­Վարդ­գէս Նալ­պան­տեան.- «Ե­թով­պիոյ մէջ հա­մայն­քա­յին կեանք գրե­թէ չկայ, բայց չենք յու­սա­հա­տիր»

«­Հա­յերն Այ­սօ­ր»ի զրու­ցա­կի­ցը Ե­թով­պիոյ հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար Վարդ­գէս Նալ­պան­տեանն է:

Պա­րոն Նալ­պան­տեան ոչ միայն Ե­թով­պիոյ հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վարն է, այլ նաեւ այն­տեղ գոր­ծող Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տաս­խա­նա­տու սար­կա­ւա­գը:

Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ան ը­սաւ, որ հա­մայն­քը սա­կա­ւա­թիւ է, այն­տեղ ապ­րող հա­յե­րու թի­ւը կը հաս­նի 100ի, ո­րոնց ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մե­ծա­հա­սակ­ներ են, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­կա­սը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է այն հան­գա­ման­քով, որ տար­բեր եր­կիր­ներ ու­սա­նե­լու գա­ցած են:

«Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­մայն­քա­յին կեանք գրե­թէ չկայ, բայց չենք յու­սա­հա­տիր, միշտ կը փոր­ձենք ա­մէն ինչ ը­նել, որ­պէս­զի հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րը պահ­պա­նենք եւ մե­զի Հա­յաս­տա­նին մօտ զգանք, ը­սեմ նաեւ, որ մեր ու­րա­խու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը մեծ էր, որ այս տա­րո­ւան «Եւ­րո­տե­սիլ-2015» եր­գի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին ե­թով­պա­հայ սի­րո­ւած եր­գիչ Վա­հէ Թիլ­պեան նոյն­պէս ընդգր­կո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տան ներ­կա­յաց­նող «Genealogy» խում­բին մէջ»,- ը­սաւ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րը:

Ե­թով­պիոյ հայ հա­մայն­քը եւս ան­մասն չէ մնա­ցած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րը ըստ ար­ժա­ն­ւոյն ի­րա­կա­նաց­նե­լէն: Ապ­րիլ 13ին մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ հա­մերգ կազ­մա­կեր­պո­ւած է Հա­յաս­տա­նէն հրա­ւի­րո­ւած «Ա­րամ Խա­չատ­րեան» քա­ռեա­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ: Հա­մեր­գը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւած են Ե­գիպ­տո­սի մէջ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ար­մէն Մել­քո­նեան եւ բարձ­րաս­տի­ճան այլ ան­ձիք:

«­Հա­մեր­գին ո­րո­շե­ցինք օ­տա­րազ­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հրա­ւի­րել, որ­պէս­զի ա­նոնք եւս հա­ղոր­դա­կից ըլ­լա­յին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չո­ւող թե­մա­նե­րուն, եւ հա­սանք մեր նպա­տա­կին. դես­պա­նը իր ե­լոյ­թին մէջ խօ­սե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ես նոյն­պէս հան­դէս ե­կայ բաց­ման խօս­քով, պէտք է ը­սեմ, որ այն­քա՜ն լաւ ան­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նար­կը, որ հիւ­րե­րը կը մօ­տե­նա­յին մե­զի եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քեր կը հնչեց­նէին»,- ը­սաւ պա­րոն Նալ­պան­տեան :

Հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րը տե­ղե­կա­ցուց, որ Ապ­րիլ 23ին նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հո­գե­հան­գիս­տի պաշ­տօն մա­տու­ցո­ւած է, հնչած է 100 ղօ­ղանջ, որ­մէ յե­տոյ միաս­նա­բար հե­տե­ւած են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: «Առ­հա­սա­րակ, միշտ ջան­քեր կը ներդ­նենք, որ­պէս­զի Ե­թով­պիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նին օգ­տա­կար ըլ­լանք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, դա­տա­պարտ­ման հար­ցով, դես­պա­նին հետ տար­բեր քննար­կում­ներ կը կազ­մա­կեր­պենք, ծրա­գիր­ներ կը մշա­կենք, նոյ­նիսկ ե­թով­պա­կան ե­կե­ղե­ցին ար­դէն ճանչ­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»,- ը­սաւ Վարդ­գէս Նալ­պան­տեան:

Ն­շենք, որ Ա­տիս Ա­պե­պա­յի մէջ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ե­թով­պիոյ հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թիւ­նը, հայ­կա­կան Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, որ ու­նի ման­կա­պար­տէզ եւ տար­րա­կան դա­սա­րան­ներ: Վար­ժա­րա­նին մէջ կը դա­սա­ւան­դո­ւի հա­յոց լե­զու, հա­յոց պատ­մու­թիւն, աշ­խար­հագ­րու­թիւն, կրօն, Ե­թով­պիոյ պե­տա­կան լե­զուն` ամ­հա­րե­րէն, անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն: Դպ­րո­ցը ու­նի 220 ա­շա­կերտ, որ­մէ 11ը` հայ:

Այժմ ե­թով­պա­հա­յե­րուն հա­մար հա­մայն­քը ծրա­գիր մը կը ձեռ­նար­կէ, որ­մով Հա­յաս­տան եր­բեք չայ­ցե­լած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն խում­բով պի­տի ու­ղար­կեն Հայ­րե­նիք տես­նե­լու ճամ­փոր­դու­թեան, այդ ուղ­ղու­թեամբ կ’աշ­խա­տին:

Զ­րոյ­ցի վեր­ջա­ւո­րու­թեան պա­րոն Նալ­պան­տեան Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին հե­տե­ւեա­լը ը­սաւ.- «­Միշտ կը փոր­ձենք Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հետ կա­պը պահ­պա­նել, կ’ար­ձա­գան­քենք մե­զի ու­ղար­կո­ւած նա­մակ­նե­րուն: Օ­րի­նակ, եր­կու տա­րի ա­ռաջ մաս­նակ­ցե­ցանք Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած Ի­րա­ւա­բան­նե­րու Հա­մա­ժո­ղո­վին եւ դեռ ա­պա­գա­յին ալ կը կար­ծեմ` հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր կը գտնենք»:

Գէորգ Չի­չեան