­Թուր­քիոյ վեր­ջին ընտ­րու­թեանց հի­մամբ՝ ի­րա­րու հա­կա­դիր ե­րեք կու­սակ­ցու­թեանց ցան­կե­րուն մէջ նե­րա­ռո­ւած ե­րեք հայ թեկ­նա­ծու­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը (պա­տո­ւա­բեր քո­ւէ­նե­րով) եւ ընդ­հան­րա­պէս երկ­րին քա­ղա­քա­կան նոր

խմո­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն վեր­լուծ­ման թե­մա մնալ հայ թէ մի­ջազ­գա­յին հրա­պա­րա­կում­նե­րու մէջ։ Չ­տա­րա­ծուե­լու հա­մար՝ կար­ժէ պահ մը կե­նալ ու խորհր­դա­ծել այդ վեր­լու­ծում­նե­րու միայն մէկ կէ­տին վրայ։

Ե­րէ­կո­ւան՝ 23 ­Յու­նի­սի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թին մէջ կար մէջ­բե­րում մը թուրք յայտ­նի լրագ­րո­ղի մը մէկ վեր­լու­ծու­մէն, ուր ան ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու կը յայտ­նէ, թէ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յաղ­թե­ցին ծպտեալ հա­յե­րը: Ա­ւե­լին. ակ­նար­կե­լով քիւր­տա­մէտ նոր կու­սակ­ցու­թեան (որ 10 առ հա­րիւ­րի սահ­մա­նը հա­տե­լով դար­ձած է խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ՝ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­կար­գի վե­րա­ծե­լու   Էր­տո­ղա­նի փայ­փա­յած ծրա­գի­րը գէթ ա­ռայժմ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նած)՝ ան­սե­թե­ւեթ կը գրէ .- «... Անձ­նա­պէս պի­տի յօ­ժա­րիմ նոյ­նիսկ, որ ա­նոնք քիւր­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն մը ըլ­լան: ­Կը բա­ւէ, որ հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն մը չըլ­լան...»:

Մ­տա­ծենք պահ մը. հա­կա­ռակ ա­նոր, որ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, իսկ վեր­ջին շրջա­նին շեշ­տո­ւած կեր­պով, ­Թուր­քիոյ մե­ծա­գոյն գլխա­ցա­ւան­քը քիւր­տերն են, բայց ա­հա ... լրագ­րո­ղը կը նա­խընտ­րէ քիւր­տա­կա­նը, «կը բա­ւէ, որ հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն չըլ­լան»: Ան­շուշտ կայ նաեւ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, որ քիւր­տե­րը, ե­թէ զրկո­ւին խորհր­դա­րա­նին մէջ ներ­կայ ըլ­լա­լու ի­րա­ւուն­քէն, ի­րենց գո­յու­թիւ­նը պի­տի զգաց­նեն լեռ­նե­րու վրայ՝ զէն ի ձե­ռին:

Ա­մե­նայն­դէպս, ա­ռանց փաս­տի ու տուեա­լի, միայն են­թադ­րա­բար կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ՝

1. ­Թուրք վեր­նա­խա­ւը լաւ գի­տէ իս­լա­մա­ցած-իս­լա­մա­ցո­ւած կամ քիւր­տա­ցած թէ թրքա­ցո­ւած հա­յե­րու թո­ւա­քա­նա­կին ազ­դե­ցիկ տա­րո­ղու­թիւ­նը: ­Քո­ւէ որ­սա­լու հա­շի­ւով է, որ կը բա­ցատ­րո­ւի, թէ ին­չո՞ւ ճա­կա­տագ­րա­կան հա­մա­րո­ւող վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հայ թեկ­նա­ծու­ներ ներգ­րա­ւո­ւած էին տար­բեր կու­սակ­ցու­թեանց ընտ­րա­ցան­կե­րուն մէջ:

2. ­Պէտք չէ կաս­կա­ծիլ, որ թաք­նո­ւած հա­յե­րու քո­ւէ­նե­րը կեդ­րո­նա­ցած ըլ­լան հայ թեկ­նա­ծու­նե­րուն վրայ: ­Թուր­քիոյ վեր­նա­խա­ւին հա­մար հա­ւա­նա­կան յայտ­նու­թիւ­նը, վստա­հա­բար նաեւ մտա­հո­գի­չը ե­ղաւ այն, որ այդ հա­յե­րը թե­րեւս ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով եւ ներ­քին ան­բա­ցատ­րե­լի մղու­մով «հա­ւա­քա­բար» ի­րենց «ինք­նու­թիւ­նը» պոռթ­կա­ցին քուէ­նե­րու ընդ­մէ­ջէն:

3. Ա­նոնց հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին մէջ ան­պայ­ման նե­րազ­դած պի­տի ըլ­լան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի հա­մա­հայ­կա­կան շար­ժու­մի ար­ձա­գանգ­նե­րը:

4. ­Հի­նէն, ­Թուր­քիոյ խոր­քա­յին պե­տու­թեան վեր­նա­խա­ւին, այ­սինքն՝ երկ­րի իս­կա­կան ղե­կին գտնո­ւող բարձ­րաս­տի­ճան բա­նա­կա­յին­նե­րու ա­կում­բին մղձա­ւան­ջը ե­ղած են թաք­նո­ւած հա­յե­րը: ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ո­րե­ւէ տեղ ու ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով տագ­նա՞պ կայ, հա­մալ­սա­րան­նե­րու փտա­ծու­թեան դէմ ու­սա­նո­ղա­կան ըմ­բոս­տու­թի՞ւն կայ, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ցոյ­ցեր ու խառ­նա­կու­թի՞ւն,­ - ա­պա ու­րեմն այդ շար­ժում­նե­րը ուղ­ղոր­դող ղե­կա­վար տար­րը կաս­կա­ծի տակ կը դրո­ւի իբ­րեւ թա­քուն հայ, որ ­Թուր­քիոյ շա­հե­րուն վնաս պատ­ճա­ռե­լով վրէժ կը լու­ծէ: Զ­գո՜յշ, շա՜տ զգոյշ, որ­պէս­զի թաք­նո­ւած հա­յեր չթա­փան­ցեն պե­տա­կան հա­մա­կար­գի մէջ ու չտի­րա­նան կա­րե­ւոր ու բա­նա­լի պաշ­տօն­նե­րու: Իբ­րեւ թաք­նո­ւած հայ՝ կաս­կա­ծի տակ են բո­լո՛ր ա­նոնք, ո­րոնք բա­ցա­յայտ կամ թա­քուն վնաս կը պատ­ճա­ռեն ­Թուր­քիոյ: Ա­հա թէ ին­չու Օ­չա­լան նկա­տո­ւե­ցաւ քիւր­տա­ցած մը, որ սա­կայն ծա­գու­մով ու ինք­նու­թեամբ հայ է (թաք­նո­ւած): Այդ կաս­կա­ծէն զերծ չմնաց նոյ­նիսկ նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նին վրայ գտնուող նոյ­նինքն Ապ­տալ­լա ­Կիւլ, Հ.Հ.ի նա­խա­գա­հին հետ իր ու­նե­ցած ֆութ­պո­լա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով: ­Կիւլ դա­տա­խա­զու­թեան դի­մեց ամ­բաս­տա­նո­ղին դէմ, ծա­գու­մով հայ մեծ մայր ու­նե­ցած ըլ­լա­լու ար­ձա­կո­ւած ցե­խը մաք­րե­լու հա­մար («­Ժո­ղովր­դա­վար» ­Թուր­քիոյ մէջ ծա­գու­մով հայ մեծ մայր ու­նե­նա­լը ա­րա­տա­ւոր ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ տա­կա­ւին):

«­Կը բա­ւէ, որ (քիւր­տա­կա­նի ա­նո­ւան տակ) հայ­կա­կան (թաք­նո­ւած հա­յե­րու) կու­սակ­ցու­թիւն մը չըլ­լան»... կը գրէ թուրք լրագ­րո­ղը իր վեր­լու­ծու­մին մէջ:

­Թաք­նո­ւած հա­յե­րու ու­րո­ւա­կա­նին հա­լա­ծախ­տէն տա­ռա­պող թուր­քին սար­սափն է, որ ան­թա­քոյց կը յայտ­նո­ւի թուրք լրագ­րո­ղին գրի­չով:

Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան
Ա­թէնք, 24 ­Յու­նիս 2015