­Գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կե­րոջս՝ Մկր­տիչ Մկր­տի­չեա­նի «­Յու­նա­կան Հեր­թա­կան Ճգ­նա­ժամ» խո­րա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծը կ­՛ա­ւար­տի «­Յե­տոյ Աս­տո­ւած մեծ է» նա­խա­դա­սու­թեամբ:

Ան­մի­ջա­պէս միտքս ին­կաւ ա­նեկ­տոթ մը. ու­րեմն՝ օր մը Աս­տո­ւած պա­պան կ­՛ո­րո­շէ ստու­գել, թէ ի՞նչ կ­՛անց­նի կը դառ­նայ Եր­կիր մո­լո­րա­կին վրայ: Քա­մե­րան վե­րե­րէն «զում» կ­՛ը­նէ, կ­՛ե­րե­ւայ գետ մը, ո­րուն իւ­րա­քան­չիւր ա­փին կը գտնո­ւի բա­նակ մը: Պաս­տա­ռին վրայ կ­՛ե­րե­ւի 451 թո­ւա­կա­նը: Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մի նա­խօ­րեակն է:

Մինչ բա­նակ­նե­րէն մէ­կը կը մար­զո­ւի, վեր­ջին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը կը տես­նէ, զի­նո­ւոր­նե­րը փի­ղե­րը կը լո­ւան, նի­զակ­ներն ու սու­րե­րը կը սրեն, միւս բա­նա­կա­վայ­րէն ներս սա­կայն, կե­րու­խու­մի եր­կա՜ր սե­ղան­ներ կան. թա­մա­դան ալ Ղե­ւոնդ Ե­րէցն է. ա­մէն կողմ խո­րո­ված, խաշ­լա­մա, գի­նի, կե­նաց­ներ՝ «­Վար­դան ջան, շէֆ ջան, մենք վա­ղը սրանց բո­լո­րին ջար­դե­լու ենք… կե­նա՛ցդ իշ­խան Խոր­խո­ռու­նի, կե­նա՛ցդ իշ­խան Ա­մա­տու­նի», ե­ւայլն:

Աս­տո­ւած պա­պան կը շո­ւա­րի, կ­՛ապ­շի այս եր­կու հա­կա­դիր տե­սա­րան­նե­րով, մօ­րու­քը կը շփէ ու կե­րու­խու­մի մէջ գտնուող բա­նա­կին ակ­նար­կե­լով կ­՛ը­սէ.- «Այս մար­դի­կը նո­րէն յոյ­սեր­նին վրաս դրած են…»:

Ան­մի­ջա­պէս ը­սեմ, որ Մ. Մկր­տի­չեա­նի յօ­դո­ւա­ծը շատ կուռ ու տրա­մա­բա­նա­կան կեր­պով խոր­քա­յին վեր­լու­ծու­մը կը կա­տա­րէ Յու­նաս­տա­նի այս օ­րե­րու (ա­ւե­լի ճիշդ՝ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րու) դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան տագ­նա­պին ու այդ ա­ռանց­քին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցող պայ­քա­րին: Շատ ու­շագ­րաւ է յօ­դո­ւա­ծին վեր­ջին բա­ժի­նը:

Պէտք է մէջ­բե­րեմ. «­Յու­նաս­տա­նի ներ­կայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան օ­րէնք­նե­րու բա­ցար­ձակ յար­գու­մով ընտ­րո­ւած իշ­խա­նու­թեան տէրն է չնաշ­խար­հիկ ձա­խա­կող­մեան շար­ժում մը, որ մեծ դիւ­րու­թեամբ կրնայ վա­րա­կիչ դառ­նալ, ե­թէ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւի այս օ­րե­րուն Եւ­րո­պա­յի հսկա­նե­րուն դէմ իր տա­րած դա­ւի­թեան կռի­ւը:

«Եւ­րո­պա­յի մէջ վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն ինք­զինք գտնել ու սահ­մա­նել փոր­ձող քա­ղա­քա­կան Ձա­խը ծաղ­կե­լու ա­ռիթ մը ու­նի ներ­կա­յիս:

«Ս­պա­նիոյ մէջ հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժու­մը գնա­հա­տե­լի յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րեց վեր­ջին տե­ղա­կան կա­ռա­վար­ման ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին:

«Ըն­կեր­վա­րու­թեան տետ­րակ­նե­րը ծալ­լած ու մէկ կողմ նե­տած ու դեռ ըն­կեր­վա­րա­կան ա­նու­նը պա­հած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­մէ­նէն բիրտ հա­կա­ռա­կորդ­ներն են այս նոր շար­ժում­նե­րուն. վերջ ի վեր­ջոյ այդ շար­ժում­նե­րու յա­ջո­ղու­թե­նէն հիմ­նա­կան վնա­սող­նե­րը պի­տի ըլ­լան վայ­րի ու վայ­րե­նի դրա­մա­տի­րու­թեան պնա­կա­լէզ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած այդ ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րը:

«Իսկ մնա­ցեալ­նե­րու՝ ա­ջե­րու եւ այլ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու ժխտա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րը ար­դէն չեն զար­մաց­ներ»:

Յու­նաս­տա­նի իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ Սի­րի­զան, կը պայ­քա­րի յա­նուն յոյն ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան ու կը փոր­ձէ տրա­մա­բա­նա­կան ու կա­րե­լի լու­ծում­ներ ա­ռա­ջար­կել պար­տա­տէ­րե­րուն, Ե­ռա­պե­տու­թեան (Troyka), այ­սինքն Եւ­րո­պա­յի Կեդ­րո­նա­կան Դրա­մա­տան, «Այ.Էմ.Էֆ.»ին եւ Եւ­րո­պա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ե­լեւմ­տա­կան նա­խա­րար­նե­րուն: Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս ա­մէն ան­գամ, որ իր ա­ռա­ջարկ­նե­րը ներ­կա­յաց­նէ Ե­ռա­պե­տու­թեան, իր դէմ կը գտնէ միայն բիրտ «Ոչ» մը:

Խոր­քին մէջ, պայ­քա­րը մէկ կող­մէ «վայ­րի ու վայ­րագ» դրա­մա­տի­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ու միւս կող­մէ ըն­կեր­վա­րու­թեան ա­կունք­նե­րուն կանգ­նած Ձա­խին մի­ջեւ է:

Եւ շատ ճշգրիտ է Մ. Մկր­տի­չեան, երբ ան Եւ­րո­պա­յի դա­սա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը բնու­թագ­րէ «վայ­րի ու վայ­րե­նի դրա­մա­տի­րու­թեան պնա­կա­լէզ­ներ» ո­րա­կու­մով:

Իսկ Եւ­րո­պան, այ­սինքն Ե­ռա­պե­տու­թիւ­նը, կը տես­նէ, թէ իր վա­րած տնտե­սա­կան վայ­րագ վար­քա­գի­ծին դէմ պայ­քա­րող ուժ մը ար­դէն իսկ իշ­խա­նու­թեան ե­կած է Յու­նաս­տա­նի մէջ:

Ն­մա­նօ­րի­նակ շար­ժում­ներ ծնունդ ա­ռած են նաեւ Ս­պա­նիոյ, Ի­տա­լիոյ, Փոր­թու­կա­լի եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Շար­ժում­ներ, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ա­կունք­նե­րուն, սկզբունք­նե­րուն վե­րա­դար­ձի ա­ռա­ջադ­րան­քով ճամ­բայ ե­լած են: Եւ­րո­պա­յի դա­սա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան էու­թե­նէն պար­պո­ւած ըլ­լա­լով, վե­րա­ծո­ւած են վայ­րագ դրա­մա­տի­րու­թեան ստրուկ­նե­րուն:

Ա­մե­նա­ցայ­տուն օ­րի­նակ­նե­րէն են Բ­րի­տա­նիոյ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան­նե­րը (տխրահռ­չակ Թօ­նի Պ­լե­րով), Յու­նաս­տա­նի եւ Ֆ­րան­սա­յի Ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: Վեր­ջինս ներ­քին, գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ա­ռու­մով փուլ ե­կաւ Մի­թե­րա­նէն ետք:

Ու­րեմն՝ Սի­րի­զա­յի նման­ներն են, ո­րոնք նոր յոյս կը ներշն­չեն ժո­ղո­վուր­դին ու ա­տոր հա­մար ալ կը ստա­նան ա­նոր քո­ւէն: Ճիշդ այս է, որ կը սար­սա­փեց­նէ Ե­ռա­պե­տու­թիւ­նը, հա­պա՞ ե­թէ Սի­րի­զա­յի օ­րի­նա­կը կրկնո­ւի Ս­պա­նիոյ մէջ (­Փո­տե­մոս շար­ժու­մին ճամ­բով) կամ այ­լուր: Ու­րեմն, այս շար­ժու­մը պէտք է խեղ­դել իր սաղ­մին մէջն իսկ:

Ա­սոր հա­մար է, որ Ե­ռա­պե­տու­թիւ­նը ան­զի­ջող կը մնայ Յու­նաս­տա­նի նկատ­մամբ: Եւ քա­նի որ ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­թիւն ու­նի մա­մու­լին վրայ, քա­րոզ­չա­կան ար­շաւ մը կայ Ցիփ­րա­սի ղե­կա­վա­րած շար­ժու­մին դէմ, զայն ա­կա­նա­հա­րե­լու բա­ցա­յայտ մի­տու­մով:

Կը հաս­նինք Մ. Մկր­տի­չեա­նի «Աս­տո­ւած մեծ է» եզ­րա­կա­ցու­թեան (որ ան­շուշտ կը վե­րա­բե­րի Յու­նաս­տա­նի շուրջ սա­կար­կու­թիւն­նե­րուն):

Յօ­դո­ւա­ծա­գիր ըն­կերս հա­ւատ­քի խնդիր չի դներ ան­շուշտ: Բայց իմ մօ­տե­ցումս տար­բեր է: Բա­ցատ­րեմ:

Իմ խոր հա­մո­զու­մովս, մենք՝ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան­ներ (հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ իբ­րեւ ըն­կեր­վա­րա­կան­ներ), ո՛չ միայն մօ­տէն պէտք է հե­տե­ւինք Եւ­րո­պա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող այս զար­գա­ցում­նե­րուն, այ­լեւ, քայլ մը ան­դին անց­նե­լով, պար­տինք մօ­տիկ շփում­ներ ու փո­խա­դարձ զօ­րակ­ցա­կան կա­պեր հաս­տա­տել Սի­րի­զա­յի ու Փո­տե­մո­սի նման շար­ժում­նե­րու հետ, ո­րով­հե­տեւ այս վար­քա­գի­ծը, գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով, մե­զի կրնայ տալ «ռազ­մա­վա­րա­կան խորք» մը (strategic depth) ու այդ հիմ­քի վրայ՝ քա­ղա­քա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րու նոր դաշտ մը կրնայ բա­նալ մե­զի հա­մար:

Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար բա­րե­րար կրնայ ըլ­լալ ա՛յն Եւ­րո­պան, որ կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւի այս շար­ժում­նե­րով: Այժ­մու Եւ­րո­պա­յէն «խէր չկայ». ա­նոր ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գը բա­ցա­յայ­տօ­րէն եր­կու չափ եր­կու կշի­ռի վրայ հիմ­նո­ւած է ու իր էու­թեան մէջ՝ նոյ­նիսկ հա­կա­ժո­ղովր­դա­վար է:

Հա­մո­զո­ւե­լու հա­մար այս ի­րա­կա­նու­թեան, շատ հե­ռուն պէտք չէ եր­թալ: Պար­զա­պէս կար­դա­ցէ՛ք Ար­մէն Ռուս­տա­մեա­նի հար­ցազ­րոյ­ցը «­Հա­յոց Աշ­խարհ»ի 16 Յու­նի­սի հա­մա­րին մէջ, «Ո­չինչ չի փո­խո­ւե­լու. Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դը դառ­նում է Միլ­լի Մէջ­լիս» խո­րա­գի­րով:

Այն­պէս որ, Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան շա­հե­րը կը պա­հան­ջեն սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր ստեղ­ծել Եւ­րո­պա­յի նոր Ձա­խին հետ, ո­րով­հե­տեւ ա՛ն կրնայ ըլ­լալ մեր նոր դաշ­նա­կի­ցը, հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժի կեդ­րոն­նե­րէն ներս նոր զի­նա­կից­ներ փնտռել գտնե­լու մեր ճի­գե­րուն մէջ, եւ ոչ թէ Ե­ռա­պե­տու­թիւ­նը՝ Մեր­քել կամ նոյ­նիսկ Օ­լանտ կո­չո­ւող իր կա­մա­կա­տար­նե­րով:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ