altՎեր­ջերս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ «­Ճէյ­նըս փապ­լի­շինկ» ըն­կե­րու­թե­նէն լոյս տե­սաւ լրագ­րող եւ վի­պա­գիր ­Սերժ ­Մոմ­ճեա­նի «­Կո­մի­տաս. ա­րո­ւես­տա­գէ­տը եւ զո­հը» անգ­լե­րէն լե­զո­ւով գիր­քը (Komitas, The Artist and The Martyr), որ բաղ­կա­ցած է 222 է­ջե­ րէ:

­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին առ­թիւ, ­Մոմ­ճեա­նի այս գիր­քը կը ցո­լաց­նէ ­Կո­մի­տա­սի ան­ձին եր­կու ե­րես­նե­րը` մար­դը իբ­րեւ ա­րո­ւես­տա­գէտ եւ մար­դը իբ­րեւ զոհ: Այս գոր­ծը կը ներ­կա­յաց­նէ ­Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծին կեան­քի ե­րեք կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րը. բա­խում՝ իր եւ ե­կե­ղե­ցիին մի­ջեւ, իր իւ­րա­յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ­Մար­կա­րէթ ­Պա­պա­յեա­նի հետ եւ հո­գե­կան հի­ւան­դու­թիւ­նը, որ հա­րո­ւա­ծեց զինք մա­հո­ւան ճամ­բա­րէն վե­րա­դար­ձին:

­Գիր­քին իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ հե­տաքրքրա­կան երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րուն մէջ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն տո­ւեալ պա­հի տրա­մադ­րու­թիւ­նը, եւ ո­րոնք առն­չո­ւած են տի­պար­նե­րուն, մի­ջա­վայ­րին, գոր­ծո­ղու­թեան, վէ­ճին եւ պատ­մու­թեան բարձ­րա­կէ­տին հետ, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ իս­կա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու վրայ:

­Գիր­քը կը սկսի ­Կո­մի­տա­սի ծնուն­դով եւ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նէ ա­նոր կեան­քը` շեշ­տը դնե­լով ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վրայ եւ երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն կը ներ­կա­յաց­նէ իր հան­դի­պում­նե­րը տար­բեր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնք ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են իր կեան­քին վրայ: ­Գիր­քին մէջ կը յայտ­նո­ւին` ­Տիգ­րան ­Չի­թու­նի, ­Մար­կա­րէթ ­Պա­պա­յեան, ­Վահ­րամ ­Թոր­գո­մեան, ­Տի­րան ­Քե­լե­ճեան, ­Բիւ­զանդ ­Քե­շեան, Ա­րամ Ան­տո­նեան, Ար­մէն ­Տո­րեան, Ար­մե­նակ ­Շահ­մու­րա­տեան, ո­րոնք կը վե­րա­կեն­դա­նա­նան ­Կո­մի­տա­սի հետ զրու­ցե­լով:

­Գիր­քին ա­ռա­ջին բա­ժի­նով ­Մոմ­ճեան կը բա­ցա­յայ­տէ, թէ ինչ­պէ՛ս ­Կո­մի­տաս յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել նոր ե­րաժշ­տա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թիւն մը եւ դառ­նալ հո­գե­ւոր ո­գեշնչ­ման աղ­բիւր մը` վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, միշտ դի­մադ­րե­լով կղե­րա­կա­նու­թեան քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն եւ ար­գելք­նե­րուն: ­Վա­յե­լե­լով ­Գէորգ Դ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ ա­պա Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կին սէրն ու քա­ջա­լե­րան­քը, հայ ժո­ղո­վուր­դի եր­կար տա­րի­նե­րու չար­չա­րան­քը մղե­ցին ­Կո­մի­տա­սը հայ ե­րաժշ­տու­թեան ա­րո­ւես­տը բարձր չա­փա­նիշ­նե­րու հասց­նե­լու: ­Գիր­քը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէ՛ս ­Կո­մի­տաս կը նկա­տո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի ձայ­նը տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ, ուր հիմ­նած էր երգ­չա­խում­բեր եւ կու տար դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ: Այս բա­ժի­նին մէջ կը կար­դանք նաեւ ­Կո­մի­տա­սի եւ ­Մար­կա­րէթ ­Պա­պա­յեա­նի եր­կա­րա­մեայ բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին: Երկ­րորդ բա­ժի­նին մէջ ­Մոմ­ճեան կը ներ­կա­յաց­նէ ջար­դե­րու ման­րա­մասն նկա­րագ­րու­թիւ­նը եւ ­Կո­մի­տաս զո­հը, որ ա­զա­տած է մա­հո­ւան ճամ­բա­րէն, սա­կայն ապ­րած սոս­կա­լի մղձա­ւան­ջը զինք կը տա­նի հո­գե­բու­ժա­րան­ներ, ուր կ­՛անց­նէ իր կեան­քին վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րը` իր մէջ խոր ար­մա­տա­ւո­րո­ւած ան­ցեա­լի պատ­կեր­նե­րով: ­Հե­ղի­նա­կը հե­տաքրք­րա­կան ձե­ւով կը նկա­րագ­րէ ­Կո­մի­տա­սի հո­գե­կան տար­բեր վի­ճակ­նե­րը եւ վա­խե­րը: ­Գիր­քի ա­ւար­տին կը գտնենք Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի սրտի խօս­քը` ­Կո­մի­տա­սի մա­հո­ւան առ­թիւ.

«­Սի­րե­լի՛ ­Կո­մի­տաս, այ­սօր եւ յա­ւի­տեան դուն մե­զի հետ ես եւ պի­տի մնաս քու հրա­շա­լի եր­գե­րովդ, բարձ­րա­ցող ա­րո­ւես­տովդ, սքան­չե­լի պատ­մա­կան գոր­ծովդ: ­Դուն ան­մահ ես: Այն­քան ա­տեն որ հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­՛ապ­րի, ան պի­տի ապ­րի նաեւ քու եր­գե­րովդ: ­Բայց դուն շատ յոգ­նած ես, ­Կո­մի­տա՛ս, շա՛տ տա­ռա­պե­ցար: Կ­րե­ցիր բազ­մա­թիւ վա­խեր, վայ­րագ թշնա­միին սու­րը տե­սար: ­Հանգ­չի՛ր հի­մա, դուն հայ­րե­նի­քիդ հա­րա­զատ հո­ղին խոր­քին մէջ ես: Ա­րա­րա­տեան բու­րում­նա­ւէտ դաշ­տին նո­ւի­րո­ւած քու երգդ կը դառ­նայ շուրջդ, քու եր­գերդ կը ծփան քու վրադ: ­Հանգ­չի՛ր խա­ղա­ղու­թեամբ, աս­տո­ւա­ծա­յի՛ն ­Կո­մի­տաս»:

­Գիր­քին մէջ կը կար­դանք նաեւ հա­տո­ւած­ներ ­Կո­մի­տա­սի ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն եւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ` նա­մակ­ներ, ինչ որ շունչ կու տայ գոր­ծին եւ ա­ւե­լի հա­րա­զատ կը դարձ­նէ զայն: ­Մար­կա­րէթ ­Պա­պա­յեա­նին ուղ­ղո­ւած նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ­Կո­մի­տաս գրած է.

«Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի մա­հը շատ տխրե­ցուց զիս: Այս հո­գե­ւոր լոյ­սի հայ­րը, որ յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէր իմ սրտիս մէջ, ին­ծի տո­ւած էր եր­կա­րա­մեայ ան­սա­սան սէր եւ ա­ջակ­ցու­թիւն: ­Շատ լաւ կը յի­շեմ ա­նոր հմայ­քը, ա­նոր կա­տակ­նե­րը, եւ թէ ինչ­պէ՛ս ին­ծի օգ­նեց իմ փա­փա­քած ե­րազս ի­րա­կա­նաց­նել` ­Պեր­լի­նի մէջ ե­րաժշ­տու­թիւն ու­սա­նիլ: Ան միշտ զիս քա­ջա­լե­րած էր ու­սու­մնա­սի­րու­թիւն­նե­րուս մէջ, ազ­գագ­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան մէջ եւ ե­րաժշ­տա­կան ծրա­գիր­նե­րուս մէջ: Ին­ծի հա­մար ան հօր մը տի­պարն էր վան­քին մէջ եւ կը կաս­կա­ծիմ, որ ոե­ւէ մէ­կը պի­տի յա­ջո­ղի իր ի­րա­ւա­ցի տե­ղը գրա­ւել իմ կեան­քին մէջ: Աս­տո­ւած հո­գին լու­սա­ւո­րէ: Այս պա­հուս ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի երգ­չա­խում­բը կը պատ­րաս­տեմ թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հա­մար»:

Այս գիր­քը յանձ­նա­րա­րե­լի է ըն­թեր­ցող հան­րու­թեան, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ­Կո­մի­տա­սին կը ներ­կա­յաց­նէ երկ­խօ­սու­թեան դի­տան­կիւ­նէն` ստեղ­ծե­լով կեն­դա­նի պատ­կեր­ներ եւ ըն­թեր­ցո­ղին թոյլ կու տայ ե­րե­ւա­կա­յել եւ ապ­րիլ այդ պա­հը: ­Մոմ­ճեա­նի գրա­կան ո­ճը դիւ­րա­մատ­չե­լի է եւ պարզ, վա­ւե­րագ­րա­կա­նէ ա­ւե­լի` գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­ճով գրո­ւած է, ինչ որ հա­ճե­լի եւ տպա­ւո­րիչ կը դարձ­նէ ըն­թեր­ցու­մը:

* ­Գիր­քը կա­րե­լի է ստա­նալ ­Հա­մազ­գա­յի­նի գրա­խա­նու­թներն եւ amazon.com-ի միջոցով: