­Կան սրտցաւ հայ ծնող­ներ, ո­րոնք կը մտա­հո­գո­ւին ի­րենց զա­ւակ­նե­րու օ­տա­րա­խօս դառ­նա­լու ըն­թաց­քէն, մա­նա­ւանդ երբ գի­տեն, որ ի­րենք կանգ չեն ա­ռած զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ, որ­պէս­զի ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ ըլ­լան, ըլ­լան հա­յա­խօս, չհե­ռա­նան ի­րենց­մէ եւ ի­րենց ար­մատ­նե­րէն:

Ի հար­կէ կան նաեւ քաղ­քե­նի հո­գե­բա­նու­թեամբ հայ ծնող­ներ, ո­րոնք ան­հիմն գործ­նա­պաշ­տու­թեամբ եւ ան­գի­տու­թեամբ, չեն մտա­հո­գո­ւիր ի­րենց զա­ւակ­նե­րու հա­յե­ցի կրթու­թեամբ եւ հա­յա­խօ­սու­թեամբ, միակ նպա­տակ դար­ձու­ցած ըլ­լա­լով կեան­քի մէջ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւ­նը, ա­պաշ­նորհ այն ման­կա­վար­ժա­կան տե­սու­թեամբ, որ հա­յե­րէ­նը ար­գելք կ’ըլ­լայ օ­տար լե­զու­նե­րու իւ­րաց­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս դա­սե­րուն:

Այս վեր­ջին­նե­րը, ազ­գա­յին տե­սան­կիւ­նէ, պար­տո­ւած­ներ են, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման վնա­սա­կար տար­րեր, ո­րոնց ուղ­ղու­թեամբ լայ­նա­ծիր լու­սա­բա­նա­կան աշ­խա­տանք պէտք է կա­տա­րել:
Ու­շագ­րաւ է պա­րա­գան այն ծնող­նե­րուն, ո­րոնք կը ցան­կան եւ ցան­կա­ցած են, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ ըլ­լան, ժա­ռան­գե­լով լե­զու եւ լայն ա­ռու­մով մշա­կոյթ: Բայց միշտ չէ որ յա­ջո­ղած են: Ձա­խո­ղու­թիւնն ալ ի­րենց թե­րա­ցու­մով չէ ե­ղած: Ա­րեւմը­տեան աշ­խար­հի մէջ ընդ­հան­րա­պէս, հետզ­հե­տէ նաեւ հայ­րե­նա­մերձ գօ­տի­նե­րու պա­րա­գա­յին, այս ծնող­ներն ալ կը գտնո­ւին ձա­խո­ղու­թեան առ­ջեւ: Ի հար­կէ կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ:

Ե­թէ լսէք ծնող­նե­րը, կը կանգ­նիք հար­ցա­կան­նե­րու առ­ջեւ: Նոյն ըն­տա­նի­քի զա­ւակ­ներ, նաեւ ա­նոնց ըն­կեր­նե­րը, երբ հայ­կա­կան դպրոց կ’եր­թան եւ հա­յե­րէն կը սոր­վին, բա­ցատ­րու­թեան կա­րօ­տող կա­ցու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կը կանգ­նեց­նեն ա­ռա­ջին հեր­թին զո­հու­թիւն ը­նող ծնող­քը, ա­պա նաեւ ա­նոնք ո­րոնք կը խոր­հին, որ լե­զուի կո­րուս­տի դէմ պա­տո­ւա­րը հայ­կա­կան վար­ժա­րանն է, իր բո­լոր ձե­ւե­րով:
­Հի­մա, ինչ­պէս ա­մէ­նու­րեք, նաեւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խառ­նա­րան Նիւ Եոր­քի մէջ ալ կան մտա­հոգ հայ ծնող­ներ, ո­րոնք չեն հաշ­տո­ւիր փտախ­տի նմա­նող օ­տա­րու­մին հետ: Զ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սին, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան դպրոց կ’եր­թան, ա­նոնց հետ հա­յե­րէն կը խօ­սին, կը նշա­նա­կէ որ կը սոր­վին, բայց ի­րա­րու հետ ա­մե­րի­կե­րէն կը խօ­սին, նոյն յար­կին տակ: Ե­րե­ւոյթ՝ ո­րուն յան­դի­ման կը թո­ւի, թէ ձեռն­թափ են: Դպ­րո­ցին բա­կը եւ դուր­սը ըն­կեր­նե­րու հետ հա­յե­րէ­նը հա­ղոր­դակ­ցա­կան լե­զու չէ: Անճր­կած ծնող­ներ, ինչ­պէս միշտ, պատ­րաստ են մե­ղադ­րե­լու դպրոց եւ ու­սու­ցիչ, այդ մե­ղադ­րան­քը հիմ­նա­ւոր ըլ­լայ թէ ոչ: Քն­նա­դա­տու­թիւն­նե­րը մե­ղադ­րան­քէն տար­բեր հիմ­նա­ւո­րում­ներ կրնան ու­նե­նալ: Ին­չո՞ւ քննա­դա­տել, երբ տղա­քը հա­յե­րէն կը սոր­վին: Բայց ի՞նչ կը պա­տա­հի երբ ի­րենց սոր­ված հա­յե­րէ­նը ի­րա­պէս կեն­դա­նի լե­զու չի դառ­նար ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին եւ հայ­րի­կէն-մայ­րի­կէն մէկ կան­գուն հե­ռու գտնո­ւող հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին:
­Հա­յե­րէ­նը ե­թէ պի­տի սահ­մա­նա­փա­կո­ւի հայ­րի­կի եւ մայ­րի­կի հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հա­մար, ան կ’ըն­կա­լո­ւի որ­պէս սոսկ տե­սակ մը գա­ւա­ռա­բար­բառ, չ’ըլ­լար կեան­քի լե­զու: Խա­ղա­ղա­կա­նի ա­փին մշա­կոյ­թով եւ գի­տու­թեամբ հան­գա­մա­նա­ւոր զբա­ղող մը չէր վա­րա­նած ը­սե­լու, որ հա­յե­րէ­նը ռո­ման­թի­ք լե­զու է, պիզ­նէ­սի լե­զու չէ, ա­ւե­լի ռա­միկ ձե­ւով չե՞նք լսած, որ հա­յե­րէ­նը փոր չի կշտաց­ներ:

Շր­ջա­պա­տի այս ա­պազ­գա­յին (չ­)ի­-մաս­տու­թիւ­նը կը ներծ­ծո­ւի ա­շա­կեր­տին կող­մէ, նո­րե­րուն կող­մէ:

Ազ­դե­ցու­թիւն­ներ եւ բա­ցա­սա­կա­նու­թիւն­ներ հարկ է ա­ռաձ­նաց­նել եւ չէ­զո­քաց­նել, ե­թէ կ’ու­զենք, որ հա­յե­րէ­նը ըլ­լայ կեն­դա­նի լե­զու, կեան­քի լե­զու: Ի հար­կէ, ը­սել ա­ւե­լի դիւ­րին է քան ը­նել: Այս աշ­խա­տան­քը սի­րո­ղա­կան ե­ղա­նա­կով եւ թու­քով կպցո­ւած մի­ջոց­նե­րով չի յա­ջո­ղիր: Ծ­նողք, ի­րա­պէս մտա­հոգ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն զգա­ցող­նե­րը, կրնան հարց տալ թէ ի՞նչ պէտք է ը­նել, մա­նա­ւանդ՝ ինչ­պէ՞ս, ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով:
Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել այս ձա­խո­ղու­թիւ­նը: Դա­տա­պար­տո­ւա՞ծ ենք այս ձա­խո­ղու­թեան: Կր­նա՞նք չձա­խո­ղիլ: Ե­թէ հե­տե­ւինք պար­զո­ւող ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին, ան բնա­կան կը հա­մա­րո­ւի, ի­րա­տե­սա­կան: Մե­ծա­մաս­նու­թեան սառ­ցա­կոյտ մը կայ, ազ­գա­յին տե­սան­կիւ­նէ տգի­տու­թեան քա­րա­ցած ըմբռ­նում­նե­րով, ո­րուն դէմ ա­ռանց ճապ­կում­նե­րու եւ մար­դոր­սա­կան շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րու իս­կա­կան լու­սա­բա­նա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան պայ­քար պէտք է շղթա­յա­զեր­ծել, սե­րունդ փրկե­լու հա­մար:

Այդ պայ­քա­րին զու­գա­հեռ, հա­մո­զիչ ըլ­լա­լու հա­մար, պէտք է յանդգ­նիլ ար­դար եւ ճշգրիտ ախ­տա­ճա­նա­չու­մը ը­նե­լու չյա­ջո­ղող դրու­թեան:

Այս ախ­տա­ճա­նա­չու­մը ու­զա՞ծ ենք ը­նել, կ’ու­զե՞նք ը­նել, պատ­րա՞ստ ենք այդ ախ­տա­ճա­նաչ­ման գի­նը վճա­րե­լու:

Ը­սել կ’ու­զեմ, որ մեր բազ­մա­պի­սի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ո­րո­շում­նե­րու լծակ­նե­րուն կը տի­րեն եւ կը հա­կակշ­ռեն յատ­կա­ցում­նե­րն­ ու նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թեան, յանձն պի­տի առ­նե՞ն նման ախ­տա­ճա­նա­չում ը­նել (ը­նել տա­լ), եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը լսել­ եւ ա­պա դար­ման­նե­րը գոր­ծադ­րե­լ:
­Ներ­կա­յա­ցող խնդի­րը ի հար­կէ ման­կա­վար­ժա­կան է, բայց նաեւ՝ ազ­գա­յին-ռազ­մա­վա­րա­կան, այ­սինքն՝ ազ­գա­պահ­պան-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան, որ տար­բեր ո­րակ է քաղ­քե­նիի մտմտուք­նե­րէ եւ սպա­ռո­ղա­կան ըն­կե­րու­թեան գե­րու­թե­նէ, հայ­րե­նակ­ցա­կան յու­զում­նե­րու թա­փա­հա­րում­նե­րէ, ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դէս­նե­րէ եւ դաշ­տա­հան­դէս­նե­րէ:

ԱԽ­ՏԱ­ՃԱՆԱ­ՉՈՒ­ՄԸ ՍՐՏՑԱ­ՒՈՒ­ԹԵԱՆ ՇԱ­ՏԱԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ ՉԷ

Լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մը մշա­կոյ­թի եւ պատ­մու­թեան էա­կա­նու­թեան փո­խան­ցում է: Երբ ու­սու­ցո­ւած լե­զուն կեան­քի լե­զու չըլ­լար, կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի ըն­տա­նե­կան շրջա­գի­ծէ մը ներս, ինչ­պէս հայ­կա­կան կո­չո­ւած խո­հա­նո­ցը, կը նշա­նա­կէ, որ այդ ու­սու­ցու­մը կ’ան­գի­տա­նայ ժա­մա­նա­կը, մի­ջա­վայ­րը, յա­րա­փո­փոխ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը, գի­տու­թեան եւ ճար­տա­րա­գի­տու­թեան ա­րա­գա­ցած հո­լո­վոյ­թը: Կամ, ինչ­պէս այդ կ’ըլ­լայ լա­տի­նե­րէ­նի կամ հին յու­նա­րէ­նի հա­մար, լե­զու կը սոր­վին որ­պէս գի­տու­թիւն՝ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մար, ինչ­պէս որ ցարդ պա­րա­գան է գրա­բա­րին:
Այ­սինքն, սփիւռք(ներ)ի կա­ցու­թեան պատ­շա­ճող հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման յա­տուկ եւ մաս­նա­գի­տա­կան մշա­կո­ւած ման­կա­վար­ժու­թիւն չու­նինք, չու­նինք մի­ջոց­նե­րը, նոր ժա­մա­նակ­նե­րու տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ պատ­րաս­տո­ւած դա­սա­գիր­քե­րը եւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար պատ­րաս­տո­ւած անձ­նա­կազ­մը: Հա­յաս­տան հա­յե­րէ­նա­գի­տա­կան ու­սում ստա­ցած­ներ ան­պայ­ման չեն կրնար ու­սու­ցա­նել սփիւռ­քի մէջ, բայց վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան դրու­թիւն չու­նինք: Մէկ կամ եր­կու սե­րունդ ա­ռաջ «­Հայ­կա­րան»նե­րով հա­յե­րէն կա­րե­լի էր սոր­վիլ, քա­նի որ հա­յե­րէն կը շնչէր շրջա­պա­տը, ինչ որ չէ պա­րա­գան այ­սօր: Ան կար­ծէք ջեր­մո­ցի պա­հո­ւող-ա­ճող բոյս է, աշ­խար­հի մէկ գօ­տիէն միւ­սը, ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ շեշ­տո­ւած կեր­պով, եւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րով:
Աս­կէ ա­ռաջ ա­ռիթ ե­ղած է խօ­սե­լու ԵՐԿԼԵ­ԶՈՒԵԱՆ ման­կա­վար­ժու­թեան մա­սին, զոր մենք յա­ճախ կը շփո­թենք եր­կու (կամ ա­ւե­լի) լե­զու­ներ սոր­վեց­նե­լու հետ: Ե­թէ շա­րու­նա­կենք եր­կու լե­զու սոր­վեց­նե­լու պէս վե­րա­բե­րիլ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման, ան­պայ­ման պի­տի ձա­խո­ղինք, քա­նի որ մա­նու­կը եւ պա­տա­նին շրջա­պա­տին մէջ հնչող լե­զո­ւով պի­տի ճանչ­նան աշ­խար­հը, եւ հա­յե­րէ­նը ժա­մա­նա­կավ­րէպ պի­տի թո­ւի, թու­քով կպցո­ւած բան մը: Իսկ երկ­լե­զո­ւեան ման­կա­վար­ժու­թեան գոր­ծադ­րու­թեամբ, մա­նու­կը կամ պա­տա­նին աշ­խար­հա­ճա­նա­չում պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն եր­կու լե­զու­նե­րով, միա­ժա­մա­նակ, ա­ռանց աշ­խարհ եւ հո­րի­զոն փո­խե­լու: Մա­նու­կը եւ պա­տա­նին այդ ըն­կա­լու­մը դիւ­րու­թեամբ պի­տի ը­նեն: Ծուռ ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը ծնող­նե­րու հար­ցա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ է: 
Երկ­լե­զո­ւեան ու­սուց­ման մեծ մաս­նա­գէտ է Ժիլ­պէր Տալ­կա­լեան: Փո­խա­նակ ա­ւա­ղե­լու որ չենք յա­ջո­ղիր, ին­չո՞ւ խորհըր­դակ­ցու­թեան մը չհրա­ւի­րել Ժիլ­պէր Տալ­կա­լեա­նը, որ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րուն մէջ լե­զու­նե­րու ու­սուց­ման իր մաս­նա­գի­տա­կան նպաս­տը բե­րած է, տե­ղա­կան լե­զո­ւին զու­գա­հե­ռա­բար զար­գաց­նե­լով ու­րիշ լե­զո­ւի մը ու­սու­ցու­մը, այդ ըլ­լայ Ֆ­րան­սա, Ա­սիա, Ափ­րի­կէ, Եւ­րո­պա: Իր մաս­նա­գի­տա­կան նպաս­տը բե­րած է նաեւ ԻՒ­ՆԵՍՔՕի ծի­րէն ներս: Ան կը բա­ցատ­րէ, թէ վաղ ման­կու­թե­նէն սկսեալ կա­րե­լի է գոր­ծադ­րու­թեան դնել երկ­լե­զո­ւեան ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը, ման­կամ­սու­րէն եւ ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ: Զ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, պա­տաս­խա­նե­լով հար­ցու­մի մը (Ի՞նչ է կան­խա­հաս երկ­լե­զո­ւեա­ն ու­սուց­ման ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը, ման­կամ­սու­րէն եւ ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ), ան ը­սած է.- «Այդ ժա­մա­նակ, մա­նու­կը հարկ ե­ղած բո­լոր պայ­ման­նե­րը ու­նի երկ­րորդ լե­զու մը սոր­վե­լու: Այդ լե­զո­ւի տա­րիքն է, որ կը կա­ռու­ցո­ւի միակ կամ եր­կու լե­զո­ւով: 0 եւ 4 տա­րի­նե­րու մի­ջեւ մա­նու­կը նեար­դա­յին (neuronal) ա­ռա­ւե­լա­գոյն կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ու­նի: Այդ կը տե­ւէ մին­չեւ 7 տա­րե­կան: Հե­տա­գա­յին ըլ­լա­լիք բո­լոր սոր­վե­լու ըն­թացք­նե­րը պի­տի ան­ցնին ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող նեար­դա­յին սար­քա­ւո­րու­մէն՝ կա­ռու­ցո­ւած վաղ ման­կու­թեան շրջա­նին»: Այս­պէս, պէտք է եզ­րա­կաց­նել, որ մեր պա­րա­գա­յին, հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը պէտք է սկսի վաղ ման­կու­թեան շրջա­նին, այդ ալ ը­նե­լու հա­մար պէտք է դի­մել յա­տուկ ման­կա­վար­ժու­թեամբ կա­տա­րե­լա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րու, ո­րոնք կա­րե­նան ի գործ դնել երկ­լե­զո­ւա­նի ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը: Այ­սինքն, ման­կամ­սու­րը եւ ման­կա­պար­տէ­զը պէտք է դի­մա­ւո­րել որ­պէս իս­կա­կան դպրոց, ոչ որ­պէս մա­նուկ­նե­րը պա­հող եւ խաղց­նող շրջա­պատ:
­Մի­ջազ­գա­յին փոր­ձա­գէտ Ժիլ­պէր Տալ­կա­լեան կը գրէ նաեւ հե­տե­ւեա­լը.- «­Միւս կող­մէ, երկ­լե­զո­ւա­նի դար­ձած մա­նու­կը, նպաս­տա­ւոր շրջա­պա­տի մէջ, իր ըն­կեր­նե­րէն շատ ա­ւե­լի շուտ եւ ա­ւե­լի հիմ­նա­ւոր պի­տի սոր­վի եր­րորդ լե­զու մը (օ­րի­նակ անգ­լե­րէ­նը)»:
Այս թռու­ցիկ նշում­նե­րը մեզ կը մղեն կրկին ան­գամ յի­շեց­նե­լու, որ կրթա­կան գոր­ծը պատ­րաս­տու­թիւն կը պա­հան­ջէ, մաս­նա­գի­տու­թիւն է, ինչ­պէս եր­բեմն կ’ը­սո­ւի սրահ յու­զե­լու ճա­ռով, ան նախ սոսկ ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն չէ: Ե­թէ ըլ­լայ նաեւ, ա­ւե­լի լաւ: Բայց այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը խարս­խո­ւած պէտք է ըլ­լայ պատ­րաս­տու­թեան վրայ. գի­տու­թիւն եւ իւ­րա­յա­տուկ կա­ցու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թին­նե­րէ բխած ծրագ­րում:

 ԾՐԱ­ԳԻՐ, ԴԱ­ՍԱԳԻՐՔ, ՏԱ­ՐԻՔԱ­ՅԻՆ ԲԱ­ՌԱՄ­ԹԵՐՔ

Պատ­րաս­տո­ւած անձ­նա­կազ­մի զու­գա­հեռ հիմ­նա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի մեր բազ­մա­հա­մայնք եւ մո­լո­րա­կա­յին կա­ցու­թեան պատ­շա­ճող հա­մա­պար­փակ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ծրագ­րու­մը: Աշ­խա­տանք­ներ միշտ ե­ղած են, հա­մա­պար­փա­կը բա­ցա­կա­յած է: Չ­կան հա­յե­րէն­ներ, որ ըլ­լան ար­ժան­թի­նեան, գա­լի­ֆոր­նիա­կան, ֆրան­սա­կան, լի­բա­նա­նեան, ի­րա­նա­կան: Հար­ցը չի վե­րա­բե­րիր դա­սա­գիր­քե­րու զա­նա­զա­նու­թեան, այլ ծրագ­րի եւ բո­վան­դա­կու­թեան, այ­սինքն՝ ե՞րբ եւ ի՞նչ պէտք է սոր­վեց­նել:
­Ժա­մա­նակն է տա­րի­քա­յին բա­ռամ­թեր­քի եւ բա­ռա­րան­նե­րու կազ­մու­թեան: Ո՞ր բա­ռե­րը եւ քա­նի՞ բառ պի­տի սոր­վին հա­յե­րէն սոր­վող­նե­րը, ըստ տա­րի­քի, օ­րի­նակ, նա­խակր­թա­րան մուտ­քին, միջ­նա­կարգ մուտ­քին, երկ­րոր­դա­կա­նի ա­ւար­տին, որ­պէս­զի, ինչ­պէս կ’ը­սէր Շա­ւարշ Մի­սա­քեան, խօ­սո­ւած (եւ գրո­ւած հա­յե­րէ­նը) չըլ­լայ «հաց-պա­նի­րի հա­յե­րէն»: Այս սահ­մա­նո­ւած բա­ռամ­թեր­քին վրայ հիմ­նո­ւած ու­սուց­ման մե­թոտ եւ ձեռ­նարկ կը մշա­կո­ւին: Դա­սա­գիր­քը կը պատ­րաս­տո­ւի ա­շա­կեր­տին հա­մար, ըստ տա­րի­քի եւ ծա­նօ­թու­թեան մա­կար­դա­կի:

Ե­թէ շատ բան կ’ու­զենք փո­խան­ցել, յա­տուկ ձեռ­նարկ պէտք է մշա­կել ու­սու­ցի­չին օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար: Ոչ մէկ կաս­կած, որ ժա­մա­նա­կա­կից ճար­տա­րա­գի­տու­թեան նպաս­տէն պէտք է օգ­տո­ւիլ, բայց ող­ջա­խո­հու­թեամբ, ա­ռանց ան­պայ­ման տուրք տա­լու նոյ­նինքն կրթու­թեան վնաս պատ­ճա­ռող չա­փա­զան­ցու­թեամբ ար­դիա­կա­նաց­ման, որ կ’ան­տե­սէ խոր­քը եւ նպա­տա­կը:
Ն­պա­տակ պէտք է ըլ­լայ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը ծրագ­րել որ­պէս ԿԵԱՆ­ՔԻ ԼԵ­ԶՈՒ, որ չի կրնար բա­ւա­րա­րո­ւիլ քա­նի մը հե­ղի­նակ­նե­րու է­ջե­րուն վրայ գտնուող բա­ռե­րու բա­ցատ­րու­թեամբ եւ իւ­րա­ցու­մով, որ­քան որ ալ այդ բա­ռե­րը հա­ճե­լի-գի­տա­կան եւ տպա­ւո­րիչ ըլ­լան: Դեռ մէկ կամ եր­կու սե­րունդ ա­ռաջ աշ­խար­հագ­րու­թիւն, Հա­յոց եւ ընդ­հա­նուր ազ­գաց պատ­մու­թիւն, ի­րա­գի­տու­թիւն, թո­ւա­բա­նու­թիւն, մար­դա­կազ­մու­թիւն, մար­զանք, ե­ւայլն հա­յե­րէ­նով կ’ու­սու­ցա­նո­ւէին: Այդ բո­լոր ա­ռար­կա­նե­րը կեան­քը կը բե­րէին մա­նու­կի ա­ռօ­ր­եա­յին մէջ:

Երբ այդ բո­լո­րը կը բա­ցա­կա­յին հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման մէջ, պատ­շաճ կեր­պով չեն փո­խա­րի­նո­ւիր, հա­յե­րէ­նը կը դառ­նայ կեան­քէն հե­ռա­ցած լե­զու մը, որ կապ չ’ու­նե­նար ա­ռօ­րեա­յին հետ, լու­սանց­քա­յին զբա­ղում մը: Կեան­քի այդ բո­լոր բա­ռե­րը, վաղ ման­կու­թե­նէն պէտք է առ­նուին հա­յե­րէ­նի մէջ, խմբագ­րե­լով յա­տուկ գրու­թիւն­ներ, նկա­րա­զար­դու­մով, է­ջեր՝ ո­րոնք կրնան տե­ղադ­րո­ւիլ հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քի վրայ: Հա­մաս­փիւռ­քեան ձեռ­նարկ մը կա­րե­լի է ի­րա­կա­նաց­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, սփիւռք­նե­րու հա­յե­րէն ու­սու­ցա­նող կեդ­րոն­նե­րու հետ հա­սա­րա­կաց կոճ­ղի վրայ ա­ւելց­նե­լով տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րուն եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­շա­ճող է­ջեր, միշտ ըստ տա­րի­քի: Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ոչ տե­ղա­կան, ոչ ալ սի­րո­ղա­կան կ’ըլ­լայ:
­Պարզ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը. ին­չո՞ւ մար­զան­քի դա­սե­րուն հա­մար հա­յա­խօս դա­սա­տու­ներ չպատ­րաս­տել, ա­սոր հա­մար հա­յա­գի­տու­թեան դոկ­տո­րա­կա­նի կա­րիք չկայ:
­Միա­ժա­մա­նակ, նկա­տի ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք փոխ-ճա­նաչ­ման նոր կա­պե­րը, տեղ մը նաեւ պէտք է յստա­կաց­նել, ան­կախ ընդ­հան­րա­պէս ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցէն, կարգ մը բա­ռե­րու զար­տու­ղի ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս փա­փաք-փա­փագ, ար­ձա­գանգ-ար­ձա­գանք, փնտրել-փնտռել: Նաեւ ձեռ­նար­կել, փոխ-­հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, օ­տար բա­ռե­րու ի­րաւ հա­յաց­ման: Ս­փիւռ­քի ա­շա­կեր­տը ինչ­պէ՞ս պի­տի հասկ­նայ կիկ­լո­նը, թե­րա­պեւ­տը… Ին­չո՞ւ չընդ­հան­րաց­նել ինք­նա­գործ բա­ռի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը փո­խան աւ­տո­մա­տի, շար­քը եր­կար է: Այս ձե­ւով նաեւ տե­ղի կ’ու­նե­նայ եր­կու աշ­խար­հա­բար­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան մեր­ձե­ցու­մը:
Այդ մեր­ձեց­ման մա­սին կը խօ­սո­ւի, բայց ան կը նմա­նի Պի­զէի «Ար­լէ­զիէն»ին, ո­րու մա­սին կը խօ­սո­ւի, բայց ան չի գար:

ՊՃԵՂ ՄԸ ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԻՐԱ­ՏԵՍՈՒ­ԹԻՒՆ

Հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թիւնը չ’ան­ջա­տո­ւիր գրա­ւո­րի աս­տի­ճա­նա­կան իւ­րա­ցու­մէն:

­Ներ­կա­յիս կը դի­մագ­րա­ւենք այլ մեծ բար­դու­թիւն մը, ա­ւեր գոր­ծող նա­խա­յար­ձա­կում մը. լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, որ սո­վո­րա­կան դառ­նա­լով կը դառ­նայ սպառ­նա­լիք ոչ միայն հա­յե­րէ­նի իւ­րաց­ման (գիր, ուղ­ղագ­րու­թիւն), այլ նաեւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յե­րէ­նի վերջ­նա­կան այ­լա­սեր­ման, օ­տար­ման (aliénation): Ե­թէ ե­րե­ւոյ­թին ա­ռաջ­քը չառ­նո­ւի, հե­տե­ւանք­նե­րը կ’ըլ­լան ա­ղէտ: Այս ար­դէն այլ հարց է, ո­րուն վրայ պէտք է հա­կիլ, որ­պէս մշա­կու­թա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի ա­ռանցք:
­Հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թիւ­նը մաղ­թան­քի եւ բա­րի ցան­կու­թիւն­նե­րէն ան­դին է, մեր կա­ցու­թե­նէն բխող տո­ւեալ­ներ եւ ժա­մա­նա­կա­կից հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ըն­ծա­յած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով կը կազ­մա­կեր­պո­ւի:
­Շա­տա­խօ­սու­թիւն պի­տի ըլ­լայ ը­սել, որ կը յա­ջո­ղինք, ե­թէ այս նպա­տա­կի ի­րա­կա­նաց­ման ձգտինք հրա­ժա­րե­լով սի­րո­ղա­կա­նէ, ա­նո­րա­կէ, զո­հո­ղու­թեան դա­տար­կա­բա­նու­թե­նէ եւ քար-մար­մա­րի ու ցու­ցադ­րա­կա­նի փո­խա­րէն կրթու­թեան հա­մար ներդ­րում­ներ ը­նենք:
­Հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թիւ­նը եւ հա­յագ­րու­թիւ­նը մեր տո­կա­լու եւ տե­ւե­լու ե­րաշ­խիքն են: Լ­սա՞ծ էք Մաշ­տո­ցի ազ­գա­պահ­պան ե­րե­սուն­վեց զի­նո­ւոր­նե­րու մա­սին…
­Մաշ­տո­ցի ու­ղիէն շե­ղիլ ազ­գա­կոր­ծան ըն­թացք է: Այս պէտք է կրկնել ա­մէ­նու­րեք, քա­ղա­քա­կան կեան­քի, կրօ­նա­կան կեան­քի, ա­րո­ւեստ­նե­րու մէջ:
Այ­լա­պէս դար­պաս­նե­րը միշտ բաց են ծա­գու­մով հայ ըլ­լա­լու հա­մար:

 

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ