Գ. եւ վերջ
Այսօր՝ ազգ, գաղութ, կառոյցներ, եկեղեցի իմաստները փոխուած են. ժողովուրդին մօտեցումն ալ փոխուած է այս իմաստներուն հանդէպ, ինչպէս փոխուած է հայու, յունահայու ըմբռնումը հայ կեանքի եւ ընդհանրապէս հասարակաց կեանքին հանդէպ։ Փոխուած է նաեւ՝ մարդոց փոխ-յարաբերութիւններու հանդէպ, փոխ-կապուածութեան մղումը։Այսօր՝ մենք ի՞նչ տեսակ յունահայ գաղութ կ’ուզենք։ Այս գաղութը ղեկավարելու համար ի՞նչ տեսակ Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, ի՞նչ տեսակ Ազգային Երեսփոխանական ընտրութիւններ կ’ուզենք։ Մենք, ի՞նչ կ’ընենք այս բոլորի յաջողութեան, գաղութի մտապատկերի յարատեւութեան համար։ Որեւէ հարցի շուրջ կարեւոր բան մը ունի՞նք ըսելիք, ընելիք։ Լաւատես մտածումներն ու մտայղացումները լաւատես մակարդակէն աւելի անդին տանելու զօրաշարժը անհրաժեշտ է։ Բայց ոչ կոյր, ամուլ ու անարդիւնք զօրաշարժներ, այլ՝ ազգային ու նպատակակէտային թիրախներով, նպատակասլաց գրաւով, գաղափարական քաղաքակրթութեան մտատիպարներով։
Կը դիտեմ, կը լսեմ, որ յաճախ կը խօսինք անցեալի լեզուով ու ոճով մեր ներկային մէջ։
Ճիշդ է, որ մեր կեանքը յաճախ մեր դէմ կը ցցուի աւանդական փրոթոքոլներու կաշկանդիչ ոճով։ Ես ի՜նչ ընեմ այն կեանքը, որ միայն փրոթոքոլներէ կը կաշկանդուի եւ կեանքի իրականութեան տիտղոսները ուրիշ, տարբեր խաղի կանոններուն վրայ կը հիմնուին, մեր առօրեայ զգացական որակը խնդրոյ առարկայ դարձնելով։
Կը յուսամ, լաւ կը հասկցուին իմ խօսքերս եւ թիւրիմացութիւններու առիթ չեն յարուցեր, երբ համոզուածօրէն կ’ըսեմ, թէ քաղաքական բոլոր ընտրանքները միշտ ալ լաւագոյնները չեն եղած, յաճախ մեծ թէ փոքր բաներու համար պառակտելով մեր ազգը, ինչպէս նաեւ մեր գաղութը։
Այս իմաստով ալ, մեր կեանքը պէտք է հիմնուի մեր իրականութիւնը իրապաշտօրէն պատկերող գործնական տուեալներու վրայ։ Այս մէկը շատ ճիգ ու աշխատանք կը պահանջէ, առանց աղաւաղող ու աղաւաղուող մտածումներու յոխորտացող ճարտասանութիւններու, անհատական պահպանողական զգուշացումներու եւ մասամբ նորին։ Պարզօրէն՝ յաւելեալ ազնուութեամբ ու պատկերացումով եւ հին ժանգերը թօթափելով մեր վրայէն։
Ախտաճանաչում մը ընենք։ Մեզ շանթահարող իրականութիւնները քանի մը տարին անգամ մը դիմագիծ կը փոխեն, դիմագիծը աղաւաղելով իր աղաւաղումի ենթակայ նկատառելի կամ ոչ հետեւանքներով։ Այդ աղաւաղումներուն դժբախտաբար անհրաժեշտ կարեւորութիւն եւ ուշադրութիւն չենք դարձներ այլեւս, քանի մարդիկ յաճախ զոհ կը դառնան ինքնահաւան մերժումներու, ինքնամերժումներու՝ իրենց անհատական թէ ազգային պատկերացումներուն տարբեր գնահատում տալու չկազմաւորուած մտասեւեռումներով։
Բայց մեր կեանքը մեր ճակատագիրն է եւ մեր ճակատագիրը ազգին ճակատագրին հետ նոյնացած ու համապատասխանեցուած է։
Ասկէ կը ծնի հայութեան դիմագրաւած ներքին տագնապներուն սահմանափակ թէ ընդլայնուած, կամ տարբեր համեմատութիւններու չձեւաւորուած տագնապը։ Բոլոր պարագաներուն՝ պատասխանատուութիւնը իբրեւ սկզբունք չի նուազիր եւ չի նուազեցներ իր արդիւնաբերութեան չափանիշը մեր գաղութային աւանդական արժէքներէն։
Մինչեւ այսօր մեր կեանքը ղեկավարած ինքնավարժ կանոնները անհրաժեշտաբար պէտք է վերասահմանուին նոր մտայնութեամբ ու նոր մտայղացումով։ Հինը եւ նորը, նորը եւ հինը՝ հինէն միշտ ալ մեր հետապնդածն ու ակնկալածը չ’ըլլար անպայման, քանի ազգային բնոյթի ու նկարագրի հոլովոյթը իր ժամանակին մէջ կրնայ բաղդատական առաւելութիւններ ներկայացնել, բայց տասնամեակներու մաշող ու մաշեցնող ժամանակին մէջ կրնայ ծաւալ, քանակ, որակ փոխել եւ կորսնցնել իր որակային կշիռը։
Օսմանեան Կայսրութեան օրերէն խնդրայարոյց ամիրաներէն սկսած մինչեւ ռամիկ դասակարգի մարդիկ, որոնք ազգային պաշտօններու տիրացած են, շատ յաճախ սխալ տպաւորութիւններ ունեցած են բարձր պաշտօններու դերակատարութեան ու անոր կիրարկման շուրջ։ Բարձր պաշտօնները միշտ ալ վնասուց փոխ-հատուցում չեն ընձեռեր մեր կեանքին եւ անոր դերակատար մարդոց։
Ատենօք, ո՛վ որ լաւ քրիստոնեայ չէր, բայց լաւ քաղաքացի էր, լաւ համբաւի մարդ չէր համարուեր անպայման։ Այս մասին հմուտ աստուածաբանները անբարդոյթ ու անաչառ յստակացումներ կատարելու հարկադրանքին տակ կը գտնուին, այս երկընտրող զանազանութիւնը չվստահելով միայն մոլեռանդ քրիստոնեաներուն, կամ անմոլեռանդ հաւատացեալներուն։ Այս հարցականները մեզ դէմ յանդիման կը բերեն արժէքներու նոր համակարգ մը ստեղծելու հրամայականին։
Ի դէպ, վերադառնանք դէպի ներկայ։
Ոմանց հապճեպ ու անմխիթար հայրենասիրութիւնն ու յեղափոխականութիւնը շատերու թեթեւամիտ ձանձրոյթ կը պատճառէ, ինչպէս այլոց ալ՝ յաճախ խառնաշփոթ առօրեայ կեանքը։
Ժողովուրդները առասպելականացած հայրենասիրութեամբ կ’ապրին, կամ ալ՝ ի հարկին, նոր առասպելներ կը ստեղծեն։ Մեր պատմութիւնը սակայն, առասպել չէ՛։ Ո՞ր մէկը ընտրենք մեր ապրած իրականութենէն։ Ինչպէ՞ս մտնել սպիտակի ու սեւի երկբեւեռ տրամաբանութեան մէջ։ Գիտե՞նք, թէ հիմա բեւեռներ կան, որ այսպէս կամ այնպէս, կը պարտադրեն, կը պարտադրուին, կ’ընդունուին կամ չեն ընդունուիր։
Մեր գաղութը ինքնութեան ու անոր բնորոշումի հարուստ աւանդութիւն ու անցեալ ունի։ Մեր աւանդութիւնը նաեւ խիղճի, յարգանքի, ապա նաեւ ինքնայարգանքի վրայ հիմնուած է։ Աւանդութիւնը փոքր տարիքէն կը դասաւանդուի, պատմութեան հետ զուգահեռ։
Ո՞վ կրնայ սակայն աներկբայօրէն հաստատել, թէ մեր ապագան փայլուն, կամ՝ աւելի՛ փայլուն պիտի ըլլայ։ Քանի՞ հոգի հակառակին համար կը դիմադրէ։ Քանի՞ հոգի իր ազգային հիասթափութիւնները իր մէջ կը պահէ, կամ կը դրսեւորէ։ Ճիշդ տեսնել, ճիշդ լսել գիտե՞նք։ Կը տեսնե՞նք մտքով։ Կը լսե՞նք խղճով։ Մեր շուրջ թիւերը կը բարգաւաճին, բայց ո՛չ մարդիկը։
Միայն մէկ ճանապարհի տարազ որդեգրելը սխալ է. առնուազն ճիշդ չէ։
Ամէն մարդ կարողութիւններ ունի, բայց բացառիկ կարողութիւններով օժտուած ըլլալը բոլորին տրուած չէ, որքան ալ կարողութեան իմաստը շփոթներ ստեղծէ իր գիտակցական թէ առարկայական գնահատումներուն ու չափանիշներուն միջեւ։
Յունահայոց պատմութիւնը մեր բոլորիս պատմութիւնն է, որ անցեալին ապրեցանք՝ ուրի՜շ, ներկայիս ալ՝ բոլորովին ուրի՜շ միջավայրի մէջ։
Ի՛նչ ալ ըլլայ, մեր ազգային ու քաղաքացիական մշակոյթը ձեւաւորեցինք այս հիւրընկալ երկրորդ հայրենիքի հողի, ջուրի, զարգացող մտայնութեան հոլովոյթներու կեանքի ամէնօրեայ կանոններուն եւ կանոններէն բխող պահանջներուն հիմամբ, իրար ամբողջացնող շրջապատի մը մէջ։ Աւելին, վարժուեցանք համակերպիլ այս բոլորին։
Մարդս իր կեանքին ընթացքին մնայուն կապի մէջ է իր ազգը իրար կապող ամուր օղակներուն հետ։ Ինչպէս մենք՝ յունահայերս մեր օղակներով՝ դպրոց, թերթ, ակումբ, եկեղեցի։
Մենք հասունցանք այս կեանքին հետ եւ Թեմական՝ այժմ Երեսփոխանական ժողովներուն կեանքը հասունցաւ մեզ հետ, եթէ արտօնելի է նման արտայայտութիւն մը։ Պիտի շարունակենք մեր կեանքը նոր ձեւաւորուած ազգային տարազներով՝ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատքին, դաւանանքային, պաշտամունքային, ծիսական ու եկեղեցական կանոններով, ազգային մեր մեքենային շարունակութիւնը ապահովելու հրամայականով։
20րդ դարու հայութիւնն ու հայկական գաղութները տարբեր էին 21րդ դարէ։ 19րդ եւ 20րդ դարերուն անկախ հայրենիք ստեղծելու հեռանկարային տեսլականով ապրեցանք։ 21րդ դարուն այդ մէկը արդէն իրականութիւն է։ Հիմա այդ իրականութիւնը կը համակէ ներսի թէ դուրսի բոլոր հայերը, մանաւանդ որ ներսիններն ալ «դրսեցի» դարձան։ Անոնք կ’ապրին նաեւ Յունաստան եւ անոնցմէ մաս մը այսուհետեւ մեզ հետ, մեզի պէս պիտի ապրին մեր գաղութի տաք ու պաղ օրերը, մեր ուրախութիւններն ու տխրութիւնները։ Անոնք եւս իրենց դերը պիտի խաղան մեր զարգացող կեանքին մէջ, «մերը» «իրենց» եւ «իրենցը» «մերը» դարձնելով ու ապրելով, ապրեցնելով կամաւորութեան գինը։ Իրենք եւս մեզ նման ազատ քաղաքացի պէտք է զգան եւ հաւատարիմ յաւելեալ կապ մը ստեղծեն յունահայ գաղութի իրականութեան ու իրապաշտութեան հետ, մեր գաղութի ներսի ու դուրսի ճկուն հաւասարակշռութիւններուն հետ, առանց բաղդատական տարբերութիւններու եւ տրամաբանութիւններու։ Այս տրամաբանութենէն բխող համաշխարհայնացումն ալ՝ երբեմն արագ, երբեմն դանդաղ կ’ընթանայ։
Առանց որեւէ նախապաշարումի հարց կուտանք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար այսօր եթէ մարդիկ համախմբուած չըլլային գաղութային արժէքներու մեր համակարգին շուրջ։ Մարդիկ՝ որ ապրեցուցին գաղութները, բայց չկորսուեցան։ Նորերն ալ պէտք չէ կորսուին, որպէսզի հինի եւ նորի օղակումը բնականոն մակարդակներով շարունակուի։ Սփիւռքի գոյութիւնը իր իսկ գոյութեան մէջ կը կայանայ։
Նոր իրականութիւններուն հանդէպ մեր ցուցաբերած վստահութիւնն ու ակնկալութիւնները պէտք է հատուցեն մեզ։
Յունահայութիւնը լայնախոհօրէն ու կատարեալ վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ պարտի քննարկել մեր նոր իրականութիւններու պատկերը՝ առիթներն ու պատճառները։ Միութիւնը ուժ կը բերէ, ի մասնաւորի գաղութային նոր անհատականութիւն կը հիւսէ, քանի մենք բոլորս այնքան տարբեր ենք իրարմէ, բայց այնքան նման ենք իրարու։ Բայց ամէնէն գէշ բանը այն է, երբ մէկզմէկ զիրար չենք հասկնար եւ իրար հասկնալու ճիգ ալ չենք ըներ։
Յունահայութիւնը հասցէ ունի։ Ոչ կեդրոնացած. այլ ապակեդրոնացած։
Վերադարձ ուրեմն դէպի իրապաշտութիւն։ Մարդս կապուած է իր անցեալով եւ ներկայով։ Ազգս մարդ կը միացնէ, չի՛ բաժներ։
Անոնք՝ որ կը հաւատան մեր գաղութային արժէքներուն, անոնք՝ որ դժուարին պայմաններու տակ սփիւռք կազմեցին, եւ անոնք՝ որ ընկերային պայմաններու բերումով սփիւռք կը համակերպեն, անոնք բոլորը սփիւռքի հայկական արժէքներու պահապաններն ու պահակներն են։
Այս սերունդները պէտք չէ կորսուին։ Ո՛չ ալ իրենց տեսլականները։ Հայութեան վերջին ամրոցները ամուր պահենք։
Թերեւս շատ մը բաներու համար՝ դեռ շատ ուշ չէ։
Յովսէփ Պարազեան