Կ՛ենթադրուի, որ ծիրանի հայրենիքը հիւսիս–արեւելեան Հայաստանն է: Հայաստանի մէջ ծիրանը տարածուած եղած է հնագոյն ժամանակներէն, դեռ Ք.ա. 3րդ հազարամեակէն: Աքքատացիները զայն կը կոչէին «արմանու» («արմանական», այ սինքն` «հայկական»), իսկ Հայաստանը` Արմանի («Ծիրանի երկիր»):
Միջագետքի հնագոյն բնակիչներ արամէացիները (քաղդէացիները) ծիրանի ծառը կը կոչէին «խազուրա արմէնաիա» («հայկական խնձորենի»): Արաբերէնին մէջ ծիրանի անուններէն մէկը «թուֆահ ալ արմանի» է, որ կը նշանակէ «հայկական խնձոր»:
Ք.ա. 1ին դարուն հռոմէացի զօրավար Լուկուլլոս, վերադառնալով հայոց արքայ Տիգրան Մեծի դէմ մղուող պատերազմէն, Հայաստանէն Հռոմ տարաւ ծիրանենիի տունկեր, որոնք հոն մշակուեցան եւ անուանուեցան «հայկական սալոր»: 18րդ դարու խոշորագոյն բուսաբան Ժան Բաթիսթ Լամարք նկատեց, որ անիկա ոչ թէ սալոր է, այլ նոր ցեղի ներկայացուցիչ, եւ անուանեց զայն Armeniaca Vulgaris:
Ձգտելով ժխտել այն փաստը, որ այժմեան Թուրքիոյ տարածքները ժամանակին եղած են հայկական, թուրք գիտնականները բազմաթիւ անգամներ փորձած են ծիրանի գիտական անուանումէն հանել «հայկական» բառը: Մասնաւորապէս 1972ին Լենինկրատի մէջ կայացած 12րդ Բուսաբանական Խորհրդաժողովին անոնք ցանկացած են փոխել հինէն ընդունուած լատինական անուանումը սելճուքեան ինչ-որ անուանումով, սակայն խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէ ստացած են վճռական հակահարուած եւ առաջարկը մերժուած է:
Ծիրանը եւ ծիրանի ծառը տեղ գտած են հայ նկարիչներու բազմաթիւ նկարներուն մէջ:
Հայերէնին մէջ լայնօրէն կ՛օգտագոծուի ծիրանի բառը` որպէս գուներանգի անուանում:
Հայ արքայական ընտանիքներու անդամները կը կրէին ծիրանի` համանուն երանգի թիկնոց:
Երեւանի մէջ, 2004էն սկսեալ, ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը: Հայաստանի մէջ ծիրանի ծառի փայտէն կը պատրաստուի տուտուկ նուագարանը:
Ծիրանենիի մասին յօդուածին մէջ «Հաստանի հրաշալիքները» գիրքին հեղինակները կարծիք կը յայտնեն, որ ծիրտուն` ատիկա ծիրանն է: Նիկողայոս Ադոնց գրած է, որ sirduն կը յիշատակուի Աստուածաշունչի յունարէն թարգմանութեան մէջ (Եսայի, Ե-13):
Հին Միջագետքի մէջ ծիրանը անուանած են նաեւ «արմանու»: Կան բոլոր հիմքերը պնդելու, որ հնագոյն Աքքատի մէջ Հայաստան համարուած է ծիրանի երկիր:
Ոչ մէկ ազգ տուած է այս ոսկեփայլ պտուղին նման դիպուկ անուանում, թէեւ հին աշխարհի մէջ կարծած են, որ ծիրանենիի պտուղին մէջ արեգակնային զօրութիւն կը պարունակուի, որուն մասին գրած է Հիփոկրատ: Միջնադարու հայ բժիշկ Ամիրտովլաթ Ամասիացին գրած է.- «Ամենալաւ ծիրանը կ՛աճի Հայաստանի մէջ»:
Այո՛, ծիրանը իրաւամբ մեծարուած է հայ մարդու շրթներով. Շնորհակալ ծիրանենին կարծես իր մէջ կուտակած է հայ պանդուխտի թախիծը եւ կարօտը, հայոց հայրենիքին պատուհասած փորձութիւնները, ինչ որ կ՛արտայայտէ բնափայտէն պատրաստուած մեր ազգային նուագարանի` տուտուկի (ծիրանափող) քնարական մեղեդիներով:
Ծիրանենիի բացառիկութեան մասին գրած է նաեւ Խ. Աբովեան: 1840ին Նոյ Նահապետի իջեւանատեղի համարուող հայաբնակ Ակոռի գիւղը եւ այգիները գետնին հաւասարած են ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով:
Երեք տարի անց Աբովեան կ՛ուղեկցի եւրոպացի ճանապարհորդներուն դէպի Արարատ լեռը: Արշաւի մասնակիցներուն մեծագոյն զարմանք եւ յուզում կը պատճառէ այն, որ գիւղի մօտ պահպանուած էին թիւով 13 ծիրանենիներ, ինչ որ իրապէս իբրեւ երկնային նախախնամութեան նշան մեկնաբանուած է: