­Հա­ւա­նա­բար շա­տե­րու միտ­քը չարչր­կած է այն հար­ցը, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րուն հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւն ցոյց չտո­ւած ­Գըրգ ­Գըր­գո­րեա­նի մէջ ինչ­պէ՞ս արթն­ցաւ զգայ­նու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի ու ­Հա­յաս­տա­նի դժո­ւա­ րու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ:

«­Լին­սի» հիմ­նար­կը, ո­րուն ճամ­բով կա­տա­րո­ւե­ցան բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ­Գըր­գո­րեա­նի դուստ­րե­րու (­Լին­տա­յի եւ Թ­րէյ­սիի) ա­նուն­նե­րուն միա­ցու­մով գո­յա­ցած ա­նու­նը կը կրէ: ­Կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել (շատ մա­կե­րե­սա­յին եւ հապ­ճեպ) այս ա­նո­ւան ո­րո­շու­մէն, որ ­Գըր­գո­րեան ըն­տա­նի­քի մարդ էր, իր զա­ւակ­նե­րը սի­րող անձ մը, որ նաեւ ան­տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ իր ծնող­նե­րուն, ա­նոնց­մէ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի ստա­ցած մշա­կու­թա­յին կամ ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան հան­դէպ:

­Նաեւ այն փաս­տը, որ «­Լին­սի»ն ­հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Գիւմ­րիի երկ­րա­շար­ժէն ետք (1989ին) կրնայ թե­լադ­րել, որ ան ան­տար­բեր չէր ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին, ա­նոր ճա­կա­տա­գի­րին հան­դէպ:

­Գըր­գո­րեան իր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու վստա­հա­բար նաեւ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ու­նե­ցած է հա­յեր իր շրջա­նա­կին մէջ, մի­ջազ­գա­յին հռչա­կի տէր յայտ­նի ա­նուն­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ ի­րենց շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին, ի­րենց խոր­հուրդ­նե­րով, մտա­ծում­նե­րով, իր մէջ վառ պա­հած են հայ­կա­կան ինք­նու­թեան հան­դէպ ո­րոշ հա­ւա­տար­մու­թիւն մը:

­Գըր­գո­րեա­նի վեր­ջին քայ­լը՝ մա­հէն միայն մէկ օր ա­ռաջ հրա­պա­րա­կո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ, վեր­ջա­պէս, հզօր շար­ժա­պատ­կեր մը ար­տադ­րե­լու ո­րո­շու­մը, ե­կաւ ա­պա­ցու­ցե­լու, որ ան մին­չեւ իր վեր­ջին օ­րե­րը պա­հած էր նոյն զգայ­նու­թիւ­նը հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Ինչ մղու­մով ալ կա­տա­րո­ւած ըլ­լան իր բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, մենք ազ­գո­վին ե­րա­խա­տա­պարտ պի­տի մնանք Ազ­գա­յին ­Հե­րոս ­Գըրգ ­Գըր­գո­րեա­նին:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«Ասպարէզ»