­alt«Ա­րիւ­նից ծո­րած ե­րիզ մի կար­միր,
Երկն­քից պո­կո­ւած կտոր մի կա­պոյտ,


Հա­սուն հաս­կե­րի շող նարն­ջա­գոյն,
Եւ վեց դա­րե­րի խա­ւա­րի վրայ
դրօշ ե­ռա­գոյն»:

­

Վեր­ջերս մեր հայ­րե­նի­քին մէջ, փո­խան նարն­ջա­գոյ­նի, շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած է «ծի­րա­նա­գոյն» բա­ռը: «­Ծի­րա­նա­գոյն»ը հետզ­հե­տէ ար­ձա­գանգ կը գտնէ նաեւ սփիւռ­քի մէջ: «Ի՛նչ տար­բե­րու­թիւն, նոյն գոյնն է»,- կ­՛ը­սեն:

­Հա­յաս­տա­նը ի­րա­ւամբ հա­րուստ է բազ­մա­տե­սակ եւ հա­մով պտուղ­նե­րով՝ ծի­րան, տանձ, դեղձ, խնձոր, խա­ղող, նուռ, ե­լակ, նուշ. այս պտուղ­նե­րէն ծի­րա­նը բու­սա­գի­տու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է Armenian Apricot ա­նու­նով: Ու­րեմն ­Հա­յաս­տա­նի ծի­րա­նին տրո­ւած է գի­տա­կան ա­նուն (կամ մա­կար­դակ):

Այ­սու­հան­դերձ, ե­լեկտ­րա­մագ­նի­սա­կան ա­լիք­նե­րու լու­սա­պատ­կե­րին մէջ՝ բաղ­կա­ցած եօ­թը գոյ­նէ (կար­միր-նարնջա­գոյն-դե­ղին-կա­նաչ-կա­պոյտ-լե­ղա­կա­գոյն-մա­նի­շա­կա­գոյն), ար­դէն կը պար­զո­ւի, թէ այս գոյ­նին իս­կա­կան ա­նու­նը նարն­ջա­գոյն է, ծի­րա­նա­գոյն չէ: ­Նարն­ջա­գոյ­նը պայ­ման չէ, որ զուտ նա­րին­ջի գոյն ըլ­լայ. նարն­ջա­գոյ­նը իր բազ­մա­թիւ ե­րանգ­նե­րը ու­նի: ­Պէտք է յի­շել, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­ւա­քա­բա՛ր «նարըն­ջա­գոյն»ը որ­դեգ­րած է. ան­շուշտ այդ օ­րե­րուն ալ մեր հայ­րե­նի­քը նարն­ջե­նի­նե­րով հա­րուստ չէ ե­ղած:

Այս­պէս, ու­րեմն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին՝ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ պատ­մա­բան­ներ բա­ւա­կան վէ­ճե­րէ ետք, հիմ­նո­ւե­լով պատ­մա­բան Ս­տե­փան ­Մալ­խա­սեա­նի պատ­րաս­տած մեր պատ­մա­կան դրօշ­նե­րու մա­սին ըն­դար­ձակ զե­կու­ցու­մին վրայ, ա­ռանց դա­ւա­նան­քի եւ գա­ղա­փա­րի խտրու­թեան կ­՛ո­րո­շեն հայ­կա­կան դրօ­շը՝ հո­րի­զո­նա­կան կար­միր, կա­պոյտ եւ նարն­ջա­գոյն:

­Հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նին հե­տե­ւեալ խոր­հուր­դը կը տրո­ւի.-

­Կար­մի­րը կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին թա­փած ա­րիւ­նը,

­Կա­պոյ­տը` ­Հա­յաս­տա­նի եր­կին­քը, եւ ­Նարն­ջա­գոյ­նը` հայ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խա­տան­քը:

­Կար ժա­մա­նակ, ­Պաղ ­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դը բաժ­նած էր եր­կու հո­սան­քի` դաշ­նակ­ցա­կան եւ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան (ռամ­կա­վար, հնչա­կեան, հա­մայ­նա­վար): ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ե­րեք տար­բեր գոյ­նե­րով դրօ­շա­կը պահ­պա­նած է, որ­պէս­զի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հա­յան­պաստ օր մը դար­ձեալ Ե­ռա­գոյ­նը ծա­ծա­նի ­Հա­յաս­տա­նի վե­րեւ: Իսկ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հո­սան­քը բուռն պայ­քար մղած է Ե­ռա­գոյ­նին դէմ, յա­ճախ զայն այ­րե­լու գնով (կար­ծես Ե­ռա­գոյ­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շա­կը ըլ­լայ): Այս հո­սան­քի ողջ­միտ­նե­րը մտա­ծած են, թէ քա­նի որ Ե­ռա­գոյ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շակն է ե­ղած, ու­րեմն կը պատ­կա­նի պատ­մա­կան ան­ցեա­լին: ­Հե­տե­ւա­բար ա­նոր տե­ղը թան­գա­րանն է. ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս մտա­ծած են հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հո­սան­քի զգօն­նե­րը:

­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 70 տա­րի հայ­րե­նա­սէր կու­սակ­ցու­թիւն չէ ե­ղած ե­ղեր: Ա՛յն ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ իր հա­զա­րա­ւոր ֆե­տա­յի­ներն ու մար­տիկ­նե­րը զո­հա­բե­րած է ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան բա­գի­նին, եւ իր յե­ղա­փո­խա­կան, մշա­կու­թա­յին ու բա­րո­յա­կան ամ­բողջ կշի­ռը դրած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­հաս­տատ­ման ու բա­րօ­րու­թեան:

Եւ ո­րով­հե­տեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չէ մե­ղադ­րած հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հո­սան­քը, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն տա­կա­ւին եր­կու ա­միս ա­ռաջ ա­մէն լու­տանք թա­փած է Ե­ռա­գոյ­նի հաս­ցէին, հա­սա­րակ ո­ճով լուր կը տա­րա­ծէ, թէ «դաշ­նակ­նե­րը 70 տա­րի Ե­ռա­գոյ­նը սե­փա­կա­նա­ցու­ցած են»: ­Նոյն հո­սան­քը, սկիզ­բը վա­րա­նոտ, Ե­ռա­գոյ­նը դրած է իր ա­կումբ­նե­րուն մէջ. եւ ա­պա` պա­պա­կա­նէն ա­ւե­լի պա­պա­կան դար­ձած:

70 տա­րի հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան կող­մը գո­վեր­գած է ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի «կար­միր-կա­պոյտ-կար­միր» դրօ­շա­կը. եւ ա­մէն հայ, հայ­րե­նա­սէր (ի­մա` հա­յաս­տա­նա­սէր) նկա­տո­ւե­լու հա­մար պար­տա­ւոր ե­ղած է ըն­դու­նե­լու եւ իւ­րաց­նե­լու այդ դրօ­շա­կը: Ե­թէ ա­նոր ա­ռա­ջին հո­րի­զո­նա­կան կար­մի­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ, հա­պա վեր­ջին կար­մի­րը ի՞նչ ի­մաստ ու­նի. թէ ան ալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րիւնն է, պար­զա­պէս ան­հե­թեթ բան է: ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կիրթ վե­հանձ­նու­թեամբ եւ յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կա­նու­թեան, միշտ նե­րած է ու տա­կա­ւին կը նե­րէ մար­դոց կամ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ազ­գավ­նաս տգէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: ­Սա­կայն ա՛լ կը բա­ւէ. վե՛ր ել­լենք ազ­գա­յին- քա­ղա­քա­կան այս ճա­հի­ճէն. մին­չեւ ե՞րբ Ե­ռա­գոյ­նը մեզ պի­տի պա­ռակ­տէ եւ ան­միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը կրծէ մեր ներ­սը: ­Մենք տա­կա­ւին ­Նա­խի­ջե­ւան եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տան ու­նինք ա­զա­տագ­րե­լիք:

Ե­կէք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցէն ետք, Ե­ռա­գոյ­նը փո­խան պա­ռակ­տու­մի, թող իբ­րեւ հայ ազ­գա­յին միա­կա­մու­թեան խորհր­դա­նիշ ծա­ռա­յէ ու ­Հա­յաս­տա­նով, Ար­ցա­խով եւ սփիռ­քով՝ միաս­նա­բար շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ յա­նուն հայ­կա­կան բռնագ­րա­ւո­ւած հո­ղե­րու ա­զա­տագ­րու­մին, հայ ժո­ղո­վուր­դի տուն­դար­ձի կազ­մա­կեր­պու­մին ու վեր­ջա­պէս ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի կեր­տու­մին:

Այ­լեւս բո­լորս պէտք է հա­մո­զո­ւինք, որ Ե­ռա­գոյ­նը ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շակն է, այլ նաեւ ու յատ­կա­պէս՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին, մեր բո­լո­րի՛ն:

Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը սփիւռ­քի մէջ Ե­ռա­գոյ­նը ա­մէն գնով պահ­պա­նեց ու գուր­գու­րաց ա­նոր վրայ: Եւ երբ 23 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին ­Հա­յաս­տան վե­րան­կա­խա­ցաւ, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը բնազ­դա­բար եւ ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ Ե­ռա­գոյ­նը վե­րա­դար­ձուց իր բնա­կա­նոն տե­ղը:

Շանթ Եա­գու­պեան