Բ. մաս
Հաւաքական կառավարման սկզբունքները հիմնուած կ’ըլլան պատմական խիղճի, պատմական իրաւունքի ու մանաւա՛նդ, ազգային հետապնդումներու վրայ։
Հայերը՝ ենթագիտակցաբար, այլե՛ւ գիտակցաբար միացած ու հաւատացած են այս սկզբունքներուն, որոնք կը թուին առաջնահերթ դեր մը խաղացած ըլլալ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Հպարտ զգալու պատճառներ ալ ունին իրենց հաւաքական կեանքը կազմակերպական, միութենական ու վարչական կառոյցներով օժտած, ղեկավարած ու առաջնորդած ըլլալուն համար։ Այդպէս վարժուած են յետ-եղեռնեան ժամանակներէն ի վեր, երբ կազմուած ու կազմաւորուած է Սփիւռքը եւ աւելի լայն իմաստով ալ Արտերկիր հասկացողութիւնը։
Հաւաքական ղեկավարման սկզբունքները ընդհանրապէս հիմնուած կ’ըլլան իրաւունքի, մանաւանդ պարտաւորութեան ու անոր շարունակութիւնը կազմող մատուցումի, նուիրումի, անձնազոհութեան ու զոհաբերութեան վրայ։ Այս պարզ թուող իմաստներուն մէջ հայերը արժէք ու արժանիք տեսած են, իսկ նոյնինքն այդ արժէքները լաւատեսօրէն ու լաւորակօրէն արժեւորած են մեր կեանքը ազգային-միութենական հակակշռի մը շրջագիծին մէջ պահպանելու յոյսով ու ակնկալութեամբ։
Արժէքի ու համարժէքի որոնման սկզբունքի դրսեւորման մէջ հայերը հպարտութիւն ու ներքին գոհունակութիւն մըն ալ զգացած են միշտ, փորձելով հպարտութեան ու գոհունակութեան արժանավայել այդ զգացումը փոխանցել ու վարակել իրենց մօտակայ թէ հեռակայ զանգուածներու խիղճին ու գիտակցութեան, եւ առանց մեր ազգային իրականութիւնները անիրապաշտ մարզանքներու փորձադաշտի վերածելու։
Անցող 90 տարուան ընթացքին հայագաղութները ազգային սահմանադրութեան դրութեան մէջ յաջորդական յաջողութիւններ արձանագրած են։ Այդ յաջողութիւններուն կարեւորութիւնն ու արդիւնքները հերթականօրէն արգասաւորուած են հայ կեանքի առօրեայ թէ ժամանակակից տարբեր մարզերու մէջ (դպրոց, եկեղեցի, ծերանոց, շինարարութիւն, կալուածային, եւայլն), քանի շնորհիւ այդ արժեւորումին, մեր հաւաքականութիւնները իրենց համար սահմանուած կարելիութիւններուն մէջ կարողացած են շրջահայեաց կողմնորոշումներու հետեւիլ ու ըստ այնմ մատակարարել գաղութները։
Այլ եկեղեցիներ մեզ նման սահմանադրական սկզբունքներէ չեն առաջնորդուիր՝ իրենց յանձնապաստան դրոյթներու նախընտրութիւնները արուեստական համեմատութիւններու մակարդակի «աւանդութեան» վերածելով։ Կը թուի թէ՝ աւելի հեշտ է անձերու նշանակումը անձերու ընտրութեան նոյնօրինակ ու նորաձեւ կանխատեսումէն, պաշտօններու նշանակումներ կատարել գրասենեակներու մէջէն հեռաձայնային հրահանգչական հաղորդագրութիւններով։
Այն ինչ որ մեզ ուրիշներէն կը զանազանէ սահմանադրական ներշնչումէ ու ժողովրդավար գիտակցութենէ բխող, պաշտօններու վրայ իր ժամանակի պայմանները լրացնող անձերու ընտրութեան հարկադրող սկզբունքն է, իւրաքանչիւրն իր կարողութիւններու եւ նուիրուածութեան ներքին թէ արտաքին յատկութիւններու եւ նկարագրային շնորհներու լիաբուն օգտագործումով։ Ազգային դերակատարութեան կոչուած մարդը կը գործէ նմանատիպ շրջագծի կանոններու սահմանումներու ըմբռնումով ու բծախընդրութեամբ։
Ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ, ազգային-կուսակցական-միութենական-հանրային դերակատարութիւնները շփոթներով կլանուած շփոթներ կը ծնին։
Թուականէս տասը տարի առաջ ազգային սահմանադրութեան, իր դերին, ազգային պաշտօններ վարելու կոչուած անձերու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականութեան ու ընդհանրապէս եկեղեցւոյ ու հաւատքի դերի խորքային դերակատարութեան ըմբռնումներուն մասին յօդուածաշարք մը սկսած էի, թիւով 9 շարունակութիւններով, որոնցմէ դժբախտաբար հրատարակուեցան միայն 6ն։ Կը թուի, թէ մեր հասարակական ընկերութիւնը ամբողջացնող, զանազան տարբեր մակարդակի ղեկավարութիւններ ու հոգեւորականութիւն այնքան հասունցած չէր։ Այնքան, որքան ինծի եւ ինծի պէս մտածող ու արտայայտուող հայ քաղաքացիներ կ’ակնկալէին ազգային առաքինութիւնը ոչ թէ նեղմտութեան ու կասկածամտութեան, այլ լայնախոհ շնորհքի վերածելու շինիչ ու օգտակար տրամադրութեամբ ու հեռանկարով։
Ներքնապէս կազմակերպուած քաղաքացին ու քաղաքացիութիւնը մշակոյթ պէտք է ունենայ։ Մշակոյթ ունեցողը կապանքի կ’երթարկուի։ Կեցուածք ճշդելը հոգեկան արժէքէ կը բխի։ Ազգը կ’ազդէ քաղաքացիի մտայնութեան, որքան ալ այդ ազգը անապահով կը զգայ յաղթելով ներքին քաղաքակրթութեան չափանիշները։ Եւ ազգը անապահով կը զգայ, երբ իր գործերը ղեկավարողները միայն հաշուապահի կամ վարչագէտի դերեր կը սահմանեն իրենք իրենց, մոռնալով որ ազգը կառավարելու համար ուրիշ շատ մը բաներու պէտք ունինք։
Ի դէպ, հետզհետէ գաղութներու ուժաթափումը հարկադրած է բոլորիս տարբեր պրիսմակէ մը դիտելու եւ գնահատելու, ի հարկին ու երբեմն՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար թերագնահատելու հիասթափեցնող հայ կեանքի կարգ մը տարօրինակ երեւոյթներ ու իրադարձութիւններ։
Ընդհանրապէս եղելութիւններու գնահատումը, սակայն, քննարկումի կ’ենթարկուի. իսկ թերագնահատումն ալ անհրաժեշտ խոշորացոյցի տակ առնելու տրամադրութեան մը հետ կապուած է, ինչ որ, այդ ալ իր կարգին, միշտ ալ հաւասարակշռուած ու արդար դատումներէ չի բխիր։
Հաշուի առնելով գրութեան մը մէջ տեղ գտած միջանկեալ պարտադիր փակագիծերը, վերադառնանք մեր բուն նիւթին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ընտրութիւններու եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։
Ընտրութիւնները սովորաբար բան մը կը նորոգեն, կամ առնուազն կը վերանորոգեն։ Լաւ, միջակ կամ գէշ։ Կարեւորը՝ ներքին թէ արտաքին հաւասարակշռութիւններ պահպանելն է, թէեւ հաւասարակշռութեան զգացողութիւնն ալ այլեւս կարգ մը պարագաներու խնդրական կը դառնայ մէյ մը ասկէ, մէյ մը անկէ տարուբերուելով, սփիւռքեան հայ կեանքի զարգացման հոլովոյթին յաջորդական հանգրուաններուն կարգաւորման ճիգին, կամ ալ ճիգի տարբերութեան կամ անտարբերութեան գերին դառնալով։
Ազգային կեանքը սփիւռքը նոր յեղափոխութեան մը առջեւ բերելու կարիքը կը զգայ։
Այդ յեղափոխութիւնը ընելու կոչուած մարդիկ յառաջ պէտք է մղուին, մեր կեանքի պահանջներէն ծնունդ առնող ազգային երեսփոխաններ եւ իբրեւ օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններ Ազգային Վարչութիւնը բաղկացնող անձնաւորութիւններու աթոռներ եւ ոչ թէ աթոռակներ վստահելու համար։
Յունահայութիւնը սիրով, եւ ոչ թէ պարտականութեամբ, հարկադրական պէտք է մասնակցի ընտրութեան։ Եւ կամ՝ պարտականութեան սիրով։
Ազգի եւ կառոյցներու օղակը պէտք չէ տկարանայ։ Ինչ որ կը տկարանայ՝ կը փրթի։ Ինչ որ կը փրթի՝ կ’օտարանայ, կ’ինքնամեկուսանայ, ժամանակի ընթացքին կը չէզոքանայ։
Ազգայինը չի բաժներ. կը միացնէ՛։ Թող ազգայինի գաղափարը այս պարագային ալ միջնորդի իր բարերար դերը ստանձնէ։
Չմոռնա՛նք։ Սփիւռքը եւ իր գաղութները պարզ աշխարհագրական դիրք մը չեն։ Անկէ աւելի՛ն են։ Գաղափա՜ր են։ Գաղափարները մեր պարագային գաղութներուն մէջ, գաղութներուն հետ մեծցան ու պիտի մեծցնեն։
Յովսէփ Պարազեան