, ա­պա­գա­յին ձգե­լով գնա­հա­տու­մը «­Յա­ռաջ»ի ու Ար­փիկ Մի­սա­քեա­նի վաս­տա­կին՝ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան լրջա­գոյն այս մար­զին թէ միւս մար­զե­րուն մէջ։ Կանգ առ­նէ՝ ան­գամ մը եւս կրկնե­լով Շ.ի բա­ռե­րը, հայ­րա­կան ստո­ւե­րա­յին ձայ­նով ար­տա­սա­նո­ւած.- Գոր­ծը թո՛ղ խօ­սի։

Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեան