Յունաստանի պետական սնանկացման աղէտը վերջին օրերուն արագօրէն ու թաւալգլոր անկում ապրեցաւ։
Ամբողջ յոյն հասարակութիւնը այսօր մատնուած է ընկերատնտեսական ծանրագոյն անձկութեան ու
մղձաւանջի, այլեւ՝ խուճապահար քաղաքական ճգնաժամի։
Աղէտը ամբողջական է։
Յունաստան կ'ապրի իր պատմութեան ամէնէն մութ եւ օրհասական պահերէն մէկը։
Պետութիւնը կքած է ծանրագոյն պարտքերու տակ եւ ի վիճակի չէ, առանց պարտատէրերէն նոր վարկեր ստանալու, վճարելու ոչ միայն իր մսխած վարկերէն կուտակուած պարտքերը, այլեւ անոնց տոկոսներն անգամ...
Այսօր ժամանակը չէ խօսելու տնտեսական¬ընկերային այն սխալ ուղղութիւններուն կամ քաղաքական այն չարաշահումներուն մասին, որոնք հոս հասցուցին պետութիւնն ու հասարակութիւնը։
Ժամանակը չէ մանաւանդ խուճապահար քաղաքական սարսափի այն հեղձուցիչ մթնոլորտին, որ օրէ օր կը սաստկանայ Յունաստանի տարածքին։
Քաղաքական խուճապի անձնատուր ըլլալով եւ, անդունդի մէջ ինկած ըլլալով հանդերձ, քաղաքական¬կուսակցական հաշուեյարդարներ հետապնդելով՝ կարելի չէ դիմագրաւել պետական սնանկացման աղէտը։
Ոչ միայն Յունաստանի այսօրը փրկելու, այլեւ ու մանաւանդ յոյն ժողովուրդի ապագան երաշխաւորելու՝ նոր սերունդներուն հեռանկար տալու մեծագոյն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք։
Աղէտին դիմագրաւումը եւ Ապագայի հեռանկարին երաշխաւորումը հնարաւոր են միայն քաղաքացիական զգօնութեամբ եւ քաղաքական երկխօսութեամբ։
Արտասովոր չէ, որ յոյն հասարակութիւնը այսօր բուռն տարակարծութեանց մէջ է ու երկփեղկուած մօտեցում ունի աղէտը յաղթահարելու յարմարագոյն քաղաքականութիւնը ճշդելու հարցին նկատմամբ։
Արտասովորն ու մտահոգիչը՝ խուճապահար ըլլալու եւ հասարակութիւնը հակադիր ու թշնամական ճամբարներու բաժնելու անարդարանալի բեւեռացումն է։
Յուլիս 5ի հանրաքուէի միակ հարցումին "այո՛" կամ «ո՛չ» պատասխանելու ամենայն իրաւունք եւ ազատութիւն ունի յոյն իւրաքանչիւր քաղաքացի։ Ինչ որ ալ ըլլայ քաղաքացիներու մեծամասնութեան կամքը, ժողովրդավար երկրի հարուստ աւանդոյթ ունեցող Յունաստանը կրնա՛յ իր ուղին հարթել՝ "ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ" աստուածաշնչական իմաստութեամբ։
Կարեւորը, ծանրագոյն աղէտի դիմագրաւման այս վճռորոշ պահուն, քաղաքական խուճապի յաղթահարումն է։
Կարեւորը՝ Յունաստանի այսօրուան եւ վաղուան ուղին ժողովուրդի կամքով հունաւորելու զգօն նախանձախնդրութիւնն է։