­­altՕ­դա­չու բա­րե­կամս, ա­մէն ան­գամ որ գոր­ծով քա­ղաք մը այ­ցե­լէր, պան­դոկ հաս­նե­լուն, ա­ռա­ջին գոր­ծը կ­­՛ըլ­լար, հե­ռա­ձայ­նի տետ­րակ­նե­րուն մէջ հա­յու ա­նուն մը փնտռել, հե­ռա­ձայ­նել, ժա­մադ­րո­ւիլ եւ այդ քա­ղա­քին մէջ իր

մէկ օ­րո­ւան կե­ցու­թիւ­նը հա­յու մը հետ ան­ցը­նել: Ի­րեն հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ էր՝ գիտ­նալ, թէ այդ քա­ղա­քին մէջ հա­յեր կա՞ն, պա­հա՞ծ են ի­րենց մայ­րե­նին. հե­տաքրք­րո­ւիլ հայ­կա­կան գա­ղու­թի մը գո­յու­թեան եւ տե­ղա­ցի հա­յե­րու ապ­րե­լա­կեր­պին մա­սին:

Գ­րե­թէ ա­մէն քա­ղա­քի մէջ հան­դի­պած է հա­յե­րու, մին­չեւ իսկ` ­Զիմ­պա­պո­ւէ եւ ­Սին­կա­փուր, ուր ու­նինք հա­րիւր ըն­տա­նի­քէ բաղ­կա­ցած գա­ղութ մը` իր ե­կե­ղե­ցիով. իսկ ես քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ հե­ռա­ւոր Ա­լաս­քա­յի մէջ պա­տահ­մամբ հան­դի­պե­ցայ եր­կու հա­յե­րու, սա­կայն, ինչ­պէս հայ­կա­կան ա­ռա­ծը կ­­՛ը­սէ, «քա­նի մը ծա­ղի­կով գա­րուն չի գար». կա­րե­ւո­րը գա­ղութ կեր­տելն է, ու­նե­նալ՝ մշա­կոյթ, ե­կե­ղե­ցի ու դպրոց:

2008ի ամ­րան ըն­տա­նի­քով ար­ձա­կուր­դի գա­ցած էինք ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի կարգ մը եր­կիր­նե­րը, ո­րոնց կար­գին` գե­ղե­ցիկ ­Վիեն­նա քա­ղա­քը, ուր այ­ցե­լե­ցինք Մ­խի­թա­րեան­նե­րու վան­քը: Աբ­բա­հայ­րը` հայր ­Պօ­ղոս վրդ. ­Գո­ճա­յեան, բա­ւա­կան ժա­մա­նակ տրա­մադ­րեց մե­զի՝ ցոյց տա­լու եւ ծա­նօ­թաց­նե­լու հնա­մեայ վան­քը - մա­տուռ, գրա­դա­րան, թան­գա­րան ու տպա­րան:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով սի­րա­յօ­ժար իր ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րած աբ­բա­հօր` մեկ­նե­ցանք, ա­ռանց իսկ հե­տաքրք­րո­ւե­լու ­Վիեն­նա­յի մէջ հայ­կա­կան գա­ղու­թի մը գո­յու­թեան մա­սին: ­Գի­տէի, որ ո­րոշ թի­ւով հա­յեր հաս­տա­տո­ւած են հոն, սա­կայն բնաւ չէի ե­րե­ւա­կա­յեր, թէ հոն ու­նինք ակն­կա­լա­ծէս շատ ա­ւե­լի մեծ, հիա­նա­լի հայ­կա­կան գա­ղութ մը:

Ո­րո՞ւ մտքէն կ­­՛անց­նէր:

­Տա­րի­ներ ետք պա­տահ­մամբ վե­րագտայ ­Վիեն­նա հաս­տա­տո­ւած եր­կու բա­րե­կամ­ներ` ա­րո­ւես­տա­գէտ Ա­ւօ ­Գու­յում­ճեան եւ Գ­րի­գոր ­Հա­լա­ճեան: Եր­կուքն ալ` նո­ւի­րա­կան հա­յեր, ո­րոնք ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են ­Վիեն­նա­յի ցարդ ին­ծի ան­ծա­նօթ հայ­կա­կան հիա­նա­լի գա­ղու­թի կեան­քին:

Խնդ­րան­քիս ըն­դա­ռա­ջե­լով` Գ­րի­գոր ­Հա­լա­ճեան ազ­նո­ւու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ու­ղար­կե­լու ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց միայն մէկ կա­րե­ւոր մա­սին կ­­՛ու­զեմ բաժ­նե­կից դարձ­նել սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­նե­րը:

­Հա­յե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ Աւստ­րիա մուտք գոր­ծած

են 17րդ ­դա­րուն:

Ա­ռա­ջին հաս­տա­տո­ւած հա­յե­րը ե­ղած են պոլ­սա­հայ վա­ճա­ռա­կան­ներ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ՝ գոր­գա­վա­ճառ­ներ, ո­րոնց­մէ քա­նի մը հա­տին ժա­ռանգ­նե­րը մին­չեւ այ­սօր պա­հած են ի­րենց վա­ճա­ռա­տու­նե­րը:

­Հա­յե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը սկսած է հաս­տա­տո­ւիլ ­Վիեն­նա 19րդ ­դա­րու սկիզ­բը, երբ ­Վե­նե­տի­կի Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն ան­ջա­տո­ւած կղե­րա­կան­ներ փո­խադ­րո­ւե­լով ­Վիեն­նա` հիմ­նած են ­Վիեն­նա­կան Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­նը: Այդ շրջա­նին հա­յու­թեան թի­ւը սկսած է ա­ճիլ, եւ մեծ թի­ւով հա­յեր սկսած են յա­ճա­խել ­Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րան­ներն ու նշա­նա­ւոր ե­րաժշտա­նոց­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ` Մ­խի­թա­րեան­նե­րու վան­քին մէջ աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան ու­սում­նա­րա­նը:

19րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան Աւստրիա կը բնա­կէին շուրջ 50-60 հա­զար հա­յեր, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ` ­Վիեն­նա քա­ղա­քը:

Ա. Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք ­Թուր­քիա­յէն եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն Աւստ­րիա ա­պաս­տան գտած են քա­նի մը տաս­նեակ հայ ըն­տա­նիք­ներ, սա­կայն հա­յե­րու մեծ հոս­քը տե­ղի ու­նե­ցած է 1970ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն, երբ ­Վիեն­նա տե­ղա­փո­խո­ւած են հա­յեր՝ ­Լի­բա­նա­նէն եւ Ի­րա­նէն, այդ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան ան­կա­յուն վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով:

1960-1980 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Վիեն­նա ու­սա­նող­նե­րու թի­ւը ա­ւել­ցած է, երբ ­Վիեն­նա­յի նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ ու­սա­նե­լու գա­ցած են ­Լի­բա­նա­նէն, Ի­րա­նէն ու Ե­գիպ­տո­սէն հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը ու­սու­մը ա­ւար­տե­լէն ետք չեն վե­րա­դար­ձած ի­րենց քա­ղաք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ բա­ւա­կան մեծ թի­ւով հա­յեր, Ատր­պէյ­ճա­նէն ու մայր հայ­րե­նի­քէն, 90ա­կան­նե­րու սկիզ­բը հաս­տա­տո­ւած են ­Վիեն­նա:

Այդ շրջա­նին հա­յե­րու թի­ւը կը հա­շո­ւէր շուրջ 250 հա­զար:

­Հայ­կա­կան հա­մայն­քի

ձե­ւա­ւո­րու­մը

­

Վիեն­նա` Աւստ­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը: ­Հոն կը բնա­կի Աւստ­րիոյ հա­յու­թեան ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը: Այդ գե­ղե­ցիկ քա­ղա­քին մէջ կը գտնո­ւի Մ­խի­թա­րեան վան­քը՝ իր ե­կե­ղե­ցիով, ­Հայ հա­մայն­քի կեդ­րո­նը` իր Ս. Հ­ռիփ­սի­մէ ե­կե­ղե­ցիով: ­Նոյն քա­ղա­քին մէջ կը գոր­ծէ «­­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ»` Աւստ­րիոյ միակ ­Հայ­կա­կան շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նը:

Այդ թո­ւա­կան­նե­րուն ­Վիեն­նա­յի հա­յե­րը, ո­րոնք ան­ցեա­լին ծա­նօթ էին որ­պէս գոր­գա­վա­ճառ­ներ կամ վա­ճա­ռա­կան­ներ, սկսած են նե­տո­ւիլ այլ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ.- կ­­՛ու­նե­նանք բժիշկ­ներ, ճար­տա­րա­պետ­ներ եւ մեծ թի­ւով ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ:

­Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն հա­յե­րու թո­ւա­քա­նա­կի ա­ճը մե­ծա­պէս նպաս­տեց հա­յա­պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: ­Հա­յե­րը ու­նե­ցան ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի եւ շարք մը մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: 1980ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն սկսաւ ­Վիեն­նա­յի հայ գա­ղու­թի զար­թօն­քի շրջա­նը:

1988ի ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժին ­Վիեն­նա­յի հայ հա­մայն­քին օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը զգա­լի էր հայ­րե­նի­քի մէջ: ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ռու­ցե­ցին «Աւստ­րիա­կան գիւղ»ը եւ «Աւստ­րիոյ ման­կա­կան հի­ւան­դա­նոց»նե­րը: Այդ շրջա­նին, գա­ղու­թին նա­խա­գահն էր Աս­դիկ Աս­տուա­ծա­տու­րեան:

Կ­­՛ար­ժէ յի­շել քա­նի մը կա­րե­ւոր թո­ւա­կան­ներ, ո­րոնք մեծ դեր խա­ղա­ցած են Աւստ­րիոյ հայ­կա­կան գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ:

- 1810ին ­Վիեն­նա­կան Մ­խի­թա­րեան­նե­րու հաս­տա­տո­ւի­լը, որ մեծ դեր ու­նե­ցաւ հա­յա­գի­տա­կան տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու եւ ­Հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ: Ե­ղաւ հա­յա­գի­տա­կան ճանչցուած կեդ­րոն:

- 1934ին աւստ­րիա­ցի գրա­գէտ Ֆ­րանց ­Վեր­ֆել հրա­տա­րա­կեց իր նշա­նա­ւոր «­­Մու­սա ­Լե­րան քա­ռա­սուն օ­րե­րը» վէ­պը` նո­ւի­րո­ւած ­Մեծ ե­ղեռ­նի ժա­մա­նակ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յոց հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան:

- Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք, երբ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ մա­հավճիռ­ներ ար­ձա­կո­ւե­ցան ­Մեծ Ե­ղեռ­նի գլխա­ւոր ոճ­րա­գործ­նե­րուն դէմ, ­Վիեն­նա ե­ղաւ կեդ­րո­նը, ուր կա­տարուե­ցան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը: ­Նաեւ ե­ղած է ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­յա­նը եւ ա­պաս­տա­րա­նը հայ հե­րոս-ա­հա­բե­կիչ­նե­րու` Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի, Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի եւ Հ­րաչ ­Փա­փա­զեա­նի:

­Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ, ­Վիեն­նա­յի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցած է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։ ­Վիեն­նա­յի մէջ 1907ին տե­ղի ու­նե­ցած է Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, 1923ին` Հ.Յ.Դ. ­Խորհր­դա­ժո­ղովը, իսկ 1972ին՝ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը:

-1965-1968ին կա­ռու­ցո­ւած է ­Սուրբ Հ­ռիփ­սի­մէ ե­կե­ղե­ցին եւ օ­ծո­ւած` Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Վազ­գէն Ա.ի ձեռ­քով: Ե­կե­ղե­ցիի կող­քին կա­ռու­ցուած է «Ազ­գա­յին ­Տուն»ը: ­Նոյն շէն­քին մէջ կը գտնո­ւին «­­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ» շա­բա­թօ­րեայ դպրոցն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­կում­բը:

- 1990ին ­Վիեն­նա­յի մէջ մեծ շու­քով տօ­նած են ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը:

- 1993ին ­Վիեն­նա­յի մէջ բա­ցո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը:

- ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քը հա­մախմ­բո­ւած է Մ­խի­թա­րեան­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ստեղ­ծած են մա­տե­նա­դա­րան, ուր կը պա­հո­ւին շուրջ 2600 հա­յե­րէն ձե­ռա­գիր­ներ, ա­ւե­լի քան 120 հա­զար գիր­քեր, հա­յե­րէն եւ օ­տար լե­զու­նե­րով, ուր կա­րե­լի է գտնել նաեւ հայ պար­բե­րա­թեր­թե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ: ­Միա­բա­նու­թիւ­նը ու­նի նաեւ թան­գա­րան, ուր կը գտնո­ւին հին դրամ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մը՝ թի­ւով շուրջ 30 հա­զար, հայ­կա­կան դրամ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մը՝ 5 հա­զար, ինչ­պէս նաեւ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան զգեստ­նե­րու եւ յախ­ճա­պա­կիի հա­ւա­քա­ծո­ներ:

Մ­խի­թա­րեան վան­քին մէջ կը պատ­րաս­տո­ւի նշա­նա­ւոր «Մ­խի­թա­րին» ըմ­պե­լին:

Աւստ­րիոյ փոք­րա­թիւ հա­մայն­քին մէջ կը գոր­ծեն շարք մը հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կան նպա­տակն է կազ­մա­կեր­պել հա­մայն­քի ազ­գա­յին կեան­քը, օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րել հա­յու­թեան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին եւ սեր­տաց­նել կա­պը ­Հա­յաս­տա­նի հետ:

- 1910ին հիմ­նո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւ­նը (Հ.Բ.Ը.Մ.), սա­կայն 4 տա­րի ետք ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն: 1930ին բազ­մա­թիւ փոր­ձեր կա­տա­րո­ւե­ցան մաս­նա­ճիւ­ղը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ, վեր­ջա­պէս, 26 Ապ­րիլ 1960ին յա­ջո­ղե­ցան վե­րա­կանգ­նել:

Հ.Բ.Ը.Մ. նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցած է հայ հա­մայն­քի կա­րօ­տեալ­նե­րուն, ու­սա­նող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ 70ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Ա­մե­րի­կա տե­ղա­փո­խո­ւող լի­բա­նա­նա­հա­յե­րուն ու պարս­կա­հա­յե­րուն:

-«­­Հայ Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թիւն»ը հիմ­նո­ւած է Մ­խի­թա­րեան վար­դա­պետ հայր ­Ներ­սէս Ա­կի­նեա­նի ջան­քե­րով եւ գոր­ծած է 1921-1927: Օգ­նած է տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րու եւ գե­ղա­րո­ւես­տի դպրոց­նե­րու մէջ ու­սա­նող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու: ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րու շար­քին կա­րե­լի է յի­շա­տա­կել ծաղ­րան­կա­րիչ Ա­լեք­սանտր ­Սա­րու­խա­նի ու նկա­րիչ Օն­նիկ Ա­ւե­տի­սեա­նի ա­նուն­նե­րը: Եր­կար տա­րի­նե­րու ընդ­հա­տու­մէ ետք, 1960ին միու­թիւ­նը կը վե­րա­կանգ­նի եւ կ­­՛ու­նե­նայ բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն: ­Կը կազ­մա­կեր­պո­ւին գրա­կան ե­րե­կոյթ­ներ, բե­մադ­րու­թիւն­ներ, բա­նա­կում­ներ, ­Հայ ­Դա­տի նո­ւի­րո­ւած քննար­կում­ներ եւ հա­յա­պահ­պան­ման նո­ւի­րո­ւած այլ ձեռ­նարկ­ներ: ­Կը գոր­ծակ­ցին հա­մայն­քի այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ: ­Կը հիմ­նեն «­­Հե­ղի­նէ Եա­ղո­րեան ­Ֆոնտ»ը, ո­րուն նպա­տակն է նիւ­թա­պէս օ­ժան­դա­կել հա­մալ­սա­րա­նա­կան հայ ու­սա­նող­նե­րուն:

1960ին վե­րա­կազ­մո­ւած «Ու­սա­նո­ղա­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան» ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօն­նե­րը վա­րող­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է յի­շա­տա­կել կարգ մը գոր­ծու­նեայ ա­նուն­ներ. մօտ բա­րե­կամ­նե­րէս Գ­րի­գոր ­Հա­լա­ճեան՝ հաս­տա­տուած ­Վիեն­նա, եւ ա­տամ­նա­բոյժ ­Վարդ­գէս Ա­ղա­մա­նու­կեան՝ հաս­տա­տո­ւած ­Լոս Ան­ճե­լըս, ինչ­պէս նաեւ՝ Ա­րամ ­Պա­լեան:

- 1975ին կը կազ­մա­ւո­րո­ւի Աւստ­րօ-հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին Ըն­կե­րու­թիւ­նը, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տակն է հայ մշա­կոյ­թի նո­ւա­ճում­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մը Աւստ­րիոյ մէջ: Ըն­կե­րու­թեան ան­դամ են մեծ թի­ւով աւստ­րիա­ցի եւ հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ եւ սերտ կա­պի մէջ են ­Հա­յաս­տա­նի «­­Հա­յաս­տան-Աւստրիա» ըն­կե­րու­թեան հետ: ­Կազ­մա­կեր­պած են շարք մը ցու­ցա­հան­դէս­ներ, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ձեռ­նարկ­ներ: Ու­նե­ցած են բազ­մա­թիւ դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, կեր­պա­րո­ւես­տի եւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին:

- 1975ին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 60ա­մեա­կը մեծ շու­քով տօ­նո­ւած է միաս­նա­բար ­Վիեն­նա­յի հայ­կա­կան տար­բեր միու­թիւն­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

- ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւ­նը (Հ.Մ.Ը.Մ.), հիմ­նուած` 1990ին, կը դաս­տիա­րա­կէ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն, հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիով: ­Հիմ­նադ­րու­թեան տա­րի­նե­րուն ու­նե­ցած է 40ի մօտ սկաուտ­ներ, սա­կայն ներ­կա­յիս կը հա­շո­ւէ 35 ան­դամ եւ 8 սկաուտ:

­Վիեն­նա որ­պէս դա­սա­կան

ե­րաժշ­տու­թեան մայ­րա­քա­ղաք

­

Տե­ղին է յի­շել կարգ մը ա­նո­ւա­նի ա­րուես­տա­գէտ հա­յե­րու ա­նուն­ներ.- դաշ­նա­կա­հա­րու­հի ­Սո­նա ­Ղա­զա­րեան, ­Վիեն­նա­յի պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի գլխա­ւոր դա­սա­տու­նե­րէն` դաշ­նա­կա­հար Ա­ւօ ­Գու­յում­ճեան, դաշ­նա­կա­հա­րու­հի եւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս` ­Մե­տիք Ա­սատ­րեան-­­Յա­րու­թիւ­նեան, երգ­չու­հի­ներ Աի­դա ­Բաղ­րա­մեան, Ա­նի­թա Ար­զու­մա­նեան, Էտ­նա ­Գա­ւալ­ճեան, ­Կա­րի­նէ ­Սի­մո­նեան, Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն յայտ­նի եր­գա­հան եւ ե­րաժշ­տա­գէտ հայր Գ­րի­գոր ­Հէ­պո­յեան, որ հե­ղի­նակն է «­­Դաշ­նա­մու­րա­յին եր­կեր» հա­տո­րին: ­Հայր Գ­րի­գոր ­Հէ­պո­յեա­նին կը պար­տինք բա­ցա­յայ­տու­մը շարք մը ա­նո­ւա­նի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու, ո­րոնց մէջ կա­րե­լի է յի­շել եր­կու տա­ղան­դա­ւոր հայ ե­րա­ժիշտ­ներ Ա­լեքս Մ­նա­կեան եւ Ա­ւօ ­Գու­յում­ճեան:

1975ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան Աւստ­րիոյ ­Ֆիլ­հար­մո­նի­քին կող­մէ հրա­ւի­րո­ւած է ­Վիեն­նա: Ու­սա­նո­ղա­կան վար­չու­թիւ­նը եւ ­Կար­պիս ­Փա­փա­զեան՝ ա­ռիթ մը ստեղ­ծե­լով՝ կը հրա­ւի­րեն մե­ծա­համ­բաւ եր­գա­հա­նը, որ մեծ ու­րա­խու­թեամբ յա­ջորդ օ­րը՝ կի­րա­կի, կ­­՛այ­ցե­լէ հայ հա­մայն­քի կեդ­րո­նը եւ ե­կե­ղե­ցի:

­Վիեն­նա­յի հայ­կա­կան գա­ղու­թը օժ­տո­ւած է «­­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան» թա­տե­րա­խում­բով, որ նա­խա­պէս կը կո­չո­ւէր «Ա­լե­քա­ւետ»: ­Գա­ղու­թը շրջան մը ու­նե­ցած է նաեւ երգ­չա­խումբ եւ պա­րա­խումբ, ո­րոնք յա­տուկ ա­նուն չու­նե­նա­լուն` կը կո­չո­ւէին «­­Հայ Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան երգ­չա­խումբ կամ պա­րա­խումբ»: 1970-1990ին երգ­չա­խում­բը ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է Աւստ­րիոյ, ­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Հուն­գա­րիոյ մէջ:

19-20րդ ­դա­րե­րուն Աւստ­րիոյ մէջ տար­բեր տա­րի­նե­րու հրա­տա­րա­կո­ւած են հայ­կա­կան պար­բե­րա­թեր­թեր, բո­լորն ալ ­Վիեն­նա­յի մէջ: ­Հայ մա­մու­լի ծաղ­կու­մին մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած է Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թիւ­նը, որ 1919ին հրա­տա­րա­կած է «­­Ծա­նօ­թու­թիւնք ­Վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան» ամ­սա­թեր­թը, «­­Տո­մար Ըն­տա­նե­կան» տա­րե­գիր­քը, «­­Հան­դէս Ամ­սօ­րեայ», «Աղ­թա­մար», «­­Մենք» եւ «Հ­րայրք» ամ­սա­թեր­թե­րը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «­­Գա­ղու­թի ­Տե­ղե­կա­տու» պար­բե­րա­թեր­թը լոյս կը տես­նէ հա­յե­րէն եւ գեր­մա­նե­րէն լե­զու­նե­րով:

Ա­ւար­տե­լէ ա­ռաջ, շնոր­հա­կա­լա­կան ու ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քերս սի­րե­լի բա­րե­կա­միս` Գ­րի­գոր ­Հա­լա­ճեա­նին, ո­րուն մի­ջո­ցով կրցայ քա­ղել այս խիստ կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը: Կ­­՛ու­զեմ նաեւ շեշ­տել, որ Գ­րի­գոր եր­կար տա­րի­ներ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է Աւստ­րիոյ հայ­կա­կան գա­ղու­թի բար­գա­ւաճ­ման:

­Տա­րի մը ա­ռաջ մեզ­մէ յա­ւերժ բաժնուե­ցաւ օ­դա­չու բա­րե­կամս` ­Մի­սաք Ա­ւե­տեան ու միա­ցաւ հա­յե­րու ա­մե­նա­մեծ գա­ղու­թին: ­Հոն պէտք չու­նի հե­ռա­ձայ­նի գիր­քե­րու մէջ հա­յե­րու ա­նուն­ներ փնտռե­լու: Եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան մէջ են՝ մայր հայ­րե­նի­քի, սփիւռ­քի, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Կի­լի­կիոյ հա­յե­րը: Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ հոն են ճիշդ 100 տա­րի ա­ռաջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ զո­հո­ւած մեր ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րը:

Պօ­ղոս ­Շահ­մե­լի­քեան