Նէվ­զաթ Օ­նա­րա­նէն հե­ռա­խօ­սա­զանգ մը ստա­ցայ։ Ա­թա­թիւր­քի ա­նո­ւան գրա­դա­րա­նէն գիրք մը գտած էր եւ կը կար­ծէր, թէ կա­րե­ւոր կրնայ ըլ­լալ։

Այս­պէս սկսաւ այս գիր­քին ո­դի­սա­կա­նը։ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ժա­մա­նակ գոր­ծող հայ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­ սին թրքե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քե­րը միշտ կաս­կա­ծով դի­տած եմ։ Ա­նոնց մէջ կը հան­դի­պիմ դաշ­նակ­ցու­թեան կարգ մը հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն ալ, ո­րոնք շատ ան­գամ Փէ­րին­չէք ըն­տա­նի­քէն մէ­կե­րու նա­խա­բա­նով կը սկսին։ Գի­տենք, թէ Կայս­րու­թեան վեր­ջին շրջան­նե­րուն հայ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցած են։ Ռամ­կա­վար­ներ, դաշ­նակ­ցա­կան­ներ կամ հնչա­կեան­ներ ի­րա­րու մի­ջեւ որ­քան ալ մրցակ­ցու­թիւն ապ­րած ըլ­լան, ա­նոնց վերջ­նա­կան նպա­տակ­նե­րը կա­րե­լի է բնու­թագ­րել ան­կախ, ա­զատ կամ ինք­նա­վար Հա­յաս­տա­նի մը ե­րա­զով։ Այդ ե­րա­զին հա­մար քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տու­թիւն ծա­ւա­լե­լու պա­հուն, եր­բեմն դի­մադ­րու­թեան շար­ժում­նե­րուն զօ­րակ­ցե­ցան, եր­բեմն ալ ի­րենք դի­մադ­րու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­ցին։

Պաշ­տօ­նա­կան տե­սու­թե­նէ դուրս մնա­ցած աղ­բիւր­նե­րը կը վկա­յեն, թէ 1900ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ոչ միայն հա­յե­րը, այլ Օս­մա­նեան երկ­րի բո­լոր ազ­գե­րը հա­սա­րա­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են։ Թր­քե­րէ­նի մէջ այս նիւ­թի շուրջ լոյս տե­սած գիր­քե­րը ընդ­հան­րա­պէս քա­րոզ­չա­կան նպա­տակ հե­տապն­դած են։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ Նէվ­զաթ Օ­նա­րա­նի յայտ­նա­բե­րած «20 Կա­խա­ղան­ներ» գիր­քը շատ կա­րե­ւոր էր։ Հոն տեղ գտած վկա­յու­թիւն­նե­րը հա­մադ­րող Ե­դո­ւարդ Չո­փու­րեան ինձ նման Կեդ­րո­նա­կա­նի շրջա­նա­ւարտ մը ե­ղած է, 1913 թո­ւա­կա­նին։

Գիր­քի վեր­ջին է­ջին վրայ կը տես­նենք, թէ ան հրա­տա­րա­կո­ւած է 1921ին Պո­լիս, Պա­պը Ա­լի թիւ 78 հաս­ցէի վրայ գոր­ծող «­Հա­յաս­տան» գրա­խա­նու­թի եւ հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։

Թարգ­մա­նու­թիւ­նը եր­կա­րա­տեւ եւ տան­ջանք­նե­րով գոր­ծըն­թացք մը ե­ղաւ ին­ծի հա­մար։ Գիր­քը կը վկա­յէ, թէ 1910ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը հա­յոց հա­մար վե­րա­կա­ռուց­ման, գրա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զար­թօն­քի շրջան մը ե­ղած են։ Ուս­ման հա­մար ար­տա­սահ­ման գա­ցած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը վե­րա­դար­ձած են եւ սկսած են դպրո­ցա­շի­նու­թեան ար­շա­ւի մը։ Սա­կայն այդ զար­թօն­քը չի­րա­կա­նա­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Այդ օ­րե­րը դար մը ետք դի­տե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին ին­չո՞ւ հա­մար սփիւռ­քի վե­րա­ծո­ւե­լուն, զար­թօն­քի այդ շար­ժու­մին, ո՞ր պայ­ման­նե­րու տակ ան­կու­մի վե­րա­ծո­ւե­լուն գաղտ­նա­գիր­նե­րը հնչա­կեան հա­կու­մով մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, գրող­նե­րու, քա­հա­նա­նե­րու, յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կը պար­զո­ւին այս գրքին մէջ։ Կա­րե­լի է ը­սել, որ այս գիր­քին մի­ջո­ցաւ միք­րօ պատ­մու­թիւ­նը կ­՚ա­գու­ցո­ւի մաք­րօ պատ­մու­թեան։ Խօս­քը թո­ղունք գիր­քէն հա­տո­ւած­նե­րու.-

1914ի ա­մա­ռո­ւայ օ­րե­րէն մէկն է։ Հըն­չա­կեան ե­րի­տա­սարդ­ներ, կու­սակ­ցու­թեան պար­բե­րա­կան «­Կայծ»ի ժո­ղո­վէն ե­լած, Փա­րա­մա­զի հետ միա­սին կը քա­լեն Ն­շան­թա­շը­յի վրայ։ Այս դրո­ւա­գը փո­խան­ցո­ղը կը գոր­ծա­ծէ Այ­ծե­միկ ծած­կա­նու­նը։ «­Դէ­պի Ըխ­լա­մուր իջ­նող զա­ռի­վար­նե­րէ մէ­կուն մուտ­քին յան­կարծ պա­շա­րո­ւե­ցանք ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ։ Հէ՜յ, հէ՜յ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով մե­զի դէ­պի փո­ղոց կը հրմշտկէին։ Չէինք հասկ­ցած, թէ ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ։ Սա­կայն նոյն պա­հուն հա­յոց դա­հիճ Էն­վէր այդ նոյն փո­ղո­ցի վրայ գտնո­ւող հի­ւան­դա­նո­ցէն ե­լաւ եւ կառք մտնե­լով հե­ռա­ցաւ։ Չեմ մոռ­ցած այդ գլխու շար­ժու­մը եւ Փա­րա­մա­զի դէմ­քին յայտ­նո­ւած կի­սա­լուրջ ժպի­տը։ Վս­տահ եմ նման ժպիտ մը կը յայտ­նո­ւի վրի­ժա­ռու­թեան չաս­տո­ւա­ծի դէմ­քին ալ»։

Նոյն հե­ղի­նա­կը այդ շրջա­նը կը բնու­թագ­րէ յա­ջոր­դող տո­ղե­րուն վրայ ալ։ «­Թուրք ազ­գա­յին շար­ժու­մը հետ­զհե­տէ ա­ւե­լի յար­ձա­կո­ղա­կան դար­ձած էր։ Երկ­րի բո­լոր ազ­գե­րուն ա­զա­տու­թիւն խոս­տա­նա­լով հռչա­կո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն ետք, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը հի­մա կը ձեռ­նար­կէր երկ­րի բո­լոր ազ­գե­րու բնաջն­ջու­մին։ Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րը ի­րենց դի­մադ­րող­նե­րուն հա­մար կա­խա­ղան­ներ կազ­մե­ցին, կամ բո­լոր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը զնտան­ներ բան­տար­կե­ցին։ Հի­մա որ վստահ էին ի­րենց իշ­խա­նու­թեա­­­ն, կը պատ­րաս­տո­ւէին վեր­ջին մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծին։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նախ կո­տո­րեց Ա­տա­նա­յի հա­յե­րը։ Այդ կո­տո­րա­ծը Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու Թե­սա­ղո­նի­կէի ժո­ղո­վին մէջ որ­դեգ­րո­ւած հա­յե­րը ոչն­չաց­նե­լու ծրագ­րի մեկ­նա­կէտն էր»։

Թէո­դի­կի բան­տար­կու­թեան օ­րագ­րու­թիւ­նը

Գիր­քի հե­ղի­նակ­նե­րէն շա­տեր ի­րենց յօ­դո­ւած­նե­րը ստո­րագ­րած են ծած­կա­նուն­նե­րով։ Սա­կայն կան նաեւ հան­րա­յայտ ա­նուն­ներ։ Ա­նոնց­մէ մէկն է Թէո­դիկ։ Ռու­սե­րէ­նէ թարգ­մա­նած գիր­քը գրաքն­նու­թեան կող­մէ ան­պա­տեհ հա­մա­րո­ւած եւ ինք ալ քա­րոզ­չու­թեան մե­ղադ­րան­քով բան­տար­կո­ւած է Փա­րա­մա­զի եւ ըն­կեր­նե­րուն հետ նոյն բան­տախ­ցի­կին մէջ։ «Հ­րեայ, գնչու, ալ­պա­նա­ցի, լազ… ով որ ու­զես կայ այս­տեղ։ Բայց հա­յե­րը ա­մե­նա­շատն են։ Ե­րի­տա­սարդ մը կը մօ­տե­նայ եւ դէ­պի աջ ան­կիւն կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ մեզ։ Հա­յե­րէն կը խօ­սէր։ Երկմ­տան­քով կը յա­ռա­ջա­նանք քա­րա­շէն նրբանց­քէն։ Գե­տին փռո­ւած ան­կո­ղին­նե­րու վրայ ըն­կող­մա­նած մար­դիկ յար­գան­քով ոտ­քի կը կանգ­նին, կը բա­րե­ւեն մեզ։ Ա­պա կը ծա­նօ­թա­նանք՝ Ա­չըք­պա­շեան, Տոք­թոր Պէն­նէ, Գե­ղամ Վա­նի­կեան, Ե­կա­ւեան, Պար­տի­զակ­ցի Բա­նո­ւոր եւ ու­րիշ­ներ։ Մի առ մի կը ձեռ­նո­ւիմ։ Յան­կարծ կը լսո­ւի «Ար­շա­ւիր» ա­նու­նը։ Տոք­թոր Պէն­նէ ծուռ կը նա­յի այդ ա­նու­նը ար­տա­սա­նո­ղին։ Մեր զրոյ­ցը պահ մը կ­՚ընդ­հա­տո­ւի։ Յե­տոյ ա­նուն մը եւս՝ «Ա­րա­մեանց», այս ան­գամ Տոք­թո­րի փո­խա­րէն Ա­չըք­պա­շեանն է ծուռ-ծուռ նա­յո­ղը։ Կր­կին լռու­թիւն։ Ա­պա ես կը հա­մար­ձա­կիմ հարց­նե­լու «Փա­րա­մա­զը չեմ տես­ներ։ Կ­՚ը­սեն, թէ ան զատ խցիկ մըն է» ։

Քա­հա­նա­յին զղջու­մը

20 հա­մայ­նա­վար­նե­րուն հա­մար վեր­ջին ա­ղօթ­քը կար­դա­ցո­ղը, ա­նոնց վեր­ջին խնդրանք­նե­րը լսող, վեր­ջին նա­մակ­նե­րը ստա­ցող եւ միա­սին թաղուե­լու կտա­կը լսո­ղը Գում­գա­բո­ւի մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րող Գա­լուստ Քա­հա­նայ Պօ­ղո­սեանն է։ Մա­հա­պա­տիժ­նե­րու գոր­ծադ­րու­թե­նէն ետք Պատ­րիար­քա­րան եր­թա­լով Պատ­րիար­քին պատ­մած Պօ­ղո­սեա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րը գիր­քի յօ­դո­ւած­նե­րէն մէ­կը կը կազ­մեն։ «­Տա­սը հո­գի ներս ա­ռին, ո­րոնց մէջ էին նաեւ Տոք­թոր Պէն­նէն եւ Բա­նո­ւո­րը։ Ե­րի­տա­սարդ սպայ մը ձեռ­քը թուղ­թի ծրա­րով մը յայտ­նո­ւե­ցաւ։ Թր­քե­րէ­նով յայ­տա­րա­րեց, թէ մա­հա­պա­տիժ­նե­րը վա­ւե­րա­ցո­ւած են Սուլ­թա­նին կող­մէ եւ քիչ յե­տոյ պի­տի գոր­ծադ­րո­ւին։ Ինձ ցոյց տա­լով ը­սաւ, որ վեր­ջին ա­ղօթ­քին հա­մար ե­կած եմ։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն մէ­կը վիզս փաթ­թո­ւե­ցաւ ու հեծկլ­տալ սկսաւ։ Ոս­տի­կան­նե­րը վերց­նել փոր­ձե­ցին զինք, բայց ըն­կեր­նե­րը չար­տօ­նե­ցին։ Ի­րենք մի­ջամ­տե­ցին եւ խրատ­նե­րով հան­դար­տե­ցու­ցին ե­րի­տա­սար­դը։ «­Մե­ղայ Ա­մե­նա­սուրբ» ա­ղօթ­քը սկսայ ար­տա­սա­նել եւ ի­րենք ալ «­Մե­ղայ Աս­տու­ծոյ» ը­սե­լով պա­տաս­խա­նե­ցին։ Ջուր ու­զե­ցի, օրհ­նե­ցի այդ ջու­րը եւ ումպ առ ումպ ըմ­պել տո­ւի։ Ս­պան զիս ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի կող­քի սե­նեա­կը։ Հոն եւս տա­սը հո­գի կար։ Ա­րամ Ա­չըք­պա­շեա­նը նկա­տե­ցի նախ։ Հոս ալ նոյն կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը ե­ղան։ Ա­չըք­պա­շեան միւս ըն­կեր­նե­րուն ուր ըլ­լա­լը հար­ցուց եւ ա­պա խստիւ պա­տո­ւի­րեց, որ միաս­նա­բար կողք-կող­քի թա­ղո­ւին նոյն փո­սին մէջ։ Ա­ղօթ­քի գոր­ծը լմննա­լէն ետք, իւ­րա­քան­չիւ­րին թուղթ-մա­տիտ յանձ­նե­ցին ի­րենց վեր­ջին կտակ­նե­րը գրե­լու հա­մար։ Ա­պա մա­հա­պարտ­նե­րուն հագ­ցո­ւած եր­կար շա­պիկ­նե­րը բաժ­նե­ցին։ Այդ պա­հուն մա­հա­պարտ­նե­րէն մէ­կը սպա­յին դառ­նա­լով թրքե­րէն գո­չեց՝ «­Քա­նի որ մա­հա­պա­տիժ վճռե­ցիր, ե­կուր այս շա­պիկն ալ դուն հագ­ցուր, դուն կա­պէ թե­ւերս»։

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ - Agos