­Թել Ա­պիա­տի գրա­ւու­մը քիւր­տե­րուն կող­մէ ու­ղենշա­յին ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը վեր­լու­ծող­նե­րուն հա­մար: ­Ռազ­մա­կան գետ­նի վրայ ստա­ցո­ւած է այն, որ ­Սու­րիոյ տա­րած­քին քիւր­տե­րը, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­րեւմ­տեան ու­ժերն ու սու­րիա­ կան կա­ռա­վա­րա­կան բա­նակ­նե­րը ըստ էու­թեան պա­տե­րազ­մած են «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» դէմ: ­Բայց այս պատ­կե­րը հա­մընդ­հա­նուր բնոյթ չու­նի: ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս պատ­ճէ­նա­հա­նումն է ի­րա­քեան տար­բե­րա­կին, յատ­կա­պէս քրտա­կան տա­րածք­նե­րը «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» թա­փան­ցում­նե­րէ զերծ պա­հե­լու մի­տու­մով ի­րա­կա­նա­ցո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով:

­Պատ­կե­րը ա­ւե­լի կը խճճո­ւի, ե­թէ միա­ցեալ ճա­կա­տի տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րը դի­տար­կե­լով՝ այդ ու­ժե­րու կող­քին տես­նենք նաեւ ­Թեհ­րա­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լող ­Հըզ­պալ­լա­յի ջո­կատ­նե­րը, կամ՝ ուղ­ղա­կի Ի­րա­նի կող­մէ շրջան գոր­ծու­ղո­ւած բա­նա­կա­յին­նե­րը:

­Ռազ­մա­կան ի­րադ­րու­թիւն­նե­րու պար­զած այս խճան­կա­րը դի­տո­ղը ան­մի­ջա­պէս կը հե­տեւց­նէ, որ Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ հե­ռա­կա­ռա­վա­րո­ւող այս պա­տե­րազ­մը մերթ սահ­մա­նա­փակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, պա­րա­գա­յա­բար կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն սա­տա­րե­լով, փո­խած է ար­դէն «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը իբ­րեւ գոր­ծիք ծա­ռա­յեց­նե­լու իր դա­սա­կան վար­քա­գի­ծը: Ն­պա­տա­կադ­րո­ւա­ծը ոչ թէ վար­չա­կար­գի տա­պա­լումն է, այլ փուլ առ փուլ թու­լա­ցու­մը, զու­գա­հեռ` ժո­ղովր­դագ­րա­կան հա­մա­պատ­կե­րի հիմ­նո­վին շրջու­մով, ի գին տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու, պե­տու­թիւն­ներ եւ նոր սահ­ման­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լով:

Քր­տա­կան գոր­ծօ­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը ան­շուշտ սու­րիա­կան տա­րած­քով չի սահ­մա­նա­փակուիր: ­Մու­սու­լի մէջ պա­տա­հած­նե­րը, «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» կող­մէ ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նի մէջ փոր­ձո­ւած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու կտրուկ կան­խար­գի­լու­մը, ­Թուր­քիոյ մէջ քրտա­կան քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան զար­թօն­քը եւ նմա­նա­տիպ ե­րե­ւոյթ­ներ կու գան հա­մալրո­ւե­լու ­Թել Ա­պիա­տի քրտա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ վե­րահս­կու­մով:

­Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն Ան­գա­րան կը յան­կեր­գէր մար­դա­սի­րա­կան գօ­տի ա­նո­ւան տակ անվ­տան­գու­թեան գօ­տիի ստեղ­ծու­մը: Այդ ա­ռա­ջադ­րան­քը պար­զա­պէս ար­գե­լակ­ման փորձ էր ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ ­Թուր­քիոյ քիւր­տե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան միա­ւոր­ման: ­Թել Ա­պիա­տը հզօր հա­րո­ւած է այդ ա­ռու­մով. եւ ոչ միայն, ո­րով­հե­տեւ իր կար­գին ռազ­մա­վա­րա­կան ո­րոշ յե­նա­կէ­տե­րու նկա­տա­ռու­մով կ­՛ար­գե­լա­կէ ­Թուր­քիան եւ­Սու­րիոյ տա­րած­քին գոր­ծող իս­լա­մա­կան զի­նեալ­ներն ու թիւրք­մէն­նե­րը կա­պող ցա­մա­քա­յին ճա­նա­պարհ­նե­րը:

­Թել Ա­պիա­տի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը քիւր­տե­րուն հա­մար ճիշդ է, որ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի: Ինք­նա­վար երկ­րորդ ­Քիւր­տիս­տա­նի սահ­ման­նե­րու ի­րո­ղա­կան կա­յաց­ման ա­ռու­մով: ­Բայց ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րու ակ­նե­րեւ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը եւ ա­նոր նա­խոր­դող Եօթ­նե­րու խմբա­կի հան­դիպ­ման ա­ւար­տին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին զգու­շա­ցու­մը Ան­գա­րա­յին` վե­րահս­կե­լու իր սահ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի իս­լամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը չթա­փան­ցեն ­Սու­րիա եւ Ի­րաք, ար­դէն պար­զօ­րէն կը խօ­սի Քր­տա­կան ­Գոր­ծօ­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նաց­ման մա­սին: Ա­րեւ­մուտ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը սա­կայն ե­թէ այս հանգ­րո­ւա­նին քիւր­տե­րուն ա­ջակ­ցե­լով կը զսպէ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ա­խոր­ժակ­նե­րը, ան­պայ­ման նպաս­տած չ­՛ըլ­լար պաշ­տօ­նա­կան ­Դա­մաս­կո­սին: ­Սու­րիա­կան այլ տա­րածք­նե­րու մէջ չմի­ջամ­տե­լը եւ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ար­շաւ­նե­րուն չհա­կազ­դե­լը ար­դէն իսկ կը խօ­սի «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» նո­ւա­ճում­նե­րուն ա­նուղ­ղա­կի քա­ջա­լե­րան­քին մա­սին:

Եօթ­նե­րու խմբա­կի հան­դի­պու­մը պար­զա­պէս ա­ռիթ էր, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կան Ո­ւա­շինկ­թը­նը պա­հը հա­սած նկա­տէ յայ­տա­րա­րե­լու, որ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը ար­գելք պէտք չէ հան­դի­սա­նայ ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նի կող­քին սու­րիա­կան ­Քիւր­տիս­տա­նի ստեղ­ծու­մին: Այ­լա­պէս, երկ­րի բա­ժան­ման եւ այդ ա­ռա­ջադ­րան­քի ի­րա­կա­նաց­ման եւ այդ նպա­տա­կին` կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րու թու­լա­ցան հա­մար «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն»ը դեռ իբ­րեւ գոր­ծիք ծա­ռա­յե­լու ժա­մա­նակ ու­նի: Քր­տա­կան Գոր­ծօ­նը տա­կա­ւին գե­րաշ­խու­ժաց­ման մի­տում­ներ կը դրսե­ւո­րէ: ­Յե­տա­դարձ ակ­նար­կը կը վեր­յի­շեց­նէ ա­ռանց ուղ­ղա­կի ա­նո­ւա­նար­կե­լու քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թեան հաս­ցէին Էր­տո­ղա­նի հնչե­ցու­ցած մե­ղադ­րանք­նե­րը` ­Թուր­քիան տկա­րաց­նե­լու եւ մաս­նա­տե­լու ա­ռու­մով:

Քր­տա­կան գոր­ծօ­նի գե­րաշ­խու­ժա­ցու­մը կը խօ­սի նաեւ ­Թուր­քիոյ վե­րա­պա­հո­ւած նոր պատ­կե­րա­ցու­մին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի վե­րա­ծո­ւե­լու մա­սին: Ե­թէ ­Թուր­քիա եւ ­Քիւր­տիս­տան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի վե­րա­ծո­ւած են, ա­պա այդ­քան ալ կան­խա­հաս չէ հայ­կա­կան տա­րած­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու խնդի­րի մի­ջազ­գայ­նաց­ման հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղի­նե­րու մա­սին քննար­կում­նե­րու նա­խա­ձեռ­նե­լը:

Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան - «Ազ­դակ»