Թրքական Radikal պարբերականի թղթակից, պատմաբան Այշէ Հիւր կը ներկայացնէ Մուսթաֆա Քեմալի որդեգիր դուստր Սապիհա Կէոքչենի իրական պատմութիւնը: Հիւր կը նշէ, որ 1990ականներուն Սապիհա Կէոքչենը, հարցազրոյց մը տուած է Օքթայ Վերելին՝ յայտարարով, թէ իր հայրը Հաֆըզ Մուսթաֆա Իզզեթն է, որուն երիտթուրք ըլլալուն պատրուակով Ապտուլհամիտը Էտիրնէէն Պուրսա աքսորած էր:
Ըստ Կէոքչենի պատմածին` ան մանկութեան կորսնցուցած է իր ծնողները եւ ապրած է աւագ եղբօր հետ: 12 տարեկանին հանդիպած է Աթաթուրքին, որ այդ շրջանին ժամանակաւորապէս կ՛ապրէր Պուրսայի Հանրապետական պալատին մէջ: Սապիհա անոր պատմած է իր ուսանելու ծգտումին մասին, իսկ Աթաթուրք առաջարկած է անոր դուստրը դառնալ եւ անոր միւս դստեր հետ յաճախել դպրոց: Այնուհետեւ նաեւ աղջկայ աւագ եղբօր համաձայնութիւնը ստանալով՝ Մուսթաֆա Քեմալ աղջկան իր հետ Անգարա տարած է: 1934ին, երբ ընդունուած է ազգանուններու մասին օրէնքը, Աթաթուրք Սապիհայի «Կէոքչեն» ազգանունը տուած է:
Իսկ 2004 թուականի Փետրուարին Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած եւ Հրանդ Տինքի հեղինակած «Սապիհա Խաթունի գաղտնիքը» յօդուածին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի քաղաքացի Հռիփսիմէ Սեբելջեան–Գազալեանի վկայութիւնները այն մասին, որ Սապիհա Կէոքչեն իրականութեան մէջ Խաթուն Սեբելջեանն է, որուն Պուրսայի մանկատունէն որդեգրած է Աթաթուրք:
Որպէս Խաթունի մօրաքոյր ներկայացած Հռիփսիմէի, ինչպէս նաեւ Սեբելջեան ընտանիքի` Ա.Մ.Ն.ի, Գանատայի եւ Լիբանանի մէջ ապրող հարազատներուն վկայութեանց համաձայն` Արեւմտեան Հայաստանի Այնթապ (Antep) քաղաքին մէջ բնակող Սեբելջեան ընտանիքը 1915ին հարկադրուած եղած է գաղթելու դէպի Հալէպ, իսկ դուստրերը` 6 տարեկան Տիրուհին եւ 2 տարեկան Խաթունը, յանձնած են մանկատան` անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
1918ի Հոկտեմբեր 30-ի Մուտրոսի զինադադարէն ետք Այնթապ վերադարձած Սեբելջեանները անմիջապէս այցելած են մանկատուն, սակայն Խաթունը այլեւս այնտեղ չեն գտած:
Հռիփսիմէի վկայութեամբ` Խաթունը որդեգրուած է Աթաթուրքի կողմէ, որ երեխաներ չէ ունեցած: Ան այդ շրջանին այցելած է Պուրսայի ամերիկեան մանկատուն, հաւնած եւ որդեգրած է փոքրիկ Խաթունը: Աղջիկը սկիզբը ապրած է Աթաթուրքի մօր` տիկին Զուպէյտայի մօտ, Պուրսայի մէջ, իսկ անոր մահէն ետք 1925ին Աթաթուրք զայն Անգարա տեղափոխած է: