Երեք տարի ետք հայկական աշխարհը պիտի նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը: Թուականը ինքնին կը պարտադրէ խորհրդածել Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր ընդհանուր ընկալումի նո րօրեայ հասկացողութիւններուն մասին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի շրջադարձային գլխաւոր կէտը ճանաչումէն հատուցուման պահանջի անցումն էր. այլ խօսքով` հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու ճանաչման պահանջատիրական փուլի յայտարարութիւնը:
Յունուար 29ին որդեգրուած Համահայկական Հռչակագիրը կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէր՝
«(Հռչակագիրը) Կ՛արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ, որուն համար կը մշակէ իրաւական պահանջներու թղթածրար՝ դիտելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գործընթացի մեկնարկ»:
Տրուած ըլլալով, որ Հռչակագիրը կը փոխանցէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու ճամբով արտայայտուած հայ ժողովուրդին միասնական կամքը, եւ կը յենի 1990ի Օգոստոսի 23ի Հայաստանի Անկախութեան Մասին Հռչակագրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վրայ, այս հիմնադրոյթը կամ իրաւունքներու վերականգնման պահաջատիրութիւնը կը պետականանայ այս ձեւով:
Մայիս 28ով կերտուած հանրապետութեան այսօրուան ժառանգորդ պետութիւնը կը ստանձնէ հայ ժողովուրդի համազգային իրաւունքներու բարձրացման եւ հետապնդման գործընթացը: Այս մէկը կարեւորագոյն իրագործումներէն կարելի է համարել 100ամեակին, որ սերտօրէն կ՛առնչուի նաեւ Մայիս 28եան ժամանակակից խորհուրդին:
Իրաւատիրական աշխատանքներու ստանձումը կ՛ենթադրէ հզօր իրավիճակ, պետական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակ, իրաւաբանական մասնագիտութիւն, դիւանագիտական արուեստ եւ քաղաքական ակներեւ հմտութիւն եւ, այս բոլորին համար, համահայկական մարդուժ համախմբելու կարողութիւն:
Ցեղասպանութեան 100ամեակը ազգի մարդուժը համախմբելու առումով նշանակալից առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի պետական տանիքի տակ համախմբուին հայկական երկու պետութիւնները, եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, միութիւններն ու ամենաազդեցիկ կազմակերպութիւնները: Այս համախմբուածութիւնը պահպանելու, կառուցակարգելու եւ նպատակուղղուած աշխատանքը շարունակելու համար՝ անհրաժեշտ է հիմնաքար հանրապետութեան իրաւական եւ իրողական ժառանգորդ այսօրուան հանրապետութեան հզօրացումը:
Դարձեալ յղում կատարենք Հռչակագրին եւ Մայիս 28ի ժամանակակից խորհուրդին առնչենք Հռչակագրին հետեւալ բաժինը.-
«(Հռչակագիրը) Կոչ կ՛ուղղէ հայորդիներու գալիք սերունդներուն՝ հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնիլ հայրենի սրբազան ժառանգութեան, աննահանջ պայքարով ծառայել՝ յանուն առաւել հզօր հայրենիքի, ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան»:
Առաւել հզօր, ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութիւն ստեղծելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է: Հռչակագիրը համահայկական բնորոշիչ ունի եւ այդ բնորոշման մէջ կը ներառուի համայն հայութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող իւրաքանչիւր իրագործումի մէջ իւրաքանչիւր հայ իր ներդրումը զգալու համար աւելի քան անհրաժեշտ է մասնակցութիւնը: Հեռակայ զգացական հայրենասիրութեան ժամանակները անցած են վաղուց եւ գործնապէս տեղւոյն մասնակցութիւնն է միայն, որ կրնայ աւանդ ապահովել հայրենակերտման եւ պետականաշինութեան առաջնային խնդրին:
Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իբրեւ առաջադրանք բանաձեւուած է Ցեղասպանութեան վերաբերող Համահայկական Հռչակարգին մէջ: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ մեր իրաւունքներու վերականգնման նպատակին զուգահեռ, մեր համահայկական նպատակն է այսօրուան հանրապետութեան՝ Մայիս 28ով փրկուած ու կերտուած հանրապետութեան հզօրացումը:
Այս կը նշանակէ նաեւ, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր հայեցակարգի ընկալումը կ՛ենթադրէ հայրենասիրական զգացողականութիւնը փոխարինել հայրենատիրական գործնական աշխատանքով:
Այո՛, յանուն առաւել հզօր, ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման:
«Ազդակ»