­Օ­րե­րը կ­՛անց­նին, ­Բաղ­րա­մեա­նի վրայ ցոյ­ցը կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ օ­րէ օր ա­ւե­լի բազ­մա­մարդ կը դառ­նայ: «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նող խում­բի եւ ընդ­հան­րա­պէս ցու­ցա­րար­նե­րու կե­ցուած­քը ար­ժա­նա­ցած է շա­տե­րու հիաց­մուն­քին: Ես ալ հպար­տօ­րէն կրնամ յայ­տա­րա­րել, որ ուղ­ղա­կի հրա­շա­լի կը գտնեմ այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վար­քա­գի­ծը եւ զիս միակ ան­հանգս­տաց­նո­ղը ի­րենց կող­քին ֆի­զի­քա­պէս չըլ­լալն է: Այս զգա­ցա­կան վի­ճա­կը եւ ընդ­հան­րա­պէս ե­րե­ւոյ­թի կա­խար­դան­քը կրնան զիս զրկած ըլ­լալ ա­ռար­կա­յա­կան վեր­լու­ծու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ շար­ժու­մի որ­դեգ­րած մար­տա­վա­րու­թիւ­նը ինչ որ գի­տա­կան կամ այլ չա­փա­նիշ­նե­րով գնա­հա­տե­լու կա­րո­ղու­թե­նէն:

­Շատ ալ յու­զո­ւած չեմ այս սահ­մա­նա­փա­կու­մէն: Մ­տա­հոգ ալ չեմ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­ռան­կա­րա­յին ըլ­լա­լու կամ, ա­ւե­լի ճիշ­դը, չըլ­լա­լու մա­սին կաս­կա­ծոտ, եր­բեմն նոյ­նիսկ բա­ցա­սա­կան դա­տում­նե­րէն: ­Շար­ժու­մի ղե­կա­վար­նե­րուն հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ, որ ա­նոնք հա­ւա­տա­ցած են ի­րենց պայ­քա­րի յաղ­թա­կան ա­ւար­տին եւ տա­կա­ւին ի­րենց վճռա­կա­նու­թիւ­նը պայ­քա­րին մաս­նակ­ցող­նե­րուն բազ­մաց­ման գոր­ծօն կը մնայ: Ին­ծի հա­մար այդ­քա­նը բա­ւա­րար է եւ ե­թէ Ե­րե­ւան գտնո­ւէի, ան­պայ­ման կը միա­նա­յի ցու­ցա­րար­նե­րուն:

Իմ գնա­հա­տու­մով՝ շար­ժու­մը ար­դէն իսկ յա­ջո­ղած է, ո­րով­հե­տեւ ծնունդ տո­ւած է նոր ո­րա­կի ընդ­դի­մու­թեան մը, ո­րուն հետ հա­շի­ւի պէտք է նստին թէ՛ իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: ­Շար­ժու­մի յաղ­թա­կան ա­ւար­տը պի­տի ազ­դա­րա­րո­ւի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կի թան­կաց­ման «չե­ղար­կում»ով, ո­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը այս հանգ­րո­ւա­նին հա­ւա­նա­կան չի նկա­տո­ւիր, գո­նէ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին: ­Նա­խա­գա­հի պա­հան­ջած հա­շո­ւեքն­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին յաղ­թա­նա­կի ե­րաշ­խիք չէ, նոյ­նիսկ դէ­պի յաղ­թա­նակ տա­նող հանգ­րո­ւա­նա­յին ի­րա­գոր­ծում չի հա­մա­րո­ւիր:

­Շար­ժու­մի ղե­կա­վար­նե­րը կա­րիք չեն տես­ներ նա­խա­գա­հի այս քայ­լը իբ­րեւ ա­նոր կող­մէ զի­ջում, ու­րեմն յաղ­թա­նա­կի ճամ­բուն վրայ, շօ­շա­փե­լի յա­ջո­ղու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու ժո­ղո­վուր­դին՝ վստահ ըլ­լա­լով, որ ա­տի­կա պար­զա­պէս կրնայ ցու­ցա­րար­նե­րու վճռա­կա­նու­թիւ­նը նո­ւա­զեց­նել, այլ ոչ թէ «ա­հա տե­սէք սկսանք յաղ­թե­լու»՝ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­լով՝ ա­նոնց թի­ւը բազ­մաց­նել:

­Յա­մե­նայն­դէպս, ­Շար­ժու­մը ու­ժե­ղա­նա­լու, տա­րա­ծո­ւե­լու փաս­տեր կու տայ, եւ այդ ին­ծի հա­մար բա­ւա­րար է եզ­րա­կաց­նե­լու, որ ժա­մա­նա­կը կ­՛աշ­խա­տի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու օգ­տին:

Ժա­մա­նա­կը նաեւ կ­՛աշ­խա­տի նոր ո­րա­կի այս ընդ­դի­մու­թեան ե­րի­տա­սարդ ղե­կա­վար­նե­րու հա­սու­նաց­ման օգ­տին, ո­րուն բա­րիք­նե­րը հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ ուշ կամ կա­նուխ ան­պայ­ման կը դրսե­ւու­րո­ւին:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ