­Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ ծա­ւա­լած քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժու­մը թե­րեւս Եր­կու­շաբ­թի օ­րո­ւան պատ­կե­րը չէր ստա­նար, ե­թէ խորհր­դա­րա­նին մէջ ար­տա­յայ­տո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը թէ քա­ղա­քա­կան ա­սու­լիս­նե­րու ըն­թաց­քին հնչած տե­սա­կէտ­նե­րը նկա­տի առ­նո­ւած ըլ­լա­յին:

Ա­ւե­լի՛ն. ե­թէ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ցոյ­ցին ա­ռի­թով փո­խան­ցո­ւող ա­ռա­ջարկ­նե­րը գտնէին ի­րենց հա­մար­ժէք ար­ձա­գանգ­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, մագըլ­ցո­ղա­կա­նու­թիւ­նը տա­րածք չէր ու­նե­նար նո­ւա­ճե­լու: Ե­թէ ան­շուշտ բա­ցա­ռենք շարժ­ման այ­լա­սեր­ման մի­տող ար­տա­քին ներշն­չում­նե­րու տե­սու­թեան աշ­խա­տե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը: ­Թէեւ ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ոչ բա­րեն­պաստ ի­րա­վի­ճա­կը պա­րարտ են­թա­հող է նման դրսե­ւո­րում­նե­րու կտրուկ սրու­մին:

Ա­ռա­ջին հաս­տա­տու­մը, որ պէտք է ար­ձա­նագ­րել այն է, թէ թափ հա­ւա­քած շար­ժու­մը առ այս պա­հը կը մնայ քա­ղա­քա­ցիա­կան դրսե­ւո­րու­մի սահ­ման­նե­րուն մէջ: ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ոչ քա­ղա­քա­կան այն ա­ռու­մով, որ նա­խա­ձեռ­նող եւ հա­մա­կար­գող խում­բե­րը քա­ղա­քա­ցիա­կան տար­բեր շար­ժում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ են, ո­րոնց ար­ծար­ծած նիւ­թե­րը ընդ­դի­մադ­րու­թեան բարձ­րա­ցու­ցած քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րէն կը տար­բե­րին:

­Պէտք է ը­սել, որ քա­ղա­քա­ցիա­կան շարժ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կարճ ժա­մա­նա­կի ա­ռու­մով պատ­մա­կա­նը կը յու­շէ, որ կան դրա­կան նա­խա­նի­շեր հա­սա­րա­կա­կան ա­ռողջ հա­մա­կարգ ա­ռա­ջադ­րե­լով` կեն­սո­լոր­տի, քա­ղա­քա­շի­նա­կան հար­ցե­րու, հան­քա­յին պա­շար­նե­րու ա­նօ­րի­նա­կան օգ­տա­գոր­ծում­նե­րուն դէմ բո­ղո­քե­լու, ֆի­զի­քա­կան բռնու­թիւն­նե­րը դա­տա­պար­տե­լու եւ նմա­նա­տիպ հար­ցե­րով հան­դէս գա­լու օ­րի­նակ­նե­րով ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւած են մեր երկ­րին մէջ փո­փո­խու­թիւն բե­րե­լու պատ­րաստ ու­ժե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ մար­դուն:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը շեշ­տա­կիօ­րէն ե­րի­տա­սար­դա­կան բնոյթ ու­նին: Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կլա­նո­ւած է նման նիւ­թե­րով եւ ըստ էու­թեան հայ­րե­նա­տի­րա­կան մղում­նե­րով փորձ կը կա­տա­րէ իր ընդվ­զու­մը յայտ­նե­լու ա­մէն տե­սա­կի ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու եւ յատ­կա­պէս հարս­տա­պե­տա­կան կար­գե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք երկ­րին մէջ ստեղ­ծո­ւած ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու դէմ: ­Գու­ցէ ան­տե­ղի պի­տի չըլ­լար նման դրսե­ւո­րում­ներ եւ բո­ղո­քի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ զու­գա­հե­ռագ­ծե­լու ­Կե­զի այ­գիի շարժ­ման ե­տին կանգ­նած քա­ղա­քա­ցիա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ա­ռա­ջադ­րած նիւ­թե­րուն եւ պա­հանջ­նե­րուն թէ՛ բո­վան­դա­կու­թեան եւ թէ՛ ե­ղա­նակ­նե­րուն հետ: Ն­ման շար­ժում­ներ ո­րոշ տեղ մը հա­տե­ցին քա­ղա­քա­ցիա­կա­նէն քա­ղա­քա­կան սահ­մա­նը եւ ճիշդ է, որ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն չյա­ռա­ջա­ցու­ցին, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ տկա­րա­ցու­ցին իշ­խա­նու­թեան դիր­քե­րը:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցի­կու­թեան հետ հա­շո­ւի նստած էր նաեւ քա­ղա­քա­կան այն փոր­ձը, որ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ հա­մախմ­բե­լու կը մի­տէր ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան ­Պայ­մա­նա­գիր ա­նո­ւան տակ եւ որ շեշ­տա­կիօ­րէն ե­րի­տա­սարդ մար­դու­ժը յա­ռաջ քշե­լով՝ տա­րան­ջա­տո­ւե­ցաւ դա­սա­կան ընդ­դի­մադրու­թեան շար­քե­րէն:

Այ­սօր կան հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կում­ներ, ո­րոնք կը խօ­սին ընդ­դի­մա­դիր դաշ­տի փո­շիա­ցու­մէն ետք նոյն դաշ­տի քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժում­նե­րով կա­յաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: Այս­տեղ հա­ւա­նա­բար կը կա­տա­րո­ւի հիմ­նա­կան շե­ղում, այն ա­ռու­մով, որ քա­ղա­քա­ցիա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը դա­սա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու կո­չո­ւած չեն. ա­նոնք նոյն­քան կրնան պայ­քա­րիլ ընդ­դի­մադ­րու­թեան այս կամ այն ու­ժին ա­ռա­ջադ­րած ծրագ­րին որ­քան գոր­ծող մե­ծա­մաս­նու­թեան դէմ:

­Քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժում­նե­րը ժա­մա­նա­կա­կից հնչե­ղու­թիւն ու­նին եւ ա­տով իսկ կրնան գրա­ւիչ դառ­նալ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար: Ա­ռողջ բա­ժի­նը նաեւ այն է, որ հայ­րե­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րը ո­րո­շե­լու ու­նա­կու­թիւն, պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն եւ վճռա­կա­մու­թիւն ցոյց կու տայ այս ձե­ւով:

Ա­ռողջ այս ե­րե­ւոյթ­նե­րուն ա­ռըն­թեր զգօ­նու­թիւ­նը` ար­տա­քին շրջա­նակ­նե­րէ հե­ռա­կա­ռա­վար­ման փոր­ձե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ չիյ­նա­լու անշր­ջան­ցե­լի հրա­մա­յա­կան է: ­Վիլ­նիւ­սի օ­րե­րուն, եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­ներ քա­նի մը ա­ռի­թով շեշ­տե­ցին հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­նե­րով` ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով հա­սա­րա­կու­թեան հետ աշ­խու­ժօ­րէն աշ­խա­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ շար­ժում­ներ անն­կատ չէին կրնար մնալ նոյն այդ շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ: Եւ ոչ միայն այդ շրջա­նակ­նե­րուն: ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րով կա­ռա­վա­րո­ւող եր­կիր­նե­րու մէջ ցոյ­ցե­րը, բո­ղո­քի ե­լոյթ­նե­րը, նստա­ցոյ­ցե­րը օ­րի­նա­չափ եւ ի­րա­ւա­չափ ե­րե­ւոյթ­ներ են: Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնն է հա­սա­րա­կա­կան կար­գի պահ­պա­նու­մը: Օ­րի­նա­զան­ցու­թիւնն ու քա­ղա­քա­ցիա­կան խա­փա­նա­րա­րու­թիւնն է միայն, որ ու­ժի կի­րար­կու­մի ա­ռիթ կրնայ տալ` սան­ձե­լու հա­մար խախ­տում­նե­րը:

Այն՝ ինչ կը պա­տա­հի մեր երկ­րին մէջ, կ­՛ըն­կա­լո­ւի իբ­րեւ ու­ժի ան­հա­մա­չափ կի­րար­կում, լրագ­րող­նե­րու եւ ցու­ցա­րար­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րո­ւող բռնա­մի­ջոց, բեր­ման են­թար­կո­ւող­նե­րու եւ ձեր­բա­կա­լո­ւող­նե­րու չա­փա­զան­ցու­թիւն: Դ­ժուար թէ բա­ցատ­րո­ւի նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­մազ­գեստ­նե­րով ոս­տի­կան­նե­րու ա­ռա­տու­թիւ­նը կամ դի­մա­կա­ւոր ոս­տի­կան­նե­րու ե­րե­ւու­մը: ­Պա­քո­ւի մէջ լրագ­րող­նե­րուն եւ ցու­ցա­րար­նե­րուն դէմ կի­րար­կո­ւած եւ հե­ռար­ձա­կո­ւող պատ­կեր­նե­րու հա­ման­մա­նու­թիւ­նը պի­տի բա­ցա­ռել մեր երկ­րին մէջ:

­Քա­ղա­քա­ցիա­կան գոր­ծիչ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ռա­ջին ծա­ւա­լա­յին փոր­ձա­ռու­թիւնն է այս մէ­կը: ­Հա­ւա­նա­բար այս ի­րա­կա­նու­թիւնն է նաեւ այն պատ­ճա­ռը, որ ընդ­հա­նուր վե­րահս­կո­ղու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թեան պա­կա­սը կը զգա­ցո­ւի ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ: ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան կրթու­թիւն կ­՛են­թադ­րէ, որ պէտք է բա­ցա­ռէ հայ­հո­յան­քը, հու­նէն դուրս գա­լը, խօ­սակ­ցու­թեան պա­հուն ոս­տի­կան ա­նար­գե­լը եւ երկ­խօ­սե­լու հա­մար հրամ­ցո­ւած ա­ռիթ­նե­րուն մեր­ժու­մը:

Երկ­կող­մա­նի գի­տակ­ցա­կան մօ­տե­ցու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է` լա­րո­ւա­ծու­թե­նէն հե­ռու մնա­լու: Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան սա­կե­րու բարձ­րաց­ման դէմ ծա­ւա­լած շար­ժու­մը ա­ռիթ է աշ­խար­հին ցոյց տա­լու բո­ղո­քող աշ­խուժ ե­րի­տա­սար­դու­թեան քա­ղա­քա­կիրթ նկա­րա­գի­րը, օ­րէն­քի յար­գու­մը, ժո­ղովր­դա­վար հա­սա­րա­կար­գի յա­րիր պա­հո­ւած­քը, միւս կող­մէ նաեւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու ար­հես­տա­վար­ժու­թիւ­նը եւ վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը: ­Ներ­քին ա­ռու­մով ալ ա­ռիթ է հա­շո­ւի նստե­լու սե­փա­կան երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րով մտա­հոգ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ, ա­կան­ջա­լուր ըլ­լա­լու ա­նոր պա­հանջ­նե­րուն, ա­մէն գնով երկ­խօ­սու­թիւ­նը կա­յաց­նե­լու եւ ար­դար ու հա­մո­զիչ ար­դիւնք­նե­րու յան­գե­լու: ­Դէ­պի ի­րա­ւա­կան պե­տու­թիւն մեր հա­մազ­գա­յին եր­թին մէջ այս մէ­կը կա­րե­ւոր քայլ կրնայ նկա­տո­ւիլ:

«Ազ­դակ»

­