Է­լա­զիկ նա­հան­գի Քո­վան­ճը­լար շրջա­նի Սա­րահ­բահ­չէ գիւ­ղին մէջ (նախ­կին ա­նու­նը Չը­նազ), մին­չեւ 1915 թո­ւա­կան հա­յեր շատ ե­ղած են: Այս շրջա­նը մեծ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու ա­կա­նա­տես ե­ղած է, եւ այժմ ալ շատ ըն­տա­նիք­ներ կ’ապ­րին, ո­րոնց մեծ-մայ­րե­րը հա­յեր են, կը գրէ Taraf պար­ բե­րա­կա­նի յօ­դո­ւա­ծա­գիր Ռեմ­զի Պու­տան­ճիր:

«­Հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թե­նէն ետք հոս հիմ­նա­կա­նին մէջ ե­րե­խա­ներ ու կա­նայք մնա­ցած են: Ա­նոնց­մէ ո­մանք ա­մուս­նա­ցած ու թաք­ցու­ցած, փո­խած են ի­րենց մա­կա­նուն­նե­րը: Այդ կա­նայք յա­ճախ միայն ծե­րա­նա­լէ ետք ի­րենց թոռ­նե­րուն պատ­մած են ի­րենց հետ տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գու­թիւ­նը»,- կը գրէ յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը:

Շատ այլ ըն­տա­նիք­նե­րու նման, հա­յե­րու հետ ազ­գակ­ցա­կան կապ ու­նի նաեւ 100ա­մեայ Շիւք­րի Կիւ­նէշ:

Ա­նոր մօր ըն­տա­նի­քը սպան­նո­ւած է տե­ղա­հա­նու­թեան ըն­թաց­քին, իսկ մայ­րը ա­մուս­նա­ցած է Կիւ­նէ­շի հօր հետ:

Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած հա­յու­հիին որ­դին Tarafին կը պատ­մէ մօր պատ­մու­թիւ­նը:

Ան նշած է, որ Քո­վան­ջը­լա­րի, Քա­րա­քո­չա­նի, Բա­լո­ւի մէջ քիւր­տերն ու հա­յե­րը միա­սին ապ­րած են, եւ շատ գիւ­ղե­րու մէջ դեռ պահ­պա­նո­ւած են ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ւե­րակ­նե­րը: «Ոչ մէ­կը միւ­սին հետ խնդիր ու­նէր:

Պե­տու­թիւ­նը ը­սաւ կո­տո­րէք` կո­տո­րե­ցին, քան­դէք` քան­դե­ցին: Երբ ե­րե­խայ էինք, այդ­պէս կը պատ­մո­ւէր: Այս­տեղ հա­յե­րուն հետ շա­տե­րը ազ­գա­կան են, ո­րոշ­ներն ալ չեն խոս­տո­վա­նիր»,- ը­սած է ան ու պատ­մած, թէ ինչ­պէ՞ս կա­նայք ստի­պո­ւած ե­ղած են ա­մուս­նա­նա­լու, քա­նի որ եր­թա­լու տեղ չեն ու­նե­ցած:

Ծե­րու­նին կը նշէ, որ ե­թէ հայ­րը մօ­րը հետ չա­մուս­նա­նար` մօրն ալ կը սպան­նէին:

Շիւք­րի կը նշէ, որ իր մայ­րը հայ է, հայ­րը` քիւրտ: «­Հայ­կա­կան դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին մօրս ողջ ըն­տա­նի­քը սպան­նո­ւած է, եր­կու եղ­բայր­նե­րը փրկո­ւած ու հա­սած են Ա­մե­րի­կա: Մօ­րա­քոյր մը ու­նէի, ո­րուն ա­մու­սի­նը եւս սպան­նո­ւած էր: Ան ալ լքեց եր­կի­րը: Ես կը կար­ծէի, թէ մօրս ա­նու­նը Է­մի­նէ է: Կը պար­զուի` ի­րա­կան ա­նու­նը Է­մի­նէ չէ, ստի­պո­ւած ե­ղած է փո­խե­լու ա­նու­նը, սա­կայն որ­քան հար­ցու­ցինք, մայրս վա­խէն մե­զի նոյ­նիսկ ա­նու­նը չը­սաւ»,- պատ­մած է հա­րիւ­րա­մեայ ծե­րու­նին:

Ան պատ­մած է, որ ա­ւե­լի ուշ յա­ջո­ղած է Ա.Մ.Ն.ի մէջ գտնել ու նա­մա­կագ­րա­կան կապ հաս­տա­տել քե­ռի­նե­րուն հետ:

«Այս­տեղ մնա­ցած հայ մը Ա­մե­րի­կա պի­տի գաղ­թէր: Ա­նոր ա­նու­նը Կըր­պօ էր: Մօրս հետ ա­նոր մի­ջո­ցով նա­մակ ու­ղար­կե­ցինք, որ Ա­մե­րի­կա հա­սած քե­ռի­նե­րուս հասց­նէ: Կարճ ժա­մա­նակ անց պա­տաս­խան ստա­ցանք: Կըր­պոն գտած էր քե­ռի­ներս»,- պատ­մած է Շիւք­րի:

Բայց քե­ռի­նե­րը չեն հա­ւա­տա­ցած, որ ի­րենց քոյ­րը ողջ է, եւ հա­մո­զո­ւե­լու հա­մար խնդրած են, որ մայ­րը ի­րենց ման­կու­թեան յու­շե­րէն պատ­մէ, ը­սէ, թէ ին­չե՜ր ը­րած են միա­սին:

«Երբ այդ հար­ցե­րով նա­մա­կը մե­զի հա­սաւ, մայրս սկսաւ ար­տա­սո­ւիլ: Ան պատ­մեց` մենք նա­մակ գրե­ցինք: Այդ­պի­սով` նա­մա­կագ­րա­կան կապ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, որ, սա­կայն, մօրս մա­հէն ետք վեր­ջա­ցաւ»,- ը­սած է ան: