­Ե­րէ­կո­ւը­նէ ի վեր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին վրայ կա­խո­ւած է դա­մոկ­լեան ա­հա­բե­կիչ սու­րը՝ ար­դեօ՞ք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի վեր­ջոյ պի­տի դի­մեն ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի ցու­ցա­րար­նե­րու պատ­նէ­

շը քան­դե­լու ճա­կա­տագ­րա­կան քայ­լին…­պի­տի գա՞յ ար­դեօք այդ պա­հը եւ գայ ի՞նչ գնով։

Այս պա­հուն դժո­ւար է գու­շա­կու­թիւն­ներ ը­նել, թէ ո՞ւր կը հաս­նի ի վեր­ջոյ առ­ճա­կատ­ման այս մտա­հո­գիչ հո­լո­վոյ­թը երկ­րի կեան­քին մէջ։ Յս­տակ է միայն մէկ բան։ Ի­րե­րու ներ­կայ դրու­թեամբ, ­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի պատ­նէ­շը վեր­ցո­ւի կամ ոչ, ա­մէն օր ա­ւե­լի ա­մուր եւ սպառ­նա­լից՝ իշ­խա­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել այն հո­գե­բա­նա­կա՛ն պատ­նէ­շը, որ զինք կը բաժ­նէ ժո­ղո­վուր­դի ստո­ւար մէկ զան­գո­ւա­ծէն։ Եւ այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ անց­նող բազ­մա­թիւ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին խորհր­դա­րա­նի կեան­քէն դուրս պա­հո­ւած են երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը, ինք­նին կու գայ հաս­տա­տե­լու, որ պե­տա­կան հա­մա­կար­գէն ներս ար­դէն լայն չա­փե­րով նո­ւի­րա­կա­նա­ցած է խզման մտայ­նու­թեամբ գոր­ծե­լու վեր­նա­խա­ւի մշա­կոյ­թը։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կագ­նի բարձ­րաց­ման շար­ժա­ռի­թով դրսե­ւո­րո­ւած այս տա­րե­րա­յին շար­ժու­մը մեծ նո­ւէր մըն է Հ.Հ. ­Մե­ծար­գոյ ­Նա­խա­գա­հին։ Ա­նի­կա թան­կա­գին ախ­տա­նիշն է, զոր պէտք է ող­ջու­նել մե­ծա­գոյն լրջու­թեամբ եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։ ­Հա­սա­րա­կու­թեան հի­ւանդ մար­մի­նը պէտք ու­նի հիմ­նա­կան եւ ար­մա­տա­կա՛ն ախ­տա­զերծ­ման։ Ա­սի­կա այն ան­գին եւ ե­զա­կի պա­տե­հու­թիւնն է, զոր պէտք է ճիշտ գնա­հա­տել եւ որ­մէ ան­պայ­ման պէտք է օգ­տո­ւիլ եւ զայն ը­նել մեծ սկիզբ մը հայ մար­դու կեան­քին մէջ։ ­Նա­խա­գահն ու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է դի­մադ­րեն երկ­րի հար­ցին մա­կե­րե­սա­յին լու­ծում­ներ միայն բե­րե­լու վտան­գա­ւոր փոր­ձու­թեան։ «­Բու­ժել» ախ­տա­նի­շը՝ փո­խա­նակ բու­ժե­լու տա­ռա­պող մար­մի­նը ան­հե­թե­թու­թիւն է և­ ա­նար­գա՛նք՝ հան­դէպ մեր ժո­ղո­վուր­դին։ «­Վե՛րջ ­Թա­լա­նին» կար­գա­խօ­սը ե­րի­տա­սար­դա­կան ընդվ­զու­մէ մը բխած եւ րո­պէին միայն պատ­կա­նող սոսկ պա­հանջ մը չէ, զոր կա­րե­լի ըլ­լայ ժա­մա­նա­կա­ւոր լու­ծում­նե­րով գո­հաց­նել։ Այդ պա­հան­ջի ե­տին այ­սօր կե­ցած է ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը ­Հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ։ ­Նոյ­նիսկ ա­նո՛նք՝ ո­րոնք ցարդ ինչ-ինչ հա­շիւ­նե­րով ի­րենց քո­ւէն տո­ւած են ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան, այ­սօր կանգ­նած են այս նոյն հար­ցին առ­ջեւ։ Ա­ւե­լի քան քսան տա­րի­նե­րէ ի վեր քաշք­շո­ւող եւ ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող վեր­նա­խա­ւի այս ա­պա­բա­րոյ մեղ­րա­լու­սի­նը վերջ պէտք է գտնէ միան­գա­մընդ­միշտ։

­Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի պատ­նէ­շը այ­սօր կը խորհր­դան­շէ մեր ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան մեծ ա­նե­լը։ Ես կաս­կած չու­նիմ, որ մենք պի­տի կրնանք հզօր կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ դի­մագ­րա­ւել մեր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան մեծ խնդիր­նե­րը այ­սօր եւ ա­պա­գա­յին. պայ­մա­նաւ՝ որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ի խո­րոց սրտի հա­մո­զո­ւի, թէ այս եր­կի­րը իրն է եւ որ ինք տէրն է իր ճա­կա­տագ­րին եւ որ իր քո­ւէն ուժ է եւ որ այդ քո­ւէն երկ­րի միակ վստա­հե­լի ուժն է եւ որ ար­դէն ան­վի­ճե­լիօ­րէն սկսած է բուժ­ման խի­զախ գոր­ծըն­թա­ցը պե­տու­թեան բո­լոր ծա­ւալ­նե­րը ընդգր­կող յե­ղա­փո­խա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Կա­րօ Ար­մե­նեան
Յու­նիս 29, 2015