­Ժա­մա­նակն է, որ մենք ճշգրիտ ձե­ւա­կեր­պում տանք օ­րի­նա­կան պա­հանջ­նե­րու մեր ազ­գա­յին թղթածրա­րին: Այս ա­ռու­մով, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած դա­տա­կան գոր­ծը ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նին առ­ջեւ՝ կա­րե­ւոր փոր­ձա­գե­տին մը կը հան­դի­սա­նայ այս մար­զէն ներս տա­րո­ւող ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար: Ան նաեւ կը յա­րու­ցէ շարք մը հար­ցա­կան­ներ, ո­րոնք այժ­մէն իսկ պէտք է անց­նին մեր հա­ւա­քա­կան փոր­ձաքն­նու­թեան բո­վէն, ան­ցան­կա­լի նա­խա­դէ­պեր կան­խե­լու խո­հեմ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ:

Ըստ վեր­ջին հրա­պա­րա­կում­նե­րուն՝ դա­տա­կան գոր­ծին պա­հան­ջա­գի­րը «գին» կը դնէ (թրքա­կան եւ ա­մե­րի­կեան դրա­մա­նի­շե­րով ճշդո­ւած) Ս­սոյ ­Սուրբ Ա­թո­ռի նստա­վայ­րը հան­դի­սա­ցող հո­գե­ւոր հա­մա­լի­րին վրայ՝ միա­ժա­մա­նակ ի­րա­ւունք տա­լով թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ֆի­նան­սա­կան հա­տուց­ման մի­ջո­ցով վերջ տա­լու վե­րո­յի­շեալ դա­տին եւ դառ­նա­լու ան­վի­ճե­լի սե­փա­կա­նա­տէ­րը Ս­սոյ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին: Ե­թէ հրա­պա­րա­կում­նե­րը հա­րա­զա­տօ­րէն չեն ներ­կա­յաց­ներ պա­հան­ջա­գի­րին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, կա­թո­ղի­կո­սու­թեան լրա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը պէտք է ան­յա­պաղ յստա­կաց­նէ այս պա­րա­գան:

­Մինչ այդ կա­րե­ւոր է, որ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան թղթած­րա­րը ձե­ւա­ւո­րո­ւի յստակ եւ ա­նա­ռար­կե­լի չա­փա­նիշ­նե­րով: Թր­քա­կան գրաւ­ման տակ գտնո­ւող հա­յոց հա­զա­րա­ւոր սրբա­վայ­րե­րը մեր հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թիւնն են: Ա­նոնք ու­նին ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ կար­գա­վի­ճակ (patrimoine) ազ­գա­յին ան­ձեռնմ­խե­լի հարս­տու­թեան գե­րաս­տի­ճան հան­գա­ման­քով, որ ստի­պո­ղա­բար կը խտաց­նէ հայ ազ­գի ան­ցեալ, ներ­կայ եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ա­նօ­տա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րը: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րէն ծնող հա­տուց­ման սկզբուն­քը չի կրնար բա­ւա­րա­րել հայ­րե­նազր­կու­մի պա­րա­գան: ­Հայ­րե­նա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը հիմ­նո­վին կը տար­բե­րի ան­հա­տին եւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն յա­տուկ ե­ղող սե­փա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­նե­րէն: Այս վեր­ջին­նե­րը կրնան են­թա­կայ ըլ­լալ սա­կար­կու­թեան, բա­նակ­ցու­թեան կամ փո­խա­նա­կու­թեան՝ ըստ կող­մե­րու տրա­մադ­րու­թեան եւ կամ­քին:

­Հայ­րե­նա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը սա­կար­կե­լի չէ: Ան գին չու­նի: ­Թի­ւե­րու լե­զուն տեղ չու­նի հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու աշ­խար­հին մէջ: ­Հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան մար­զին մէջ, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը (կա­ռա­վա­րու­թիւն, կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն, եւն.) հա­սա­րակ սե­փա­կա­նա­տէ­րեր չեն: Ա­նոնք ա­ւան­դա­պահ­ներ (custodian) են: Ա­նոնց գործն է յա­նուն ազ­գին տէր կանգ­նիլ մեր յա­մառ պայ­քա­րի դա­րե­րէն ա­ւան­դո­ւած հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան եւ զայն պահ­պա­նել խո­րին ակ­նա­ծան­քով եւ բծախնդ­րու­թեամբ:

­Մենք դեռ եր­կար ճամ­բայ ու­նինք կտրե­լիք հա­մայն ազ­գու­թեամբ: ­Մեր մեծ գոր­ծը մեր առ­ջեւն է դեռ: ­Մենք պար­տա­ւոր ենք հասկ­նա­լու էու­թիւ­նը մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան: ­Պար­տա­ւոր ենք զայն հասկ­նա­լու գի­տու­թեամբ եւ ման­րա­մաս­նու­թեամբ: ­Պար­տա­ւոր ենք ճիշդ կողմ­նո­րո­շո­ւե­լու ո­րո­գայթ­նե­րով լե­ցուն այս դաշ­տին մէջ: ­Պար­տա­ւոր ենք գոր­ծե­լու գե­րա­զան­ցօ­րէն յստակ մտա­տե­սի­լով:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ