Ա­ւար­տե­ցան 7 Յու­նի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րը եւ երկ­րի օ­րա­կար­գին գլխա­ւոր մտմտու­մը դար­ձաւ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թեան այ­լընտ­րանք­նե­րը: Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թեան (Ա.Բ.Կ.) 13 տա­րո­ւան միա­հե­ծան իշ­խա­նու­թիւ­նը վերջ գտաւ՝ քրտա­մէտ Ժո­ղո­ վուրդ­նե­րու Ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (Ժ.Ժ.Կ.) 80 ե­րես­փո­խան­նե­րուն խորհր­դա­րան մտնե­լով:

Նոր խորհր­դա­րա­նը Թուր­քիոյ հա­յու­թեան հա­մար ալ նոր փոր­ձի դաշտ մըն է:

Մօտ օ­րէն կը կա­յա­նայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­ներ ալ կը ստանձ­նեն ի­րենց խիստ պա­տաս­խա­նա­տու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:

Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը գի­տակ­ցու­թեան խնդիր մըն է եւ հաս­տատ վստահ ենք, որ հա­յազ­գի ե­րեք ե­րես­փո­խան­ներն ալ օժ­տո­ւած են այդ գի­տակ­ցու­թեամբ: Որ­քան ալ ա­նոնք վա­յե­լեն ի­րենց ան­դա­մակ­ցած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը եւ նե­ցու­կը, ի վեր­ջոյ յի­շենք, որ մեր ազ­գա­կից­նե­րը նստած են գայ­լե­րու սե­ղա­նին: Այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը ա­ռա­ջին յու­շող­նե­րը ե­ղան Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակ­ցու­թեան (Ա.Շ.Կ.) ցե­ղա­պաշտ ջի­ղը ներ­կա­յաց­նող ան­դամ­նե­րը:

Ա­նոնք թեկ­նա­ծու­թեան ա­ռա­ջին պա­հուն իսկ ճնշում բա­նեց­նել փոր­ձե­ցին Սե­լի­նա Տօ­ղա­նի դէմ՝ ա­նոր պար­տադ­րե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը: Ե­րի­տա­սարդ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը թէեւ ճար­պի­կօ­րէն հա­կազ­դեց իր դէմ լա­րո­ւած այդ ծու­ղա­կին, բայց կաս­կած չկայ որ ար­մա­տա­ցած բիւ­զան­դա­կան դա­ւա­դիր մտայ­նու­թիւ­նը, որ իւ­րա­ցո­ւած է թրքա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քին կող­մէ ալ, ա­մէն ա­ռի­թով պի­տի դի­մէ նոյն դա­ւադ­րու­թեան:

Սա­կայն ե­րեք հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հա­մար ի զօ­րու ե­ղած գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը պի­տի պա­հան­ջո­ւի նաեւ թրքա­հա­յու­թե­նէն: Մենք՝ իբ­րեւ ազգ, սկսե­լով Պատ­րիար­քա­րա­նէն, մին­չեւ ա­մե­նա­փոքր կազ­մա­կեր­պու­թիւն եւ ան­հատ­ներ, պի­տի կա­րե­նա՞նք զօ­րակ­ցիլ մեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: Պի­տի կա­րե­նա՞նք ի­րենց զգաց­նել, որ ա­ռան­ձին չեն, ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ու­նին ի­րենց ե­տին: Այս հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը բա­ւա­կա­նա­չափ չէր յստա­կա­ցած Հ­րանդ Տին­քի օ­րի­նա­կով: Կ­՛ար­ժէ խոս­տո­վա­նիլ, որ մեզ՝ բո­լո­րիս հա­մար ալ նոր փոր­ձա­ռու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նէ ե­րեք հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու խորհր­դա­րա­նին մէջ յայտ­նու­թիւ­նը:

Մենք, որ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր մատ­նո­ւած ենք «հա­մայնք» բա­ռի մատ­նան­շած ճղճիմ ըն­կա­լու­մին, այժմ կը պար­տինք «ազգ» հաս­կա­ցո­ղու­թեան թե­լադ­րանք­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու.- Կա­րօ Փայ­լան, Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Մար­գար Ե­սա­յեան, ե­րեքն ալ ու­նին ի­րենց ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը:

Փայ­լան Ժ.Ժ.Կ.ի հիմ­նադ­րու­թեան նա­խոր­դող օ­րե­րէն ի վեր պաշ­տօն ստանձ­նած է այդ կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րուն մէջ: Ան լոկ հայ թեկ­նա­ծու մը ներ­կա­յաց­նե­լու մար­մա­ջէն ա­ւե­լի, այդ պաշ­տօ­նին ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ կու­սակ­ցու­թեան մէջ ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով նաեւ:

Սե­լի­նա Տո­ղան այս ա­ռու­մով հա­կա­պատ­կերն է Կա­րօ Փայ­լա­նի: Յան­կար­ծա­կի կեր­պով թեկ­նա­ծու­թեան հրա­ւէր ստա­ցաւ իր պատ­կա­նած Ժո­ղովըր­դա­յին-­Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (Ժ.Հ.Կ.) կող­մէ եւ ըն­դա­ռա­ջեց այդ հրա­ւէ­րին՝ հա­մո­զո­ւե­լով, թէ իր չա­փե­րով կրնայ զօ­րակ­ցիլ Ժ.Հ.Կ.ի ժո­ղովըր­դա­վար տար­րե­րուն:

Ի­րա­ւա­ցի է Տո­ղա­նի այդ հա­մո­զու­մը, քա­նի որ Ժ.Հ.Կ.էն ներս կը շա­րու­նա­կո­ւի ցե­ղա­պաշտ­նե­րու եւ սո­ցիալ-տե­մոք­րաթ­նե­րու (ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վար­նե­րու) մի­ջեւ հրմշտու­քը:

Ե­սա­յեան նոյն­պէս իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը դրոշ­մած է իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թեան վրայ։ Ան իր յօ­դո­ւած­նե­րով փա­ռա­բա­նած էր նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը եւ Ա.Բ.Կ.ն: Ու­րեմն ար­դա­րա­ցի էր իր թեկ­նա­ծու­թիւնն ալ այդ կու­սակ­ցու­թեան ցան­կե­րուն մէջ:

Մենք կը յար­գենք ի­րենց որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կան հա­կում­նե­րը, եւ այդ հա­կում­նե­րէն ան­կախ, զի­րենք կ­՛ող­ջու­նենք, իբ­րեւ Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր­ներ:

Ար­դա­րա­նա­լու փո­խա­դարձ եր­կու հրա­մա­յա­կան­ներ են մեր եւ ի­րենց դի­մաց:

Ա­նոնք պի­տի չմոռ­նան, թէ պա­տաս­խա­նա­տու են հայ ազ­գին, իսկ ազ­գը նոյն­պէս պի­տի չմոռ­նայ, թէ պա­տաս­խա­նա­տու է իր զա­ւակ­նե­րուն:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ