Ա. մաս

Հի­նէն ի վեր ծա­նօթ են հա­յու կազ­մա­ւո­րո­ւած հա­ւա­քա­կան նկա­րագ­րի յատ­կա­նիշ­նե­րուն մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ըմբռ­նում­նե­րը, ո­րոնցմով մեր

կեան­քը անց­նող 150 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին նախ օժ­տո­ւե­ցաւ, ա­պա նաեւ ներ­դաշ­նա­կո­ւե­ցաւ ազ­գու­թիւն ու կրօնք, կրօնք ու հա­ւատք, քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, Ար­տերկ­րի հա­յու­թիւ­նը խմբա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ձե­ւով ղե­կա­վա­րե­լու եւ հայ կեան­քի ազ­գա­յին կա­րիք­նե­րը հա­մընդ­հա­նուր գի­տակ­ցու­թեամբ ու խիղ­ճով մա­տա­կա­րա­րե­լու մաս­նա­յատ­կու­թեամբ։

Եւ այս­պէս, հայ կեան­քը բազ­մա­զանօ­րէն ըն­թա­ցաւ այդ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ի­րար մի­ջեւ խմո­րո­ւող ու հա­սուն­ցող հո­լո­վոյ­թով մը, որ ինք­նասըր­բագ­րու­մի ճամ­բով՝ հա­մե­մա­տա­կան ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մի ընտ­րան­քը դա­ւա­նե­ցաւ հայ կեան­քի հա­մայն­քա­յին ի­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­մար­ժէ­քօ­րէն ձե­ւա­ւո­րե­լու մղու­մով մը։

Ըն­դու­նինք սա­կայն, որ գա­ղու­թա­յին մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ շատ մը բա­ներ չի­րա­կա­նա­ցան, ո­րոշ գոր­ծեր չար­դա­րա­ցան եւ մենք չա­փա­հաս դար­ձանք ան­մեղ ու ա­նան­մեղ սխալ­նե­րով։ Միայն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ակն­կա­լե­լով մեր կեան­քը չ­’եր­կա­րիր, եւ միայն լաւ յի­շա­տակ­ներ վկա­յա­կո­չե­լով մեր կեան­քը ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ չ­’ըլ­լար։ Եր­բեմն լաւ յի­շո­ղու­թիւ­նը ի զօ­րու է երկ­րոր­դա­կան բա­նե­րու հա­մար ալ։ Ա­նոնց ալ ազ­գա­յին գոյն պէտք է տալ, ոչ ան­պայ­ման Ե­ռա­գոյ­նին պա­տո­ւան­շա­նը ակն­կա­լե­լով։

Ինչ ալ ըլ­լայ, այս գա­ղու­թը ա­նա­ռար­կե­լիօ­րէն մեծ գործ ձգած է իր ե­տին եւ կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տալ գա­ղու­թա­յին իր ար­ժէք­նե­րուն ու խորհր­դա­նիշ­նե­րուն։

Ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պո­ւին ու կը հա­մա­գո­յակ­ցին ընդ­հան­րա­կան կա­նոն­նե­րով ու սահ­մա­նո­ւած օ­րէնք­նե­րով։

Կա­նոն ու օ­րէնք կը ձե­ւա­կեր­պո­ւին հան­գա­մա­նա­լից մեր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող կա­ռոյց­նե­րով, իսկ կա­ռոյց­ներն ալ կ­’ամ­բող­ջա­նան ընտ­րո­վի կամ նշա­նա­կո­վի մար­մին­նե­րու թէ յանձ­նա­խում­բե­րու գո­յու­թեամբ, ո­րոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ճշդո­ւած է մեր ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան կա­նո­նագ­րով, յօ­դո­ւած­նե­րով եւ ժո­ղո­վուր­դի հա­նա­պա­զօ­րեայ խիղ­ճին ու ո­գիին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող ընտ­րանք­նե­րով։ Յատ­կա­պէս ազ­գա­յի­նը մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու յատ­կա­նիշն է եւ այդ յատ­կա­նի­շէն բնո­րո­շո­ւող պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Սահ­մա­նադ­րու­թիւն ա­ռանց ժո­ղովըր­դա­վա­րու­թեան դիւ­րաւ ըմբռ­նե­լի եւ դիւ­րաւ ըն­դու­նե­լի չէ։ Եր­կու բա­ռերն ալ ա­ռինք­նող ու թրթիռ յա­ռա­ջաց­նող բան մը ու­նին ի­րենց մէջ։ Կա­տա­րեալ բա­ռեր, կա­տա­րեալ խոր­քա­յին ի­մաս­տով։ Ի­մաստ­ներ սա­կայն, ո­րոնք ազ­գա­յին ու­ժեղ նկա­րա­գիր ալ կը կեր­տեն։

Կո­թո­ղա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ եր­կու բա­ռերն ալ մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն բնո­րո­շած են հա­յու բնու­թիւ­նը, նկա­րա­գի­րը, էու­թիւնն ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը, հիմ­նա­ւոր սկզբունք փնտռե­լով ճիշ­դին՝ ճի՛շ­դը, բա­րո­յա­կա­նին՝ բա­րո­յա­կա՛­նը, պա­տո­ւա­բե­րին՝ պա­տո­ւա­բե՛­րը։ Ա­ւե­լին, ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թեան ու պար­տա­կա­նու­թեան հան­դէպ գի­տակ­ցա­կան զգա­ցու­մը,նո­ւի­րումն ու բծախնդ­րու­թիւ­նը, խիղ­ճի՜ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը։

Այս բո­լո­րը հան­դի­սա­ցած են զու­գակշիռ ու հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած գոր­ծե­լաոճ ու զգայ­նու­թիւն հա­յուն հա­մար, հա­յու­թեան հա­մար։ Առ ա­ռա­ւել՝ կեան­քի ու ժա­մա­նա­կա­կից ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու բեր­մամբ ե­ղած են շեշ­տա­կիօ­րէն գու­նա­ւո­րո­ւած ու բո­վան­դա­կու­թիւն ստա­ցած են գի­տու­թեան, կրթու­թեան, մշա­կոյ­թին հան­դէպ խո­րա­ցու­մի ու իւ­րա­ցու­մի ապ­րու­մով, այ­լեւ քա­ջու­թեամբ, յանդգնու­թեամբ, ի հար­կին՝ մար­դա­կեր­պո­ւած յանձ­նա­ռու­թեան յա­գե­ցու­մով։

Դա­րեր ա­ռաջ հան­ճա­րեղ յոյ­ներ ի­րենց խո­րի­մաստ ապ­րե­լա­կեր­պի իբ­րեւ հա­րա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան դրսե­ւո­րում՝ հնա­րած են «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» բա­ռը, որ սո­վո­րա­կան բա­ռէ մը ա­ւե­լի ի­մաս­տա­սի­րա­կան պա­րու­նակ հա­շո­ւող նշա­նա­կու­թիւն պար­փա­կած է։

Բառ ու ի­մաստ՝ որ գիտ­ցած է շնչել ի­րեն հա­մար, գիտ­ցած է ներշն­չել՝ ու­րի­շին հա­մար, ան­ձին, քա­ղա­քա­ցիին, մեր հայ­րե­նա­կի­ցին, մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ այս բո­լո­րի ճամ­բով վե­րա­ծո­ւած է ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ու ա­ռաջ­նոր­դած է մեր հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կեան­քը ա­ւելի լաւ ու բար­գա­ւաճ ա­պա­գա­յի մը հաշ­ւոյն։

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս, բայց մեր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ ար­ժէք, ի­մաստ ու պա­րու­նա­կու­թիւն կու­տայ մեր մար­դոց, մեր կեան­քին իր գա­ղա­փա­րա­կան գե­րակըշ­ռու­թեան հե­ղու­մով։ Իսկ ա­նոր ներ­քին կա­ռա­վար­ման կա­նո­նա­պահ դրու­թեան ո­ճի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը դիւ­րաց­նէ, կը կա­նո­նա­կար­գէ մեր զան­գո­ւած­նե­րու, ի­մա՝ փոքր, այլ՝ ներ­քին մի­ջա­վայ­րով ու նիս­տու­կա­ցով հա­մա­կար­գո­ւած պատ­կա­նե­լիու­թիւն հան­դի­սադ­րող հա­յադ­րոշմ ու կազ­մա­կերպ գա­ղութ­նե­րու կա­ռու­ցա­վար­ման ներ-դրու­թիւն­ներ - ազ­գա­յին կեանք, ազ­գա­յին ո­գի, ե­կե­ղե­ցի-հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւն, դպրոց-լե­զու-կրթու­թիւն-գրա­կա­նու­թիւն, կա­լո­ւա­ծա­յին հա­շո­ւեկ­շիռ ու բա­րե­յա­ջող մա­տա­կա­րա­րում, շա­րու­նա­կո­ւող ու յա­րա­տե­ւող ա­ւան­դու­թիւն եւ դեռ ու դեռ շատ մը բա­ներ, թէ­կուզ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ը­սե­լով, ըն­դու­նինք որ այ­լեւս բո­լորս նոյն բա­նը չենք հասկնար...։

Մեր գա­ղու­թը մեծ ըն­տա­նի­քի նման է։ Ըն­տա­նի­քը սի­րող, յար­գան­քի, այ­լեւ պա­տո­ւախնդ­րու­թեան ու միա­տար­րու­թեան ցու­ցա­նիշ է։ Ըն­տա­նի­քէն ներս թէ դուրս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կու­գայ բո­լո­րիս յու­շե­լու հայ կեան­քի թան­կա­գին ե­րես­ներ, ո­րոնք ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան, հան­րա­յին թէ միու­թե­նա­կան հա­մա­փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով կը զար­գա­նան ի­րար հետ ու ի­րար ամ­բող­ջաց­նե­լով կը բա­րե­լա­ւո­ւին մեզ ա­ռաջ­նոր­դե­լով ազ­գա­յին կեն­ցա­ղա­գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան նո­ւա­ճում­նե­րու, մեր կեան­քը վե­րա­ծե­լով շա­րու­նա­կա­բար հո­լո­վո­ւող քա­ղա­քակըր­թու­թիւն­նե­րու ար­տա­յայ­տի­չի։

Սահ­մա­նադ­րու­թիւն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն բարդ բա­ռեր են։ Բարդ է սա­կայն նաեւ ա­նոնց կի­րար­կու­մը, ե­թէ անհ­րա­ժեշտ ու պի­տա­նի մշա­կոյթն ու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը չկի­րար­կո­ւի։ Քա­ղա­քա­ցին կրնայ խօ­սիլ նշա­նագ­րո­ւած այս բա­ռե­րով, ա­ռանց հար­կադ­րա­բար կի­րար­կած ըլ­լա­լու ա­նոնց խոր­քա­յին պատ­գա­մը։ Կր­նայ նաեւ չխօ­սիլ՝ ներք­նա­պէս իր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ կի­րար­կած ըլ­լա­լով ա­նոր լռե­լեայն սկզբունք­նե­րը։ Կր­նայ այդ սկզբունք­նե­րէն բան մը առ­նել, ա­ռանց բան մը տա­լու։ Կր­նայ նաեւ տալ, ա­ռանց բան մը առ­նե­լու ակն­կա­լու­թեան։ Եր­կու հա­կոտ­նեայ հա­մե­մա­տու­թիւն­ներն ալ կան ու տի­րա­պե­տող են մեր կեան­քի ա­ռօրեայ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մէջ։ Եր­կուքն ալ պար­տա­ւոր են ի­րենց ան­ձին ու ան­ձէն ան­դին, ի­րենց պատ­կա­նած ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան։

Փաստ է սա­կայն, որ ե՛ւ ան­ձը, ե՛ւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ե՛ւ կեան­քը կը զօ­րա­նան ա­նոնց­մով, ե­թէ յա­ջո­ղինք մեր ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ մեր ազ­գա­յին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը քիչ մը ա­ւե­լի ներշն­չող ու վա­րա­կիչ դարձ­նել։

Ա­նոնց­մով կը զար­գա­նայ նաեւ նոյ­նինքն կեան­քը, հա­յուն կեան­քը, իւ­րա­յա­տուկ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու բո­վով միա­ւո­րո­ւած ու յա­ճախ «կեց­ցէ»նե­րով շե­փո­րա­հա­րո­ւող ցու­ցա­մո­լու­թեան գնով։

Հա­յը սո­վո­րա­բար՝ դիւ­րու­թեամբ կ­’ըն­դու­նի միու­թիւն­նե­րու, մար­մին­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ ի­րեն հրամ­ցո­ւած ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան հե­տապն­դում­նե­րու թի­րախ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռաջ­նա­հերթ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կը խա­ղան, կամ ալ՝ պի­տի կեր­պա­րա­նա­փո­խեն հայ կեան­քին հա­շո­ւդեկշ­ռա­յին պատ­կե­րը եւ մեր ազ­գա­յին գո­յու­թիւնն ու գո­յա­տե­ւու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րող ա­պա­գան։

Ա­պա­գա­յին հա­մար մեր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը առ­կախ պէտք չէ մնան։

Յով­սէփ Պա­րա­զեան