Ս­խալ եւ ա­ղա­ւա­ղ­ո­ւած ձե­ւով կը նկա­րագ­րո­ւի Ե­րե­ւա­նի պո­ղո­տա­նե­րուն վրայ կա­տա­րո­ւա­ծը եւ այդ մէ­կը նոյն­քան վնա­սա­կար ու վտան­գա­ւոր է, որ­քան կա­տա­րո­ւած ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներն ու բան­տար­կու­թիւն­նե­րը:

Մա­մուլն ալ կը փոր­ձէ ծու­ղա­կի ձգել դի­տոր­դը եւ զայն ուղ­ղել տար­բեր մտա­ծում­նե­րու, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու:

«Ա­զա­տու­թիւն» եւ «­Բաղ­րա­մեան» պո­ղո­տա­նե­րու վրայ կա­տա­րո­ւա­ծը կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել Ուք­րա­յի­նա­յի մէջ կա­տարուած «­Մայ­տան»ին:

Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման պի­տակ տալ, կամ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ակ­նո­ցով դի­տել հար­ցը, կրնայ յա­ւե­լեալ ան­տե­ղի վեր­լու­ծում­նե­րու յան­գեց­նել:

Ո՛չ…­Պա­տա­հա­ծը հայ­կա­կան «մայ­տան» չէ, ո՛չ ալ ե­լեկտ­րա­կա­ն «մայ­տան»: Դեռ ա­ւե­լին, ո՛չ ալ ե­ռա­գոյն կամ ծի­րա­նի գա­րուն:

Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւա­կան այս ըն­թաց­քը պար­զա­պէս ճիշտ ձե­ւով չի նկա­րագ­րեր պա­տա­հա­ծը Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Միեւ­նոյն ըն­թաց­քին մէջ է նաեւ Ռու­սաս­տա­նեան մա­մու­լը, ուր ազ­դե­ցիկ թեր­թեր յանդգ­նած են մրո­տե­լու, թէ Կով­կա­սեան «Ուք­րա­յի­նա­կան Թն­ճուկ» մը սկսած է ստեղ­ծո­ւիլ:

Տե­ղին է շեշ­տել, կրկնել եւ ընդգ­ծել, թէ ամ­բո­խը կը բո­ղո­քէ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան հար­ցի մը պատ­ճա­ռով: Ա­ւե­լի քան տա­րի մը ա­ռաջ, ցոյ­ցեր ծայր ա­ռած էին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սա­կի բարձ­րաց­ման պատ­ճա­ռով: Իսկ այ­սօր, ժո­ղո­վուր­դը իր ցա­սումն ու զայ­րոյ­թը կ­՛ար­տա­յայ­տէ, ո­րով­հե­տեւ պե­տու­թիւ­նը ո­րո­շած է 16,7 առ հա­րիւր հա­մե­մա­տու­թեամբ բարձ­րաց­նել ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նը:

Հար­ցը քա­ղա­քա­կան եւ յատ­կա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ակ­նո­ցով դի­տո­ւած, աշ­խա­հա­քա­ղա­քա­կան հի­մե­րու վրայ դրսե­ւո­րո­ւած բնոյթ չու­նի:

Տա­րի մը ա­ռաջ, փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սա­կի բարձ­րաց­ման գծով, երկ­րոր­դա­կան էր փո­խադ­րա­կառ­քին վա­ճա­ռա­նի­շը՝ եւ­րո­պա­կա՞ն թէ ռու­սա­կան:

Յու­նիս 2015ին ալ, երկ­րոր­դա­կան է այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, թէ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն հայ­թայ­թող ըն­կե­րու­թիւ­նը ռու­սա­կան է:

Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թիւն ընդ­դէմ Եւ­րո­միու­թիւն մրցակ­ցու­թիւն չէ պա­տա­հա­ծը, եւ այս գծով դժբախ­տա­բար մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը չ­þու­զեր տե­ղե­կաց­նել հե­տաքրքրա­կան ե­րե­ւոյթ մը, որ կը փաս­տէ հար­ցին զուտ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բնոյ­թը:

Ար­դա­րեւ, մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը, թէ՛ Ո­ւա­շինկ­թը­ն­ եւ թէ՛ Մոս­կո­ւա կա­րե­ւո­րու­թեամբ չեն անդ­րա­դառ­նար, որ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներն ալ, նե­րա­ռեալ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող եւ սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման գոր­ծօ­նին մէջ մեծ դեր ու­նե­ցող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը այս ցոյ­ցե­րուն: Ա­նոնք պատ կազ­մած են ցու­ցա­րար­նե­րուն եւ ոս­տի­կան­նե­րուն մի­ջեւ՝ բա­ցա­յայ­տե­լով, թէ պա­տա­հա­ծը խոր քա­ղա­քա­կան բնոյթ չու­նի:

Հար­ցը, զուտ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող սղաճն է, որ ա­մե­նայն նեն­գամ­տու­թեամբ կա­րե­լի է քա­ղա­քա­կան, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դաշտ փո­խադ­րել եւ թու­նա­ւո­րել Ե­րե­ւա­նի պո­ղո­տա­նե­րուն վրայ ստեղ­ծո­ւած «լուռ ցա­ւեր»ը:

Ժա­մա­նա­կը չէ ծու­ղա­կը իյ­նա­լու:

Հե­տե­ւա­բար…Ո՛չ թա­լա­նին, ո՛չ ալ շին­ծու՝ ե­լեկտ­րա­կա­ն կամ ե­ռա­գոյն «մայ­տան»ին:

«­Հայ­րե­նիք»