Ս­տո­րեւ՝ «Ազ­դակ» թարգ­մա­նա­բար կը ներ­կա­յաց­նէ պատ­մա­բան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Խա­չիկ Մու­րա­տեա­նի խօս­քը` ար­տա­սա­նո­ւած Այն­թա­պի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­ նու­թեան ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նար­կին (21 մարտ 2015ին): Մու­րա­տեան իր խօս­քը ար­տա­սա­նած է թրքե­րէ­նով:

Սկ­սիմ պատ­մու­թեամբ մը:

Սի­ֆո­րա. հա­յու­հի մը, որ իբ­րեւ դա­յեակ ծա­ռա­յեց Այն­թա­պի մէջ 1800ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րէն մին­չեւ 1922: Այս ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ան տետ­րի մը մէջ բծախնդ­րօ­րէն կ­՛ար­ձա­նագ­րէր ծնած իւ­րա­քան­չիւր մա­նու­կի տո­ւեալ­նե­րը: Երբ լքեց քա­ղա­քը, ան վե­րահս­կած էր 4274 ծննդա­բե­րու­թեան:

Չորս հա­զար եր­կու հա­րիւր եօ­թա­նա­սուն­չորս:

Սի­ֆո­րա­յի քոյ­րը` Նու­րի­ձան, նոյն­պէս դա­յեակ դար­ձաւ 1905ին: Ան, իր կար­գին, կը պա­հէր տետր մը` մա­նուկ­նե­րուն մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով:

Սկզբ­նա­կան շրջա­նին ա­նոնց գլխա­ւոր յա­ճա­խորդ­նե­րը հայ ըն­տա­նիք­ներն էին: Սի­ֆո­րա­յի օ­ժան­դա­կու­թեամբ, օ­րի­նակ, ծննդա­բե­րե­ցին Ռա­ֆա­յէ­լին կի­նը` Զա­րու­հին, (­Յու­նո­ւար 1892, ա­պա` Մարտ 1893), քիւ­չիւք Ներ­սէ­սին աղ­ջի­կը` նի­զիպ­ցի Ով­սան­նան (­Հոկ­տեմ­բեր 1895), թամ­բա­գործ Ա­ւա­գին կի­նը (­Մարտ 1879), փի­լաւ­ճի Ներ­սէ­սին կի­նը (Ապ­րիլ 1897), տէ­լի Կիւլ­լիւն (­Փետ­րո­ւար 1898), ա­տաղ­ձա­գործ Մի­նա­սին կի­նը` Խա­նըմ (­Յու­նիս 1899), ոս­կե­րիչ Յա­րու­թիւ­նին կի­նը (­Հոկ­տեմ­բեր 1899) եւ հա­րիւ­րա­ւոր ու­րիշ­ներ:

1915էն ետք հա­յե­րուն ա­նուն­նե­րը գրե­թէ կը բա­ցա­կա­յին տետ­րակ­նե­րէն:

Պատ­ճա­ռը դուք ալ գի­տէք:

Այդ թո­ւա­կա­նէն ետք ա­նոնց յա­ճա­խորդ­ներն են գլխա­ւո­րա­բար իս­լամ­ներ եւ հրեա­ներ. ժան­տար­մա­նե­րու հրա­մա­նա­տար Քե­մալ պէ­յին կի­նը (1916), Սե­լա­նի­կէն գաղ­թա­կան Մահ­մուտ է­ֆեն­տիին կի­նը (1916), հրեայ Ճապ­րա­յին կի­նը` Սա­ռան (­Մարտ 1918) եւ ու­րիշ­ներ:

Յան­կարծ, 1922ին Սի­ֆո­րա հե­տե­ւեա­լը կը գրէ իր տետ­րա­կին մէջ.- «Ան­թէպ­տէ ի­շի­միզ պիթ­թի» (Այն­թա­պի մէջ մեր գոր­ծը վեր­ջա­ցաւ): Նու­րի­ձան իր տետ­րա­կին մէջ կը նշէ, որ 29 Նո­յեմ­բե­րին մեկ­նե­ցան կա­յա­րան եւ խումբ մը հայ որ­բե­րու հետ փա­խուստ տո­ւին Հա­լէ­պի ուղ­ղու­թեամբ:

Հա­լէ­պի մէջ եր­կու դա­յեակ­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց աշ­խա­տան­քը: Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան տար­բեր ան­կիւն­նե­րէն ճո­ղոպ­րե­լով Սու­րիա հաս­տա­տո­ւած վե­րապ­րող­նե­րու ա­նուն­նե­րով լե­ցո­ւե­ցան տետ­րակ­նե­րուն է­ջե­րը:

Սի­ֆո­րա­յի տետ­րա­կի վեր­ջին է­ջին վրայ կը կար­դանք, որ ան մա­հա­ցաւ 28 Մա­յիս 1940ին: Քոյ­րը շա­րու­նա­կեց դա­յեա­կու­թեամբ զբա­ղիլ 15 տա­րի եւս:

Այն­թապ­ցի­նե՛ր,

Խորհր­դան­շա­կան է, որ ա­ռա­ջին ան­գամ Այն­թա­պի մէջ է, որ եր­կու քոյ­րե­րուն տետ­րակ­նե­րէն է­ջեր հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով ցու­ցադ­րու­թեան կ­՛ար­ժա­նա­նան: Այ­սօր եր­կու քոյ­րե­րը Այն­թապ «կը վե­րա­դառ­նան» ի­րենց տետ­րակ­նե­րով:

Եւ հի­մա այս բե­մէն ձե­զի նա­յե­լով` կը մտա­ծեմ պահ մը, թէ ար­դեօք ձեզ­մէ քա­նի՜-քա­նի՜­նե­րը Սի­ֆո­րա­յի եւ Նու­րի­ձա­յի ծննդա­բե­րած մա­նուկ­նե­րուն զա­ւակ­ներն ու թոռ­ներն են:

Հա­ւա­նա­կան է, որ Սի­ֆո­րա կամ Նու­րի­ձա ձեր մեծ հայ­րերն ու մեծ մայ­րե­րը գրկող ա­ռա­ջին ան­ձերն էին:

Այս քա­ղա­քին տաս­նա­մեակ­ներ ծա­ռա­յած այդ եր­կու կի­նե­րը լքե­ցին, ցաւ ի սիրտ, եւ ե­րեք բառ ի­րենց շրթնե­րուն` «Ան­թէպ­տէ ի­շի­միզ պիթ­թի»:

Պատ­ճա­ռը դուք ալ գի­տէք:

Սի­ֆո­րա­յի եւ Նու­րի­ձա­յի նման հա­զա­րա­ւոր հա­յեր հե­ռա­ցան այս քա­ղա­քէն եւ եր­բեք չկրցան վե­րա­դառ­նալ, բայց ա­նոնք ի­րենց հետ տա­րին Այն­թա­պէն մաս մը ու Այն­թա­պով ապ­րե­ցան:

Այն քի­չե­րը, ով­քեր ա­ռիթ ու­նե­ցան ի­րենց պա­պե­նա­կան քա­ղա­քը այ­ցե­լե­լու, խառն զգա­ցում­նե­րով հա­մա­կո­ւած էին: Ա­նոնց­մէ մէկն էր Ճորճ Հայկ: Ան Այն­թա­պը ձգած էր 1919 Դեկ­տեմ­բե­րին` «­Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ գիւ­ղատն­տե­սու­թիւն ու­սա­նե­լու եւ վե­րա­դառ­նա­լով` մեր ար­տե­րու պիս­տա­կին, ձի­թե­նի­նե­րուն, թզե­նի­նե­րուն եւ այ­գի­նե­րուն հունձ­քը ա­ւե­լի հարս­տաց­նե­լու», բայց ան չկրցաւ վե­րա­դառ­նալ:

Պատ­ճա­ռը դուք ալ գի­տէք:

40 տա­րի ետք միայն, ար­դէն` ա­մե­րի­կեան բա­նա­կի հանգս­տեան կո­չո­ւած սպայ, Ճորճ Հայկ այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ Այն­թապ: Ա­հա թէ ի՛նչ գրեց այդ մա­սին.-

«­Կանգ­նած էի մեր տան դի­մաց: Ի՜նչ խայ­տանք, ի՜նչ զգա­ցում­ներ, ի՜նչ եր­ջան­կու­թիւն է տուն վե­րա­դառ­նալ տա­րի­ներ ետք: Սա­կայն լիո­վին գի­տակ­ցած չէի դեռ, թէ այ­լեւս կը գտնո­ւիմ ու­րի­շի մը տան դի­մաց: Երբ դու­ռը թա­կե­ցի, տա­կա­ւին ու­նէի այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ շե­մին պի­տի յայտ­նո­ւէր եղ­բայր­նե­րէս կամ քոյ­րե­րէս մէ­կը: Մե՞ղք է ե­րա­զել: Բայց երբ շուրջ 12 տա­րե­կան աղ­ջիկ մը բա­ցաւ դու­ռը, գի­տակ­ցե­ցայ, թէ ես դրսե­ցի եմ հի­մա»:

Այ­սօր ա­նոնք, ո­րոնք հա­յեր ջար­դե­ցին 1895ին, 1909ին եւ 1915ին, ար­դէն շա­տոնց չկան: Վե­րապ­րող­ներն ալ մե­զի հետ չեն այ­լեւս: Սի­ֆո­րա, Նու­րի­ձա եւ Հայկ մա­հա­ցած են, բայց ա­նոնք ի­րենց յի­շա­տակ­նե­րը փո­խան­ցե­ցին Այն­թա­պէն հե­ռու հա­սակ նե­տած սե­րունդ­նե­րուն` ի­րենց յու­շագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ տետ­րակ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն:

Սի­ֆո­րա­յի եւ Նու­րի­ձա­յի շա­ռա­ւիղ­նե­րը կեն­դա­նի են: Ա­նոնք են, որ ին­ծի յանձ­նե­ցին այս եր­կու տետ­րակ­նե­րը:

Կեն­դա­նի են նաեւ թոռ­ներն ու ծո­ռե­րը այն այն­թապ­ցի­նե­րուն, ո­րոնք լոյս աշ­խարհ ե­կան եր­կու դա­յեակ­նե­րուն շնոր­հիւ:

Ա­նոնց­մէ ո­մանք հոս` այս սրա­հին մէջ են հա­ւա­նա­բար:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի ետք պա­հը շա­տոնց հա­սած է, որ ա­նոնց յի­շա­տակ­նե­րը ըլ­լան նաեւ ձե՛ր յի­շա­տակ­նե­րը:

Պա­հը հա­սած է, որ Սի­ֆո­րա­յի, Նու­րի­ձա­յի եւ Հայ­կի շա­ռա­ւիղ­նե­րուն ը­սէք, թէ ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան յանձ­նա­ռու էք այ­լեւս:

Եւ, վեր­ջա­պէս, պա­հը հա­սած է, որ փո­խենք այն ե­րեք բա­ռե­րը, ո­րոնք կ­՛ար­ձա­գան­գեն մեր ա­կանջ­նե­րուն մէջ այ­սօր, եւ ը­սենք. «Այն­թէպ­տէ ի­շի­միզ պաշ­լըեոր» (Այն­թա­պի մէջ մեր գոր­ծը հի­մա՛ կը սկսի):