altԹուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող հա­յոց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը անխ­նա­մու­թեան եւ տրո­ւած վնաս­նե­րու պատ­ճա­ռաւ ոչն­չա­նա­լու վտան­գին դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւի։ Միւս կող­մէ կարգ մը դրա­կան զար­գա­ցում­ներ ալ կ­՚ար­ձա­ նագ­րո­ւին։ Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը թէեւ կարգ մը պատ­մա­կան հնու­թիւն­նե­րը նո­րո­գած է, բայց ա­նոնք հա­զա­րա­ւոր­նե­րու չնչին մէկ մասն են։ Հայ մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գու­թիւ­նը փրկե­լու հա­մար ար­տա­սահ­մա­նի եւ Թուր­քիոյ մէջ զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ աշ­խա­տան­ք կը տա­նին։

Այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող միու­թիւն­նե­րէն մէկն է Սա­սուն, Պիթ­լիս, Պաթ­ման, Մուշ, Վան, Պո­լիս եւ այլ տե­ղաց Հայ­կա­կան Գիւ­ղե­րու եւ Հա­յոց Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը։ Միու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­զիզ Տաղ­ճը կը նշէ, թէ Մու­շի Սուրբ Կա­րա­պետ Վան­քի եւ պատ­մա­կան Ա­նի քա­ղա­քի հա­մար կա­տա­րած դի­մում­նե­րէն դրա­կան ար­դիւնք­ներ ա­ռած է։ «Ափ­սոս որ Սաս­նայ Կոմք Ե­կե­ղե­ցին անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ է»,- կ­՚ա­ւելց­նէ Ա­զիզ Տաղ­ճը։

Տաղ­ճը Սուրբ Կա­րա­պե­տի տա­րած­քին մէջ կա­ռու­ցո­ւած տու­նե­րը պար­պե­լու հա­մար դի­մում կա­տա­րած էր խորհր­դա­րա­նին։ Ան պա­հան­ջած էր, որ դա­տա­կան հար­ցաքն­նու­թիւն կա­տա­րո­ւի ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­րող­նե­րու դէմ։ Ներ­կա­յիս վան­քի տա­րած­քին մէջ 48 բնա­կա­րան­ներ եւ 6 գո­մեր կը գտնուին։ Ա­զիզ Տաղ­ճը­յի ստա­ցած պա­տաս­խա­նի հա­մա­ձայն, Տի­յար­պէ­քի­րի (­Տիգ­րա­նա­կերտ) Յու­շար­ձան­նե­րու Տ­նօ­րէ­նու­թիւ­նը վե­րա­նո­րոգ­ման նա­խա­գիծ մը կը պատ­րաս­տէ։ Իսկ վան­քի տա­րած­քին կա­ռու­ցո­ւած շէն­քե­րու դա­տարկ­ման հա­մար ալ Մուշ քա­ղա­քի մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը գոր­ծի լծո­ւած է։

Տաղ­ճը սրբապղ­ծու­թիւն կը հա­մա­րէ այս շի­նու­թիւն­նե­րը եւ կ­՚ը­սէ, թէ ոչ մէկ պա­տո­ւա­ւոր մարդ կ­՚ըն­դու­նի նման ա­նար­գան­քը։

Ա­նիի վե­րա­նո­րո­գու­մը կը սկսի

Ա­զիզ Տաղ­ճը, խորհր­դա­րա­նի ա­ղեր­սա­գիր­նե­րու բաժ­նին դի­մե­լով, տե­ղե­կու­թիւն պա­հան­ջած է Մայր Տա­ճա­րի նո­րո­գու­թեան մա­սին։ Այս առ­թիւ տրո­ւած պա­տաս­խա­նին մէջ ալ կը նշո­ւի, որ այս տա­րի կը սկսին թե­քնի­կ­ աշ­խա­տանք­նե­րը։

Այս յու­սադ­րիչ զար­գա­ցում­նե­րէն ետք Տաղ­ճը կը յայտ­նէ, որ բա­ւա­կան տխուր է 1500 տա­րո­ւան ան­ցեալ ու­նե­ցող Սաս­նայ Կոմք Ե­կե­ղե­ցին։ Թէեւ Մա­յիս ամ­սո­ւան մէջ սկսած է վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տու­թիւն մը, բայց ե­կե­ղե­ցին տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի իբ­րեւ ա­խոռ օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ։ «­Գան­ձա­խոյզ­ներն ալ ա­նընդ­հատ կը պե­ղեն ե­կե­ղե­ցին։ Վախ­նամ, որ մին­չեւ վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը սկսի, կան­գուն պա­տերն ալ փուլ գան»,- կ­՚ը­սէ Ա­զիզ Տաղ­ճը։

ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ - Agos